Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ամուսնալուծումը ինչպէ՞ս կը նկատեն

Եհովայի վկաները ամուսնալուծումը ինչպէ՞ս կը նկատեն

 Մենք կը հնազանդինք ամուսնութեան եւ ամուսնալուծումի վերաբերեալ Աստուածաշունչի տեսակէտին։ Աստուած ամուսնութիւնը ստեղծեց, որ տղամարդուն եւ կնոջ միջեւ մնայուն կապ ըլլայ։ Ամուսնալուծման միակ սուրբգրային հիմն է՝ սեռային անբարոյութիւնը (Մատթէոս 19։5, 6, 9

Արդեօք Եհովայի վկաները ամուսնական խնդիրներ ունեցող զոյգերու կ’օգնե՞ն

 Այո։ Անոնք քանի մը կերպերով ատիկա կ’ընեն.

  •   Հրատարակութիւններ։ Այդ հրատարակութիւններուն մէջ կանոնաւորաբար այնպիսի նիւթեր կ’ըլլան, որոնք կրնան նոյնիսկ ամենագէշ կացութեան մէջ գտնուող ամուսնութիւնները ամրացնել։ Օրինակ, տես «Իրարու կառչիլ» եւ «Ներել» յօդուածները, Զարթի՛ր–ի 2018–ի թիւ 2–ին մէջ։

  •   Ժողովներ։ Մեր ժողովներուն եւ համաժողովներուն մէջ, ամուսնութեան նկատմամբ սուրբգրային գործնական խրատներ կը քննարկենք։

  •   Երէցներ։ Ժողովքի երէցները ամուսնացած զոյգերուն անձնապէս կ’օգնեն, անոնց ցոյց տալով Աստուածաշունչէն համարներ, ինչպէս՝ Եփեսացիս 5։22-25։

Արդեօք ժողովքի երէցները պէ՞տք է Վկայի մը ամուսնալուծման հաւանութիւն տան

 Ոչ։ Նոյնիսկ եթէ զոյգ մը երէցներէն խնդրէ, որ իրենց օգնեն իրենց ամուսնական խնդիրներուն լուծումներ գտնելու, անոնք իրաւասութիւն չունին զոյգին ըսելու թէ ի՛նչ պէտք է ընեն (Գաղատացիս 6։5)։ Սակայն, եթէ մէկը որոշէ առանց սուրբգրային պատճառներու ամուսնալուծուիլ, Սուրբ Գիրքին համաձայն ազատ չէ ուրիշ մէկու մը հետ ամուսնանալու (Մատթէոս 19։9

Եհովայի վկաները բաժանումը ինչպէ՞ս կը նկատեն

 Աստուածաշունչը կը քաջալերէ, որ ամուսնացած զոյգը միասին մնան, նոյնիսկ եթէ դժուար պարագաներ կը դիմագրաւեն (Ա. Կորնթացիս 7։10-16)։ Շատ մը խնդիրներ կարելի է լուծել անկեղծօրէն աղօթելով, սուրբգրային սկզբունքներ գործադրելով եւ սէր ցուցաբերելով (Ա. Կորնթացիս 13։4-8. Գաղատացիս 5։22

 Սակայն կան ծայրայեղ պարագաներ, երբ կարգ մը քրիստոնեաներ որոշած են իրենց կողակիցէն բաժնուիլ։ Ատոնք են՝

  •   Դիտմամբ ապրուստը չճարել (Ա. Տիմոթէոս 5։8

  •   Ֆիզիքական լուրջ վնասներ հասցնել (Սաղմոս 11։5

  •   Բոլորովին արգիլել հոգեւոր յայտագիրներու մասնակցիլ։ Օրինակ, Վկայ չեղող կողակիցը կրնայ Վկայ եղող կողակիցին ստիպել, որ ընէ բան մը, որ Աստուծոյ պատուէրներուն հակառակ է։ Այդ պարագային, վտանգի ենթարկուած կողակիցը թերեւս որոշէ, որ բաժանումը միակ ձեւն է որպէսզի կարենայ ‘առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ, քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29