‘Ո՜վ Աստուծոյ իմաստութեան խորունկութիւնը’
‘Ո՜վ Աստուծոյ իմաստութեան խորունկութիւնը’
«Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները» (ՀՌՈՎ. 11։33)։
1. Մկրտուած քրիստոնեաներու համար մեծագոյն առանձնաշնորհումը ի՞նչ է։
ՄԻՆՉԵՒ հիմա քեզի շնորհուած մեծագոյն առանձնաշնորհումը ի՞նչ է։ Սկիզբը՝ թերեւս խորհիս որոշ նշանակումի մը մասին, զոր ստացած ես, կամ քեզի տրուած պատիւի մը մասին։ Սակայն, մկրտուած քրիստոնեաներու համար, մեծագոյն առանձնաշնորհումն է այն բանը, որ մեզի թոյլ տրուած է միակ ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովային, հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն մը ունենալ։ Որպէս արդիւնք, իրմէ ‘կը ճանչցուինք’ (Ա. Կոր. 8։3. Գաղ. 4։9)։
2. Եհովան ճանչնալն ու իրմէ ճանչցուիլը ինչո՞ւ համար մե՛ծ առանձնաշնորհում մըն է։
2 Եհովան ճանչնալը եւ իրմէ ճանչցուիլը ինչո՞ւ համար մե՛ծ առանձնաշնորհում մըն է։ Ոչ թէ միայն քանի որ ան ամբողջ տիեզերքի մեծագոյն Անձնաւորութիւնն է, հապա նաեւ՝ քանի որ կը հանդիսանայ որպէս Պաշտպան անո՛նց, զորոնք կը սիրէ։ Նաւում մարգարէն ներշնչման ներքեւ գրեց. «Եհովան բարի է, նեղութեան օրը ամրութիւն է, իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ» (Նաւ. 1։7. Սաղ. 1։6)։ Իրականութեան մէջ, յաւիտենական կեանքի մեր հեռանկարնե՛րը կախեալ են ճշմարիտ Աստուածը եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, ճանչնալէն (Յովհ. 17։3)։
3. Աստուած ճանչնալը ի՞նչ կը պարփակէ։
3 Աստուած ճանչնալը պարզապէս իր բառացի անունը գիտնալէն աւելին կը նշանակէ։ Հարկ է որ զինք ճանչնանք որպէս Բարեկամ, հասկնալով իր սիրած ու չսիրած բաները։ Այս գիտութեան հետ ներդաշնակ ապրիլը նաեւ կարեւոր դեր կը խաղայ մեր ցոյց տալուն մէջ, թէ մօտէն ճանչցած ենք Աստուած (Ա. Յովհ. 2։4)։ Բայց ուրիշ բան մըն ալ պահանջուած է, եթէ իրապէս կ’ուզենք Եհովան ճանչնալ։ Հարկ է որ գիտնանք ոչ միայն թէ ան ի՛նչ ըրած է, հապա նաեւ՝ թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ այդ կերպով վարուած է։ Ո՛րքան աւելի հասկնանք Եհովայի նպատակները, ա՛յնքան աւելի պիտի մղուինք ‘Աստուծոյ իմաստութեան խորունկութեան’ վրայ հիանալու (Հռով. 11։33)։
Նպատակի Աստուած
4, 5. ա) Ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է, «նպատակ» բառը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։ բ) Լուսաբանէ՛ թէ ինչպէ՛ս կարելի է նպատակ մը իրագործել մէկէ աւելի կերպերով։
4 Եհովան նպատակի Աստուած է, եւ Աստուածաշունչը իր «յաւիտենական նպատակ»ին մասին կը խօսի (Եփ. 3։10, 11, ՆԱ)։ Այս արտայայտութիւնը իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է, «նպատակ» բառը կ’ակնարկէ մասնայատուկ նպատակակէտի մը, զոր կարելի է իրագործել մէկէ աւելի կերպերով։
