Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ

Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»

Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»

ՆՈՅ իր մէջքը կը շտկէ եւ պրկուած մկանները կը թուլցնէ։ Պահ մը երեւակայէ. ան կոճղի մը վրայ նստած քիչ մը կը հանգստանայ եւ կը դիտէ տապանին վիթխարի կառոյցը։ Ամէն տեղ տարածուած է հալած կպրաձիւթի զօրաւոր հոտը, եւ ատաղձագործութեան ձայները կ’արձագանգեն։ Նոյ իր նստած տեղէն կը տեսնէ, թէ իր որդիները ինչպէ՛ս ժրաջանօրէն կ’աշխատին՝ գերաններէ կազմուած այդ հսկայ շինութեան զանազան մասերուն վրայ։ Արդէն տասնամեակներ անցեր են, մինչ իր որդիներն ու իրենց կիները, ինչպէս նաեւ իր սիրելի կինը, իրեն հետ միասնաբար կ’աշխատին այս գործին վրայ։ Ճիշդ է որ տապանին մէկ մասը վերջացուցած էին, բայց տակաւին ընելիք շա՜տ գործ կար։

Շրջանի մարդիկը խորհեցան, թէ Նոյն ու իր ընտանիքը յիմարներ էին։ Տապանը ո՛րքան աւելի կազմուէր, մարդիկ ա՛յնքան աւելի կը խնդային այն գաղափարին վրայ, թէ ջրհեղեղ մը պիտի ծածկէ ամբողջ երկրագունդը։ Նոյի ազդարարած աղէտը անոնց աչքին շատ անհաւանական կը թուէր՝ անհեթեթութիւն։ Անոնք չէին կրնար հասկնալ, թէ մարդ մը ինչո՛ւ իր եւ իր ընտանիքին կեանքը պիտի վատնէր այդպիսի յիմար աշխատանքով։ Սակայն Նոյի Աստուածը՝ Եհովան, զինք տարբեր աչքով կը դիտէր։

Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց» (Ծննդոց 6։9)։ Ասիկա նշանակե՞ց թէ Աստուած երկրի վրայ քալեց կամ, թէ Նոյ ձեւով մը երկինք ելաւ։ Ո՛չ։ Նոյ ա՛յնքան հնազանդութիւն եւ սէր ցուցաբերեց Աստուծոյ հանդէպ, որ կարծես թէ ինքն ու Եհովան իրարու հետ կը քալէին բարեկամներու պէս։ Հազարաւոր տարիներ ետք, Աստուածաշունչը Նոյի մասին ըսաւ. «Հաւատքով Նոյ. . . աշխարհս դատապարտեց» (Եբրայեցիս 11։7)։ Ան ինչպէ՞ս դատապարտեց աշխարհը։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոր հաւատքէն։

ԱՆԹԵՐԻ ՄԱՐԴ՝ ԱՄԲԱՐԻՇՏ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՄԷՋ

Նոյ մեծցաւ աշխարհի մը մէջ, որ երթալէն աւելի կը չարանար։ Ճիշդ է որ աշխարհ արդէն չար էր, երբ իր պապին հայրը՝ Ենովք,– որ նոյնպէս արդար էր եւ Աստուծոյ հետ քալեց,– դատաստանի օր մը նախագուշակեց ամբարիշտներուն վրայ, բայց Նոյի օրերուն՝ ամբարշտութիւնը իր զենիթին հասած էր։ Եհովայի տեսանկիւնէն, երկիրը ապականած էր, քանի որ բռնութեամբ լեցուած էր (Ծննդոց 5։22. 6։11. Յուդա 14, 15)։ Ի՞նչ պատահեցաւ որ վիճակները այդքան վատթարանան։

Սոսկալի ողբերգութիւն մը սկսած էր հարուածել Աստուծոյ հոգեղէն որդիները՝ հրեշտակները։ Անոնցմէ մէկը, Աստուած զրպարտելով եւ Ադամն ու Եւան մեղքի մէջ մտցնելով, արդէն իսկ ըմբոստացած էր Եհովայի դէմ, եւ դարձած՝ Բանսարկու Սատանայ։ Նոյի օրերուն, ա՛յլ հրեշտակներ ալ սկսան Եհովայի արդար իշխանութեան դէմ ըմբոստանալ։ Անոնք իրենց աստուածատուր երկնային դիրքը լքելով երկիր եկան, մարդու կերպարանք առին եւ գեղեցիկ կիներու հետ ամուսնացան։ Այդ հպարտ, անձնասէր եւ ըմբոստ հրեշտակները, թունաւոր ազդեցութիւն բանեցուցին մարդոց վրայ (Ծննդոց 3։1-5. 6։1, 2. Յուդա 6, 7

