Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վստահելի տնտես ես

Վստահելի տնտես ես

Վստահելի տնտես ես

«Դուք ձեր անձին տէրը չէք» (Ա. ԿՈՐ. 6։19

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Վաղեմի տնտեսներուն դերը ի՞նչ էր։

Աստուծոյ բոլոր տնտեսները հասարակաց ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունին։

Որպէս տնտեսներ, Աստուծոյ ծառայութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

1. Ընդհանուր առմամբ, աշխարհը անկախութեան նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունի։

ՇՈՒՐՋ 2500 տարի առաջ, յոյն թատերագիր մը ըսաւ, որ ո՛չ ոք կ’ընտրէ ծառայ ըլլալ։ Մարդոց մեծամասնութիւնը անոր ըսածին հետ համամիտ է։ «Ծառայ» բառը մարդոց կը յիշեցնէ ստրկացած տղամարդիկ ու կիներ, որոնք հարստահարուած կ’ըլլան եւ որոնց աշխատանքն ու զոհողութիւնները օգուտներ կը բերեն ոչ թէ իրենց, այլ՝ իրենց տէրերուն։

2, 3. ա) Քրիստոսի յօժարակամ ծառաները ի՞նչ դիրք կը վայելեն։ բ) Տնտեսութեան մասին ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտները խոնարհ ծառաներ պիտի ըլլային։ Բայց ծառայ ըլլալով հանդերձ, ճշմարիտ քրիստոնեաները նուաստացած կամ հարստահարուած պիտի չզգային, այլ՝ յարգանքի ու վստահութեան արժանի պիտի ըլլային։ Օրինակ, պահ մը խորհէ թէ Յիսուս «ծառայ»ի մը մասին ի՛նչ ըսաւ։ Իր մահէն քիչ առաջ, ան ըսաւ թէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ի մը պարտականութիւններ պիտի տար (Մատ. 24։45-47

3 Նկատի առ որ Ղուկասին արձանագրութեան մէջ, «ծառայ» բառին փոխարէն գործածուած է «տնտես» բառը (կարդա՛ Ղուկաս 12։42-44Այժմու ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը, այդ հաւատարիմ տնտես դասակարգին չի պատկանիր։ Բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ բոլոր ծառաները կերպով մը տնտեսներ են։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունինք։ Եւ ատոնց նկատմամբ ի՞նչ պէտք է զգանք։ Պատասխանները գիտնալու համար, քննարկենք թէ վաղեմի օրերուն տնտեսները ի՛նչ կ’ընէին։

ՏՆՏԵՍՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

4, 5. Վաղեմի օրերուն, տնտեսները ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունէին։ Օրինակներ տուր։

4 Վաղեմի օրերուն, տնտեսը յաճախ ստրուկ մըն էր, որուն իր տէրը կը վստահէր եւ իր տան կամ աշխատանքին վրայ պատասխանատու կը նշանակէր։ Տնտեսը իր տիրոջ ստացուածքներն ու դրամը կը հոգար եւ միւս ծառաներուն վրայ հեղինակութիւն ունէր։ Ասիկա կը նշմարենք Եղիազարի պարագային, որ Աբրահամի ամբողջ ունեցածը կը կառավարէր։ Կրնայ ըլլալ որ Աբրահամ զի՛նք Միջագետք ղրկեց, որպէսզի իր որդւոյն՝ Իսահակին՝ կին գտնէր. ինչ որ մե՜ծ պատասխանատուութիւն էր (Ծն. 13։2. 15։2. 24։2-4

5 Աբրահամի թոռնորդին՝ Յովսէփը, Պետափրէսին տնտեսն էր (Ծն. 39։1, 2, 4)։ Ժամանակի ընթացքին, Յովսէփ ինք ունեցաւ տնտես մը, որ իր «տան վերակացուն» էր։ Այս տնտեսն էր որ Յովսէփի տասը եղբայրները հիւրասիրեց եւ անոնց կարիքները հոգաց։ Ինչպէս նաեւ, ան մեծ դեր խաղցաւ Յովսէփի ծրագրին մէջ, որ կապ ունէր «գողցուած» արծաթէ գաւաթին հետ։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ տէրերը որքա՜ն կը վստահէին իրենց տնտեսներուն (Ծն. 43։19-25. 44։1-12

