Աստուածաշունչին պատասխանները
Յիսուս իրապէս մեռելներ յարուցանե՞ց։
Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ թէ Յիսուս մեռելներ յարուցանեց։ Այդ պատմութիւնները առասպելներ չեն. անոնք տեղի ունեցան իսկական վայրերու մէջ՝ մասնայատուկ ժամանակներու ընթացքին։ Օրինակ, Ք.Ե. 31–ի ամառը, մեծ բազմութիւն մը Յիսուսի հետ Կափառնայումէն Նային կը ճամբորդէր։ Երբ անոնք Նային հասան, ուրիշ խումբի մը հանդիպեցան։ Այս հանդիպումին՝ Յիսուս յարութիւն մը կատարեց։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ այդ յարութիւնը իրապէս տեղի ունեցաւ, քանի որ անիկա արձանագրուած է Աստուածաշունչին մէջ եւ տեղի ունեցաւ այդ բոլո՜ր վկաներուն առջեւ (կարդա՛ Ղուկաս 7։11-15)։
Յիսուս նաեւ յարուցանեց իր բարեկամը՝ Ղազարոսը, որուն մահուան վրայ չորս օր անցեր էր։ Յիսուսի կատարած այդ յարութեան կրնանք վստահիլ, քանի որ այդ օրն ալ բազմաթիւ վկաներ այդ դէպքին ականատես եղան (կարդա՛ Յովհաննէս 11։39-45)։
Յիսուս ինչո՞ւ մեռելներ յարուցանեց։
Յիսուս մեռելներ յարուցանեց, քանի որ կարեկից էր։ Նաեւ, որպէսզի ցոյց տայ թէ իր Հայրը՝ Ստեղծիչը՝ իրեն զօրութիւն տուած էր մահուան վրայ (կարդա՛ Յովհաննէս 5։21, 28, 29)։
Յիսուսի կատարած յարութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, թէ ապագային նկատմամբ իր տուած խոստումները անպայման պիտի կատարուին։ Ան բազմաթիւ մարդիկ պիտի յարուցանէ, ներառեալ՝ մեղաւորներ, որոնք ճշմարիտ Աստուածը չճանչցան։ Անոնց պատեհութիւն պիտի տրուի որ Աստուած ճանչնան եւ սիրեն (կարդա՛ Գործք 24։15)։