Երեմիայի նման արթո՛ւն կեցիր
Երեմիայի նման արթո՛ւն կեցիր
«Ես [Եհովա] կը հսկեմ իմ խօսքիս վրայ՝ զայն իրագործելու համար» (ԵՐ. 1։12, ԱԾ)։
1, 2. Եհովայի ‘հսկելը’ ինչո՞ւ առնչուած է նշենիին։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ Իսրայէլի բլուրներուն վրայ, նշենին առաջին ծառերէն մէկն է որ կը ծաղկի։ Ատոր գեղեցիկ վարդագոյն կամ ճերմակ ծաղիկները կրնան տեսնուիլ յունուարի վերջաւորութեան կամ փետրուարի սկիզբը։ Ատոր եբրայերէն անունը բառացիօրէն կը նշանակէ «արթնցող»։
2 Երբ Եհովա Երեմիան որպէս իր մարգարէն նշանակեց, նշենիին այս յատկանիշը յարմարապէս գործածուեցաւ կարեւոր իրողութիւն մը լուսաբանելու համար։ Իր ծառայութեան սկիզբը, մարգարէն տեսիլքի մը մէջ այդ ծառէն գաւազան մը տեսաւ։ Ատիկա ի՞նչ նշանակեց։ Եհովա բացատրեց. «Ես կը հսկեմ իմ խօսքիս վրայ՝ զայն իրագործելու համար» (Եր. 1։11, 12, ԱԾ)։ Ճիշդ ինչպէս որ նշենին կանուխ ‘կ’արթննար’, նոյնպէս Եհովան այլաբանօրէն ‘կանուխ կ’ելլէր’ իր մարգարէները ղրկելու, որպէսզի իր ժողովուրդը զգուշացնեն անհնազանդութեան հետեւանքներէն (Եր. 7։25)։ Եւ ան պիտի չհանգստանար,– պիտի ‘հսկէր’,– մինչեւ որ իր մարգարէական խօսքը կատարուէր։ Մ.թ.ա. 607–ին, նշանակուած ժամանակին, Եհովայի դատաստանը եկաւ Յուդայի հաւատուրաց ազգին վրայ։
3. Եհովայի նկատմամբ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
3 Նմանապէս այսօր, Եհովա արթուն եւ ուշադիր է իր կամքը կատարելու։ Անկարելի է որ ան իր խօսքին կատարումը զանց ընէ։ Եհովայի ուշադիր ըլլալը ինչպէ՞ս քեզի կ’ազդէ։ Հիմա որ 2011 թուականն է, կը հաւատա՞ս որ Եհովա ‘արթուն’ է իր խոստումները կատարելու։ Եթէ որեւէ կասկած ունինք Եհովայի ստոյգ խոստումներուն վրայ, հի՛մա է ժամանակը որ արթննանք որեւէ Հռով. 13։11)։ Եհովայի մարգարէն ըլլալով, Երեմիա արթուն կեցաւ։ Քննելը թէ Երեմիա իր աստուածատուր նշանակումին նկատմամբ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ արթուն մնաց, մեզի պիտի օգնէ տեսնելու թէ ինչպէ՛ս կրնանք յարատեւել այն գործին մէջ, զոր Եհովա մեզի տուած է։
հոգեւոր նիրհումէ (Հրատապ պատգամ մը
4. Իր պատգամը տալուն մէջ, Երեմիա ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց, եւ ի՞նչ բան զայն հրատապ դարձուց։
4 Երեմիա թերեւս շուրջ 25 տարեկան էր՝ երբ Եհովայէն յանձնարարութիւն ստացաւ որ դէտ մը ըլլայ (Եր. 1։1, 2)։ Բայց ան պարզապէս ինքզինք տղեկի մը պէս զգաց, ամբողջովին անորակեալ խօսելու ազգին երէցներուն,– տարիքաւոր ու հեղինակութիւն ունեցող անհատներ (Եր. 1։6)։ Ան կծու դատապարտութիւններ եւ վախազդու դատաստաններ ունէր յայտարարելու, յատկապէս քահանաներուն, սուտ մարգարէներուն, կառավարիչներուն եւ անոնց՝ որոնք «իրենց ընթացքին» հետեւեցան ու «մշտատեւ խոտորում» զարգացուցին (Եր. 6։13. 8։5, 6)։ Սողոմոն թագաւորի փառաւոր տաճարը, որ գրեթէ չորս դարերէ ի վեր ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոնը եղած էր, պիտի կործանուէր։ Երուսաղէմն ու Յուդան պիտի ամայանային եւ անոնց բնակիչները գերի պիտի տարուէին։ Յստակ է որ հրատապ էր այն պատգամը, որ Երեմիա յանձնարարուեցաւ հաղորդելու։
5, 6. ա) Եհովա ներկայիս ինչպէ՞ս կը գործածէ Երեմիա դասակարգը։ բ) Մեր ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ բաներու վրայ պիտի կեդրոնանայ։
5 Արդի ժամանակներուն, Եհովա սիրալիրօրէն մարդկութեան հայթայթած է օծեալ քրիստոնեաներու խումբ մը, որ իբրեւ այլաբանական դէտ կը գործէ՝ այս աշխարհին վերաբերեալ Իր դատաստանին մասին ազդարարութիւն տալու։ Տասնամեակներէ ի վեր, այս Երեմիա դասակարգը մարդիկը կը յորդորէ, որ ուշադրութիւն ընծայեն մեր ապրած ժամանակներուն (Եր. 6։17)։ Աստուածաշունչը կը շեշտէ թէ Եհովան՝ Մեծ Ժամանակապահը, դանդաղ չէ։ Անոր օրը պիտի գայ ճիշդ ժամանակին, այնպիսի ժամու մը՝ որ մարդիկ չեն ակնկալեր (Սոփ. 3։8. Մար. 13։33. Բ. Պետ. 3։9, 10)։
6 Ի մտի ունեցիր թէ Եհովա արթուն է եւ իր արդար նոր աշխարհը ճիշդ ժամանակին պիտի հաստատէ։ Ասիկա գիտնալը Երեմիա դասակարգէն եղողները պէտք է խթանէ եւ անոնց նուիրեալ ընկերակիցներուն օգնէ, որ իրենց պատգամին հետզհետէ աւելցող հրատապութեան նկատմամբ աչալուրջ ըլլան։ Ասիկա ինչպէ՞ս քեզի կ’ազդէ։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ բոլորը պէտք է որոշեն, թէ Եհովային պիտի ծառայե՛ն կամ ոչ։ Քննարկենք երեք յատկութիւններ, որոնք Երեմիային օգնեցին իր յանձնարարութեան նկատմամբ արթուն կենալու, եւ մեզի պիտի օգնեն որ նոյնը ընենք։
Մարդոց հանդէպ սէր
7. Բացատրէ՛ թէ սէրը ինչպէ՛ս մղեց Երեմիան, որ դժուարին կացութիւններու դիմաց քարոզէ։
7 Ի՞նչ բան մղեց Երեմիան որ դժուարին կացութիւններու դիմաց քարոզէ։ Ան մարդոց հանդէպ սէր ունէր։ Երեմիա գիտէր թէ ժողովուրդին դիմագրաւած խնդիրներուն մեծամասնութեան պատճառը կեղծ հովիւներն էին (Եր. 23։1, 2)։ Ասիկա գիտնալը իրեն օգնեց որ իր գործը սիրով ու կարեկցութեամբ կատարէ։ Ան ուզեց որ իր հայրենակիցները Աստուծոյ խօսքերը լսեն եւ ապրին։ Ան ա՛յնքան մտահոգ էր, որ անոնց վրայ գալիք աղէտին համար լացաւ (կարդա՛ Երեմիա 8։21. 9։1)։ Ողբք գիրքը վառ կերպով կ’արտացոլացնէ Եհովայի անուան ու ժողովուրդին հանդէպ Երեմիայի խոր սէրն ու մտահոգութիւնը (Ողբք 4։6, 9)։ Երբ կը տեսնես որ մարդիկ այսօր «յոգնած ու ցիրուցան եղած [են] հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս», չե՞ս փափաքիր անոնց բերել Աստուծոյ Թագաւորութեան մխիթարիչ լուրը (Մատ. 9։36)։
8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ տառապանքը Երեմիան չդառնացուց։
