Աշխարհի գաղտնի իշխանը քօղազերծուած
Աշխարհի գաղտնի իշխանը քօղազերծուած
ԱՌԻԹՈՎ մը, Յիսուս մարդոց ըսաւ. «Այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի»։ Յետագային, ան աւելցուց թէ ‘աշխարհին իշխանը իր վրայ բան մը չունի’, եւ թէ «այս աշխարհին իշխանը դատապարտուած է» (Յովհաննէս 12։31. 14։30. 16։11)։ Յիսուս որո՞ւ մասին կը խօսէր։
Նկատի առնելով թէ Յիսուս «այս աշխարհին իշխան»ին մասին ի՛նչ կը խօսէր, բացայայտ է որ ան իր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ չէր ակնարկեր։ Ուրեմն, ո՞վ է «այս աշխարհին իշխանը»։ Ան ինչպէ՞ս «դուրս պիտի ձգուի» եւ ինչպէ՞ս «դատապարտուած է»։
«Այս աշխարհին իշխանը» ինքզինք կը յայտնէ
Ինչպէս որ հմուտ ոճրագործ մը յաճախ իր զօրութեան վրայ կը հպարտանայ, նմանապէս Բանսարկուն յոխորտաց, երբ Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին կը փորձէր։ «Աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները» Յիսուսի ցուցնելէ ետք, Սատանան հետեւեալը առաջարկեց. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա, ուստի եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան» (Ղուկաս 4։5-7)։
Եթէ Բանսարկուն պարզապէս չարութեան սկզբունք է, ինչպէս ոմանք ենթադրած են, այդ փորձութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ բացատրուիլ։ Իր մկրտութենէն ետք, Յիսուս չար խորհուրդէ մը կամ ներքին տագնապէ՞ մը կը փորձուէր։ Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս կրնար ըսուիլ թէ «իր մէջ մեղք չկայ» (Ա. Յովհաննէս 3։5)։ Մարդկութեան վրայ Բանսարկուին զօրութիւնը ուրանալու տեղ, Յիսուս զայն հաստատեց, անոր մասին խօսելով որպէս «աշխարհին իշխանը» եւ զայն նկարագրելով որպէս «մարդասպան» ու «ստախօս» (Յովհաննէս 14։30. 8։44)։
Քրիստոս Բանսարկուին հետ դէմ յանդիման գալէ աւելի քան 60 տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ քրիստոնեաներուն յիշեցուց Բանսարկուին զօրեղ ազդեցութիւնը, ըսելով՝ թէ «ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ» է, եւ թէ ան «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց» (Ա. Յովհաննէս 5։19, Անթիլիաս. Յայտնութիւն 12։9)։ Յստակ է որ Աստուածաշունչը կը խօսի անտեսանելի ոգիի մը մասին որպէս «աշխարհին իշխանը»։ Բայց մարդկութեան վրայ անոր ազդեցութեան տարողութիւնը ո՞րքան է։
Աշխարհին իշխանը հեղինակութիւն կու տայ ընկերակիցներու
Հաւատքի համար քրիստոնեաներու մղած պայքարին մասին գրելով, Պօղոս առաքեալ յստակօրէն բնորոշեց իրենց ամէնէն գէշ թշնամիները։ Ան ուղղակի ըսաւ. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» (Եփեսացիս 6։12)։ Ուստի, այս պատերազմը մարդկային ոլորտէն անդին կ’երթայ, քանի որ «արիւնի ու մարմնի դէմ» չի մղուիր, այլ՝ «չար ոգիներուն հետ»։
Ըստ Աստուածաշունչի արդի թարգմանութիւններու մեծամասնութեան, հոս նշուած «չար ոգիներ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ոչ թէ չարութեան սկզբունքի մը, այլ՝ զօրեղ չար հոգեղէն անձնաւորութիւններու։ Այսպէս, Բանսարկուն իր զօրութիւնը բանեցուցած է ուրիշ ըմբոստ հրեշտակներու միջոցաւ, որոնք երկնքի մէջ «իրենց բնակութիւնը» ձգած են (Յուդա 6)։
