Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»

«Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»

«Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»

«Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս» (ՍԱՂ. 143։10

ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԵՐԸ ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս

Դաւիթի կեանքին ո՞ր դէպքերը ցոյց կու տան, թէ ան հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտէր։

Ի՞նչը օգնեց Դաւիթին որ Աստուծոյ կամքը զատորոշէ։

Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ։

1, 2. ա) Աստուծոյ կամքը գիտնալով ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ բ) Դաւիթ թագաւորի օրինակէն ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք։

ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ընթացքին, երբեք քարտէս կամ քարտէսներու համակարգչային ծրագիր գործածա՞ծ ես։ Ատով կրնաս լաւ կերպով տեսնել թէ հողամաս մը վերէն ինչպէ՛ս կ’երեւի, ինչ որ քեզի կ’օգնէ լաւագոյնս մէկ վայրէն միւսը փոխադրուելու։ Համանման կերպով, կարեւոր որոշումներ կայացնելու ատեն կ’օգտուինք, երբ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտենք։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ գիտնալու իր կամքը։ Այսպէս կրնանք իր կամքը կատարել կամ իրեն հաճելի եղող ‘ճամբով’ քալել (Եսա. 30։21

2 Գրեթէ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը ջանաց հարցերը Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտել։ Այսպէս ընելով, ան վստահ եղաւ որ Աստուծոյ կամքը կ’ընէր։ Ան Եհովա Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ սիրտ ունէր։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ Դաւիթ դժուար պարագաներու ներքեւ ինչպէս վարուեցաւ. ինչ որ մեզի պիտի օգնէ իրմէ սորվելու (Գ. Թագ. 11։4

ԴԱՒԻԹ ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՆՈՒՆԸ ՅԱՐԳԵՑ

3, 4. ա) Դաւիթ ինչո՞ւ խորհեցաւ որ կրնար մենամարտիլ Գողիաթին հետ։ բ) Դաւիթ Աստուծոյ անուան հանդէպ ինչպէ՞ս զգաց։

3 Նկատի առ այն դէպքը, երբ Դաւիթ դէմ յանդիման եկաւ փղշտացի ախոյեանին՝ Գողիաթին՝ հետ։ Դաւիթ ինչո՞ւ խորհեցաւ որ կրնար մենամարտիլ շուրջ 2,9 մեթր հասակ ունեցող հսկայի մը հետ, որ զօրաւոր զէնքեր ունէր (Ա. Թագ. 17։4)։ Արդեօք պարզապէս քանի որ Դաւիթ քա՞ջ էր. կամ քանի որ Աստուծոյ հանդէպ հաւա՞տք ունէր։ Քաջութիւնն ու հաւատքը կարեւո՛ր էին. բայց Գողիաթին հետ կռուելու գլխաւոր պատճառն այն էր, թէ Դաւիթ Աստուծոյ ու Իր մեծ անուան հանդէպ յարգանք ունէր, եւ զայրացած էր որ Գողիաթ անարգանքով կը խօսէր Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ։ Դաւիթ ըսաւ. «Այս անթլփատ Փղշտացին ո՞վ է՝ որ կենդանի Աստուծոյն զօրքերը կը նախատէ» (Ա. Թագ. 17։26

4 Պատանի Դաւիթ Գողիաթին ըսաւ. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ» (Ա. Թագ. 17։45)։ Օգնութեան համար, Դաւիթ ճշմարիտ Աստուծոյն ապաւինեցաւ։ Ան պարսատիկի մէկ քարով Գողիաթը սպաննեց։ Իր կեանքի մնացեալ օրերուն, Դաւիթ Եհովայի վստահեցաւ եւ Իր սուրբ անունը յարգեց։ Նաեւ, իր հայրենակիցներուն ըսաւ, որ Եհովայի սուրբ անունովը ‘պարծենան’ (կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 16։8-10

