Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՅՈՎՍԷՓ

«Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»

«Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»

ՅՈՎՍԷՓ անձկալից դէպի արեւելք կը նայէր, ցանկալով կարաւանէն փախչիլ։ Այդ բլուրներէն քիչ մը անդին կը գտնուէր իր տունը՝ Քեբրոնի մէջ։ Իր հայրը՝ Յակոբ, իր նախասիրած զաւակին գլխուն եկածին լիովին անտեղեակ ըլլալով, հաւանաբար քնանալու կը պատրաստուէր։ Բայց Յովսէփ ա՛լ չէր կրնար անոր քով երթալ. միակ բանը որ գիտէր այն էր, թէ իր հօր սիրելի երեսը հաւանաբար կրկին պիտի չտեսնէր։ Առեւտրականներուն աչքերը իր վրայ էին, մինչ հանրածանօթ ուղիով ուղտերը կը քշէին դէպի հարաւ։ Յովսէփ այլեւս իրենց կը պատկանէր, եւ զինք մօտէն կը հսկէին։ Այս տղան թանկագին ապրանք մըն էր, ճիշդ իրենց հետ կրած համեմներուն ու ձէթին նման, որոնք հեռաւոր Եգիպտոսի մէջ շահաբեր պիտի ըլլային։

Յովսէփ 17 տարեկանէն քիչ մը աւելի ըլլալու էր։ Երեւակայէ թէ ան դէպի արեւմուտք կը նայի, ուր արեւը Մեծ ծովին հորիզոնին կը մօտենայ, մինչ կը խորհրդածէ թէ ինչպէս իր կեանքը գլխիվայր դարձաւ։ Դժուար էր հաւատալ թէ իր եղբայրները զինք սպաննելու վրայ էին, ապա զինք ծախեցին որպէս ստրուկ։ Արդեօք ան կրցա՞ւ իր արցունքները զսպել։ Ան չէր կրնար ենթադրել թէ ապագան իրեն ինչ վերապահած է։

Յովսէփ իր ազատութիւնը կորսնցուց, բայց՝ ո՛չ իր հաւատքը

Յովսէփ ինչպէ՞ս այս ահռելի կացութեան մատնուեցաւ։ Եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ այս պատանիին հաւատքէն, որ ընտանիքի անդամներու կողմէ զոհ գնաց։

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԲԱՐԴ ԵՆԹԱՀՈՂ

Յովսէփի ընտանիքը շատ մեծ էր,– բայց երջանիկ ու միացած չէր։ Անոր ընտանիքին պատմութիւնը յստակօրէն կ’ապացուցանէ բազմակնութեան ժխտական հետեւանքները,– արմատ կապած սովորութիւն մը, որ Աստուած հանդուրժեց մինչեւ որ իր Որդին միակնութեան սկզբնական չափանիշը վերահաստատեց (Մատթէոս 19։4-6)։ Յակոբ ունէր առնուազն 14 զաւակ՝ 4 կիներէ,– Լիա, Ռաքէլ, Զեղփա ու Բաղղա։ Սկիզբէն իսկ Յակոբ Ռաքէլին սիրահարուած էր։ Ան բնաւ այսպիսի կապուածութիւն չզգաց Լիայի՝ Ռաքէլի մեծ քրոջ հանդէպ, որուն հետ ակամայ ամուսնացաւ։ Երկու կիներուն միջեւ յարատեւ մրցակցութիւն կար, եւ այդ նախանձը տան զաւակներուն փոխանցուեցաւ (Ծննդոց 29։16-35. 30։1, 8, 19, 20. 37։25