Դանիէլի մարգարէական գիրքը կը յայտնէ, թէ ինչպէ՛ս այս «աշխարհին իշխանները» վաղեմի ժամանակներէն ի վեր երկիրը իրենց հակակշռին տակ առած են։ Խորապէս մտահոգուած ըլլալով իր հայրենակիցներուն մասին, որոնք մ.թ.ա. 537–ին բաբելոնական գերութենէն Երուսաղէմ վերադարձած էին, Դանիէլ մարգարէն անոնց ի նպաստ երեք շաբաթ աղօթեց։ Մարգարէն հաւաստիացնելու համար Աստուծմէ ղրկուած հրեշտակ մը, իր ուշացումին Դանիէլ 10։2, 13)։
պատճառը բացատրեց՝ ըսելով. «Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը քսանմէկ օր [ինծի] ընդդիմացաւ» (Այդ ‘պարսիկներու իշխանը’ ո՞վ էր։ Բացայայտօրէն, հրեշտակը չէր ակնարկեր պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին, որ այդ ատեն Դանիէլին եւ անոր ժողովուրդին հաճութեամբ կը նայէր։ Ասկէ զատ, ինչպէ՞ս կրնար պարզ մարդկային թագաւոր մը երեք շաբաթ հոգեղէն արարածի դէմ դնել, մինչ մէկ հրեշտակ կրցած էր միայն մէկ գիշերուան մէջ 185,000 կտրիճ ռազմիկներ բնաջնջել (Եսայի 37։36)։ Այս թշնամի ‘պարսիկներու իշխանը’ կրնար միայն Բանսարկուին գործակալը ըլլալ, այսինքն՝ դեւ մը, որուն հեղինակութիւն տրուած էր պարսկական կայսրութեան վրայ։ Ապա, Աստուծոյ հրեշտակը նշեց թէ դարձեալ պիտի պատերազմէր ‘պարսիկներու իշխանին’ դէմ, ինչպէս նաեւ ուրիշ դիւային իշխանի՝ ‘յոյներու իշխանին’ դէմ (Դանիէլ 10։20)։
Ասկէ կրնանք պարզապէս եզրակացնել, թէ ի՛րապէս անտեսանելի ‘աշխարհի իշխաններ’ կան, դիւային իշխաններ, որոնք միասնաբար աշխարհին կը տիրապետեն, իրենց պարագլուխին՝ Բանսարկու Սատանային հեղինակութեան ներքեւ։ Սակայն, մինչեւ հիմա անոնց նպատակակէտը ի՞նչ եղած է։
Աշխարհին իշխանը իր ի՛նչ ըլլալը կը յայտնէ
Աստուածաշունչի վերջին գրքին՝ Յայտնութեան մէջ, Յովհաննէս առաքեալ կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս Յիսուս որպէս Միքայէլ հրեշտակապետ, Բանսարկուին եւ իր դեւերուն վրայ յաղթանակ կը տանի, իսկ երկինքէն անոնց վտարուելուն աղէտալի հետեւանքները թուելով՝ կը նշէ. «Վա՜յ երկրին. . . վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։9, 12)։
Բանսարկուն ինչպէ՞ս մեծ բարկութիւն ցուցաբերած է։ Ինչպէս որ շատ մը յուսահատ ոճրագործներ ‘իշխէ՛ կամ կործանէ՛’ քաղաքականութիւնը կը գործադրեն, նոյնպէս Բանսարկուն եւ իր դեւերը վճռած են երկրագունդն ու անոր բնակիչները իրենց հետ կործանել։ Գիտնալով որ քիչ ժամանակ ունի, Բանսարկուն գործածած է իր ձեռքին տակ ունեցած՝ մարդկային ընկերութեան բանալի մէկ տարրը,– մեծ առեւտուրը,– որպէսզի սպառելու մոլեգին հոգի յառաջ մղէ, ինչ որ բնական աղբիւրներու հատնումին եւ համայն աշխարհի մէջ միջավայրին կործանումին կ’առաջնորդէ, այսպէս մարդկութեան վերապրումին սպառնալով (Յայտնութիւն 11։18. 18։11-17)։
Մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն ի վեր, հեղինակութեան համար Բանսարկուին պապակը նաեւ արտացոլացուած է քաղաքականութեան եւ կրօնքին մէջ։ Յայտնութիւն գիրքը քաղաքական ուժերը կը նկարագրէ որպէս գազաններ, որոնց Բանսարկուն «մեծ իշխանութիւն» տուած է։ Ատիկա նաեւ կը նկարագրէ քաղաքականութեան եւ կրօնքին անամօթ դաշնակցութիւնը որպէս գարշելի հոգեւոր պոռնկութիւն (Յայտնութիւն 13։2. 17։1, 2)։ Պահ մը խորհէ դարերու տեւողութեան տեղի ունեցած կեղեքումին, ստրկութեան, պատերազմներու եւ էթնիքական բախումներու մասին, որոնք միլիոնաւորներու կեանքը խլեցին։ Ոեւէ մէկը կրնա՞յ անկեղծօրէն ըսել թէ սարսափելի դէպքեր, որոնք մարդկութեան պատմութեան էջերը արատաւորած են, մարդոց բնականոն գործունէութիւնն են. թէ ոչ անտեսանելի չար ոգիներու ազդեցութեան արդիւնքն են։