5. Ներկայիս, մարդիկ ինչպէ՞ս Գողիաթին նման Աստուած կ’անարգեն։

5 Հպա՞րտ ես որ Եհովան քու Աստուածդ է (Եր. 9։24)։ Ի՞նչ կ’ընես երբ դրացիներդ, գործակիցներդ, դասընկերներդ կամ ազգականներդ անարգանքով խօսին Եհովային դէմ կամ իր Վկաները ծաղրեն։ Երբ մարդիկ Գողիաթին նման Աստուած անարգեն, արդեօք Եհովայի անունը կը պաշտպանե՞ս եւ կը վստահի՞ս որ ան քեզի պիտի օգնէ։ Ճիշդ է որ ատեններ պէտք է ‘լուռ’ մնանք, սակայն պէտք չէ ամօթ սեպենք որ Եհովայի վկաներ ու Քրիստոսի հետեւորդներ ենք (Ժող. 3։1, 7. Մար. 8։38)։ Թէեւ պէտք է փափկանկատ եւ քաղաքավար ըլլանք, մինչ Աստուած ու անոր պատգամը չյարգողներուն հետ կը խօսինք, բայց պէտք չէ նմանինք այդ իսրայէլացիներուն, որոնք «զարհուրեցան ու խիստ վախցան», երբ Գողիաթին նախատական խօսքերը լսեցին (Ա. Թագ. 17։11)։ Փոխարէն, թող որ անմիջապէս Եհովայի սուրբ անունը պաշտպանենք։ Կ’ուզենք մարդոց օգնել գիտնալու որ Եհովան իրապէս ինչպիսի՛ Աստուած է։ Անոր համար, Աստուածաշունչը կը գործածենք, որպէսզի անոնց օգնենք որ տեսնեն Աստուծոյ մօտենալու կարեւորութիւնը (Յակ. 4։8

6. ա) Գողիաթին հետ կռուելու Դաւիթի գլխաւոր պատճառը ի՞նչ էր։ բ) Մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

6 Դաւիթի եւ Գողիաթի պատմութենէն ուրիշ դաս մըն ալ կը սորվինք։ Դէպի պատերազմի դաշտ վազելով, Դաւիթ հարցուց. «Այս Փղշտացին մեռցնող եւ Իսրայէլէն նախատինքը վերցնող մարդուն ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Ժողովուրդին պատասխանը եղաւ. «Թագաւորը մեծ հարստութիւնով պիտի հարստացնէ զանիկա ու իր աղջիկը անոր պիտի տայ» (Ա. Թագ. 17։25-27)։ Դաւիթ նիւթական վարձատրութիւն ձեռք ձգելով չէր հետաքրքրուած։ Ան աւելի վեհ նպատակակէտ ունէր. ճշմարիտ Աստուածը փառաւորել (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 17։46, 47Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Արդեօք միայն մեր համբաւո՞վ հետաքրքրուած ենք։ Մեր միակ մտադրութիւնն է հարստութի՞ւն դիզել եւ կարկառո՞ւն անհատներ դառնալ։ Վստահաբար կ’ուզենք Դաւիթին նմանիլ, որ տաղերգեց. «Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը» (Սաղ. 34։3)։ Դաւիթին նման պէտք է Աստուծոյ վստահինք եւ աւելի հետաքրքրուինք ի՛ր համբաւով, քան՝ մեր համբաւով (Մատ. 6։9

7. Ինչպէ՞ս կրնանք զօրաւոր հաւատք կերտել ծառայութեան մէջ յարատեւելու համար, մա՛նաւանդ երբ մարդիկ մեր պատգամին չեն ընդառաջեր։

7 Պատանի Դաւիթ զօրաւոր հաւատքի եւ Եհովայի հանդէպ վստահութեան հարկ ունէր, որպէսզի կարենար Գողիաթի հետ քաջութեամբ մենամարտիլ։ Որպէս հովիւ, ան սորված էր Եհովային ապաւինիլ. ինչ որ իրեն տուած էր հարկ եղած հաւատքը (Ա. Թագ. 17։34-37)։ Մենք եւս զօրաւոր հաւատքի պէտք ունինք յարատեւելու համար ծառայութեան մէջ, մա՛նաւանդ երբ մարդիկ չեն ուզեր մեր պատգամին ականջ տալ։ Մենք կրնանք մեր հաւատքը կերտել՝ մեր ամէնօրեայ գործունէութիւններուն մէջ Եհովային ապաւինելով։ Օրինակի համար, կրնանք ջանալ Աստուածաշունչի քննարկութեան դուռ բանալ հանրային փոխադրամիջոցներուն մէջ մեր քով նստող անհատներու հետ։ Ինչպէս նաեւ պէտք է խօսինք այն մարդոց՝ որոնց կը հանդիպինք ճամբան, մինչ տունէ տուն կը ծառայենք (Գործք 20։20, 21

ԴԱՒԻԹ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍՊԱՍԵՑ

8, 9. Սաւուղի հանդէպ իր ունեցած վերաբերմունքով, Դաւիթ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ կը շարունակէր Աստուծոյ կամքը ի մտի ունենալ։