Ռաքէլ երկար ատեն ամուլ մնաց, եւ երբ վերջապէս Յովսէփին ծնունդ տուաւ, Յակոբ ալեւորութեան տարիքին իր ունեցած այս զաւակին հետ յատուկ կերպով վարուեցաւ։ Օրինակ, երբ իր ընտանիքը վտանգաւոր հանդիպում պիտի ունենար իր ատելավառ եղբօր՝ Եսաւին հետ, Յակոբ դրաւ Ռաքէլն ու փոքր Յովսէփը խմբակին ետեւի շարքը՝ ամէնէն ապահով տեղը։ Այդ ճգնաժամային օրը Յովսէփի վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած ըլլալու էր։ Պատկերացուր թէ առաւօտուն ան ի՛նչ զգաց, մինչ զարմացած հարց տուաւ թէ ինչո՛ւ իր տարեց բայց կայտառ հայրը այժմ կը կաղար։ Որքա՜ն ապշած ըլլալու էր գիտնալով պատճառը. գիշերը իր հայրը հուժկու հրեշտակի մը հետ գօտեմարտած էր։ Եւ ինչո՞ւ։ Քանի որ կ’ուզէր Եհովա Աստուծմէ օրհնուիլ։ Յակոբի վարձատրութիւնն էր՝ անունը Իսրայէլ ըլլալ։ Ամբողջ ազգ մը իր այս անունը պիտի կրէր (Ծննդոց 32։22-31)։ Ժամանակի ընթացքին, Յովսէփ տեղեկացաւ թէ Իսրայէլի որդիները այդ ազգին ցեղերուն նախահայրերը պիտի ըլլային։

Յետագային, Յովսէփ ողբերգութեան դէմ յանդիման եկաւ, երբ մատղաշ տարիքին իր ամէնէն սիրելի անձը զինք ձգեց։ Իր մայրը մահացաւ, մինչ իր եղբօր՝ Բենիամինին ծնունդ կու տար։ Իր հայրը այս կորուստին համար խորապէս ողբաց։ Պատկերացուր թէ ան մեղմութեամբ Յովսէփի աչքերէն արցունքները կը սրբէ, զինք մխիթարելով այն նոյն յոյսով, որ ատեն մը Յակոբի մեծ հայրը՝ Աբրահամ՝ մխիթարած էր։ Յովսէփ որքա՜ն զգացուած ըլլալու էր գիտնալով, թէ Եհովան օր մը իր մայրը ետ կեանքի պիտի բերէր։ Թերեւս ան սկսաւ ա՛լ աւելի խոր սէր ունենալ ‘ողջերուն Աստուծոյն’ հանդէպ (Ղուկաս 20։38, ԱԾ. Եբրայեցիս 11։17-19)։ Յակոբ Ռաքէլը կորսնցնելէ ետք, այս երկու զաւակներուն հանդէպ միշտ ջերմ զգացումներ տածեց (Ծննդոց 35։18-20. 37։3. 44։27-29

Շատ մը զաւակներ այսպիսի յատուկ վերաբերումէ կրնան երես առնել կամ շփանալ, բայց Յովսէփ իր ծնողքէն լաւ յատկութիւններ սորվեցաւ եւ մշակեց զօրաւոր հաւատք, ինչպէս նաեւ՝ ճիշդի ու սխալի խոր գիտակցութիւն։ 17 տարեկանին, երբ ան կ’աշխատէր որպէս հովիւ, իրմէ մեծ եղող եղբայրներէն ոմանց օգնելով, անոնց սխալ արարքները նկատեց։ Կրնայ ըլլալ որ ան փորձուեցաւ լուռ մնալ, որ եղբայրներուն հաճութիւնը շահի։ Ամէն պարագայի, ան ճիշդ բանը ըրաւ. պատահածը իր հօրը պատմեց (Ծննդոց 37։2)։ Թերեւս այդ քաջ արարքը հաստատեց Յակոբի համարումը իր սիրելի տղուն հանդէպ։ Քրիստոնեայ պատանիներուն համար ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։ Երբ փորձուինք մէկու մը լուրջ մեղքը ծածկել,– թերեւս ընտանիքի անդամ կամ բարեկամ,– իմաստութիւն է Յովսէփը ընդօրինակել եւ վստահ ըլլալ որ հարցին մասին կը տեղեկանան անոնք, որոնք անհատին օգնելու ի վիճակի են (Ղեւտացւոց 5։1