Աստուածաշունչը հաստատօրէն կը բնորոշէ եւ կը քօղազերծէ ան, որ մարդկային կառավարիչները եւ աշխարհակալ ուժերը կը ղեկավարէ։ Գիտակցաբար կամ ոչ, մարդկային ընկերութիւնը կ’արտացոլացնէ իր իշխանին անձնաւորութիւնը եւ ‘իշխէ՛ կամ կործանէ՛’ քաղաքականութիւնը։ Սակայն, մարդկութիւնը Բանսարկուին իշխանութեան ներքեւ ո՞րքան ժամանակ պիտի տառապի։
Բանսարկուին վերջնական կործանումը
Առաջին դարուն, երկրի վրայ Քրիստոսի գործունէութիւնը ցոյց տուաւ թէ Բանսարկուն եւ իր դեւերը շուտով մահուան պիտի մատնուէին։ Երբ Յիսուսի աշակերտները պատմեցին թէ ինչպէ՛ս անտեսանելի դեւեր հանեցին, ան իրենց ըսաւ. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի» (Ղուկաս 10։18)։ Այս խօսքերով, Յիսուս աշխարհի իշխանին վրայ իր տանելիք յաղթանակին համար կ’ուրախանար, որ տեղի պիտի ունենար երկինք վերադառնալէ ետք որպէս Միքայէլ հրեշտակապետ (Յայտնութիւն 12։7-9)։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն խոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս յաղթանակը երկնքի մէջ տեղի ունեցաւ 1914–ին կամ անկէ քիչ ետք։ *
Այդ թուականէն ի վեր, Բանսարկուն գիտէ թէ իր բնաջնջումին համար քիչ ժամանակ մնացած է։ ‘Ամբողջ աշխարհ իրեն ենթակայ’ ըլլալով հանդերձ, միլիոնաւոր մարդիկ այսօր չեն մոլորած եւ իր հակակշռէն դուրս են, հակառակ իր յուսահատ ջանքերուն։ Աստուածաշունչը իրենց աչքերը բացած է, որ անոր իսկական ինքնութիւնը եւ հնարքները ըմբռնեն (Բ. Կորնթացիս 2։11)։ Անոնք հաւատակիցներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերէն կը յուսադրուին. «Խաղաղութեան Աստուածը շուտով խորտակէ Սատանան ձեր ոտքերուն տակ» (Հռովմայեցիս 16։20)։ *
Բանսարկուին վերջնական կործանումը շուտո՛վ պիտի գայ։ Քրիստոսի սիրալիր իշխանութեան ներքեւ, արդար մարդիկ Աստուծոյ այլաբանական պատուանդանը՝ երկրագունդը՝ դրախտի պիտի վերածեն։ Բռնութիւնը, ատելութիւնը եւ ագահութիւնը առյաւէտ պիտի չքանան։ «Առաջինները պիտի չյիշուին», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Եսայի 65։17)։ Ի՜նչ հանգստութիւն պիտի ըլլայ բոլոր անոնց՝ որոնք այս աշխարհի գաղտնի իշխանէն եւ անոր հեղինակութենէն կը ձերբազատուին։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 20 Այս թուականին առնչութեամբ մանրամասնութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին յաւելուածը, հրատարակուած Եհովայի վկաներուն կողմէ, էջ 215-218։
^ պարբ. 21 Պօղոսի խօսքերը կ’արձագանգեն Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութիւնը Ծննդոց 3։15–ի մէջ, որ Բանսարկուին վերջնական կործանումը կը մատնանշէ։ Դէպքը նկարագրելու համար, Պօղոս գործածեց յունարէն բառ մը, որ կը նշանակէ «ջարդել, կտոր–կտոր ընել, ջախջախելով փշրել» (Vine’s Complete Expository Dictionary of Old and New Testament Words)։
[Մէջբերում՝ էջ 9]
Քրիստոսի սիրալիր իշխանութեան ներքեւ, արդար մարդիկ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածեն