Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ցեղի մը աւելի արժէք կու տա՞յ, քան՝ միւս ցեղերուն

Աստուած ցեղի մը աւելի արժէք կու տա՞յ, քան՝ միւս ցեղերուն

Ընթերցողները կը հարցնեն

Աստուած ցեղի մը աւելի արժէք կու տա՞յ, քան՝ միւս ցեղերուն

▪ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նշէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35

Այս հարցին շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը շատ աւելի վսեմ է քան՝ անկատար մարդոց տեսակէտը։ Շատեր կը հաւատան թէ ցեղ մը (ընդհանրապէս իրե՛նց ցեղը) միւս ցեղերէն բարձր է։ Այս հակումը կ’արտացոլացնէ Չարլզ Տարուինի մտածելակերպը, որ գրեց. «Ապագայի որոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ. . . մարդուս զարգացած ցեղերը գրեթէ ստուգապէս պիտի ոչնչացնեն եւ փոխարինեն վայրի ցեղերը»։ Ցաւալի է որ շատեր իրաւցնէ զոհ գացին ուրիշ ցեղերու պատկանող անհատներու կողմէ, որոնք իրենք զիրենք գերադաս սեպեցին։

Ցեղային գերակայութեան զգացումները արդարացի՞ են։ Օրինակի համար, գիտութիւնը փաստա՞ծ է որ կարգ մը ցեղեր սերնդագիտականօրէն գերադաս են, մինչ ուրիշներ՝ ստորադաս։ Ընդհակառակը, սերնդագէտ եւ Օքսֆորտի փրոֆէսոր՝ Պրայըն Սայքս կը նշէ. «Ծինային հիմ մը չկայ, որ կը հաստատէ որեւէ անթեք էթնիքական կամ ցեղային դասակարգութիւն։ . . .Միշտ ինծի կը հարցնեն, թէ արդեօք յունական Տի.Էն.Էյ. կամ իտալական ծին մը գոյութիւն ունի՛ թէ ոչ. բայց անշուշտ, այդպիսի բան մը չկայ։ . . .Մենք սերտօրէն իրարու յարակից ենք»։

Այս եզրակացութիւնները եւ ինչ որ կը կարդանք Սուրբ Գրութիւններէն, իրարու հետ ներդաշնակ են։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուած միայն մէկ տղամարդ եւ մէկ կին ստեղծեց, որոնցմէ բոլոր մարդիկը յառաջ եկան (Ծննդոց 3։20. Գործք 17։26)։ Ուստի Աստուծոյ աչքին, իրականութեան մէջ միայն մէ՛կ ցեղ կայ, որ է՝ մարդկային ցեղը։

Եհովա բնա՛ւ կարեւորութիւն չի տար անհատի մը մորթի գոյնին կամ դիմագիծին։ Փոխարէն, ան աւելի մեծ կարեւորութիւն ունեցող բան մը կ’արժեւորէ, որ է՝ մեր այլաբանական սիրտը, կամ մեր ներսի մարդը։ Ան կ’ըսէ. «Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի» (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Այս իրողութիւնը յիշելով մեծապէս պիտի քաջալերուինք. ինչպէ՞ս։

Ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր ցեղային ենթահողը, մեզմէ շատեր կը դժգոհին իրենց ֆիզիքական երեւոյթէն. այսուհանդերձ՝ այդպիսի բաներ փոփոխութեան ենթարկելու չնչին կարողութիւն ունինք։ Սակայն, կրնա՛նք բարելաւել ինչ որ աւելի կարեւոր է, այսինքն՝ մեր սրտին խորհուրդներն ու զգացումները (Կողոսացիս 3։9-11)։ Եթէ մեր անձին հետ պարկեշտ ըլլանք, թերեւս անդրադառնանք թէ հակում ունինք ուրիշ ցեղի պատկանող մարդոցմէ գոնէ քիչ մը գերադաս կամ թերեւս ստորադաս զգալու։ Որովհետեւ երկու տեսակէտներն ալ Աստուծոյ մտածելակերպին հետ ներդաշնակ չեն, հարկ է որ ծանր աշխատինք՝ մեր սրտէն այդպիսի որեւէ զգացում վանելու (Սաղմոս 139։23, 24

Մինչ կը ջանանք մեր անձը եւ ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզի պիտի օգնէ։ Իր Խօսքը մեզի կը յիշեցնէ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մնացորդաց 16։9)։ Ասիկա ճշմարիտ է, առանց նկատի առնելու թէ ի՛նչ ցեղի կը պատկանինք։