6. Երէցները ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունին։

6 Դարեր ետք, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ երէցները Աստուծոյ տնտեսներն են (Տիտ. 1։7)։ Որպէս «Աստուծոյ հօտ»ին հովիւներ, երէցները ժողովքները կ’առաջնորդեն (Ա. Պետ. 5։1, 2)։ Անշուշտ, Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ երէցները տարբեր պատասխանատուութիւններ ունին։ Օրինակ, երէցներուն մեծամասնութիւնը մէկ ժողովքի կը ծառայէ։ Շրջագայող տեսուչները բազմաթիւ ժողովքներու կը ծառայեն։ Իսկ Մասնաճիւղի յանձնախումբին անդամները մէկ կամ աւելի երկիրներու ժողովքները կը հոգան։ Բայց բոլոր երէցներէն կ’ակնկալուի իրենց պարտականութիւնները լաւագոյնս կատարել։ Բոլորը Աստուծոյ «հաշիւ պիտի տան» (Եբ. 13։17

7. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ բոլոր քրիստոնեաները տնտեսներ են։

7 Ինչպէ՞ս գիտենք թէ այն բազմաթիւ հաւատարիմ քրիստոնեաները, որոնք երէցներ չեն, նաեւ տնտեսներ են։ Պետրոս առաքեալ բոլոր քրիստոնեաներուն նամակ գրեց՝ ըսելով. «Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս» (Ա. Պետ. 1։1. 4։10)։ Աստուած մեզի հանդէպ ազնուութիւն կը ցուցաբերէ, բոլորիս տալով պարգեւներ, առաւելութիւններ, կարողութիւններ կամ ձիրքեր, զորս կրնանք գործածել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգտին համար։ Ուստի, անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կը ծառայեն, տնտեսներ են։ Ան մեզի կը վստահի, մեզ կը յարգէ եւ կ’ակնկալէ որ իր տուած բոլոր բաները լաւ կերպով գործածենք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆՔ

8. Ի՞նչ կարեւոր սկզբունք մը պէտք է յիշենք։

8 Այժմ պիտի կեդրոնանանք երեք սկզբունքներու վրայ, զորս որպէս տնտեսներ նկատի պէտք է առնենք։ Առաջինը. բոլորս Աստուծոյ կը պատկանինք եւ պէտք է զինք հաճեցնենք։ Պօղոս գրեց. «Դուք ձեր անձին տէրը չէք. քանզի գնով ծախու առնուեցաք»։ Այդ գինը՝ մեր մեղքերուն համար Քրիստոսի զոհուած կեանքն է (Ա. Կոր. 6։19, 20)։ Մենք Եհովային կը պատկանինք, ուստի մեզմէ պահանջուած է իր պատուիրանները պահել, որոնք ծանր չեն (Հռով. 14։8. Ա. Յովհ. 5։3)։ Մենք նաեւ Քրիստոսին ծառաներն ենք։ Վաղեմի տնտեսներուն նման բաւական ազատութիւն ունինք,– բայց մեր ազատութիւնը սահմաններ ունի։ Պէտք է ցուցմունքներուն հետեւինք։ Որքա՛ն ալ շատ ըլլան Աստուծոյ կազմակերպութենէն ներս մեր ունեցած պատասխանատուութիւնները, բոլորս Աստուծոյ ու Քրիստոսի ծառաներն ենք։

9. Յիսուս ինչպէ՞ս բացատրեց թէ տէրը իր ծառայէն ինչ կ’ակնկալէ։

9 Յիսուս մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ տէր մը իր ծառայէն ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Ան իր աշակերտներուն պատմեց ծառայի մը մասին, որ ամբողջ օրը աշխատելէ ետք, տուն եկաւ։ Արդեօք տէրը անոր ըսա՞ւ. «Անցիր սեղան նստէ»։ Ո՛չ, այլ ըսաւ. «Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ»։ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ դաս կը սորվեցնէր։ Ան բացատրեց. «Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’» (Ղուկ. 17։7-10