8 Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղը՝ Եհովայի տեսանկիւնէն դիտելը ուրիշ կերպ մըն էր, որով Դաւիթ ցոյց տուաւ թէ կ’ուզէր Անոր վստահիլ։ Սաւուղ Դաւիթին կը նախանձէր։ Ան երեք անգամ ջանաց նիզակով Դաւիթը պատին գամել։ Բայց Դաւիթ իւրաքանչիւր անգամ անոր առջեւէն մէկդի քաշուեցաւ, առա՛նց հակադարձելու։ Յետագային, Դաւիթ ստիպուեցաւ Սաւուղի երեսէն փախչիլ (Ա. Թագ. 18։7-11. 19։10)։ Ետքը Սաւուղ բոլոր իսրայէլէն 3000 ընտրուած մարդիկ առաւ ու գնաց, որպէսզի անապատին մէջ Դաւիթը փնտռէ (Ա. Թագ. 24։3)։ Ի վերջոյ, Սաւուղ անգիտակցաբար մտաւ այն նոյն քարայրը, ուր Դաւիթ իր մարդոց հետ կը պահուըտէր։ Քանի որ Աստուած արդէն ըսած էր որ Դաւիթ յաջորդ թագաւորը պիտի ըլլար, ան կրնար ասիկա Սաւուղը սպաննելու պատեհութիւն նկատել (Ա. Թագ. 16։1, 13)։ Նոյնիսկ Դաւիթի մարդիկը զինք քաջալերեցին որ Սաւուղը սպաննէ։ Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ Տէրոջը օծեալին, իմ տիրոջս, այս բանը ընեմ» (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 24։5-8Սաւուղ տակաւին Աստուծոյ օծեալ թագաւորն էր։ Դաւիթ չուզեց Սաւուղին ձեռքէն գահը խլել, քանի որ Եհովան դեռ զայն չէր վերցուցած։ Փոխարէն, Դաւիթ միայն Սաւուղին վերարկուին ծայրը կտրեց։ Ասիկա ցոյց տուաւ, որ Դաւիթ չծրագրեց Սաւուղին վնասել, թէեւ կրնար զինք մեռցնել (Ա. Թագ. 24։12

9 Երբ Դաւիթ վերջին անգամ Սաւուղը տեսաւ, դարձեալ զինք յարգեց, քանի որ ան տակաւին «Տէրոջը օծեալ»ն էր։ Դաւիթ ու Աբեսսա, Սաւուղի բանակավայրը հասան, ուր զինք քնացած գտան։ Աբեսսան կարծեց որ Աստուած Սաւուղը այդ վայրը բերած էր, որպէսզի Դաւիթ զինք սպաննէ։ Ան նոյնիսկ առաջարկեց որ Սաւուղը նիզակով գետինը ցցէ։ Բայց Դաւիթ թոյլ չտուաւ որ ասիկա պատահի (Ա. Թագ. 26։8-11)։ Քանի որ Դաւիթ շարունակեց Եհովային սպասել, կամ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը փնտռել, չուզեց Անոր նշանակած թագաւորը մեռցնել, հակառակ Աբեսսայի խօսքերուն։

10. ա) Ի՞նչ դժուար պարագայի ներքեւ կրնանք գտնուիլ։ բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ հաստատուն մնանք։

10 Մենք եւս կրնանք գտնուիլ այնպիսի պարագայի ներքեւ, երբ մեր ընկերակիցները փորձեն մեզ ճնշել, որ Եհովայի կամքը կատարելու փոխարէն իրենց մարդկային տրամաբանութեան հետեւինք։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ անոնք ուզեն պարագային նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը գիտնալէ առաջ՝ ընտրութիւն մը ընենք. ճիշդ ինչպէս որ Աբեսսան վարուեցաւ Դաւիթի հետ։ Հաստատուն մնալու համար, պէտք է յստակ կերպով մեր մտքին մէջ վառ պահենք հարցին նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը եւ վճռենք ի՛ր ուզածը ընել։

11. ա) Դաւիթ ինչպէ՞ս շարունակեց ցոյց տալ, թէ Աստուծոյ կամքը իր կեանքին առաջնագոյն բանն էր։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Դաւիթը ընդօրինակել։

11 Դաւիթ Եհովա Աստուծոյ աղօթեց. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ» (կարդա՛ Սաղմոս 143։5, 8, 10Դաւիթ իր անձնական գաղափարներուն չապաւինեցաւ, ոչ ալ ուրիշներուն ուզածին պէս վարուեցաւ։ Փոխարէն, Աստուծմէ սորվելու տենչ ունէր։ Ան ըսաւ. «Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ»։ Դաւիթի նման, կրնանք Աստուծոյ կամքը զատորոշել, Սուրբ Գիրքը ուշադրութեամբ ուսումնասիրելով եւ վաղեմի մարդիկը առաջնորդելու Իր կերպին վրայ խոկալով։

ԴԱՒԻԹ ՕՐԷՆՔԻՆ ԵՏԻՆ ԳՏՆՈՒՈՂ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ՀԱՍԿՑԱՒ

12, 13. Դաւիթ իր երեք տղամարդոց բերած ջուրը ինչո՞ւ գետին թափեց։

12 Ուրիշ դաս մըն ալ կրնանք քաղել Դաւիթի կեանքէն. ան հասկցաւ Օրէնքին սկզբունքները եւ փափաքեցաւ ատոնց համաձայն ապրիլ։ Սկզբունքը հիմնական ճշմարտութիւն մըն է, որ մեզի կ’օգնէ լաւ որոշումներ կայացնելու ե՛ւ հարցի մը շուրջ Եհովայի տեսակէտը հասկնալու։ Դաւիթի նման, յաճախ Եհովայի մէկ օրէնքէն կրնանք սկզբունք մը սորվիլ։ Օրինակի համար, օր մը Դաւիթ ըսաւ որ կը փափաքէր ‘Բեթլեհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր խմել’։ Բայց փղշտացիները Բեթլեհէմը գրաւած էին։ Դաւիթի զինեալներէն երեք տղամարդիկ իրենց կեանքը վտանգելով՝ փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին ու ջրհորէն ջուր քաշեցին։ Սակայն Դաւիթ մերժեց խմել։ Ան «զանիկա թափելով Տէրոջը նուիրեց»։ Ինչո՞ւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ ես այս բանը ընեմ։ Միթէ ես անոնց կենսարի՞ւնը պիտի խմեմ. վասն զի իրենց կեանքը վտանգելով այս ջուրը բերին» (Ա. Մն. 11։15-19

13 Դաւիթ Օրէնքէն գիտէր թէ արիւնը պէտք է գետին թափուէր եւ չուտուէր։ Ան նաեւ հասկցած էր ասոր պատճառը. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է»։ Բայց տղամարդոց բերածը ջուր էր եւ ոչ թէ արիւն։ Ուրեմն, Դաւիթ ինչո՞ւ մերժեց զայն խմել։ Որովհետեւ ան հասկցած էր այդ օրէնքին ետին գտնուող սկզբունքը. Եհովան արիւնը թանկարժէք կը նկատէ։ Դաւիթի համար, այդ ջուրը նոյնքան թանկարժէք էր որքան այդ երեք տղամարդոց արիւնը, որոնք կրնային սպաննուիլ։ Անոր համար, ան խորհեցաւ որ ջուրը խմելը անարգանք ցոյց պիտի տար անոնց թանկարժէք արեան հանդէպ։ Ուստի, ան որոշեց զայն գետինը թափել (Ղեւ. 17։11. Բ. Օր. 12։23, 24

14. Ի՞նչ բան օգնեց Դաւիթին որ Եհովան հաճեցնող որոշումներ կայացնէ։

14 Աստուծոյ օրէնքը Դաւիթի առօրեայ կեանքին կարեւոր մէկ մասն էր։ Ան տաղերգեց. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է» (Սաղ. 40։8)։ Դաւիթ Աստուծոյ օրէնքը ուսումնասիրեց եւ իր սորվածներուն վրայ խոկաց։ Ան վստահ էր որ եթէ Եհովայի պատուիրաններուն հնազանդէր, պիտի օգտուէր։ Դաւիթ ուզեց ոչ միայն հետեւիլ Մովսիսական օրէնքին կանոններուն, այլ նաեւ՝ ատոնց ետին գտնուող սկզբունքներուն։ Երբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, մեր կարդացածին վրայ պէտք է խոկանք։ Այսպէս, կրնանք մեր սորված սկզբունքները մեր առօրեայ կեանքին մէկ մասը դարձնել, ինչպէս նաեւ Եհովան հաճեցնող որոշումներ կայացնել։

15. Ի՞նչ կերպով Սողոմոն դադրեցաւ Աստուծոյ Օրէնքին հնազանդելէ։

15 Եհովան Դաւիթին որդին՝ Սողոմոնը՝ շա՜տ օրհնեց։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Սողոմոն Աստուծոյ Օրէնքը չյարգեց։ Ան չհնազանդեցաւ Եհովայի այն պատուէրին, թէ Իսրայէլի թագաւորը պէտք չէ ‘իր կիները շատցնէ’ (Բ. Օր. 17։17)։ Իրականութեան մէջ, Սողոմոն բազմաթիւ օտարազգի կիներու հետ ամուսնացաւ։ Երբ ծերացաւ, «անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին»։ Աստուծոյ Օրէնքին չհնազանդելու անոր չքմեղանքները ի՛նչ որ ալ ըլլան, «Սողոմոն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը ետեւէն իր հօրը Դաւիթին պէս կատարեալ սրտով չգնաց» (Գ. Թագ. 11։1-6)։ Մենք պէ՛տք է հնազանդինք Աստուծոյ Խօսքին օրէնքներուն ու սկզբունքներուն։ Օրինակ, ասիկա շատ կարեւոր է երբ ամուսնանալու մասին կը մտածենք։

16. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովայի սա օրէնքէն. «Միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանալ։

16 Ինչպէ՞ս կը հակազդենք եթէ անհաւատներ մեզի հանդէպ ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տան։ Դաւիթի նման, հարցերը Աստուծոյ տեսանկիւնէն կը դիտե՞նք, թէ ոչ Սողոմոնի նման Աստուծոյ պատուէրները կ’անտեսենք։ Ճշմարիտ երկրպագուներէն կը պահանջուի «միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանալ (Ա. Կոր. 7։39)։ Սա կը նշանակէ թէ եթէ քրիստոնեայ մը որոշէ ամուսնանալ, պէտք է Եհովայի մկրտուած երկրպագուի հետ ամուսնանայ։ Եւ այս օրէնքէն կրնանք հասկնալ, որ Եհովան չ’ուզեր որ անհաւատներու հետ ռոմանթիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Ուստի, ոչ միայն պէտք է մերժենք անհաւատի հետ ամուսնանալ, այլ նաեւ՝ պէտք չէ թոյլ տանք այդ անհաւատին որ շարունակէ մեզի հանդէպ ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։

17. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ պոռնկագրութենէն խուսափելու։

17 Հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտելու Դաւիթի օրինակը կրնայ նաեւ մեզի օգնել, որ պայքարինք պոռնկագրութիւն դիտելու փորձութեան դէմ։ Կարդա՛ հետեւեալ համարները, խորհէ՛ ատոնց բովանդակած սկզբունքներուն մասին եւ ջանա՛ հասկնալ թէ Եհովան պոռնկագրութիւնը ինչպէ՛ս կը նկատէ (կարդա՛ Սաղմոս 119։37. Մատթէոս 5։28, 29. Կողոսացիս 3։5Պոռնկագրութենէ խուսափելու համար, պէտք է Եհովայի բարձր չափանիշներուն վրայ խոկանք։

ՄԻՇՏ ՋԱՆԱ՛ ՀԱՐՑԵՐԸ ԵՀՈՎԱՅԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ ԴԻՏԵԼ

18, 19. ա) Անկատար ըլլալով հանդերձ, Դաւիթ ինչպէ՞ս շարունակեց Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Օրինակելի ըլլալով հանդերձ, Դաւիթ զանազան լուրջ մեղքեր գործեց (Բ. Թագ. 11։2-4, 14, 15, 22-27. Ա. Մն. 21։1, 7)։ Բայց երբ ան կը մեղանչէր, միշտ կը զղջար։ Դաւիթ Աստուծոյ հետ «կատարեալ սրտով» քալեց (Գ. Թագ. 9։4)։ Ինչո՞ւ կրնանք այսպէս ըսել։ Քանի որ ան ջանաց հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել եւ անոր հաճելի եղածը ընել։

19 Թէեւ անկատար ենք, բայց կրնանք Եհովայի հաճութիւնը ունենալ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, թող որ Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն ուսումնասիրենք, մեր սորվածներուն վրայ խոկանք եւ անմիջապէս զանոնք կիրարկենք։ Եթէ այսպէս ընենք, պիտի նմանինք սաղմոսերգուին, որ խոնարհաբար աղօթքով Աստուծմէ խնդրեց. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Ի՞նչ բան Դաւիթը ետ կեցուց Սաւուղը սպաննելէ, թէեւ այդ պատեհութիւնը ունէր

[Նկար՝ էջ 13]

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն դէպքէն, երբ Դաւիթ իր երեք տղամարդոց բերած ջուրը մերժեց խմել