Մարդոց օգնէ որ «քունէն արթննան»
Մարդոց օգնէ որ «քունէն արթննան»
«Գիտնալով թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք» (ՀՌՈՎ. 13։11)։
ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ
Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ քրիստոնեաներ հոգեւորապէս արթուն մնան։
Ծառայութեան մէջ ինչո՞ւ արթուն պէտք է ըլլանք եւ մտիկ ընենք։
Ազնուութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ մեր ծառայութեան մէջ։
1, 2. Շատեր ի՞նչ առումով պէտք է արթննան։
ԱՄԷՆ տարի, հազարաւոր անհատներ կը մահանան, քանի որ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին կը թմրին կամ նոյնիսկ կը քնանան։ Ուրիշներ իրենց գործը կը կորսնցնեն, քանի որ ճիշդ ժամանակին չարթննալով՝ գործէն կ’ուշանան, կամ ալ՝ գործի ընթացքին կը քնանան։ Սակայն հոգեւո՛ր թմրածութիւնը կրնայ շա՜տ աւելի լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Այս կարեւոր կէտը ի մտի ունենալով՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ» (Յայտ. 16։14-16)։
2 Մինչ Եհովայի մեծ օրը կը մօտենայ, մարդկութիւնը հոգեւոր առումով, ընդհանուր առմամբ, կը քնանայ։ Նոյնիսկ քրիստոնեայ աշխարհի կարգ մը առաջնորդներ ակնարկած են, թէ իրենց եկեղեցւոյ անդամները քնացած են։ Ի՞նչ է հոգեւոր քունը։ Ինչո՞ւ կենսական է որ ճշմարիտ քրիստոնեաներ արթուն մնան։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ այսպիսի քունէ մը արթննան։
Ի՞ՆՉ Է ՀՈԳԵՒՈՐ ՔՈՒՆԸ
3. Ինչպէ՞ս կը նկարագրես հոգեւորապէս արթուն չեղող անհատ մը։
3 Սովորաբար, քնացած անհատներ անգործունեայ կ’ըլլան։ Ասոր հակապատկերը, անոնք որոնք հոգեւորապէս քնացած են շատ զբաղած կրնան ըլլալ, բայց ո՛չ հոգեւոր բաներով։ Թերեւս անոնք խելայեղօրէն զբաղած ըլլան կեանքի առօրեայ մտահոգութիւններով, կամ ալ՝ հաճոյքի, համբաւի կամ հարստութեան ետեւէ ըլլան։ Այս բոլոր գործունէութիւններուն հետամուտ ըլլալով, անոնք իրենց հոգեւոր կարիքները գոհացնելու նկատմամբ շատ քիչ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան։ Սակայն հոգեւորապէս արթուն եղողները կը գիտակցին, թէ մենք «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, ուստի կարելի եղած չափով Աստուծոյ կամքը ընելով զբաղած կ’ըլլան (Բ. Պետ. 3։3, 4. Ղուկ. 21։34-36)։
4. «Չքնանանք ինչպէս ուրիշները» խրատին միտք բանին ի՞նչ է։
4 Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։4-8։ Հոս Պօղոս առաքեալ հաւատակիցները կը յորդորէ որ ‘չքնանան ինչպէս ուրիշները’։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ ‘Քնանալու’ կերպերէն մէկն է՝ Եհովայի բարոյական չափանիշները անտեսել։ Այլ կերպ մըն է՝ երբ կ’անտեսենք այն իրողութիւնը՝ թէ ամբարիշտները կործանելու Եհովայի ժամանակը մօտեցած է։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ այսպիսի ամբարիշտ մարդիկ մեր վրայ չազդեն, իրենց ճամբաներն ու կեցուածքները որդեգրելու։
5. Հոգեւորապէս քնացածները ի՞նչ կեցուածքներով կը յատկանշուին։
5 Ոմանք կ’երեւակայեն, թէ չկայ Աստուած մը, որ իրենցմէ հաշիւ պիտի պահանջէ (Սաղ. 53։1)։ Ուրիշներ կ’երեւակայեն, թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած չէ, ուստի իրմով հետաքրքրուիլը անիմաստ է։ Տակաւին ուրիշներ կը խորհին, թէ եկեղեցիի մը պատկանիլը զիրենք Աստուծոյ բարեկամներ պիտի դարձնէ։ Այս բոլոր անհատները հոգեւորապէս քնացած են։ Անոնք պէ՛տք է արթննան։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։
ՊԷՏՔ Է ՄԵ՛ՆՔ ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱՆՔ
6. Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ պէտք է ճիգ թափեն որպէսզի հոգեւորապէս արթուն մնան։
6 Ուրիշներ արթնցնելու համար, պէտք է նախ մե՛նք արթուն մնանք։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Աստուծոյ Խօսքը այլաբանական քունը կ’առնչէ ‘խաւարի գործերուն’,– անառակութիւններ, գինովութիւններ, խառնակ անկողիններ, պղծութիւններ, հակառակութիւն եւ նախանձ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 13։11-14)։ Այսպիսի վարքէ խուսափիլը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Արթնութիւնը կենսական է։ Ինքնաշարժ վարելու ընթացքին քունի անցնելու վտանգը թեթեւի առնող վարիչ մը կրնայ իր կեանքը վտանգել։ Որքա՜ն կարեւոր է որ քրիստոնեան գիտակցի, թէ հոգեւոր մրափը կրնայ մահացու ըլլալ։
7. Մարդոց նկատմամբ սխալ տեսակէտ մը ունենալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ազդել։
7 Օրինակ՝ քրիստոնեան կրնայ երեւակայել, թէ թաղամասին մէջի բոլոր անհատները բացարձակապէս մերժած են բարի լուրը (Առ. 6։10, 11)։ Ան կրնայ պատճառաբանել. ‘Եթէ ոեւէ անհատ պիտի չընդառաջէ, ինչո՞ւ եռանդունօրէն ջանամ բոլոր մարդոց հասնիլ կամ օգնել’։ Ճիշդ է որ ներկայիս շատեր հոգեւորապէս քնացած են, բայց անոնց պարագաներն ու կեցուածքները կրնան փոխուիլ։ Արդարեւ, ոմանք կ’արթննան եւ կ’ընդառաջեն։ Եւ եթէ մե՛նք արթուն մնանք կրնանք անոնց օգնել, ինչպէս՝ Թագաւորութեան պատգամը գրաւիչ կերպերով ներկայացնելու համար ջանալով նոր կերպեր գտնել։ Սակայն արթուն մնալու համար պէտք է յիշենք, թէ մեր ծառայութիւնը ինչո՛ւ այդքան կարեւոր է։
ՄԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՈ՛Ւ ԱՅԴՔԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
8. Մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը ինչո՞ւ այդքան կարեւոր է։
8 Միշտ յիշէ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս որ ալ ընդառաջեն, մեր ծառայութիւնը Եհովան կը պատուէ եւ Իր նպատակը իրագործելու մէջ դեր մը կը խաղայ։ Շուտով, Աստուած մարդիկը պիտի դատէ մեր քարոզչութեան հանդէպ իրենց ընդառաջումին հիման վրայ։ Անոնք որոնք բարի լուրին չեն հնազանդիր պիտի կործանին (Բ. Թես. 1։8, 9)։ Ասկէ զատ, քրիստոնեայի մը համար սխալ պիտի ըլլայ խորհիլ, թէ աշխուժօրէն քարոզելը կարեւոր չէ, քանի որ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Աստուծոյ Խօսքէն կը հասկնանք, թէ իբրեւ «այծեր» դատուող անհատները պիտի կորսուին յաւիտեան։ Մեր քարոզչութիւնը Աստուծոյ ողորմութիւնը կ’արտայայտէ մարդոց առիթ տալով, որ փոխուին եւ «յաւիտենական կեանքը» ձեռք ձգեն (Մատ. 25։32, 41, 46. Հռով. 10։13-15)։ Եթէ չքարոզենք, մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան պատեհութիւնը ունենալ լսելու կենարար պատգամը։
9. Բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցիլը ինչպէ՞ս թէ՛ քեզի եւ թէ ուրիշներուն օգտակար եղած է։
9 Բարի լուրը քարոզելը նաեւ օգտակար է մեզի (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։16)։ Նկատա՞ծ ես, թէ Եհովայի ու Թագաւորութեան յոյսին մասին խօսիլը, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքդ ու սէրդ կը զօրացնէ։ Անիկա քրիստոնէական յատկութիւններ մշակելու չէ՞ օգնած քեզի։ Ծառայութեան մասնակցելով, Աստուծոյ հանդէպ նուիրումդ արտայայտելը երջանկութեանդ չի՞ նպաստեր։ Ուրիշներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու առանձնաշնորհումը ունեցողներէն շատեր, ուրախութիւնը ունեցած են տեսնելու, թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին ինչպէ՛ս իրենց աշակերտներուն օգնած է իրենց կենցաղը բարելաւելու։
ԱՉԱԼՈՒՐՋ ԴԻՏՈՂ ՄԸ ԵՂԻՐ
10, 11. ա) Յիսուս եւ Պօղոս ինչպէ՞ս ցոյց տուին թէ աչալուրջ դիտողներ էին։ բ) Բացատրէ, թէ աչալուրջ դիտող մը ըլլալը ինչպէ՛ս կրնայ մեր ծառայութիւնը բարելաւել։
10 Բարի լուրին հանդէպ անհատներու հետաքրքրութիւնը կրնայ արթննալ զանազան կերպերով։ Ուստի քրիստոնեայ քարոզիչներ պէտք է աչալուրջ դիտողներ ըլլան։ Յիսուս մեր տիպարն է։ Ան կատարեալ ըլլալով, կրնար նկատել՝ փարիսեցիի մը թաքնուած զայրոյթը, մեղաւոր կնոջ մը անկեղծ զղջումը եւ որբեւայրիի մը անձնազոհ հոգին (Ղուկ. 7։37-50. 21։1-4)։ Յիսուս կրնար իւրաքանչիւրին հոգեւոր կարիքին գոհացում տալ։ Սակայն Աստուծոյ ծառան պէտք չունի կատարեալ ըլլալու, որպէսզի աչալուրջ դիտող մը ըլլայ։ Պօղոս առաքեալ ասոր մէջ օրինակ հանդիսացաւ, երբ իր ներկայացումը յարմարցուց՝ տարբեր տեսակի մարդոց սրտին հասնելու համար (Գործք 17։22, 23, 34. Ա. Կոր. 9։19-23)։
11 Եթէ ջանանք Յիսուսի ու Պօղոսի նման աչալուրջ դիտողներ ըլլալ, պիտի գիտնանք մարդոց հետաքրքրութիւնը ինչպէ՛ս արթնցնել։ Օրինակ՝ երբ անհատներու կը մօտենաս, ջանա՛ նշմարել բաներ, որոնք քեզի գաղափար մը կու տան թէ ի՛նչ է անոնց մշակոյթը կամ ընտանեկան պարագան, կամ ի՛նչ են անոնց հետաքրքրութիւնները։ Թերեւս կարենաս նկատել, թէ անոնք այդ պահուն ի՛նչ կ’ընեն եւ այդ մասին քաղաքավար նշմար մը ընես, խօսակցութեան դուռ բանալու համար։
12. Ծառայութեան ընթացքին, ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլանք մեր խօսակցութեան։
12 Աչալուրջ դիտող մը կը ջանայ խուսափիլ իր ուշադրութիւնը ցրուող բաներէ։ Ծառայութեան ընթացքին մեր ընկերակիցին հետ զրուցելը կրնայ շինիչ ըլլալ, բայց եւ այնպէս կ’ուզենք յիշել, թէ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու մեր նպատակը ուրիշներուն քարոզել է (Ժող. 3։1, 7)։ Ուստի պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ մէկ դուռէն միւսը քալելու ընթացքին, մեր խօսակցութիւնը արգելք չհանդիսանայ մեր ծառայութեան։ Հետաքրքրուած անհատներու հետ մեր քննարկելիք գաղափարներուն մասին խօսիլը աղէկ կերպ մըն է, մեր միտքը մեր նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած պահելու։ Ասկէ զատ, թէեւ բջիջային հեռաձայնը երբեմն ծառայութեան ընթացքին մեզի օգտակար կրնայ ըլլալ, բայց պէտք է միջոցներ գտնենք, որ հեռաձայնը տանտիրոջ հետ մեր ունեցած զրոյցը չխանգարէ։
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ
13, 14. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք զատորոշել թէ ի՛նչ բան կը հետաքրքրէ անհատը։ բ) Ի՞նչ բան կրնայ մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնել հոգեւոր բաներու նկատմամբ։
13 Արթուն եւ աչալուրջ քարոզիչներ, իրենց հետ զրուցող անհատներուն ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեն։ Ի՞նչ հարցումներ կրնաս ուղղել, որպէսզի թաղամասիդ մէջ անհատ մը մղես իր զգացումները արտայայտելու։ Արդեօք ան մտահո՞գ է՝ կրօնքներու շատութեան, շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող բռնութեան կամ կառավարութիւններուն ձախորդութեան նկատմամբ։ Կրնա՞ս հոգեւոր բաներու հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնել խօսելով՝ կենդանի էակներու ծրագրուած սքանչելի կերպին մասին կամ նշելով թէ Աստուածաշունչի խրատը որքա՛ն գործնական է։ Աղօթքը գրեթէ ամէն մշակոյթի պատկանող մարդիկը կը հետաքրքրէ, նոյնիսկ կարգ մը անաստուածները։ Շատեր հարց կու տան, որ արդեօք մէկը իրենց աղօթքները մտիկ կ’ընէ՞։ Ուրիշներ կրնան սա հարցումներով հետաքրքրուիլ. Աստուած բոլոր աղօթքները կը լսէ՞։ Եթէ ո՛չ, ի՞նչ պէտք է ընենք որ Աստուած մեզ լսէ։
14 Խօսակցութիւններ սկսելու արուեստին մասին շատ բան կրնանք սորվիլ, դիտելով փորձառու հրատարակիչները։ Նկատի առ, թէ անոնք ինչպէ՛ս հարցումներ կ’ուղղեն առանց անհատը անհանգստացնելու։ Նաեւ՝ թէ անոնց ձայնի թոնը եւ դէմքի արտայայտութիւնը ինչպէ՛ս ցոյց Առ. 15։13)։
կու տան, թէ իրենք կը ջանան տանտիրոջ տեսակէտը հասկնալ (ԱԶՆՈՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆ
15. Քարոզելու մեր ջանքերը ինչո՞ւ ազնուութեամբ պէտք է յատկանշուին։
15 Կը փափաքի՞ս որ մէկը քեզ խոր քունէդ արթնցնէ։ Շատեր հաճելիօրէն չեն հակազդեր, երբ մէկը զիրենք հապճեպով արթնցնէ։ Սովորաբար մարդիկ կը նախընտրեն որ մէկը զիրենք ազնուօրէն արթնցնէ։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ մարդիկը հոգեւորապէս արթնցնելու ջանքերուն մասին։ Օրինակ՝ եթէ անհատ մը բարկութեամբ հակազդէ քու այցելութեանդ, սովորաբար ի՞նչ է լաւագոյն բանը որ պէտք է ընես։ Ազնիւ եղիր, եւ ցոյց տուր թէ իր զգացումները կը յարգես, ապա շնորհակալութիւն յայտնէ իր անկեղծութեան համար եւ հանդարտօրէն մեկնէ (Առ. 15։1. 17։14. Բ. Տիմ. 2։24)։ Ազնուութիւնդ կրնայ մղել այսպիսի անհատ մը աւելի դրականօրէն ընդառաջելու, երբ յաջորդ անգամ Վկայ մը իրեն այցելէ։
16, 17. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ծառայութեան մէջ խորատեսութիւն գործածել։
16 Կարգ մը պարագաներու, կարելի՛ է ժխտական հակազդեցութիւն մը յաղթահարել։ Օրինակ՝ անհատ մը կրնայ ըսել. «Շնորհակալ եմ, չեմ ուզեր։ Ես կրօնքս ունիմ», կամ՝ «Հետաքրքրուած չեմ»։ Ասիկա պարզապէս ամենադիւրին կերպը կը թուի ըլլալ խօսակցութեան վերջ դնելու համար։ Այսուհանդերձ, հմտութեամբ եւ ազնուութեամբ, թերեւս ուղղես հետաքրքրաշարժ հարցում մը, որ կրնայ տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը արթնցնել հոգեւոր նիւթերու նկատմամբ (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6)։
17 Երբեմն, երբ կը հանդիպինք անհատներու, որոնք զբաղած ըլլալով մեզի մտիկ ընելու ժամանակ չունին, լաւագոյն բանը՝ յարգալից կերպով մեկնիլն է։ Երբեմն ալ, թերեւս նկատես թէ կրնաս հակիրճ ու իմաստալից բան մը ըսել։ Կարգ մը եղբայրներ կարող են իրենց Աստուածաշունչը բանալ, միտք–գրգռող համար մը կարդալ, եւ տանտիրոջ հարցում մը ուղղելէ ետք մեկնիլ,– այս ամէնը մէկ վայրկեանէն նուազ կրնայ տեւել։ Անոնց հակիրճ ներկայացումը, երբեմն այնքան հետաքրքրութիւն շարժած է որ տանտէրը անդրադարձած է թէ ինք այդքան ալ զբաղած չէ եւ կրնայ հակիրճ զրոյց մը ունենալ։ Ուստի ինչո՞ւ չփորձես այսպէս ընել, երբ պարագան թոյլ կու տայ։
18. Անպաշտօն ծառայութեան մէջ աւելի ազդու ըլլալու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
18 Երբ մեր առօրեայ գործունէութիւններու ընթացքին մարդոց կը հանդիպինք, բարի լուրին նկատմամբ կրնանք անոնց հետաքրքրութիւնը արթնցնել, եթէ պատրաստուած ենք անպաշտօն վկայութեան։ Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր, իրենց գրպանը կամ պայուսակին մէջ կարգ մը գրականութիւններ կը կրեն։ Անոնք նաեւ Աստուածաշունչէն որոշ համար մը ի մտի կ’ունենան, զայն ուրիշներուն հաղորդելու համար, երբ պատեհութիւնը ծագի։ Կրնաս ժողովքիդ ծառայութեան տեսուչին կամ ռահվիրաներուն հետ խօսիլ, որպէսզի քեզի օգնեն անպաշտօն ծառայութեան պատրաստուելու համար։
ՄԵՐ ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱԶՆՈՒՕՐԷՆ ԱՐԹՆՑՆԵՆՔ
19. Ինչո՞ւ մեր ազգականներուն օգնելու մեր ջանքերը պէտք չէ դադրեցնենք։
19 Բնականաբար, կ’ուզենք մեր ազգականներուն օգնել որ բարի լուրը ընդունին (Յես. 2։13. Գործք 10։24, 48. 16։31, 32)։ Երբ մեր սկզբնական ջանքերը մերժուին, ատիկա կրնայ անգամ մը եւս փորձելու մեր խանդավառութիւնը նուազեցնել։ Թերեւս զգանք թէ ոչինչ կրնանք ընել կամ ըսել, որ կրնայ անոնց կեցուածքը փոխել։ Բայց եւ այնպէս, իրադարձութիւններ կրնան պատճառ ըլլալ որ մեր ազգականներուն կեանքին կամ տեսակէտին մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունենան։ Կամ ալ, ճշմարտութիւնը բացատրելու կերպիդ մէջ բարելաւուած ես, եւ այժմ կրնաս տարբեր արդիւնք մը ակնկալել։
20. Ազգականներու հետ խօսելու ատեն ինչո՞ւ փափկանկատութիւնը կարեւոր է։