10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովան կ’արժեւորէ իրեն ծառայելու մեր թափած ջանքերը։

10 Անշուշտ, Եհովան կ’արժեւորէ բոլոր այն բաները՝ որոնք իրեն համար կ’ընենք։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք» (Եբ. 6։10)։ Եհովան բնա՛ւ անտրամաբանական բաներ չի պահանջեր մեզմէ։ Իր պահանջածը մեր օգտին համար է եւ բնա՛ւ ծանր չէ։ Բայց ինչպէս Յիսուս սորվեցուց, ծառան ինքզինք չի հաճեցներ։ Ան միշտ իր տիրոջ կամքը առաջին տեղը կը դնէ։ Համանման կերպով, երբ մեր անձերը Աստուծոյ կը նուիրենք, կ’ընտրենք մեր կեանքէն ներս նա՛խ իր կամքը կատարել. այնպէս չէ՞։

ԻՆՉ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

11, 12. ա) Ի՞նչ յատկութիւն պէտք է ցուցաբերենք։ բ) Ինչպիսի՞ կենցաղակերպ պէտք է ունենանք։

11 Երկրորդ սկզբունքը որ պէտք է յիշենք, այն է՝ թէ որպէս տնտեսներ, բոլորս կը հնազանդինք նոյն հիմնական պահանջներուն։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ ոմանք ունին որոշ պատասխանատուութիւններ, զորս ուրիշներ չունին, բայց Աստուած բազմաթիւ մարզերու մէջ մեր բոլորէն նոյն բանը կը պահանջէ։ Օրինակ, Եհովայի բոլոր ծառաները պէտք է զիրար սիրեն։ Յիսուս ըսաւ թէ մարդիկ պիտի գիտնան թէ իր աշակերտներն ենք, եթէ զիրար սիրենք (Յովհ. 13։35)։ Եւ մենք կը ջանանք մեր սէրը ցուցաբերել ոչ–Վկաներուն հանդէպ ալ։ Ասիկա բոլորս կրնա՛նք եւ պէ՛տք է որ ընենք։

12 Մեզմէ նաեւ պահանջուած է ընտիր վարք ունենալ։ Կ’ուզենք խուսափիլ որեւէ վարքէ կամ կենցաղակերպէ, զոր Աստուծոյ Խօսքը կը դատապարտէ։ Պօղոս գրեց. «Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն» (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Ճիշդ է որ ջանք կը պահանջէ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլը, բայց երբ այդ ջանքը կը թափենք, շատ մը կերպերով կ’օգտուինք։ Օրինակ, կ’ունենանք աւելի լաւ առողջութիւն, ուրիշներու հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն եւ Աստուծոյ հետ սերտ բարեկամութիւն (կարդա՛ Եսայի 48։17, 18

13, 14. ա) Աստուած բոլոր քրիստոնեաներուն ի՞նչ գործ տուած է։ բ) Այս գործը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

13 Յիշէ նաեւ թէ տնտեսը կատարելիք գործ ունէր։ Մենք եւս։ Աստուած մեզի թանկագին պարգեւ տուած է. իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Եւ կ’ուզէ որ այդ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնենք (Մատ. 28։19, 20)։ Պօղոս գրեց. «Թող մարդիկ մեզ այնպէս սեպեն, որպէս թէ Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները» (Ա. Կոր. 4։1)։ Պօղոս գիտակցեցաւ որ այս տնտեսութիւնը կը նշանակէր, թէ՛ բծախնդրաբար հոգ տանիլ «Աստուծոյ խորհուրդներուն» կամ սրբազան գաղտնիքներուն եւ թէ հաւատարմաբար զանոնք քարոզել ուրիշներուն, ինչպէս որ իր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ պահանջած էր (Ա. Կոր. 9։16

