Աստուածաշունչին պատասխանները
Ինչո՞ւ պէտք է յիշենք Յիսուսին մահը։
Յիսուսին մահը ամէնէն կարեւոր դէպքն էր պատմութեան մէջ,– ան մեռաւ որպէսզի մարդկային կեանքը վերադառնայ այն վիճակին, որ պէտք է ըլլայ։ Մարդը չարութիւն ընելու հակումով չստեղծուեցաւ. ոչ ալ ստեղծուեցաւ հիւանդանալու կամ մեռնելու (Ծննդոց 1։31)։ Բայց առաջին մարդը՝ Ադամ, մեղքը աշխարհ մտցուց։ Յիսուս իր կեանքը զոհեց, որպէսզի մեզ փրկէ մեղքէն ու մահէն (կարդա՛ Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 6։23)։
Ի՜նչ մեծ սէր ցուցուց Աստուած, երբ իր Որդին երկիր ղրկեց մեզի համար մեռնելու (Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ իր մահը յիշեն պարզ արարողութեամբ մը, որուն մէջ հաց ու գինի կը գործածուին։ Ամէն տարի իր մահը յիշելը կերպ մըն է ցոյց տալու, թէ կը գնահատենք Աստուծոյ եւ Յիսուսի ցուցաբերած սէրը (կարդա՛ Ղուկաս 22։19, 20)։
Որո՞նք հացէն կ’ուտեն եւ գինիէն կը խմեն։
Երբ Յիսուս առաջին անգամ իր աշակերտներուն ըսաւ որ իր մահը յիշեն, որոշ ուխտի մը մասին խօսեցաւ (Մատթէոս 26։26-28)։ Այդ ուխտը անոնց եւ սահմանափակ թիւով ուրիշներու յոյս մը տուաւ, որ է՝ երկինքին մէջ Յիսուսին հետ թագաւորներ եւ քահանաներ ըլլալ։ Թէեւ միլիոնաւորներ կը յիշատակեն Յիսուսին մահը, բայց միայն այդ ուխտին մէջ եղողներն են, որ հացին ու գինիին կը մասնակցին (կարդա՛ Յայտնութիւն 5։10)։
Աստուած գրեթէ 2000 տարիէ ի վեր կ’ընտրէ զանոնք, որոնք թագաւորներ պիտի ըլլան (Ղուկաս 12։32)։ Անոնք թիւով քիչ են՝ բաղդատած անոնց, որոնք յաւիտեան պիտի ապրին երկրի վրայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։4, 9, 17)։