8 Երեմիա տառապանք կրեց ա՛յն մարդոց կողմէ, որոնց ուզեց օգնել. սակայն ան վրէժ չառաւ կամ չդառնացաւ։ Ան երկայնամիտ ու քաղցր էր, նոյնիսկ չար թագաւորին՝ Սեդեկիային հանդէպ։ Սեդեկիան զինք յանձնելէ ետք որ մահուան մատնուի, Երեմիա շարունակեց անոր աղաչել որ Եհովայի ձայնը մտիկ ընէ (Եր. 38։4, 5, 19, 20)։ Մարդոց հանդէպ մեր սէրը Երեմիայի սիրոյն չափ զօրաւո՞ր է։
Աստուածատուր քաջութիւն
9. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Երեմիայի քաջութիւնը Աստուծմէ էր։
9 Երբ Եհովա առաջին անգամ իրեն հետ Եր. 20։11)։ Երեմիայի համարձակութեան ու քաջութեան համբաւին շնորհիւ, Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին, ոմանք կարծեցին թէ Յիսուս վերակենդանացած Երեմիան էր (Մատ. 16։13, 14)։
խօսեցաւ, Երեմիա փորձեց խոյս տալ։ Ասկէ կը գիտնանք թէ յետագային իր ցուցաբերած քաջութիւնն ու հաստատամտութիւնը բնածին չէր։ Իրականութեան մէջ, իր մարգարէական գործին ընթացքին Երեմիայի ցուցաբերած արտասովոր զօրութիւնը յառաջ եկաւ իր լման ապաւինութենէն Աստուծոյ վրայ։ Արդարեւ, Եհովա մարգարէին հետ էր «զօրաւոր ախոյեանի պէս», այն առումով որ սատար կանգնեցաւ Երեմիային եւ զինք զօրացուց իր նշանակումը կատարելու (10. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ օծեալ մնացորդը ‘ազգերու եւ թագաւորութիւններու վրայ’ է։
10 «Ազգերու Թագաւոր» ըլլալով, Եհովա Երեմիային յանձնարարութիւն տուաւ որ դատաստանական պատգամ հաղորդէր ազգերուն ու թագաւորութիւններուն (Եր. 10։6, 7)։ Բայց ի՞նչ առումով օծեալ մնացորդը «ազգերու վրայ եւ թագաւորութիւններու վրայ» է (Եր. 1։10)։ Վաղեմի մարգարէին նման, Երեմիա դասակարգը տիեզերքի Գերիշխանէն նշանակում մը ստացած է։ Այսպէս՝ Աստուծոյ օծեալ ծառաները պատշաճօրէն լիազօրուած են համայն աշխարհին մէջ յայտարարութիւններ ընելու ազգերուն ու թագաւորութիւններուն դէմ։ Բարձրեալ Աստուծմէ հեղինակութիւն ունենալով եւ անոր ներշնչեալ Խօսքին յստակ լեզուն գործածելով, Երեմիա դասակարգը կը հրապարակէ, թէ այսօրուան ազգերն ու թագաւորութիւնները պիտի քակուին ու կորսուին՝ Աստուծոյ որոշած ժամանակին եւ անոր ընտրած միջոցներով (Եր. 18։7-10. Յայտ. 11։18)։ Երեմիա դասակարգը վճռած է չթուլնալ իր աստուածատուր յանձնարարութեան մէջ, որ Եհովայի դատաստանական պատգամները աշխարհի տարածքին ծանուցանէ։
11. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ առանց ձեռնթափ ըլլալու շարունակենք քարոզել, երբ դժուար կացութիւններ դիմագրաւենք։
11 Հակառակութեան, անտարբերութեան կամ դժուարին պարագաներու դիմաց վհատիլը արտասովոր բան մը չէ (Բ. Կոր. 1։8)։ Բայց Երեմիային պէս, շարունակե՛նք ընթանալ։ Մի՛ յուսահատիր։ Իւրաքանչիւրս շարունակենք Աստուծոյ աղերսել, ապաւինիլ ու ‘համարձակութիւն ունենալ’, մինչ օգնութեան համար իրեն կը դիմենք (Ա. Թես. 2։2)։ Ճշմարիտ երկրպագուներ ըլլալով, հարկ է որ մեր աստուածատուր պատասխանատուութիւններուն նկատմամբ շարունակենք արթուն կենալ։ Պէտք է վճռենք առանց ձեռնթափ ըլլալու քարոզել քրիստոնեայ աշխարհի կործանման մասին, որ նախապատկերացուած էր անհաւատարիմ Երուսաղէմի կործանումով։ Երեմիա դասակարգը հաստատամիտ է ոչ միայն «Տէրոջը ընդունելի տարին» յայտարարելու, այլ նաեւ՝ «մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը» (Եսա. 61։1, 2. Բ. Կոր. 6։2)։