Ասկէ զատ, մարմնացած հրեշտակներու եւ մարդկային կիներու անբնական միաւորումը յառաջ բերաւ խառնածին որդիներ՝ արտասովոր չափով եւ ուժով։ Աստուածաշունչը զանոնք կը կոչէ նեֆիլիմներ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «տապալիչներ»,– անձեր, որոնք կը պատճառեն ուրիշներու տապալումը։ Նեֆիլիմները ամբարտաւան եւ գազանաբարոյ ըլլալով, սաստկացուցին աշխարհի վայրագ ու անբարեպաշտ հոգին։ Ուստի զարմանալի չէ որ Ստեղծիչը տեսաւ, թէ «մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնա[ր] եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ Եհովան որոշեց որ 120 տարուան մէջ բնաջնջէ այդ չար մարդկութիւնը (Ծննդոց 6։3-5

Նոյ եւ իր կինը պէտք էր միասնաբար պաշտպանէին իրենց որդիները պիղծ ազդեցութիւններէն

Երեւակայէ թէ որքա՜ն դժուար էր ընտանիքը հոգալ այդպիսի աշխարհի մը մէջ։ Այսուհանդերձ, Նոյ կրցաւ հոգալ։ Ան լաւ կին մը գտաւ, եւ երբ Նոյ 500 տարեկան էր, իր կինը իրեն երեք որդիներ ծնաւ,– Սէմ, Քամ եւ Յաբեթ *։ Ծնողները պէտք էր միասնաբար պաշտպանէին իրենց որդիները այն պիղծ ազդեցութիւններէն, որոնցմով շրջապատուած էին։ Պզտիկ տղաքը սովորաբար կը հիանան ու կը սքանչանան «զօրաւոր» եւ «անուանի» մարդոցմով,– նեֆիլիմներն ալ ճիշդ այդպէս էին։ Նոյ եւ իր կինը չէին կրնար ամէն ատեն իրենց զաւակներէն պահել այդ հսկաներուն քաջագործութիւնները, սակայն կրնային սորվեցնե՛լ հրապուրիչ ճշմարտութիւնը Եհովա Աստուծոյ մասին, որ ան կ’ատէ ամէն տեսակ չարութիւն։ Անոնք իրենց տղաներուն պէտք էր օգնէին հասկնալու, թէ Եհովան տրտմած էր աշխարհի վայրագութեան եւ ըմբոստութեան համար (Ծննդոց 6։6

Ներկայիս, ծնողներ իրապէս կրնան հասկնալ Նոյի ու իր կնոջ վիճակը։ Մեր աշխարհն ալ թունաւորուած է բռնութեամբ եւ ըմբոստութեամբ։ Մինչեւ իսկ երեխաներու համար պատրաստուած ժամանցը կրնայ այդպիսի բաներով լեցուած ըլլալ։ Իմաստուն ծնողներ իրենց կարելին կ’ընեն այդ տեսակ ազդեցութիւններուն հակառակ կենալու, իրենց զաւակներուն սորվեցնելով խաղաղութեան Աստուծոյն՝ Եհովային մասին, որ օր մը վերջ պիտի դնէ ամբողջ բռնութեան (Սաղմոս 11։5. 37։10, 11)։ Յաջողութիւնը կարելիութի՛ւն է։ Նոյ եւ իր կինը յաջողեցան. անոնց տղաքը լաւ երիտասարդներ եղան եւ ամուսնացան կիներու հետ, որոնք նոյնպէս յօժար էին ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան, առաջին տեղը դնելու իրենց կեանքին մէջ։

«ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ. . . ՏԱՊԱՆ ՄԸ ՇԻՆԷ»

Օր մը, Նոյին կեանքը ամբողջովին փոխուեցաւ։ Եհովան իր այս սիրելի ծառային խօսեցաւ ըսելով, որ նպատակադրած էր այդ օրուան աշխարհին վերջ մը դնել։ Աստուած Նոյին պատուիրեց. «Դուն քեզի խժաբեր փայտէ տապան մը շինէ» (Ծննդոց 6։14

Այս տապանը նաւ մը չէր, ինչպէս ոմանք կ’ենթադրեն։ Անիկա ո՛չ ղեկ ունէր, ո՛չ ողնափայտ, ո՛չ յառաջամաս եւ ոչ ալ յետսամաս, ինչպէս որ նաւ մը կ’ունենայ։ Տապանը կոր ձեւ չունէր, հապա պարզապէս հսկայ արկղ կամ սնտուկ մըն էր։ Եհովա Նոյին տուաւ տապանին ճշգրիտ չափերը, անոր տեսքին շուրջ որոշ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ ըսաւ որ զայն ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէր։ Աստուած Նոյին պատճառն ալ ըսաւ. «Ահա երկրի վրայ ջրհեղեղ պիտի բերեմ. . . Երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի»։ Այսուհանդերձ, Եհովան Նոյին ըսաւ. «Տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ եւ կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ»։ Նոյ նաեւ պէտք էր բերէր ամէն տեսակ անասունէ ներկայացուցիչներ։ Միայն տապանին մէջ եղողնե՛րը կրնային վերապրիլ գալիք Ջրհեղեղէն (Ծննդոց 6։17-20

Նոյ ստանձնեց այս հսկայածաւալ գործը։ Այս տապանը վիթխարի պիտի ըլլար,– երկայնութիւնը շուրջ 133 մեթր, լայնութիւնը շուրջ 22 մեթր եւ բարձրութիւնը շուրջ 13 մեթր։ Տապանը նո՛յնիսկ այսօրուան մեծագոյն ծովագնաց տախտակէ նաւերէն աւելի մեծ էր։ Արդեօք Նոյ փորձե՞ց այս գործէն փախուստ տալ, մարտահրաւէրներուն դէմ բողոքել կամ մանրամասնութիւններուն չհետեւիլ՝ այնպէս որ իրեն համար աւելի դիւրին ըլլար աշխատիլը։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծննդոց 6։22

Գործը տասնամեակներ տեւեց. թերեւս 40-50 տարի։ Պէտք էր ծառեր կտրուէին, գերաններ փոխադրուէին եւ փայտեր տաշուէին, ձեւաւորուէին եւ իրարու կցուէին։ Տապանը պիտի ունենար երեք յարկ կամ տախտակամած՝ կարգ մը բաժանմունքներ, եւ դուրսի կողմէն մէկ դուռ։ Բացայայտօրէն, պատուհաններ կային վերեւի մասը, ինչպէս նաեւ տանիք մը, որ հաւանաբար, մէջտեղէն քիչ մը բարձր էր, որպէսզի անձրեւի ջուրը վրայէն հոսէր (Ծննդոց 6։14-16

Մինչ տարիները կ’անցնէին եւ տապանը կը ձեւաւորուէր, Նոյ շատ ուրախ ըլլալու էր իր ընտանիքին աջակցութիւնը ունենալով։ Գործը ուրիշ երեսակ մըն ալ ունէր, որ թերեւս աւելի՛ դժուար էր քան տապան շինելը։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ թէ Նոյ «արդարութեան քարոզիչ» էր (Բ. Պետրոս 2։5)։ Ան խիզախօրէն առաջնորդութիւնը առաւ այդ չար եւ անաստուած աշխարհի մարդիկը ազդարարելու այն կործանման համար, որ հետզհետէ կը մօտենար։ Ի՞նչ էր այդ մարդոց հակազդեցութիւնը։ Յետագային, Յիսուս Քրիստոս այդ ժամանակաշրջանը մտաբերեց ըսելով, թէ այդ մարդիկը «չգիտցան» կամ ուշադրութիւն չդարձուցին։ Ան ըսաւ որ անոնք այնքա՛ն բազմազբաղ էին իրենց առօրեայ կեանքով,– ուտելով, խմելով եւ ամուսնանալով,– որ ականջ չտուին Նոյի խօսքերուն (Մատթէոս 24։37-39)։ Անկասկած, շատեր զինք եւ իր ընտանիքի անդամները ծաղրեցին. ոմանք հաւանաբար սպառնացին եւ վայրագօրէն հակառակեցան իրեն։

Նոյին վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնը տեսնելով հանդերձ, մարդիկ զինք ծաղրեցին եւ իր պատգամը անտեսեցին

