Ժողովքին դրական հոգին պահպանէ
Ժողովքին դրական հոգին պահպանէ
«Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ [«ցուցաբերած հոգիին հետ», ՆԱ] ըլլայ» (ՓԼՊ. 4։24)։
ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՌՈՂՋ ՀՈԳԻ ՅԱՌԱՋ ՄՂԵԼ՝
մինչ եղբայրներուն հետ կ’ընկերակցինք։
դաշտի ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդրութեամբ։
լուրջ յանցագործութիւն մը տեղեկացնելով։
1. Փիլիպպէի եւ Թիւատիրի ժողովքները ինչո՞ւ գովասանքի արժանի էին։
ԱՌԱՋԻՆ դարու Փիլիպպէի քրիստոնեաները նիւթապէս աղքատ էին։ Այսուհանդերձ անոնք առատաձեռն էին եւ իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ օրինակելի սէր ցուցաբերեցին (Փլպ. 1։3-5, 9. 4։15, 16)։ Հետեւաբար, իրենց յղած իր ներշնչեալ նամակին վերջաւորութեան, Պօղոս առաքեալ կրցաւ գրել. «Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ [«ցուցաբերած հոգիին հետ», ՆԱ] ըլլայ» (Փլպ. 4։24)։ Քանի որ համանման հոգի մը Թիւատիրի քրիստոնեաները ցուցաբերեցին, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս ժողովքին ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են» (Յայտ. 2։19)։
2. Մեր կեցուածքը մեր ժողովքին ցուցաբերած հոգիին ինչպէ՞ս կ’ազդէ։
2 Ներկայիս, Եհովայի վկաներու իւրաքանչիւր ժողովք որոշ հոգի կամ տիրական կեցուածք կը յայտնէ։ Կարգ մը ժողովքներ մասնաւորաբար ճանչցուած են ջերմ, սիրալիր հոգի ցուցաբերելով։ Ուրիշներ մե՜ծ նախանձախնդրութիւն ցոյց կու տան, աջակցելով քարոզչութեան եւ լիաժամ ծառայութեան։ Երբ որպէս անհատներ դրական հոգի կը մշակենք, ժողովքին միութեան կը նպաստենք եւ ընդհանուր առմամբ ատոր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ’աւելցնենք (Ա. Կոր. 1։10)։ Միւս կողմէ, մեր բացասական հոգին կրնայ ճամբան հարթել հոգեւոր քնէութեան, գաղջ կեցուածքի, եւ նո՛յնիսկ ժողովքէն ներս յանցագործութիւն հանդուրժելու (Ա. Կոր. 5։1. Յայտ. 3։15, 16)։ Ժողովքիդ հոգին ի՞նչ է։ Անձնապէս ինչպէ՞ս կրնաս օգնել ժողովքէն ներս դրական հոգի մը յառաջացնելու։
ԴՐԱԿԱՆ ՀՈԳԻ ՄԸ ՔԱՋԱԼԵՐԷ՛
3, 4. Ինչպէ՞ս կրնանք ‘Եհովան գովել մեծ ժողովին մէջ’։
3 Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Մեծ ժողովին մէջ քեզ Սաղ. 35։18)։ Սաղմոսերգուն ետ չկեցաւ Եհովան փառաբանելէ, երբ Աստուծոյ միւս ծառաներուն հետ էր։ Շաբաթական ժողովները, ներառեալ՝ Դիտարան –ի ուսումնասիրութիւնը, մեզի ընտիր պատեհութիւններ կը ներկայացնեն, որ մեկնաբանելով եւ հաւատքի արտայայտութիւններ ընելով նախանձախնդիր հոգի ցուցաբերենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ բոլո՛րս մենք մեզի հարց տանք. ‘Լիովին կ’օգտուի՞մ ժողովներու մասնակցելու առանձնաշնորհումէն։ Լաւ կը պատրաստուի՞մ եւ իմաստալից մեկնաբանութիւններ կ’ընե՞մ։ Ընտանիքի գլուխ ըլլալով, զաւակներուս կ’օգնե՞մ որ նախապէս մեկնաբանութիւններ պատրաստեն եւ անոնց կը սորվեցնե՞մ որ իրենց բառերով պատասխանեն’։