Սրտագին ուրախութիւն
12. Ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել, թէ Երեմիա իր ուրախութիւնը պահպանեց, եւ ասիկա ընելու համար ի՞նչ բան գլխաւոր ազդակ էր։
12 Երեմիա իր գործով ուրախացաւ։ Ան Եհովային ըսաւ. «Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս՝ զանոնք կերայ։ Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած» (Եր. 15։16)։ Երեմիա առանձնաշնորհում նկատեց ճշմարիտ Աստուածը ներկայացնելը եւ անոր խօսքը քարոզելը։ Հետաքրքրական է որ երբ Երեմիան մարդոց ծաղրանքին վրայ կեդրոնացաւ, իր ուրախութիւնը կորսնցուց։ Բայց երբ ան իր ուշադրութիւնը դարձուց իր պատգամին գեղեցկութեան ու կարեւորութեան, իր ուրախութիւնը վերագտաւ (Եր. 20։8, 9)։
13. Մեր ուրախութիւնը պահպանելու համար, ինչո՞ւ հոգեւոր խորունկ ճշմարտութիւններով սնուցանուիլը կարեւոր է։
13 Մեր օրերուն՝ քարոզչութեան մէջ ուրախութիւն պահպանելու համար, հարկ է որ սնուցանուինք «հաստատուն կերակուր»ով՝ Աստուծոյ Խօսքին խորունկ ճշմարտութիւններով (Եբ. 5։14)։ Խորապէս ուսումնասիրելը հաւատք կը կերտէ (Կող. 2։6, 7)։ Ատիկա մեր մտքին մէջ կը դրոշմէ, թէ մեր արարքները իրապէս ինչպէ՛ս Եհովայի սրտին կը դպչին։ Եթէ կը մաքառինք ժամանակ գտնելու որ Աստուածաշունչը կարդանք եւ ուսումնասիրենք, հարկ է որ մեր յայտագիրը վերաքննենք։ Ամէն օր նոյնիսկ քանի մը վայրկեան ուսումնասիրելը եւ խոկալը մեզ աւելի պիտի մօտեցնէ Եհովային, ու ‘սրտին ցնծութեան եւ ուրախութեան’ պիտի նպաստէ, ինչպէս որ էր պարագան Երեմիայի։
14, 15. ա) Որովհետեւ Երեմիա իր յանձնարարութեան հաւատարմօրէն կառչեցաւ, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ բ) Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը քարոզչութեան նկատմամբ ի՞նչ բանի կը գիտակցի։
Եր. 1։10)։ Իր շինելու եւ տնկելու գործը արդիւնք տուաւ։ Մ.թ.ա. 607–ին, կարգ մը հրեաներ եւ ոչ–իսրայէլացիներ Երուսաղէմի կործանումէն վերապրեցան, ինչպէս՝ Ռեքաբեանները, Աբդեմելէք եւ Բարուք (Եր. 35։19. 39։15-18. 43։5-7)։ Երեմիայի այս հաւատարիմ եւ աստուածավախ բարեկամները շատ լաւ կերպով կը լուսաբանեն ներկայիս երկրային յոյս ունեցողները, որոնք Երեմիա դասակարգին կ’ընկերակցին։ Այս «մեծ բազմութիւն»ը հոգեւորապէս կերտելը Երեմիա դասակարգին մեծ հաճոյք կը պատճառէ (Յայտ. 7։9)։ Նմանապէս, օծեալներու այս հաւատարիմ ընկերակիցները խորունկ գոհունակութիւն կը գտնեն՝ պարկեշտամիտ անհատներուն օգնելով որ ճշմարտութեան մասին գիտութիւն ստանան։
