Շրջագայութեան մասին տեղեկութիւններ
Շրջագայութեան մը հասնելէ առաջ, պէտքը կա՞յ ժամադրութիւն առնելու։ Այո՛։ Շրջագայութեան մասնակցողներուն թիւը չափէ դուրս չըլլալու համար եւ շրջագայութիւնը բոլորին հաճելի ըլլալու համար, կը խնդրենք որ բոլոր այցելուները սկիզբէն ժամադրութիւն առած ըլլան, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց խումբին թիւը։
Եթէ նախապէս չէք ժամադրուած, պիտի կարենա՞ք ամէն պարագայի շրջագայիլ։ Եթէ ժամադրութիւն չէք առած, թերեւս չկարենանք ձեզի օգնել։ Տեղերը սահմանափակ են, անոր համար ամէն օր միայն որոշ թիւով այցելուներ կրնան շրջագայիլ։
Ո՞ր ժամուն պէտք է հասնիք ձեր շրջագայութեան վայրը։ Շրջագայութեան մասնակցողներուն թիւը չափէ դուրս չըլլալու համար, հաճեցէք ձեր ժամադրութենէն առաւելագոյնը մէկ ժամ առաջ գալ, եւ ոչ թէ աւելի կանուխ։
Ինչպէ՞ս կրնաք ժամադրութիւն առնել։ «Ժամադրութիւն առնել» կոճակը սեղմեցէք։
Կրնա՞ք շրջագայութեան ժամադրութիւնը փոխել կամ չեղեալ ընել։ Այո՛։ «Ժամադրութիւնները տեսնել կամ փոխել» կոճակը սեղմեցէք։
Եթէ ձեր նախընտրած թուականներուն որեւէ շրջագայութիւն չըլլայ, ի՞նչ պիտի ընէք։ Շարունակեցէք կայքը ատենը մէյ մը ստուգել, որովհետեւ մարդիկ կրնան շրջագայութեան իրենց ժամադրութիւնը փոխել կամ չեղեալ ընել։
Ժամադրութիւն առնել
Ժամադրութիւնները տեսնել կամ փոխել
Բեռնել շրջագայութեան գրքոյկ
Հասցէ եւ հեռաձայնի թիւ
Hse. No. J 348/4
Tema Beach Road
NUNGUA
ACCRA
GHANA
+233 30 272 1000
Ելեկտրոնային հասցէ. GZ-064-54-72
Նոթ. Մեր մասնաճիւղը The Junction Mall–ին մօտ է
Վայրը գտնել