Այսուհանդերձ, Նոյ եւ իր ընտանիքը բնաւ ձեռնթափ չեղան։ Անոնք հաւատա՛րմօրէն շարունակեցին իրենց գլխաւոր աշխատանքը՝ տապան կառուցանելը, հակառակ անոր որ իրենց շուրջինները կը խորհէին թէ իրենց ըրածը սնոտի, մոլորեալ կամ յիմարական արարք մըն էր։ Այսպիսով այժմու քրիստոնեայ ընտանիքներ կրնան շատ բան սորվիլ Նոյի եւ անոր ընտանիքի հաւատքէն։ Ի վերջոյ, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը կոչէ, կ’ապրինք այս աշխարհի «վերջին օրեր»ուն մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Յիսուս ըսաւ որ մեր ժամանակաշրջանը պիտի ըլլար ճիշդ այն ժամանակաշրջանին պէս, երբ Նոյ տապանը շինեց։ Եթէ աշխարհ Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամին նկատմամբ անտարբեր գտնուի, զայն ծաղրէ կամ մինչեւ իսկ հալածանք պատճառէ, լաւ կ’ըլլայ որ քրիստոնեաները մտաբերեն Նոյը, եւ յիշեն որ իրենք առաջինը չեն այսպիսի մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու մէջ։

«ՏԱՊԱՆԸ ՄՏԻՐ»

Տասնամեակներ անցան եւ տապանը աստիճանաբար իր վերջնական տեսքը առաւ։ Երբ Նոյ 600 տարեկան պիտի ըլլար, կորուստներ ունեցաւ։ Իր հայրը՝ Ղամէքը, մեռաւ *։ Հինգ տարի ետք, Ղամէքին հայրը՝ Մաթուսաղան, որ Նոյին մեծհայրն էր, 969 տարեկանին մահացաւ,– վերջ դնելով Աստուածաշունչին արձանագրած մարդկային ամէնէն երկար կեանքին (Ծննդոց 5։27)։ Թէ՛ Մաթուսաղան եւ թէ Ղամէքը Ադամին ժամանակակից էին։

Նոյն տարին, Նոյ նահապետը Եհովա Աստուծմէն նոր պատգամ մը ստացաւ. «Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր»։ Միեւնոյն ատեն, Աստուած Նոյին ըսաւ որ անասուններու բոլոր տեսակներէն տապանը մտցնէր,– մաքուր անասուններէն եօթնական հատ՝ որոնցմէ կարելի էր գործածել զոհաբերութեան համար, իսկ մնացեալներէն՝ զոյգ–զոյգ (Ծննդոց 7։1-3

Տեսարանը անմոռանալի եղած ըլլալու էր։ Հարիւրաւոր անասուններ հեռուէն գալով, տապանը կը մտնէին,– քալելով, թռչելով, սողալով, շարժտկելով, դանդաղօրէն յառաջանալով,– բոլորն ալ շշմեցուցիչ չափերով, երեւոյթով եւ բնոյթով։ Դժուար չէ երեւակայել, թէ Նոյ ինչպէ՛ս կը փորձէր փարախել, խթանել կամ ձեւով մը կառավարել այդ բոլոր անասունները, որ սեղմ եւ սահմանափակ տապանը մտնեն։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք «տապանը Նոյին գացին» (Ծննդոց 7։9

Կարգ մը սկեպտիկներ, թերեւս հարց տան. «Այդպիսի բան ինչպէ՞ս կրնար պատահիլ։ Եւ այդ բոլոր անասունները ինչպէ՞ս կրնային իրարու հետ մնալ արգելափակուած վայրի մը մէջ»։ Նկատի առ. միթէ տիեզերքի Ստեղծիչին կարողութենէն գերիվե՞ր է իր ստեղծած անասունները ղեկավարելը եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ զանոնք նոյնիսկ ընտանի դարձնելն ու հնազանդեցնելը։ Յիշէ՛. Եհովա՛ն է այն Աստուածը, որ Կարմիր ծովը ճեղքեց եւ արեւը անշարժ կեցուց։ Միթէ ան չէ՞ր կրնար Նոյի արձանագրութեան մէջ նկարագրուած բոլոր դէպքերը իրականացնել։ Անշո՛ւշտ որ կրնար, եւ ըրա՛ւ ալ։

Ճիշդ է որ Աստուած կրնար ընտրել անասունները պաշտպանելու մէկ ա՛յլ կերպ մը, բայց իմաստունօրէն ընտրեց կերպ մը, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան սկիզբէն իսկ մարդոց վստահած էր բոլոր կենդանութեան շունչ ունեցողներուն հոգատարութիւնը (Ծննդոց 1։28)։ Այսօր, շատ մը ծնողներ Նոյի պատմութեամբ իրենց երեխաներուն կը սորվեցնեն ցոյց տալու համար, որ Եհովան իր ստեղծած մարդիկն ու անասունները կ’արժեւորէ։

