ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՄԱՀԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՎԵՐՋ ԿԸ ԴՆԷ՞
Մահը ամէն բանի վերջ չի՛ դներ
Բեթանիա պզտիկ գիւղ մըն էր, որ Երուսաղէմէն 3 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր (Յովհաննէս 11։18)։ Յիսուսի մահէն քանի մը շաբաթ առաջ, հոն ողբերգութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ղազարոս, որ Յիսուսի մօտիկ մէկ բարեկամն էր, անակնկալօրէն լուրջ հիւանդութիւն ունեցաւ եւ մահացաւ։
Երբ Յիսուս լուրը լսեց, իր աշակերտներուն ըսաւ թէ Ղազարոս քնացած է եւ ինք կը մտադրէ զինք արթնցնել (Յովհաննէս 11։11)։ Բայց աշակերտները իր ըսածը չըմբռնեցին, ուստի Յիսուս յայտնապէս ըսաւ. «Ղազարոս մեռաւ» (Յովհաննէս 11։14)։
Թաղումէն չորս օր ետք, Յիսուս Բեթանիա հասաւ եւ ուզեց մեռեալին քոյրը՝ Մարթան մխիթարել։ «Եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ», ըսաւ Մարթան (Յովհաննէս 11։ 17, 21)։ Յիսուս պատասխանեց. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11։25)։
«Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»
Ցոյց տալու համար, թէ իր խօսքերը պարզապէս անիմաստ խոստում մը չէին, Յիսուս գերեզմանին մօտենալով՝ կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր» (Յովհաննէս 11։43)։ Եւ ի զարմանք դիտորդներուն, մեռելը դուրս եկա՛ւ։
Այս դէպքէն առաջ, Յիսուս առնուազն երկու յարութիւններ կատարած էր։ Առիթով մը, ան աղջնակ մը յարուցանեց,– Յայրոսին դուստրը։ Զինք յարուցանելէ առաջ, Յիսուս նաեւ ըսաւ որ աղջնակը քնացած էր (Ղուկաս 8։52)։
Նշմարէ, թէ Ղազարոսի եւ Յայրոսի աղջնակին մահուան առնչութեամբ, Յիսուս մահը համեմատեց քունի հետ։ Ասիկա յարմար համեմատութիւն է։ Ինչո՞ւ։ Քնանալը անգիտակից վիճակ մըն է եւ յարմարօրէն կը հաղորդէ ցաւէն ու տառապանքէն հանգստանալու գաղափարը (Ժողովող 9։5. տե՛ս « Մահը խոր քունի կը նմանի» շրջանակը)։ Յիսուսի նախկին աշակերտները յստակ կերպով հասկցան մեռելներուն իսկական վիճակը։ Համայնագիտարան մը կը նշէ. «Յիսուսի հետեւորդները մահը նկատեցին քուն, եւ գերեզմանը՝ հանգստեան վայր. . . անոնց համար, որոնք հաւատքով մահացան» (Encyclopedia of Religion and Ethics) *։
Մխիթարական է գիտնալ, որ մեռելները գերեզմանին մէջ քնացած են եւ չեն տառապիր։ Այսպիսով, մահը այլեւս խորհուրդ մը չէ եւ մեզի վախ չի պատճառեր։
«ԵԹԷ ՄԱՐԴԸ ՄԵՌՆԻ, ՊԻՏԻ ԿԵՆԴԱՆԱՆԱ՞Յ ԱՐԴԵՕՔ»
Անշուշտ, գիշերը քնանալով բոլորս կը հանգստանանք։ Բայց ո՞վ կ’ուզէ յաւիտեան քնանալ։ Ի՞նչ յոյս ունինք որ բոլոր մեռելները, որոնք այժմ ննջած են, ետ կեանքի պիտի բերուին, Ղազարոսին ու Յայրոսի աղջկան նման։
Երբ զգաց թէ մեռնելու վրայ էր, Յոբ հարց տուաւ. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք» (Յոբ 14։14)։
Ամենակալ Աստուծոյ ուղղելով իր խօսքը, Յոբ իր հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով. «Պիտի կանչես, ու ես քեզի պիտի պատասխանեմ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի կարօտնաս» (Յոբ 14։15, ԱԾ)։ Յոբ վստահ էր, որ Եհովան անձկագին պիտի սպասէր այդ օրուան, երբ Իր հաւատարիմ ծառան պիտի յարուցանէր։ Արդեօք Յոբ անկարելի՞ բան կը յուսար։ Բնաւ երբեք։
Յիսուսի կատարած յարութիւնները յստակ կերպով ապացոյցներ տուին, թէ Աստուած Յիսուսի զօրութիւն տուաւ մահուան վրայ։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յիսուս այժմ ‘մահուան բանալին’ ունի (Յայտնութիւն 1։18)։ Ուստի, Յիսուս գերեզմանին դռները պիտի բանայ, ճիշդ ինչպէս որ հրամայեց որ Ղազարոսի գերեզմանին քարը մէկդի դրուի։
Աստուածաշունչը յարութեան խոստումը շատ յաճախ կը կրկնէ։ Հրեշտակ մը Դանիէլ մարգարէն հաւաստիացուց. «Պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս» (Դանիէլ 12։13)։ Յարութեան խոստումը ժխտող հրեայ առաջնորդներուն՝ սադուկեցիներուն՝ Յիսուս ըսաւ. «Դուք մոլորած էք։ Ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը» (Մատթէոս 22։23, 29)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած. . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։
ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ Ե՞ՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԱՌՆԵՆ
Արդարներուն եւ մեղաւորներուն յարութիւնը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Հրեշտակը արդար Դանիէլին ըսաւ, թէ «օրերուն վերջը» պիտի յարուցանուէր։ Մարթան նմանապէս հաւատաց թէ իր եղբայրը՝ Ղազարոսը «վերջին օրը յարութիւն պիտի առնէ[ր]» (Յովհաննէս 11։24)։
Աստուածաշունչը «վերջին օրը» կը կապէ Քրիստոսի արքայական իշխանութեան հետ։ Պօղոս գրեց. «Ան [Քրիստոս] պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է» (Ա. Կորնթացիս 15։25, 26)։ Ասիկա կարեւոր պատճառ մըն է, թէ ինչո՛ւ պէտք է աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ իր կամքը կատարուի երկրի վրայ *։
Յոբ շատ լաւ գիտէր որ Աստուծոյ կամքն է՝ մեռելները յարուցանել։ Երբ ասիկա պատահի, մահը իրապէս պիտի խափանուի։ Եւ ո՛չ ոք այլեւս հարց պիտի տայ. «Մահը ամէն բանի վերջ կը դնէ՞»։
^ պարբ. 8 «Գերեզման» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ «քնանալու վայր»։
^ պարբ. 18 Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին աւելի՛ն գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 8–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։