Աստուածաշունչին պատասխանները
Մեռելներուն համար յոյս մը կա՞յ։
Մահը քունի կը նմանի, այն առումով որ մեռելները անգիտակից եւ անկարող են։ Բայց Ստեղծիչը կրնայ մեռելները ետ կեանքի բերել՝ զանոնք յարուցանելով։ Առ ի փաստ, Աստուծոյ զօրութեամբ Յիսուս քանի մը մարդիկ ետ կեանքի բերաւ (կարդա՛ Ժողովող 9։5. Յովհաննէս 11։11, 43, 44)։
Ի՞նչ առումով մահը քունի կը նմանի
Աստուած խոստացած է որ իր յիշողութեան մէջ եղող մեռելները արդար նոր աշխարհի մը մէջ ետ կեանքի պիտի բերուին։ Անոնք որոնք պիտի յարուցանուին, մահուան քունին մէջ պէտք է մնան մինչեւ որ Աստուած իր որոշած ժամանակին զանոնք ետ կեանքի բերէ։ Ամենակալ Աստուած կը տենչայ իր զօրութիւնը գործածել մեռելները յարուցանելու համար (կարդա՛ Յոբ 14։14, 15)։
Յարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։
Երբ Աստուած ննջեցեալը յարուցանէ, ան պիտի կարենայ ճանչնալ ինքզինք, իր բարեկամներն ու ընտանիքի անդամները։ Թէեւ անհատի մը մարմինը կը լուծուի, բայց Աստուած կրնայ ետ կեանքի բերել նոյն անձը՝ նոր մարմնով (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։35, 38)։
Յարուցեալներէն պզտիկ խումբ մը երկնքի մէջ պիտի ապրի (Յայտնութիւն 20։6)։ Իսկ ննջեցեալներուն մեծամասնութիւնը ետ կեանքի պիտի բերուի վերահաստատուած դրախտային երկրին մէջ։ Անոնք կեանքի նոր սկիզբ պիտի ունենան՝ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով (կարդա՛ Սաղմոս 37։29. Գործք 24։15)։