14 Ուրիշներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելով, ցոյց կու տանք թէ զիրենք կը սիրենք։ Անշուշտ, ծառայութեան մէջ բոլորս նոյն ջանքը չենք կրնար թափել, քանի որ մեր կեանքի պարագաները կը տարբերին։ Եհովան ասիկա կը գնահատէ։ Կարեւոր բանն այն է՝ որ մեր ամէն կարելին ընենք։ Այս կերպով, Աստուծոյ ու մարդոց հանդէպ անձնուրաց սէր կը ցուցաբերենք։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

15-17. ա) Տնտես մը ինչո՞ւ պէտք է հաւատարիմ ըլլայ։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ անհաւատարմութեան հետեւանքը։

15 Յիշուելիք երրորդ սկզբունքն է՝ թէ պէտք է ապացուցանենք մեր հաւատարմութիւնը, հնազանդ գտնուելով։ Տնտեսը բազմաթիւ լաւ յատկութիւններ ու կարողութիւններ կրնար ունենալ, սակայն ատոնք արժէք պիտի չունենային եթէ անհնազանդ ըլլար եւ իր պարտականութիւններուն հոգ չտանէր։ Տնտես մը պէտք էր հաւատարիմ ըլլար, եթէ կ’ուզէր իր աշխատանքը լաւ կատարել ու իր տէրը հաճեցնել։ Յիշէ թէ Պօղոս գրեց. «Տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ» (Ա. Կոր. 4։2

16 Կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ հաւատարիմ ենք, Աստուած մեզ պիտի վարձատրէ։ Իսկ եթէ հաւատարիմ չենք, ա՛լ Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի չունենանք։ Տաղանդներու առակը ասիկա կը յստակացնէ։ Տէրը գովեց այն հաւատարիմ ծառաները, որոնք իր դրամով ‘գործած էին’, եւ զանոնք մեծապէս վարձատրեց։ Իսկ ինչ կը վերաբերի այն անհնազանդ ծառային, ան դատապարտուեցաւ որպէս «չար», «ծոյլ» եւ «անպիտան»։ Տէրը անոր ձեռքէն տաղանդը առաւ ու զինք դուրս դրաւ (կարդա՛ Մատթէոս 25։14-18, 23, 26, 28-30

17 Յիսուս անգամ մը եւս ցոյց տուաւ անհաւատարմութեան հետեւանքը, երբ ըսաւ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր։ Անոր վրայ գանգատ եղաւ իրեն՝ որպէս թէ իր ունեցածը կը փճացնէ։ Ուստի կանչեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս որ քեզի համար կը լսեմ։ Քու տնտեսութեանդ հաշիւը տուր, վասն զի ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ’» (Ղուկ. 16։1, 2)։ Քանի որ տնտեսը վատնեց այն ինչ որ իր տիրոջ կը պատկանէր, տէրը զինք պաշտօնազրկեց։ Այս համարներէն կարեւոր դաս կը քաղենք. միշտ պիտի ուզենք հաւատարիմ ըլլալ՝ Եհովային պահանջածը լաւագոյն կերպով կատարելով։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՞ՒՆ Է ՄԵՆՔ ՄԵԶ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԲԱՂԴԱՏԵԼ

18. Ինչո՞ւ պէտք չէ մենք մեզ ուրիշներուն հետ բաղդատենք։

18 Իւրաքանչիւրս կրնանք հարց տալ. ‘Ինչպիսի՞ տնտես մըն եմ’։ Բայց իմաստութիւն չէ մենք մեզ ուրիշներուն հետ բաղդատել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ» (Գաղ. 6։4)։ Փոխանակ մեր ըրածը ուրիշներուն ըրածին հետ բաղդատելու, պէտք է մտածենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ըրածը բարելաւել եւ ջանանք մեր լաւագոյնը ընել։ Այսպէս ո՛չ հպարտ պիտի ըլլանք, ոչ ալ պիտի վհատինք։ Ասկէ զատ, կրնայ ըլլալ որ մեր պարագան փոխուած է։ Թերեւս առողջապահական խնդիրներու, ծերութեան կամ զանազան պատասխանատուութիւններու պատճառաւ, չկարենանք առաջուան մեր բոլոր ըրածները ընել։ Կամ, թերեւս մեր պարագաները այժմ թոյլ կու տան որ աւելի՛ն իրագործենք. ուստի, ինչո՞ւ չփորձենք մեր գործունէութիւնները աւելցնել։