5 Լուսաբանենք. անհատ մը թերեւս ուզէ որոշ տեղ մը ճամբորդել։ Այդ տեղը հասնիլը կը դառնայ իր նպատակակէտը կամ նպատակը։ Փոխադրամիջոցներու եւ երթալիք ճամբաներու առնչութեամբ, ան կրնայ տարբեր ընտրանքներ ունենալ։ Մինչ իր ընտրած ճամբով կը ճամբորդէ, թերեւս դիմագրաւէ անսպասելի օդի փոփոխութիւններ, երթեւեկութեան մեծ խճողումներ ու փակ ճամբաներ, եւ ստիպուի ուրիշ ճամբայ մը բռնել։ Բայց անհատը ի՛նչ փոփոխութիւն ընելու կարիք ալ ունենայ, իր նպատակակէտը իրագործած կ’ըլլայ՝ երբ իր որոշած տեղը կը հասնի։
6. Իր նպատակը իրագործելու մէջ, Եհովա ինչպէ՞ս դիւրաթեք եղած է։
Ծն. 1։28)։ Եդեմի պարտէզին մէջ եղած ըմբոստութիւնը այս նշուած նպատակին արգելք հանդիսացա՞ւ։ Անշուշտ ո՛չ։ Եհովա անմիջապէս հակազդեց այդ նոր կացութեան՝ իր նպատակը իրագործելու համար տարբեր «ճամբայ» մը գործածելով։ Ան նախագուշակեց «սերունդ»ի մը երեւան գալը, որ ըմբոստներուն հասցուցած վնասները պիտի ջնջէր (Ծն. 3։15. Եբ. 2։14-17. Ա. Յովհ. 3։8)։
6 Նմանապէս, Եհովան որոշ չափով դիւրաթեք եղած է՝ իր յաւիտենական նպատակը իրագործելու համար։ Իր մտացի արարածներու ազատ կամքը հաշուի առնելով, ան իր նպատակը իրագործելու կերպը ազատօրէն կը փոխէ։ Օրինակի համար, նկատի առնենք թէ Եհովա խոստացեալ Սերունդին առնչութեամբ իր նպատակը ինչպէ՛ս կ’իրագործէ։ Սկիզբը, Եհովա մարդկային առաջին զոյգին ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (7. Ի՞նչ կը սորվինք այն նկարագրութենէն, զոր Եհովա իր մասին տուաւ Ելից 3։14–ի մէջ։
7 Իր նպատակը իրագործելու ընթացքին ծագած նոր պարագաներուն յարմարելու Եհովայի կարողութիւնը ներդաշնակ է այն նկարագրութեան հետ, զոր ինք տուաւ իր մասին։ Երբ Մովսէս իրեն տրուած նշանակումին հաւանական խոչընդոտները ներկայացուց, Եհովա զինք հաւաստիացուց՝ ըսելով. «‘Ես եմ Որ Էն [«Ես պիտի դառնամ ինչ որ կը կամենամ դառնալ», ՆԱ]’։ Եւ ըսաւ. ‘Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. «Զիս Որ Էն [«Ես պիտի դառնամ», ՆԱ] ղրկեց ձեզի»’» (Ել. 3։14)։ Այո, Եհովա կարող է դառնալու ի՛նչ բան որ պէտք ունի դառնալու, որպէսզի իր նպատակը լիովին իրագործէ։ Պօղոս առաքեալ ասիկա գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ Հռովմայեցիս գիրքին 11–րդ գլուխին մէջ։ Այնտեղ, ան խորհրդանշական ձիթենիի մը մասին կը խօսի։ Այդ լուսաբանութիւնը քննելը Եհովայի իմաստութեան խորունկութեան նկատմամբ մեր գնահատութիւնը պիտի խորացնէ, մեր յոյսը ըլլա՛յ երկինք երթալ կամ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ստանալ։
Նախագուշակուած սերունդին առնչութեամբ Եհովայի նպատակը
8, 9. ա) Ի՞նչ չորս իրողութիւններ մեզի պիտի օգնեն ձիթենիի լուսաբանութիւնը հասկնալու։ բ) Ո՞ր հարցումին պատասխանը կը յայտնէ, թէ Եհովան իր նպատակը իրագործելու մէջ դիւրաթեք է։