[Եհովա] պիտի գովեմ, մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ» (4 Կրնանք ցոյց տալ թէ պատրաստ սիրտ ունինք, այսինքն՝ շիտակը ընելու վճռակամ սիրտ, ժողովներուն մէջ մեր երգելու կերպով։ Դաւիթ ըսաւ. «Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է. պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ» (Սաղ. 57։7)։ Ժողովներուն ընթացքին գործածուած երգերը, պատրաստ սրտով Եհովային ‘երգելու եւ սաղմոս ըսելու’ ընտիր պատեհութիւն կու տան մեզի։ Եթէ կարգ մը երգեր մեզի ծանօթ չեն, ինչո՞ւ զանոնք երգելու փորձեր չընենք Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին։ Թող որ վճռենք ‘Եհովայի երգել մեր բոլոր կեանքին մէջ եւ սաղմոս ըսել՝ քանի որ ողջ ենք’ (Սաղ. 104։33)։
5, 6. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն հանդէպ հիւրասէր եւ առատաձեռն ըլլալ, եւ այսպէս վարուիլը ժողովքին մէջ ի՞նչ կը յառաջացնէ։
5 Մեր եղբայրներն ու քոյրերը հիւրասիրելը, ժողովքին մէջ սիրալիր հոգի յառաջացնելու համար ուրիշ կերպ մըն է։ Եբրայեցիներուն յղած իր նամակին վերջին գլուխին մէջ, Պօղոս հետեւեալ յորդորը կը պարփակէ. «Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ։ Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք» (Եբ. 13։1, 2)։ Ճամբորդող տեսուչներուն եւ անոնց կիներուն կամ ժողովքի լիաժամ ծառաներուն ճաշ հայթայթելը, հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու հոյակապ կերպ մըն է։ Մտածէ նաեւ այրիներուն, մէկ–ծնողով ընտանիքներուն կամ այլ անհատներու մասին, զորոնք ատեն–ատեն հրաւիրելով ճաշի կամ Ընտանեկան պաշտամունքին կրնան օգտուիլ։
6 Պօղոս Տիմոթէոսի ուղղութիւններ տուաւ որպէսզի ուրիշները խրատէ, որ «բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէս զի յաւիտենական Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Պօղոս կը յանձնարարէր որ իր հաւատակիցները առատաձեռնութեան հոգին մշակեն։ Նո՛յնիսկ տնտեսական դժուարին ժամանակներուն, կրնանք առատաձեռն հոգի մը յառաջ մղել։ Ասիկա ընելու լաւ կերպ մըն է՝ կարիքաւորներուն փոխադրամիջոց ապահովել դաշտի ծառայութեան ընթացքին ե՛ւ ժողովներուն տանիլ–բերելու համար։ Եւ ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց մասին՝ որոնք սիրառատ բարութեան այսպիսի արարքներէ կ’օգտուին։ Անոնք ժողովքէն ներս դրական հոգի մը պիտի քաջալերեն, եթէ գնահատութիւն ցոյց տան՝ թերեւս մատուցանելով ինչ որ կրնան, որպէսզի օգնեն հետզհետէ աւելցող երթեւեկի ծախսերը հոգալու։ Ասկէ զատ, մեր հոգեւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ աւելի ժամանակ անցընելու կարգադրութիւնը, զիրենք պիտանի եւ սիրուած պիտի զգացնէ։ Երբ բազմաթիւ արարքներ կ’ընենք «հաւատքի ընտանիներուն» եւ պատրաստ ենք մեր ժամանակն ու նիւթական միջոցները գործածելու անոնց օգնելու համար, մենք ոչ միայն անոնց հանդէպ մեր սէրը կը խորացնենք, այլ նաեւ կ’օգնենք ժողովքին մէջ ջերմ եւ դրական հոգի կերտելու (Գաղ. 6։10)։
կեանքը ձեռք ձգեն» (7. Ուրիշներուն անձնական հարցերը գաղտնի պահելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ժողովքին մէջ լաւ հոգի մը պահպանելու։