Կրնանք նաեւ Յովսէփի ընտանեկան կեանքէն դաս մը քաղել։ Ճիշդ է որ ներկայիս ճշմարիտ քրիստոնեաները բազմակնութեան սովորութիւնը չունին, սակայն անոնց մէջ կան ընտանիքներ, որոնք ունին խորթ ծնողներ, խորթ զաւակներ եւ խորթ եղբայրներ ու քոյրեր։ Բոլորն ալ կրնան Յակոբի ընտանիքէն սորվիլ, թէ կողմնակալութիւնն ու աչառութիւնը ընտանիքին միութիւնը կը տկարացնեն։ Այսպիսի ընտանիքներու մէջ, իմաստուն ծնողներ իրենց ամէն կարելին կ’ընեն իրենց զաւակներն ու խորթ զաւակները համոզելու, թէ իւրաքանչիւրը սիրուած է ու իւրայատուկ պարգեւներով օժտուած է, եւ թէ իւրաքանչիւրը կրնայ ընտանեկան երջանկութեան նպաստել (Հռովմայեցիս 2։11

ՆԱԽԱՆՁԸ ԱՐՄԱՏ ԿԸ ԿԱՊԷ

Յակոբ Յովսէփը կը նախասիրէր, քանի որ ան հաւատարիմ ու արդար էր

Թերեւս քանի որ Յովսէփ քաջաբար ըրաւ ինչ որ ճիշդ է, Յակոբ զինք պատուեց՝ իրեն մասնայատուկ պատմուճան մը շինելով (Ծննդոց 37։3)։ Հաւանաբար, անիկա երկար ու շքեղ էր, հասնելով մինչեւ ձեռքերուն ու ոտքերուն ծայրը, եւ այն տեսակն էր՝ որ ազնուական մը կամ իշխան մը կը հագնէր։

Յակոբ վստահաբար ասիկա բարի նպատակով ըրաւ, եւ Յովսէփ զգացուած ըլլալու էր իր հօր խանդաղատանքի այս ապացոյցով։ Բայց պատմուճանը իրեն խնդիրներու դուռ պիտի բանար։ Օրինակ, յիշէ թէ ան որպէս հովիւ կ’աշխատէր,– չարքաշ գործ մը։ Պատկերացուր թէ պատանին այսպիսի արքայական պատմուճան մը հագած, երկար խոտերու մէջէն կը քալէ, ժայռերու վրայ կը մագլցի կամ կը փորձէ փշոտ թուփէ բռնուած գառնուկ մը ազատել։ Բայց աւելի գէշ բանը այն էր, թէ Յակոբի այս մասնայատուկ հաճութեան նշանը ինչպէ՛ս պիտի ազդէր իր եղբայրներուն հետ Յովսէփի փոխյարաբերութեան։

Աստուածաշունչը կը նշէ. «Անոր եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը զանիկա իր բոլոր եղբայրներէն աւելի կը սիրէր, ատեցին զանիկա ու խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ անոր հետ» (Ծննդոց 37։4) *։ Կրնանք հասկնալ Յովսէփի եղբայրներուն նախանձը, բայց անոնք այս թունաւոր զգացումին տեղի տալով իմաստութիւն ցոյց չտուին (Առակաց 14։30. 27։4)։ Երբեք նախանձով բորբոքա՞ծ ես, երբ մէկու մը տրուած է այն ուշադրութիւնը կամ պատիւը, որ դո՛ւն կ’ուզէիր ստանալ։ Յիշէ՛ Յովսէփի եղբայրները։ Անոնց նախանձը պատճառ դարձաւ որ ընեն արարքներ, որոնց համար յետագային սրտանց զղջացին։ Անոնց օրինակը քրիստոնեաներուն կը յիշեցնէ, թէ շա՜տ աւելի իմաստութիւն է ‘խնդացողներուն հետ խնդալ’ (Հռովմայեցիս 12։15

