Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Իրա՞ւ որ «երկնքի տակ եղած բոլոր ազգերէն» հրեաներ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին Երուսաղէմ եկան։

Խճողուած փողոց մը երուսաղէմի մէջ Ք.Ե. 33–ի պէնտէկոստէին

Գործք 2։5-11–ի արձանագրութենէն զատ, ժամանակակից հրեայ գրող մըն ալ՝ Փիլոն, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին Երուսաղէմ եկող ամբոխին մասին գրեց։

Ան ըսաւ. «Ամէն տօնի առթիւ անհամար մարդիկ բազմաթիւ քաղաքներէ կու գային. ոմանք ցամաքով, իսկ ուրիշներ ծովու ճամբով, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն, հիւսիսէն եւ հարաւէն»։ Ան նաեւ հռոմայեցի Կալիգուլա կայսրին ուղղուած Մեծն Հերովդէսի թոռնիկին՝ Ագրիպպաս Ա.–ին մէկ նամակէն մէջբերեց։ Այդ նամակին մէջ Ագրիպպաս Երուսաղէմի մասին ըսած էր. «Սուրբ Քաղաքը. . . մայրաքաղաքն է ո՛չ միայն Հրէաստանին, այլեւ ուրիշ նահանգներու, քանի որ Երուսաղէմէն ատեն–ատեն հրեաներ դրացի երկիրներ երթալով գաղութներ կազմած են»։

Ագրիպպաս նշած էր շրջաններ, որոնց մէջ հրեայ գաղութներ հաստատուած էին, ներառեալ՝ հեռաւոր վայրեր Միջագետքի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Փոքր Ասիոյ, Յունաստանի եւ Միջերկրականի կղզիներու մէջ։ «Թէեւ այս նշումը դէպի Երուսաղէմ ճամբորդութիւններուն մասին բան մը չ’ըսեր», կ’ըսէ ուսումնական Եոաքիմ Երեմիաս, «բայց ասիկա յստակ է, քանի որ հարկ էր որ բոլոր չափահաս հրեաները Երուսաղէմ երթային ուխտագնացութեան» (Բ. Օրինաց 16։16

Հրէական տօներուն համար Երուսաղէմ եկող հազարաւորներ ո՞ւր կ’իջեւանէին։

Երուսաղէմ գտնուող ծիսական բաղնիքի մը աւերակները

Երուսաղէմի մէջ ամէն տարի երեք տօներ տեղի կ’ունենային. Պասեք, Պէնտէկոստէ, Տաղաւարահարաց տօն։ Առաջին դարուն, այսպիսի առիթներու ներկայ գտնուելու համար, ամբողջ Իսրայէլէն եւ ուրիշ երկիրներէ հարիւր հազարաւոր հրեաներ Երուսաղէմ կու գային (Ղուկաս 2։​41, 42. Գործք 2։1, 5-11)։ Բոլոր այս ուխտաւորները պէտք էր իջեւանելու տեղ մը ապահովէին։

Ոմանք գիշերը բարեկամներու մօտ կը մնային, իսկ ուրիշներ՝ պանդոկներու կամ օթեւաններու մէջ։ Շատեր վրաններ կը լարէին քաղաքին մէջ կամ անոր պարիսպներուն շուրջ։ Երուսաղէմի մէջ իր վերջին կեցութեան ատեն, Յիսուս Բեթանիա քաղաքին մօտ տեղ մը մնաց (Մատթէոս 21։17

Տաճարին մօտ լոգանքի աւազաններ պարունակող քանի մը կառոյցներ գտնուած են։ Կ’ըսուի թէ այս կառոյցները հիւրանոցներ էին, ուր ուխտաւորները կրնային մնալ եւ նախքան տաճար մտնելը լուացուիլ։ Այս կառոյցներէն մէկուն մէջ գտնուած քանդակագրութիւն մը կը նշէ, թէ քահանայ եւ տեղական ժողովարանին առաջնորդ՝ Թիատոթըս, «ժողովարանը շինեց Թորան կարդալու եւ. . . ասկէ զատ, օտարականներուն բնակավայր ապահովելու համար, հիւրանոցն ու սենեակները շինեց եւ ջուրի կարգաւորումներ (water installation) ըրաւ»։