Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ քեզի համար

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ քեզի համար

Շատ հաւանաբար նախորդ յօդուածներէն եզրակացուցիր, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Եհովայի վկաներուն համար մեծ նշանակութիւն ունի։ Եւ թերեւս Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք կարգ մը օրհնութիւնները հետաքրքրութիւնդ շարժեցին։ Բայց թերեւս նաեւ հարց կու տաս, թէ արդեօք այս խոստումները իրապէս պիտի կատարուի՛ն։

Իմաստութիւն է որ զգոյշ ըլլաս եւ ամէն լսածիդ չհաւատաս (Առակաց 14։15)։ Զգուշութիւնդ կարելի է համեմատել վաղեմի բերիացիներու զգուշութեան հետ *։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով Թագաւորութեան բարի լուրը լսեցին, անոնք իրենց լսածը ընդունեցին, բայց ոչ թէ պարզապէս քանի որ կ’ուզէին որ անիկա ճշմարիտ ըլլայ։ Փոխարէն, անոնք Սուրբ Գրութիւնները ուշադրութեամբ քննեցին՝ «տեսնելու թէ այդպէ՛ս են այդ բաները» (Գործք 17։11, ԱԾ)։ Ուրիշ խօսքով, բերիացիները իրենց լսած բարի լուրը համեմատեցին Սուրբ Գրութիւններու ըսածներուն հետ։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք համոզուեցան թէ բարի լուրը իսկապէս հաստատօրէն հիմնուած էր Աստուծոյ Խօսքին վրայ։

Եհովայի վկաները ջերմօրէն կը հրաւիրեն քեզ որ նոյնը ընես։ Աստուածաշնչական մեր ձրի ուսումնասիրութեան յայտագրին միջոցաւ, քեզի պատեհութիւնը կու տանք որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մեր հաւատալիքը բաղդատես Աստուածաշունչին սորվեցուցածին հետ։

Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվելէ զատ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնդ կրնայ քեզի օգնել կարգ մը կարեւորագոյն հարցումներու պատասխանը գտնելու։

Ամէն բանէ առաջ, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը պիտի օգնէ քեզի որ ‘Աստուծոյ մօտենաս’ (Յակոբոս 4։8)։ Իսկ Աստուծոյ որքան աւելի մօտենաս, այնքան աւելի պիտի տեսնես թէ իր Թագաւորութիւնը ինչպէս կրնայ օրհնութիւններ նշանակել քեզի համար, թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան։ Յիսուս ինք իր մէկ աղօթքին մէջ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3

 

^ պարբ. 4 Բերիան վաղեմի Մակեդոնիոյ մէջ քաղաք մըն էր։