20 Պէտք է խուսափինք մեր ազգականներուն զգացումներուն նկատմամբ անտարբեր ըլլալէ (Հռով. 2։4)։ Անոնց հետ ազնուութեամբ խօսէ, ինչպէս կը խօսիս քարոզչութեան մէջ։ Հեզ ու յարգալից եղիր։ Քարոզչական ոճով խօսելու փոխարէն, գործերով ապացուցանէ թէ ճշմարտութիւնը քու վրադ դրական ազդեցութիւն ունեցած է (Եփ. 4։23, 24)։ Պարզէ թէ Եհովա ինչպէ՛ս կեանքդ ճոխացուցած է, ‘քեզի օգտակար եղածը սորվեցնելով’ (Եսա. 48։17)։ Թող որ ազգականներդ քրիստոնէական տիպար ապրելակերպդ տեսնեն։
21, 22. Պատմէ փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ ազգականներուն հոգեւորապէս օգնելու մէջ յարատեւելուն արժէքը։
21 Վերջերս, քոյր մը գրեց. «Միշտ փորձած եմ խօսքով ու գործով վկայել իմ 13 եղբայրներուս եւ քոյրերուս։ Թոյլ չեմ տուած որ տարի մը անցնի, առանց իւրաքանչիւրին նամակ գրելու։ Այսուհանդերձ, 30 տարիէ ի վեր, ընտանիքիս մէջ միակ Վկան եղած եմ»։
22 Քոյրը շարունակեց. «Օր մը, հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու բնակող քոյրերէս մէկուն հեռաձայնեցի։ Ան ըսաւ, թէ իր եկեղեցիի քարոզիչէն խնդրած էր որ իրեն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէր, բայց ան երբեք չէր ըրած ասիկա։ Երբ ըսի թէ ուրախ կ’ըլլամ իրեն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու, ան ըսաւ. ‘Համաձայն եմ, բայց հիմակուընէ քեզի ըսեմ որ երբե՛ք Եհովայի վկայ մը պիտի չըլլամ’։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը իրեն ուղարկելէս ետք, մի քանի օրը անգամ մը՝ հեռաձայնեցի։ Ան տակաւին գիրքը չէր բացած։ Ի վերջոյ, խնդրեցի որ գիրքը բերէ, եւ շուրջ 15 վայրկեան հեռաձայնի վրայ կարդացինք եւ քննարկեցինք նշուած համարներէն ոմանք։ Քանի մը անգամ եւս հեռաձայնելէս ետք, ան խնդրեց որ 15 վայրկեանէն աւելի ուսումնասիրենք։ Անկէ ետք, ինք սկսաւ ինծի հեռաձայնել իր ուսումնասիրութիւնը ընելու համար, երբեմն առաւօտուն անկողինէն ելլելէս առաջ, երբեմն ալ՝ օրը երկու անգամ։ Յաջորդ տարին ան մկրտուեցաւ, իսկ անոր յաջորդող տարին՝ ռահվիրայութեան ձեռնարկեց»։
23. Ինչո՞ւ մարդիկը հոգեւորապէս արթնցնելու մեր ջանքերուն մէջ պէտք չէ թուլնանք։
23 Մարդիկը հոգեւոր քունէն արթնցնելը արուեստ մըն է եւ յարատեւ ջանք կը պահանջէ։ Այսուհանդերձ, հեզ անհատներ տակաւին կ’ընդառաջեն զիրենք արթնցնելու մեր ջանքերուն։ Միջին հաշուով, ամէն ամիս 20,000 անհատ կը մկրտուի որպէս Եհովայի վկայ։ Հետեւաբար, Պօղոսի կողմէ առաջին դարու մեր Արքիպպոս եղբօր ուղղուած խրատին անսանք. «Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ, որ Տէրոջմով առիր, որպէս զի զանիկա կատարես» (Կող. 4։17)։ Յաջորդ յօդուածը բոլորիս պիտի օգնէ գնահատելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հրատապութեան զգացումով քարոզել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 13]
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՍ ԴՈՒՆ ՔԵԶ ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԵԼ
▪ Աստուծոյ կամքը կատարելով զբաղած մնացիր
▪ Խաւարի պատկանող գործերէն խուսափէ
▪ Հոգեւորապէս քնանալու վտանգէն զգուշացիր
▪ Թաղամասիդ մէջ գտնուող անհատներուն հանդէպ դրական տեսակէտ պահէ
▪ Ուրիշներուն քարոզելու նոր կերպեր փորձէ
▪ Ծառայութեանդ կարեւորութիւնը յիշէ