Աստուածաշունչին պատասխանները
Երեխաները ինչպէ՞ս կրնան սորվիլ Աստուած սիրել։
Զաւակներդ կրնան սորվիլ Աստուած սիրել, միայն եթէ փաստ ունենան որ ան գոյութիւն ունի եւ կը սիրէ զիրենք։ Աստուած սիրելու համար, անոնք պէտք է ճանչնան զինք (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Օրինակ, անոնք պէտք է գիտնան թէ ան ի՛նչ նպատակով ստեղծեց մարդը, ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը եւ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։9)։
Որպէսզի զաւակներուդ օգնես որ Աստուած սիրեն, պէտք է իրենց ցոյց տաս, թէ դուն ինքդ զինք կը սիրես։ Երբ անոնք ասիկա տեսնեն, շատ հաւանաբար պիտի ընդօրինակեն քեզ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։5-7. Առակաց 22։6)։
Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ սրտին հասնիլ։
Աստուծոյ Խօսքը զօրեղ է (Եբրայեցիս 4։12)։ Ուստի զաւակներուդ օգնէ որ անոր հիմնական ուսուցումները սորվին։ Յիսուս մարդոց սրտին հասնելու համար հարցումներ ուղղեց, մտիկ ըրաւ եւ Սուրբ Գրութիւնները բացատրեց։ Զաւակներուդ սրտին հասնելու համար, կրնաս Յիսուսին սորվեցնելու մեթոտը ընդօրինակել (կարդա՛ Ղուկաս 24։15-19, 27, 32)։
Աւելին, երբ երեխաները Աստուածաշունչէն սորվին թէ Աստուած ինչպէ՛ս վարուած է մարդոց հետ, ասիկա իրենց պիտի օգնէ որ ճանչնան եւ սիրեն զինք։ Այս նպատակաւ, պատրաստուած են կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք մատչելի են www.jw.org կայքին մէջ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16)։