Յովսէփ վստահաբար իր եղբայրներուն ատելութիւնը նկատեց։ Ուստի, արդեօք իր շքեղ պատմուճանը կը պահէ՞ր, երբ իր եղբայրները մօտ ըլլային։ Թերեւս այս մէկը ընելու փորձուեցաւ։ Սակայն յիշէ՛ թէ Յակոբ կ’ուզէր որ պատմուճանը հաճութեան եւ սիրոյ նշան ըլլայ։ Յովսէփ իրեն հանդէպ իր հօր վստահութեան արժանի ըլլալը ցոյց տալով, հաւատարմօրէն պատմուճանը կը հագնէր։ Իր օրինակը մեզի օգտակար է։ Թէեւ մեր երկնաւոր Հայրը բնա՛ւ աչառու չէ, սակայն երբեմն իր հաւատարիմ ծառաները կը զատէ եւ անոնց հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց կու տայ։ Ասկէ աւելին, ան անոնցմէ կը խնդրէ որ այս ապականած եւ անբարոյ աշխարհէն անջատ մնան։ Յովսէփի յատուկ պատմուճանին նման, ճշմարիտ քրիստոնեաներուն վարքը զիրենք իրենց շուրջի մարդոցմէն տարբեր կ’ընէ։ Այս վարքը երբեմն նախանձ եւ ատելութիւն կը գրգռէ (Ա. Պետրոս 4։4)։ Արդեօք քրիստոնեան Աստուծոյ ծառայ ըլլալու իր իսկական ինքնութիւնը պէ՞տք է ծածկէ։ Ո՛չ. ինչպէս որ Յովսէփ իր պատմուճանը պէտք չէր պահէր (Ղուկաս 11։33

ՅՈՎՍԷՓԻ ԵՐԱԶՆԵՐԸ

Շատ չանցած, Յովսէփ երկու արտասովոր երազներ տեսաւ։ Առաջին երազին մէջ, ան տեսաւ թէ ինք ու իր եղբայրները որաներ կը կապէին։ Բայց ապա իր եղբայրներուն որաները իր շիտակ կանգնած որային բոլորտիքը կանգնեցան եւ անոր երկրպագութիւն ըրին։ Երկրորդ երազին մէջ, արեւը, լուսինը եւ 11 աստղեր իրեն երկրպագութիւն ըրին (Ծննդոց 37։6, 7, 9)։ Յովսէփ այս տարօրինակ եւ տպաւորիչ երազները տեսնելով ի՞նչ պիտի ընէր։

Երազները Եհովա Աստուծոյ կողմէ էին։ Անոնք մարգարէական էին, եւ Աստուծոյ նպատակն էր որ Յովսէփ անոնց բովանդակած պատգամը հաղորդէր։ Առումով մը, Յովսէփ պէտք էր ընէր այն ինչ որ յետագային բոլոր մարգարէները ըրին, Աստուծոյ պատգամներն ու դատաստանները Իր կամակոր ժողովուրդին յայտնելով։

Յովսէփ փափկանկատօրէն իր եղբայրներուն ըսաւ. «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»։ Իր եղբայրները երազը հասկցան, եւ բնաւ չսիրեցին զայն։ Անոնք պատասխան տուին. «Իրաւցնէ մեր վրա՞յ պիտի թագաւորես, կամ իրաւցնէ մեր վրա՞յ պիտի տիրես»։ Արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Անոր երազներուն ու խօսքերուն համար աւելի ատեցին զանիկա»։ Երբ Յովսէփ երկրորդ երազը իր հօր ու եղբայրներուն պատմեց, նոյն հակազդեցութիւնը ի յայտ եկաւ։ Կը կարդանք. «Հայրը յանդիմանեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս քու տեսած երազդ. միթէ ես ու քու մայրդ եւ քու եղբայրներդ իրաւցնէ՞ պիտի գանք՝ մինչեւ գետին քեզի խոնարհութիւն ընելու’»։ Սակայն Յակոբ այս բանին շուրջ շարունակեց մտածել. կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովան տղուն հետ կը հաղորդակցէր (Ծննդոց 37։6, 8, 10, 11