19. Եթէ որոշ պատասխանատուութիւն մը չստանանք, ինչո՞ւ պէտք չէ շատ վհատինք։

19 Նաեւ, պէտք չկայ որ մենք մեզ համեմատենք որոշ պատասխանատուութիւններ ունեցողներուն հետ։ Օրինակ, եղբայր մը թերեւս փափաքի ժողովքին մէջ որպէս երէց ծառայել կամ համաժողովներուն մէջ դասախօսութիւններ տալ։ Լաւ է ծանր աշխատիլ որպէսզի այսպիսի առանձնաշնորհումներ ձեռք ձգելու համար որակեալ ըլլանք, բայց պէտք չէ շատ վհատինք, երբ մեր ակնկալածին պէս շուտով զանոնք ձեռք չձգենք։ Որոշ պատճառներու համար,– որոնք անմիջապէս չենք հասկնար,– թերեւս մեր ակնկալածէն աւելի՛ սպասենք։ Յիշէ թէ Մովսէս հաւանաբար խորհեցաւ, թէ պատրաստ էր իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդելու, բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ էր որ 40 տարի սպասէր։ Ասիկա իրեն թոյլ տուաւ որ խստապարանոց եւ ըմբոստ ժողովուրդ մը առաջնորդելու հարկ եղած յատկութիւնները զարգացնէ (Գործք 7։22-25, 30-34

20. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովնաթանի օրինակէն։

20 Կրնայ ըլլալ որ բնաւ որոշ պատասխանատուութիւն չստանանք։ Ճիշդ ասիկա է որ Յովնաթանի պատահեցաւ։ Ան Սաւուղին որդին էր եւ Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլալու հեռանկարը ունէր։ Բայց Աստուած ընտրեց Դաւիթը,– որ Յովնաթանէն բաւական փոքր էր,– որպէսզի թագաւոր ըլլայ։ Յովնաթան ի՞նչ ըրաւ։ Ան ընդունեց Աստուծոյ որոշումը եւ նոյնիսկ իր կեանքը վտանգեց՝ Դաւիթին օգնելու համար։ Ան Դաւիթին ըսաւ. «Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ» (Ա. Թագ. 23։17)։ Անոր օրինակէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։ Յովնաթան իր պարագան ընդունեց եւ, իր հօր հակառակը, Դաւիթին չնախանձեցաւ։ Մենք փոխանակ ուրիշներուն նախանձելու, իրենց ունեցած պատասխանատուութիւններուն համար, բոլորս պէտք է ջանանք մե՛ր ունեցած պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ նոր աշխարհին մէջ Եհովան իր բոլոր ծառաներուն պատշաճ փափաքները պիտի գոհացնէ։

21. Մեր տնտեսութիւնը կամ Աստուծոյ ծառայութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

21 Թող որ միշտ յիշենք թէ որպէս Աստուծոյ տնտեսներ, մենք դաժան տիրոջ մը ստրուկները չենք։ Ընդհակառակը, Եհովան մեզի կը վստահի ու մեզ կը պատուէ, կարեւոր գործ տալով մեզի, ինչպէս՝ այս վերջին օրերուն մէջ բարի լուրը քարոզելու անկրկնելի գործը։ Եւ մեզի շատ ազատութիւն կու տայ, որպէսզի ընտրենք ինչպէ՛ս հոգ տանիլ մեզի տրուած պատասխանատուութիւններուն։ Ուստի, հաւատարիմ տնտեսներ ըլլա՛նք։ Եւ բնաւ չմոռնանք թէ մեծ պատիւ է ծառայել Եհովային՝ տիեզերքի Գերիշխանին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20]

Լաւագոյն կերպով հոգ տանի՛նք մեզի տրուած պատասխանատուութիւններուն