Եհովան Նոյին ըսաւ որ Ջրհեղեղը մէկ շաբաթէն պիտի գար։ Վստահաբար ընտանիքը իրարանցումի մէջ էր։ Երեւակայէ թէ անոնք ինչպէ՛ս իրենց ամբողջ ստացուածքը տապանը կը մտցնէին եւ բոլոր անասուններն ու անոնց ուտելիքը կը տանէին դասաւորուած վայրերը։ Նոյի կինն ու երեք հարսերը, հաւանաբար, յատկապէս զբաղած էին տապանը յարմարաւէտ տունի մը վերածելով։

Ի՞նչ կարելի է ըսել իրենց շուրջ գտնուող անհատներուն մասին։ Թէպէտեւ անոնք իրենց աչքերով կը տեսնէին թէ Եհովան ինչպէս կ’օրհնէր Նոյն ու անոր ջանքերը, եւ թէ ինչպէս անասունները տապանը կը մտնէին, բայց անոնք «չգիտցան» կամ ուշադրութիւն չդարձուցին։ Սակայն պէտք չէ զարմանանք անոնց անտարբերութեան վրայ։ Ներկայիս, մարդիկ ուշադրութիւն չեն դարձներ այն փաստացի իրողութեան վրայ, թէ այժմ աշխարհիս վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Եւ ինչպէս որ Պետրոս առաքեալ նախագուշակեց, ծաղր ընողներ եկած են, որոնք կը ծաղրեն զանոնք, որոնք ականջ կու տան Աստուծոյ ազդարարութեան (Բ. Պետրոս 3։3-6)։ Նմանապէս, մարդիկ անկասկած ծաղրեցին Նոյը եւ անոր ընտանիքը։

Ծաղրանքը ե՞րբ դադրեցաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ անմիջապէս որ Նոյ իր ընտանիքն ու անասունները տապանը մտցուց, «Տէրը անոր ետեւէն տապանը գոցեց»։ Եթէ տապանին մօտակայքը ծաղր ընողներ կային, անկասկած այդ աստուածային արարքը լռեցուց զանոնք։ Եթէ տապանի դրան գոցուիլն ալ չազդեց, ա՛նպայման տեղատարափ անձրեւը ազդած ըլլալու էր։ Անձրեւը տեղաց, տեղաց ու տեղաց,– Եհովայի ըսածին պէս աշխարհը հեղեղելով (Ծննդոց 7։16-21

Արդեօք Եհովան հրճուեցա՞ւ այդ չար մարդոց մահուամբ։ Անշո՛ւշտ ոչ (Եզեկիէլ 33։11)։ Ընդհակառակը. ան անոնց ամէն պատեհութիւն տուած էր իրենց ճամբաները փոխելու եւ շիտակը գործելու։ Անոնք կրնայի՞ն այս մէկը ընել։ Նոյի կեանքի ընթացքը պատասխանեց այս հարցումին։ Եհովային հետ քալելով եւ ամէն բանի մէջ իր Աստուծոյն հնազանդելով, Նոյ ցոյց տուաւ թէ վերապրիլը կարելիութիւն էր։ Այդ առումով, Նոյի հաւատքը դատապարտեց իր օրուան աշխարհը՝ լուսարձակի տակ առնելով այդ մարդկութեան չարութիւնը։ Իր հաւատքը՝ թէ՛ զինք եւ թէ իր ընտանիքը ազատեց։ Եթէ Նոյին հաւատքը ընդօրինակես, դո՛ւն ալ կրնաս թէ՛ անձդ եւ թէ սիրելիներդ ազատել։ Կրնաս Նոյին պէս Եհովա Աստուծոյ հետ քալել՝ որպէս Բարեկամդ։ Եւ այդ բարեկամութիւնը կրնայ յաւիտեա՛ն տեւել։

^ պարբ. 10 Այդ օրերուն, մարդիկ մեզմէ շա՜տ աւելի երկար կ’ապրէին։ Անոնց երկարակեցութիւնը բացայայտօրէն կապ ունենալու էր այն իրողութեան հետ, թէ անոնք մօտ էին այն կենսունակութեան եւ կատարելութեան, զորոնք Ադամն ու Եւան կորսնցուցին։

^ պարբ. 20 Ղամէք իր որդին անուանած էր Նոյ, որ հաւանաբար կը նշանակէ «հանգստութիւն. մխիթարութիւն», եւ մարգարէացած՝ թէ Նոյ պիտի իրագործէր իր անուան իմաստը՝ մարդկութիւնը անիծուած երկրի վրայ աշխատելէն առաջնորդելով դէպի հանգստութիւն (Ծննդոց 5։28, 29)։ Ղամէք չկրցաւ տեսնել այս մարգարէութեան կատարումը, որովհետեւ չկատարուած մեռաւ։