8 Ձիթենիի լուսաբանութիւնը հասկնալու համար, նախագուշակուած սերունդին առնչութեամբ Եհովայի նպատակին զարգացման վերաբերեալ չորս իրողութիւններ պէտք է գիտնանք։ Առաջին, Եհովա Աբրահամին խոստացաւ որ «բոլոր ազգերը. . . պիտի օրհնուին» իր սերունդին միջոցով (Ծն. 22։17, 18)։ Երկրորդ, Աբրահամէն սերած իսրայէլ ազգը «քահանաներու թագաւորութիւն» մը մէջտեղ բերելու հեռանկարը ստացաւ (Ել. 19։5, 6)։ Երրորդ, երբ բառացի իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը Մեսիան չընդունեց, Եհովա ուրիշ քայլեր առաւ՝ «քահանաներու թագաւորութիւն» մը մէջտեղ բերելու համար (Մատ. 21։43. Հռով. 9։27-29)։ Չորրորդ, թէեւ Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասը Յիսուսն է, բայց ուրիշներու ալ առանձնաշնորհում տրուած է այդ սերունդէն մաս մը ըլլալու (Գաղ. 3։16, 29)։
9 Այս չորս հիմնական իրողութիւններուն կողքին, Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ, թէ երկինքի մէջ Յիսուսին հետ որպէս թագաւորներ ու քահանաներ իշխողներուն ընդհանուր թիւն է՝ 144,000 (Յայտ. 14։1-4)։ Ասոնց մասին ալ խօսուած է որպէս «իսրայէլի որդիներ» (Յայտ. 7։4-8)։ Բայց բոլոր 144,000–ը բառացի իսրայէլացիներ կամ հրեանե՞ր են։ Այս հարցումին պատասխանը կը յայտնէ, թէ Եհովան իր նպատակը իրագործելու մէջ դիւրաթեք է։ Այժմ տեսնենք, թէ հռոմայեցիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակը մեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ պատասխանը գտնելու։
«Քահանաներու թագաւորութիւն»
10. Իսրայէլ ազգը ի՞նչ բացառիկ հեռանկար մը ունէր։
10 Ինչպէս որ նախապէս նշուեցաւ, իսրայէլ ազգը բացառաբար «քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը» մէջտեղ բերելու համար անդամներ հայթայթելու հեռանկարը Հռովմայեցիս 9։4, 5)։ Բայց երբ խոստացեալ Սերունդը գար, ի՞նչ պիտի պատահէր։ Արդեօք բառացի իսրայէլ ազգը պիտի հայթայթէ՞ր 144,000 հոգեւոր իսրայէլացիներու լման թիւը, որոնք Աբրահամի սերունդին երկրորդական մասը պիտի ըլլային։
ունէր (կարդա՛11, 12. ա) Երկնային Թագաւորութիւնը կազմողներուն ընտրութիւնը ե՞րբ սկսաւ, եւ այդ ժամանակ ապրող հրեաներու մեծամասնութեան հակազդեցութիւնը ի՞նչ էր։ բ) Եհովա Աբրահամի սերունդը կազմողներուն «լրութիւնը» ինչպէ՞ս ամբողջացուց։
11 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 11։7-10։ Որպէս ազգ, առաջին դարու հրեաները Յիսուսը մերժեցին։ Հետեւաբար, Աբրահամի սերունդը մէջտեղ բերելու պատեհութիւնը բացառաբար իրենցը ըլլալէ դադրեցաւ։ Սակայն, երբ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին երկնային «քահանաներու թագաւորութիւն»ը կազմողներուն ընտրութիւնը սկսաւ, կային կարգ մը պարկեշտամիտ հրեաներ, որոնք հրաւէրը ընդունեցին։ Քանի մը հազարի հասնելով, ասոնք ճիշդ «մնացորդի մը» պէս էին, ամբողջ հրեայ ազգին հետ համեմատելով (Հռով. 11։5)։
12 Բայց Եհովան ինչպէ՞ս պիտի ամբողջացնէր «անոնց լրութիւնը», որոնք Աբրահամի սերունդը պիտի ըլլային (Հռով. 11։12, 25)։ Պօղոս առաքեալին տուած պատասխանը նկատի առ. «Աստուծոյ խօսքը երբեք գետին ինկած չէ. քանզի ոչ թէ ամէն անոնք որ [բառացի] Իսրայէլէն են՝ Իսրայելացի են եւ ոչ թէ Աբրահամին սերունդ ըլլալնուն համար ամէնքը որդիներ են [Աբրահամական սերունդին մէկ մասը]. . . Այսինքն՝ ո՛չ թէ անոնք որ մարմնին որդիներ են՝ Աստուծոյ որդիներ ալ են, հապա խոստումի որդիները սերունդ կը սեպուին» (Հռով. 9։6-8)։ Ուստի, սերունդին առնչութեամբ Եհովայի նպատակին իրագործման համար, Աբրահամի ֆիզիքական շառաւիղէն ըլլալը անթեք պահանջ մը չէր։
Խորհրդանշական ձիթենին
13. Ի՞նչ կը ներկայացնեն՝ ա) ձիթենին, բ) անոր արմատը, գ) անոր կոճղը եւ դ) անոր ճիւղերը։
13 Ապա Պօղոս առաքեալ կը համեմատէ զանոնք, որոնք Աբրահամի սերունդին մէկ մասը կ’ըլլան, խորհրդանշական ձիթենիի մը Հռով. 11։21)։ * Այս մշակուած ձիթենին կը ներկայացնէ Աստուծոյ նպատակին իրագործումը՝ Աբրահամական ուխտին առնչութեամբ։ Ծառին արմատը սուրբ է եւ կը ներկայացնէ Եհովան որպէս Ան, որ հոգեւոր իսրայէլին կեանք կու տայ (Եսա. 10։20. Հռով. 11։16)։ Ծառին կոճղը կը ներկայացնէ Յիսուսը որպէս Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասը։ Ճիւղերը հաւաքականօրէն կը ներկայացնեն Աբրահամի սերունդին երկրորդական մասին մէջ պարփակուած անհատներու «լրութիւն»ը։
ճիւղերուն հետ (14, 15. Մշակուած ձիթենիէն որո՞նք ‘կտրուեցան’, եւ որո՞նք պատուաստուեցան։
14 Ձիթենիի լուսաբանութեան մէջ, Յիսուսը մերժող բառացի հրեաները կը նմանցուին ձիթենիի ճիւղերու, որոնք ‘կոտրտուեցան’ (Հռով. 11։17)։ Այսպիսով, անոնք Աբրահամի սերունդին մէկ մասը ըլլալու պատեհութիւնը կորսնցուցին։ Բայց որո՞նք զանոնք պիտի փոխարինէին։ Բառացի հրեաներու տեսանկիւնէն դիտուած, որոնք մարմնապէս Աբրահամէ սերած ըլլալով հպարտ էին, պատասխանը աներեւակայելի պիտի ըլլար։ Բայց Յովհաննէս Մկրտիչ արդէն իսկ զանոնք նախազգուշացուցած էր, որ եթէ Եհովան ուզէր, կրնար մինչեւ իսկ քարերէն որդիներ հանել Աբրահամի (Ղուկ. 3։8)։
15 Ուստի Եհովա իր նպատակը իրագործելու համար ի՞նչ ըրաւ։ Պօղոս կը բացատրէ թէ վայրենի ձիթենիէ մը ճիւղեր պատուաստուեցան մշակուած ձիթենիին վրայ, կտրուած ճիւղերը փոխարինելու համար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 11։17, 18)։ Այսպէս, ազգերէ եկած հոգիէն–օծուած քրիստոնեաներ, ինչպէս Հռոմի ժողովքէն ոմանք, այլաբանօրէն պատուաստուեցան այս խորհրդանշական ձիթենիին վրայ։ Այս կերպով՝ անոնք Աբրահամի սերունդին մէկ մասը դարձան։ Նախապէս, անոնք վայրենի ձիթենիի ճիւղերու պէս էին, այս մասնայատուկ ուխտին մէկ մասը ըլլալու որեւէ պատեհութիւն չունենալով։ Բայց Եհովան իրենց համար ճամբան հարթեց, որ հոգեւոր հրեաներ ըլլան (Հռով. 2։28, 29)։
16. Պետրոս առաքեալ նոր հոգեւոր ազգին կազմուիլը ինչպէ՞ս բացատրեց։
16 Պետրոս առաքեալ կացութիւնը հետեւեալ կերպով կը բացատրէ. «Ձեզի հաւատացեալներուդ [հոգեւոր իսրայէլացիներ, ի ներառեալ ոչ–հրեայ քրիստոնեաներ] պատուական է ան [Յիսուս Քրիստոս], բայց անհաւատներուն՝ ‘Այն քարը որ շինողները անարգեցին՝ անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ եւ գլորման վէմ ու գայթակղութեան քար’. . . Բայց դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական Ա. Պետ. 2։7-10)։
քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց. որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. որ առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք» (17. Եհովայի ըրածը ինչպէ՞ս «բնական չէր»։
17 Եհովա ըրաւ բան մը, զոր շատեր ամբողջովին անսպասելի պիտի նկատէին։ Պօղոս կը նշէ թէ կատարուածը «բնական չէր» (Հռով. 11։24)։ Ինչպէ՞ս։ Մշակուած ծառի մը վրայ վայրենի ճիւղ մը պատուաստելը կրնայ անսովոր՝ նոյնիսկ անբնական՝ թուիլ. բայց իրականութեան մէջ, առաջին դարուն կարգ մը հողագործներ ճիշդ ասիկա ըրին։ * Նոյնանման կերպով, Եհովա արտասովոր բան մը ըրաւ։ Հրէական տեսանկիւնէն դիտուած, ոչ–հրեաները կարող չէին ընդունելի պտուղ բերելու։ Սակայն Եհովան զանո՛նք դարձուց «ազգի մը» մէկ մասը, որ Թագաւորութեան պտուղ կը բերէր (Մատ. 21։43)։ Մ.թ. 36–ին, առաջին անթլփատ ոչ–հրեայ նորադարձին՝ Կոռնելիոսին օծուելէն սկսեալ, անթլփատ ոչ–հրեաներուն առջեւ դուռը բացուեցաւ որ այս խորհրդանշական ձիթենիին վրայ պատուաստուին (Գործք 10։44-48)։ *
18. Մ.թ. 36–էն ետք, բառացի հրեաները ի՞նչ պատեհութիւն ունէին։
18 Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ մ.թ. 36–էն ետք, բառացի հրեաներուն համար այլեւս որեւէ առիթ չկար Աբրահամի սերունդին մէկ մասը ըլլալու։ Ո՛չ։ Պօղոս կը բացատրէ. «Անոնք [բառացի հրեաներ] եթէ իրենց անհաւատութեանը մէջ չկենան, պիտի պատուաստուին, վասն զի Աստուած կարող է զանոնք նորէն պատուաստել։ Քանզի եթէ դուն քեզի բնական եղող վայրենի ձիթենիէն կտրուեցար ու այն բարի ձիթենիին վրայ, որ քեզի բնական չէր, պատուաստուեցար, ալ որչա՜փ աւելի անոնք որ բնական ճիւղեր են, պիտի պատուաստուին իրենց ձիթենիին վրայ» (Հռով. 11։23, 24)։
«Բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի»
19, 20. Ինչպէս որ խորհրդանշական ձիթենին կը լուսաբանէ, Եհովա ի՞նչ կ’իրագործէ։
19 Այո, «Աստուծոյ Իսրայէլին» առնչութեամբ Եհովայի նպատակը հիանալի կերպով կը կատարուի (Գաղ. 6։16)։ Ինչպէս որ Պօղոս ըսաւ, «բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի» (Հռով. 11։26)։ Եհովայի որոշած ժամանակին, «բոլոր Իսրայէլ»,– այսինքն՝ լման թիւով հոգեւոր իսրայէլացիները,– երկինքի մէջ պիտի ծառայեն որպէս թագաւորներ ու քահանաներ։ Ոչի՛նչ կրնայ Եհովայի նպատակը ձախողեցնել։