7 Նկատի առ նաեւ այլ ազդակներ, որոնք հաւատակիցներուն հետ մեր սիրոյ կապը կը զօրացնեն. բարեկամութիւն եւ գաղտնապահութիւն (կարդա՛ Առակաց 18։24)։ Իսկական բարեկամները անձնական հարցերը գաղտնի կը պահեն։ Երբ մեր եղբայրները իրենց ամենաներքին մտածումներն ու զգացումները մեզի յայտնեն, եւ վստահ են թէ ատոնք հանրապէս պիտի չգիտցուին, սիրոյ կապը աւելի՛ պիտի զօրանայ։ Թող որ սիրալիր, ընտանեկան հոգի յառաջ մղենք ժողովքէն ներս, ըլլալով վստահելի բարեկամ՝ որ կրնայ հարցեր գաղտնի պահել (Առ. 20։19)։
ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻ՛Ր ԵՂԻՐ
8. Լաւոդիկեցիները ի՞նչ խրատ ստացան եւ ինչո՞ւ։
8 Լաւոդիկէի ժողովքին ուղղելով իր խօսքը, Յիսուս ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։ Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ» (Յայտ. 3։15, 16)։ Լաւոդիկեցիները ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւն չունէին։ Այսպիսի կեցուածք մը հաւանաբար նաեւ իրենց անձնական յարաբերութիւններուն ազդած էր։ Ուստի, Յիսուս սիրալիրօրէն խրատեց. «Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛» (Յայտ. 3։19)։
9. Դաշտի ծառայութեան հանդէպ մեր կեցուածքը ինչպէ՞ս ժողովքի հոգիին կ’ազդէ։
9 Ժողովքին մէջ առողջ, դրական հոգի յառաջ մղելու համար, պէտք է որ դաշտի ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութեան ուշադրութիւն ընծայենք։ Ժողովքը կազմակերպուած է, թաղամասին մէջ ոչխարանման անհատներ Մատ. 28։19, 20. Ղուկ. 4։44)։ Ո՛րքան աւելի նախանձախնդիր ըլլանք ծառայութեան մէջ, ա՛յնքան աւելի միացած պիտի ըլլանք որպէս ‘Աստուծոյ գործակիցներ’ (Ա. Կոր. 3։9)։ Մինչ ծառայութեան մէջ կը դիտենք ուրիշներ, որոնք իրենց հաւատքը կը պաշտպանեն եւ հոգեւոր բաներու հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տան, կը մղուինք զանոնք աւելի սիրելու եւ յարգելու։ Նաեւ, «մէկ սրտով» կամ ուս–ուսի ծառայելը, ժողովքին մէջ միացած հոգի յառաջ կը բերէ (կարդա՛ Սոփոնիա 3։9)։
փնտռելու եւ զանոնք հոգեւորապէս կերտելու նպատակով։ Ուստի, Յիսուսի նման, աշակերտելու գործին մէջ պէտք է խանդավառութեամբ բաժին բերենք (10. Մեր դաշտի ծառայութեան որակը բարելաւելը ժողովքի միւս անդամներուն հոգիին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։
10 Մեր ծառայութեան որակը բարելաւելու մեր ջանքերը նաեւ ուրիշներուն վրայ լաւ ազդեցութիւն ունին։ Մինչ մեր հանդիպած մարդոց աւելի հետաքրքրութիւն ցոյց կու տանք եւ կը ջանանք անոնց սրտին հասնելու մեր ազդեցութիւնը բարելաւել, ծառայութեան հանդէպ մեր խանդավառութիւնը կ’աւելնայ (Մատ. 9։36, 37)։ Խանդավառութիւնը մեր ընկերակիցներուն կ’ազդէ։ Յիսուս փոխանակ իր աշակերտները առանձին ղրկելու, զանոնք երկու–երկու ղրկեց քարոզելու համար (Ղուկ. 10։1)։ Ասիկա ոչ միայն քաջալերութիւն եւ մարզում հայթայթեց, այլ նաեւ ծառայութեան հանդէպ անոնց նախանձախնդրութիւնը աւելցուց։ Չե՞նք գնահատեր Թագաւորութեան նախանձախնդիր քարոզիչներու հետ աշխատիլը։ Անոնց խանդավառ հոգին մեզ կը քաջալերէ եւ կը մղէ որ քարոզչութեան մէջ յարատեւենք (Հռով. 1։12)։
