Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Առանց ատրճանակի՝ տեղ մը չէի երթար

Առանց ատրճանակի՝ տեղ մը չէի երթար
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1958

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ԻՏԱԼԻԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ԱՒԱԶԱԿԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՅՐԱԳ ԱՆԴԱՄ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած ու մեծցած եմ Հռոմի արուարձանը, աղքատ աշխատաւորներու շրջանի մը մէջ։ Կեանքս դժուար էր։ Բնաւ չգիտցայ իսկական մայրս, իսկ հօրս հետ փոխյարաբերութիւնս լաւ չէր։ Մեծցայ՝ փողոցի օրէնքները սորվելով։

Տասը տարեկանիս, արդէն իսկ սկսած էի գողութիւն ընել։ Իսկ 12 տարեկանիս, առաջին անգամ ըլլալով տունէն փախայ։ Մէկէ աւելի առիթներով, հայրս զիս ոստիկանութեան կեդրոնատեղիէն տուն բերաւ։ Միշտ մարդոց հետ կը վիճէի,– վայրագ էի ու բարկացած՝ ամբողջ աշխարհին դէմ։ Երբ 14 տարեկան եղայ, մնայուն կերպով տունը ձգեցի։ Սկսայ թմրեցուցիչ գործածել եւ փողոցը ապրիլ։ Քնանալու տեղ չունենալով, ինքնաշարժի մը կղպանքը կը բանայի եւ անոր մէջ կը մնայի մինչեւ արշալոյս։ Ապա, լուացուելու համար ջուրի աղբիւր կը փնտռէի։

Իսկապէս վարպետ գող մը դարձայ,– պայուսակ գողնալէն մինչեւ գիշերով յարկաբաժիններ ու վիլլաներ գողնալը։ Սկսայ վատ համբաւ ունենալ եւ շուտով տխրահռչակ աւազակախումբ մը ուզեց որ անդամ դառնամ, ինչ որ ինծի «պատեհութիւն» տուաւ դրամատուներ գողնալու։ Կռուազան ըլլալով, աւազակախումբին մէջ յարգուեցայ։ Առանց ատրճանակի՝ տեղ մը չէի երթար. զայն բարձիս տակ դնելով կը քնանայի։ Բռնութիւնը, թմրեցուցիչը, գողութիւնը, հայհոյութիւնը եւ անբարոյութիւնը կենցաղակերպս դարձան։ Ոստիկանութիւնը միշտ զիս կը հետապնդէր։ Քանի մը անգամ ձերբակալուեցայ, եւ բանտ մտնելով–ելլելով տարիներ անցուցի։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Առիթով մը, երբ բանտէն արձակուեցայ, որոշեցի մօրաքոյրերէս մէկուն այցելել։ Չէի գիտեր թէ մօրաքոյրս ու անոր զաւակներէն երկուքը Եհովայի վկայ եղած էին։ Անոնք զիս հրաւիրեցին իրենց ժողովներէն մէկուն ներկայ գտնուելու։ Առ ի հետաքրքրութիւն, որոշեցի իրենց հետ երթալ։ Երբ Թագաւորութեան սրահ հասանք, պնդեցի դրան քով նստիլ, որպէսզի կարենամ հսկել թէ ո՛վ կը մտնէ ու կ’ելլէ։ Անշուշտ, ատրճանակս կը կրէի։

Այդ ժողովը կեանքս փոխեց։ Կը մտաբերեմ թէ այն ատեն խորհեցայ թէ ուրիշ մոլորակի մը վրայ ըլլալու էի։ Անհատները զիս ջերմութեամբ, բարեկամական կերպով եւ ժպտելով դիմաւորեցին։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ Վկաներուն ազնիւ ու անկեղծ նայուածքը։ Ասիկա վստահաբար անբաղդատելիօրէն շա՜տ տարբեր էր իմ գիտցած աշխարհէս։

Սկսայ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Որքա՛ն կը սորվէի, այնքան աւելի յստակ կը դառնար թէ կենցաղակերպս լիովին պէտք էր փոխէի։ Առակաց 13։20–ի խօսքերուն անսացի. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ»։ Անդրադարձայ որ աւազակախումբէն պէտք էր հեռանայի։ Ասիկա ընելը դիւրին չէր, բայց Եհովային օգնութեամբ յաջողեցայ։

Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով, սկսայ արարքներս հակակշռի տակ առնել

Նաեւ ֆիզիքապէս ինքզինքս մաքրեցի։ Շատ ջանք թափելով, ծխիկ ծխելէ ու թմրեցուցիչ գործածելէ դադրեցայ։ Երկար մազերս կտրեցի, օղերէս ձերբազատուեցայ, եւ հայհոյութիւնը կեցուցի։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով, սկսայ արարքներս հակակշռի տակ առնել։

Բնաւ չէի սիրեր կարդալ ու սերտել, ուստի ինծի համար իսկական մարտահրաւէր մըն էր կեդրոնանալ՝ Աստուածաշունչը սերտելու համար։ Սակայն, մինչ ջանք կը թափէի, հետզհետէ սկսայ Եհովան սիրել եւ ներսիդիս բան մը փոխուեցաւ,– խիղճս սկսաւ զիս տանջել։ Յաճախ անձիս նկատմամբ բացասական զգացումներ կ’ունենայի, կասկածելով թէ Եհովան իսկապէս կրնայ ինծի ներել ըրած բոլոր վատ բաներուս համար։ Այդ պահերուն, մեծապէս կը մխիթարուէի կարդալով թէ ինչպէս Եհովա Դաւիթ թագաւորին ներեց, երբ ան շատ լուրջ մեղքեր գործեց (Բ. Թագաւորաց 11։1–12։13

Ուրիշ մարտահրաւէր մըն էր ուրիշներուն հետ հաւատքս բաժնել՝ դռնէ–դուռի ծառայութեամբ (Մատթէոս 28։19, 20)։ Կը վախնայի որ հանդիպիմ անհատի մը, որուն ձեւով մը վնաս հասցուցած էի։ Բայց հետզհետէ կրցայ վախս յաղթահարել։ Սկսայ իսկական գոհունակութիւն գտնել ուրիշներուն օգնելով որ սորվին մեր երկնաւոր հոյակապ Հօր մասին, որ առատօրէն կը ներէ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Եհովային մասին սորվիլը կեանքս ազատեց։ Նախկին ընկերակիցներուս մեծամասնութիւնը կա՛մ մեռած է, կամ ալ բանտն է, բայց ես իսկապէս գոհունակ կեանք մը եւ յուսալի ապագայ մը ունիմ։ Սորված եմ խոնարհ ու հնազանդ ըլլալ եւ զայրոյթս զսպել։ Առ ի արդիւնք, շուրջիններուս հետ աւելի լաւ փոխյարաբերութիւններ կը վայելեմ։ Երջանիկ ամուսնութիւն մը ունիմ սիրելի կնոջս՝ Գարմէնի հետ։ Միասնաբար ուրախութեամբ ուրիշներուն կ’օգնենք որ Աստուածաշունչին մասին գիտութիւն ստանան։

Այժմ պարկեշտ գործ կ’աշխատիմ,– երբեմն անիկա դրամատուներ կը պարփակէ, բայց գողնալու տեղ, զանոնք կը մաքրեմ։