Յովսէփ ո՛չ առաջին, ոչ ալ վերջին երկրպագուն էր, որմէ Եհովան խնդրեց որ հաղորդէ մարգարէական պատգամ մը, որ անժողովրդական պիտի ըլլար եւ նոյնիսկ հալածանքի առաջնորդէր։ Յիսուս այսպիսի պատգամաւորներու մեծագոյնն էր, եւ ան իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն» (Յովհաննէս 15։20)։ Ամէն տարիքի քրիստոնեաներ կրնան պատանի Յովսէփին հաւատքէն ու քաջութենէն շա՜տ բան սորվիլ։

ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ

Ասկէ շատ չանցած, Յակոբ Յովսէփին ճամբորդել տուաւ։ Իր որդիները ոչխարները կ’արածէին հիւսիսի կողմը, Սիւքէմի մօտ, ուր վերջերս թշնամիներ շահած էին։ Բնական է որ Յակոբ իր զաւակներով մտահոգ էր, ուստի ան Յովսէփը ղրկեց որ անոնց որպիսութիւնը ստուգէ։ Կրնա՞ս երեւակայել Յովսէփի զգացումները։ Ան գիտէր թէ իր եղբայրները որեւէ ատենէ աւելի զինք կ’ատէին։ Անոնք պիտի հաճէի՞ն տեսնելով թէ իրենց կու գայ իբրեւ իրենց հօր խօսնակը։ Այսուհանդերձ, Յովսէփ հնազանդելով ճամբայ ելաւ (Ծննդոց 34։25-30. 37։12-14

Ան ընդամէնը չորս կամ հինգ օր պիտի քալէր, քանի որ Սիւքէմը Քեբրոնի հիւսիսը կը գտնուէր՝ շուրջ 80 քմ. հեռաւորութեամբ։ Բայց Սիւքէմ հասնելէ ետք, Յովսէփ տեղեկացաւ թէ իր եղբայրները Դօթայիմ գացած էին, ինչ որ պահանջեց քալել յաւելեալ 22 քմ. դէպի հիւսիս։ Երբ Յովսէփ վերջապէս Դօթայիմի մօտեցաւ, իր եղբայրները հեռուէն զինք տեսան։ Անոնց ատելութիւնը անմիջապէս բորբոքեցաւ։ Արձանագրութիւնը կը նշէ. «Իրարու ըսին. ‘Ահա այն երազ տեսնողը կու գայ, ուստի հիմա եկէք մեռցնենք զանիկա ու գուբի մէջ նետենք ու ըսենք թէ «Չար գազան մը կերաւ զանիկա» եւ տեսնենք թէ անոր երազները ի՛նչ պիտի ըլլան’»։ Սակայն, Ռուբէն իր եղբայրները համոզեց որ Յովսէփը գուբի մը մէջ նետեն, յուսալով որ վերջը զինք ազատէ (Ծննդոց 37։19-22

Առանց բանէ մը կասկածելու, Յովսէփ անոնց մօտեցաւ՝ ակնկալելով խաղաղ հանդիպում մը։ Բայց իր եղբայրները իր վրայ յարձակեցան։ Անոնք կոշտութեամբ իր իւրայատուկ պատմուճանը հանեցին, զինք տարին չորցած ջրափոս մը եւ հոն նետեցին։ Յովսէփ ինքզինքին գալէ ետք, դժուարաւ ոտքի կանգնեցաւ եւ բնաւ չէր կրնար մագլցելով դուրս ելլել։ Ան միայն կլոր բացութենէ մը երկինքը կը տեսնէր, մինչ եղբայրներուն ձայնը հեռուէն կը լսուէր։ Ան իրենց աղաչեց, բայց անոնք զինք անտեսեցին։ Անոնք անկարեկցաբար մօտակայքը ճաշեցին։ Մինչ Ռուբէն ներկայ չէր, անոնք դարձեալ խորհեցան Յովսէփը սպաննել, բայց Յուդան զիրենք համոզեց որ զանիկա անցող վաճառականներու ծախեն։ Դօթայիմը Եգիպտոս տանող վաճառականական ճամբուն մօտ կը գտնուէր, եւ շատ չանցած՝ իսմայէլացիներու եւ մադիանացիներու կարաւան մը եկաւ։ Ռուբէն չվերադարձած, անոնք 20 սիկղի փոխարէն իրենց եղբայրը որպէս ստրուկ ծախեցին (Ծննդոց 37։23-28. 42։21) *։

Յովսէփ ըրաւ ինչ որ ճիշդ է, բայց իր եղբայրները զինք ատեցին

Ինչպէս յօդուածին սկիզբը նշեցինք, մինչ Յովսէփ դէպի Եգիպտոս կը տարուէր, այնպէս թուեցաւ որ ամէն բան կորսնցուց։ Ան ուզէ–չուզէ զատուեցաւ։ Տարիներով ան իր ընտանիքին մասին ոչինչ պիտի գիտնար,– ոչինչ՝ Ռուբէնին զայրոյթին մասին, երբ վերադարձաւ ու տեսաւ թէ Յովսէփ չկար, ոչինչ՝ Յակոբի ողբին մասին, երբ զինք խաբեցին ու ըսին թէ իր սիրելի Յովսէփը մեռաւ, ոչինչ՝ իր մեծ հօր մասին, որ տակաւին կ’ապրէր, եւ ոչինչ՝ իր սիրելի պզտիկ եղբօր մասին, որ շատ պիտի կարօտնար։ Բայց արդեօք Յովսէփ այլեւս ոչի՞նչ ունէր (Ծննդոց 37։29-35

Յովսէփ տակաւին ունէր բան մը, որ իր եղբայրները բնաւ չէին կրնար իրմէ առնել. հաւատք։ Ան շատ բան գիտէր իր Աստուծոյն՝ Եհովային մասին, եւ ո՛չ մէկ բան կրնար իրմէ զայն խլել,– ո՛չ իր տունը կորսնցնելը, ո՛չ Եգիպտոս տանող երկար ճամբուն վրայ ստրկութեան տանջանքը, եւ ո՛չ իսկ Պետափրէս անունով հարուստ եգիպտացիի մը որպէս ստրուկ ծախուելու նուաստացումը (Ծննդոց 37։36)։ Այսպիսի նեղութիւններու մէջ, Յովսէփի հաւատքն ու Աստուծոյ մօտիկ մնալու իր վճռականութիւնը ա՛լ աւելի զօրացան։ Այլ յօդուածներու մէջ պիտի տեսնենք, թէ այդ հաւատքը ինչպէ՛ս թոյլ տուաւ որ Յովսէփ թէ՛ իր Աստուծոյն՝ Եհովային եւ թէ իր տագնապահար ընտանիքին օգտակար ըլլայ։ Որքա՜ն իմաստութիւն է որ Յովսէփի հաւատքը ընդօրինակենք։

^ պարբ. 15 Կարգ մը հետազօտիչներ կը թելադրեն, թէ Յովսէփի եղբայրները իրենց հօր արարքը նկատեցին ապացոյց մը, թէ ան կը մտադրէր անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփի շնորհել։ Անոնք գիտէին թէ Յովսէփ առաջին զաւակն էր Յակոբի նախասիրած կնոջ, որուն հետ ամէնէն առաջ պիտի ամուսնանար։ Ասկէ զատ, Յակոբի անդրանիկ զաւակը՝ Ռուբէն, իր հօր հարճին հետ պառկած էր, իր հայրը անարգելով եւ արժանի ըլլալով իր ծննդեան իրաւունքը կորսնցնելու (Ծննդոց 35։22. 49։3, 4

^ պարբ. 25 Աստուածաշունչը նոյնիսկ այս պզտիկ մանրամասնութեան նկատմամբ ճշգրիտ է։ Նոյն ժամանակամիջոցին պատկանող փաստաթուղթեր կը յայտնեն, թէ այդ ատեն Եգիպտոսին մէջ ստրուկներուն սովորական գինը 20 սիկղ էր։