ՏՐՏՆՋԱԼԷ ԵՒ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑԻ՛Ր
11. Մովսէսի ժամանակակից կարգ մը իսրայէլացիներ ինչպիսի՞ հոգի զարգացուցին, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իրենց վրայ։
11 Որպէս նոր ազգ գոյանալէ միայն քանի մը շաբաթ ետք, իսրայէլացիները դժգոհութեան եւ տրտնջալու հոգի զարգացուցին։ Ասիկա Եհովայի եւ իր ներկայացուցիչներուն դէմ ըմբոստանալու առաջնորդեց (Ել. 16։1, 2)։ Միայն փոքրաթիւ իսրայէլացիներ, որոնք Եգիպտոսը ձգեցին, կրցան Խոստացեալ երկիրը մտնել։ Իսրայէլացիներուն չար կեցուածքին իր հակազդած կերպին պատճառով, նո՛յնիսկ Մովսէսի թոյլ չտրուեցաւ որ այդ երկիրը մտնէ (Բ. Օր. 32։48-52)։ Ներկայիս, ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի բացասական հոգիին զոհ չերթանք։
12. Ինչպէ՞ս կրնանք գանգատող հոգի զարգացնելէ զգուշանալ։
12 Պէտք է տրտնջալու հոգի զարգացնելէ զգուշանանք։ Խոնարհութիւնը եւ հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը մեզի պիտի օգնեն որ այս կեցուածքէն խուսափինք։ Ուրիշ բան մը որ մեզի կրնայ օգնել, ուշադրութեամբ մեր ընկերակցութիւնը ընտրելն է։ Ժամանցի անմիտ ընտրութիւնը կամ երկա՜ր ժամանակ անցընելը գործակիցներու կամ դպրոցակիցներու հետ, որոնք Եհովայի չեն հնազանդիր, գէշ հետեւանք պիտի ունենայ։ Իմաստութիւն է մեր ընկերակցութիւնը թեթեւցնել այն մարդոց հետ՝ որոնք բացասական են կամ անկախ կեցուածք յառաջ կը մղեն (Առ. 13։20)։
13. Տրտնջալու ապականիչ ազդեցութիւնը, ժողովքին մէջ հոգեւորապէս վնասակար ի՞նչ այլ զարգացումներու կրնայ առաջնորդել։
13 Տրտնջալու ապականիչ ազդեցութիւնը կրնայ հոգեւորապէս վնասակար այլ զարգացումներու առաջնորդել։ Զոր օրինակ, տրտնջալը կրնայ ժողովքին խաղաղութիւնը եւ միութիւնը խանգարել։ Ասկէ զատ, հաւատակիցներուն դէմ եղած գանգատները, ոչ միայն անոնց ցաւ կը պատճառեն, այլ նաեւ՝ ճամբան կը հարթեն զրպարտելու եւ նախատելու մեղքերուն (Ղեւ. 19։16. Ա. Կոր. 5։11)։ Առաջին դարու ժողովքին մէջ կարգ մը տրտնջողներ ‘տէրութիւնը կ’անարգէին եւ մեծափառներուն դէմ կը հայհոյէին’ (Յուդա 8, 16)։ Պատասխանատու տղամարդոց դէմ այս տրտնջալը վստահաբար Աստուծոյ հաճելի չէր։
14, 15. ա) Եթէ թոյլ տրուի որ մեղք մը շարունակուի, ի՞նչ կրնայ պատահիլ ժողովքին։ բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ իմանանք թէ անհատ մը գաղտնի մեղք մը կը գործէ։
14 Ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ իմանանք թէ անհատ մը լուրջ մեղք մը գաղտնի կը պահէ,– թերեւս ալքոլի սխալ գործածութիւն, պոռնկագրութիւն դիտել կամ անբարոյ կեանք վարել (Եփ. 5։11, 12)։ Լուրջ յանցագործութեան մը մեր աչք գոցելը կրնայ Եհովայի սուրբ հոգիին ազատ հոսքին արգելք հանդիսանալ եւ ամբողջ ժողովքին խաղաղութեան սպառնալ (Գաղ. 5։19-23)։ Ինչպէս որ Կորնթոսի նախկին քրիստոնեաները չարութիւնը պէտք էր մաքրէին, նմանապէս այսօր որեւէ ապականիչ ազդեցութիւն պէտք է ժողովքէն դուրս ձգուի, որպէսզի ատոր առողջ եւ դրական հոգին պահպանուի։ Ժողովքիդ խաղաղութեան նպաստելու համար, ի՞նչ կրնաս ընել։