20 Ինչպէս որ նախագուշակուած է, Աբրահամի սերունդը,– Յիսուս Քրիստոսն ու 144,000–ը,– «հեթանոսներուն», կամ ազգերու մարդոց, օրհնութիւններ պիտի բերէ (Հռով. 11։12. Ծն. 22։18)։ Այսպիսով, Աստուծոյ բոլոր ծառաները այս կարգադրութենէն կ’օգտուին։ Արդարեւ, մինչ կը խոկանք թէ Եհովան իր յաւիտենական նպատակը ինչպէ՛ս կ’իրագործէ, մեծապէս կը սքանչանանք ‘Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութեան’ վրայ (Հռով. 11։33)։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 13 Ակներեւաբար, տիպական կամ հակատիպ ձիթենի մը չկայ։ Թէպէտեւ բառացի իսրայէլ ազգը թագաւորներ ու քահանաներ մէջտեղ բերաւ, բայց ազգը քահանաներու թագաւորութիւն մը չեղաւ։ Իսրայէլի թագաւորները օրէնքով արգիլուած էին քահանաներ ըլլալէ։ Հետեւաբար, բառացի իսրայէլը չծառայեց որպէս տիպական ձիթենի մը։ Պօղոս կը լուսաբանէ, թէ «քահանաներու թագաւորութիւն» մը մէջտեղ բերելու Աստուծոյ նպատակը ինչպէ՛ս կը կատարուի՝ հոգեւոր իսրայէլին կապակցաբար։ Ասիկա կ’այժմէականացնէ ինչ որ հրատարակուած էր Դիտարան–ի 15 օգոստոս 1983 թիւին մէջ, էջ 14-19 (անգլերէն)։
^ պարբ. 17 Տե՛ս «Ինչո՞ւ վայրենի ձիթենիի ճիւղեր պատուաստել» շրջանակը։
^ պարբ. 17 Ասիկա երեքուկէս տարուան պատեհութեան վերջաւորութեան էր, որ տրուած էր բառացի հրեաներուն՝ նոր հոգեւոր ազգին մէկ մասը ըլլալու։ 70 եօթնեակներու վերաբերեալ մարգարէութիւնը այս զարգացումը նախագուշակեց (Դան. 9։27)։
Կը յիշե՞ս
• Եհովայի մասին ի՞նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով իր նպատակը կ’իրագործէ։
• Հռովմայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, ի՞նչ կը ներկայացնեն՝
ձիթենին,
անոր արմատը,
անոր կոճղը,
անոր ճիւղերը։
• Պատուաստելը ինչո՞ւ «բնական չէր»։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 26]
Ինչո՞ւ վայրենի ձիթենիի ճիւղեր պատուաստել
▪ Լուշիոս Ճունիոս Մատորէյթոս Քալիոմէլը հռոմայեցի զինուոր ու հողագործ մըն էր, որ մ.թ. առաջին դարուն ապրեցաւ։ Ան գլխաւորաբար կը ճանչցուի իր գրած 12 գիրքերով, որոնք կը խօսին գիւղական կեանքի եւ հողագործութեան մասին։
Իր հինգերորդ գիրքին մէջ, ան հետեւեալ վաղեմի առակը կը մէջբերէ. «Ո՛վ որ ձիթենիի համար հողը կը հերկէ՝ պտուղ կ’ակնկալէ. ո՛վ որ պարարտանիւթ կը գործածէ՝ անկէ պտուղ կը խնդրէ. ո՛վ որ անոր ճիւղերը կը կտրէ՝ կը ստիպէ որ պտուղ տայ»։
Բարգաւաճ բայց պտուղ բերելու մէջ թերացած ծառեր նկարագրելէ ետք, ան հետեւեալը կը յանձնարարէ. «Լաւ գաղափար է ձիթենին գործիքով մը ծակել եւ ծակին մէջ վայրենի ձիթենիէ մը առնուած կանանչ ճիւղ մը ամրօրէն զետեղել. արդիւնքը կ’ըլլայ որ ծառը աւելի պտղատու կը դառնայ»։
[Նկար՝ էջ 27]
Խորհրդանշական ձիթենիի լուսաբանութիւնը կը հասկնա՞ս