15 Ինչպէս որ նախապէս նշուեցաւ, որոշ հարցերու մէջ գաղտնապահ ըլլալը կարեւոր է, մանաւանդ երբ ուրիշներ իրենց զգացումներն ու մտածումները մեզի կ’արտայայտեն։ Ո՜րքան սխալ եւ վիրաւորական է անհատի մը մասին գաղտնի տեղեկութիւններ յայտնել ու տարածել։ Ասով հանդերձ, երբ լուրջ մեղք մը գործուած է, ժողովքին երէցները պէտք է տեղեակ ըլլան։ Անոնք հարցը ձեռք առնելու աստուածաշնչական պատասխանատուութիւնը ունին (կարդա՛ Ղեւտացւոց 5։1)։ Ուստի, եթէ իմանանք թէ եղբայր մը կամ քոյր մը այսպիսի յանցագործութիւն ըրած է, պէտք է զինք քաջալերենք որ երէցներուն մօտենայ եւ անոնց օգնութիւնը փնտռէ (Յակ. 5։13-15)։ Սակայն, եթէ ան որոշ ժամանակի մը մէջ այդպէս չընէ, պէտք է մե՛նք յանցագործութիւնը տեղեկացնենք։
16. Լուրջ յանցագործութիւն տեղեկացնելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ժողովքի հոգին պահպանելու։
16 Քրիստոնէական ժողովքը հոգեւոր ապաստանարան է, եւ մենք պէտք է օգնենք զայն պաշտպանելու՝ լուրջ յանցագործութիւնը տեղեկացնելով։ Եթէ երէցները յանցագործը զգաստացնեն, եւ ան զղջալով ընդունի յանդիմանութիւնը եւ սրբագրութիւնը, այլեւս ան ժողովքի հոգին չի վտանգեր։ Բայց եթէ լուրջ մեղք գործող անհատը չի զղջար եւ երէցներու սիրալիր օգնութիւնը չ’ընդունիր, ժողովքէն իր վտարումով մեր մէջ եղող ապականիչ տարրը ‘կը կորսուի’ կամ կը վերցուի, եւ ժողովքի հոգին կը պահպանուի (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։5)։ Արդարեւ, ժողովքի հոգին պահպանելը կը պահանջէ, որ իւրաքանչիւրս պատշաճ քայլեր առնենք, երէցներու մարմինին հետ համագործակցինք եւ մեր հաւատակիցներուն բարօրութիւնը պաշտպանենք։
«ՀՈԳԻԻՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՔԱՋԱԼԵՐԷ՛
17, 18. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ «Հոգիին միաբանութիւնը» պահպանելու։
17 ‘Առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն ըլլալով’, Յիսուսի նախկին հետեւորդները օգնեցին միաբանութեան հոգի մը զարգանալու ժողովքէն ներս (Գործք 2։42)։ Անոնք երէցներու կողմէ տրուած աստուածաշնչական խրատն ու ուղղութիւնը արժեւորեցին։ Քանի որ այժմու երէցները հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հետ կը համագործակցին, ժողովքին բոլոր անդամներուն քաջալերութիւն եւ աջակցութիւն կը տրուի որ միացած մնան (Ա. Կոր. 1։10)։ Երբ Եհովայի կազմակերպութեան տուած աստուածաշնչական ցուցմունքներուն կ’ենթարկուինք եւ երէցներու ուղղութեան կը հետեւինք, կը փաստենք թէ կը ջանանք «Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ. 4։3)։
18 Ուստի, թող որ ամէն գնով աշխատինք ժողովքին մէջ առողջ եւ դրական հոգի մը պահպանելու։ Եթէ այսպէս ընենք, երաշխիք ունինք թէ ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը մեր ամենուն հետ [«ցուցաբերած հոգիին հետ», ՆԱ] պիտի ըլլայ’ (Փլպ. 4։24)։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 24]
Դրական հոգիի կը նպաստե՞ս՝ իմաստալից մեկնաբանութիւններ պատրաստելով
[Նկար՝ էջ 25]
Դրական հոգիի նպաստէ՝ մեր երգերուն ընտելանալով