14 Երեմիա առանց ձեռնթափ ըլլալու հրապարակեց Եհովայի ազդարարութիւններն ու դատաստանական պատգամը. այսուհանդերձ, ան խորապէս հետաքրքրուած էր իր յանձնարարութեամբ, որ ‘շինէ ու տնկէ’ (15 Աստուծոյ ժողովուրդը կը գիտակցի, թէ բարի լուրը քարոզելը ոչ միայն հանրային ծառայութիւն մըն է լսողներուն, հապա նաեւ՝ Աստուած պաշտելու արարք մը։ Լսող ականջ գտնե՛նք թէ ոչ, մեր քարոզելով Եհովային սրբազան ծառայութիւն մատուցանելը մեզի մեծ ուրախութիւն կը Սաղ. 71։23. կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։9, 10)։
բերէ (Նշանակումիդ նկատմամբ արթուն կեցիր
16, 17. Յայտնութիւն 17։10–ը եւ Ամբակում 2։3–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան մեր ժամանակներուն հրատապութիւնը։
16 Մեր ապրած ժամանակներուն հրատապութիւնը կը շեշտուի, երբ նկատի կ’առնենք Յայտնութիւն 17։10–ի մէջ արձանագրուած ներշնչեալ մարգարէութիւնը։ Եօթներորդ թագաւորը՝ Անգլօ–ամերիկեան աշխարհակալ ուժը, գոյացած է։ Անոր առնչութեամբ կը կարդանք. «Երբ [եօթներորդ աշխարհակալ ուժը] գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ»։ Այժմ այդ «քիչ ատեն»ը իր աւարտին մօտիկ ըլլալու է։ Ամբակում մարգարէն այս ամբարիշտ դրութեան վախճանին առնչութեամբ սա երաշխիքը կու տայ. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է. . . անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ» (Ամբ. 2։3)։
17 Դուն քեզի հարց տուր. ‘Կեանքս իրապէս կ’արտացոլացնէ՞ մեր ժամանակներուն հրատապութիւնը։ Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ, թէ կ’ակնկալեմ որ վախճանը շուտով գայ։ Թէ ոչ որոշումներս ու նախապատուութիւններս կը մատնանշեն, թէ չեմ ակնկալեր որ վախճանը մօտ է կամ թէ նոյնիսկ վստահ չեմ որ երբեք պիտի գայ’։
18, 19. Հիմա ինչո՞ւ ժամանակը չէ որ դանդաղինք։
18 Դէտ դասակարգին գործը դեռ չէ ամբողջացած (կարդա՛ Երեմիա 1։17-19)։ Ուրախութեան ի՜նչ աղբիւր մըն է, որ օծեալ մնացորդը անխախտ կը կենայ, «երկաթէ սիւնի պէս» եւ «ամուր քաղաքի պէս»։ Անոնք իրենց ‘մէջքերը ճշմարտութեամբ ամրացուցած են’, այն առումով որ թոյլ կու տան Աստուծոյ Խօսքին, որ զիրենք զօրացնէ մինչեւ իրենց յանձնարարուած գործին աւարտը (Եփ. 6։14)։ Նոյնանման վճռականութեամբ, մեծ բազմութենէն եղողները աշխուժօրէն կ’աջակցին Երեմիա դասակարգին, անոր աստուածային նշանակումը կատարելուն մէջ։
19 Հիմա ժամանակը չէ որ դանդաղինք Թագաւորութեան գործունէութեան մէջ, այլ՝ նկատի առնենք Երեմիա 12։5–ի կարեւորութիւնը (կարդա՛)։ Բոլորս կը դիմագրաւենք փորձութիւններ, որոնց պէտք է տոկանք։ Հաւատքի այս փորձերը կրնան բաղդատուիլ «հետեւակներու» հետ, որոնց հետ պէտք է վազենք։ Սակայն մինչ «մեծ նեղութիւն»ը կը մօտենայ, կրնանք ակնկալել որ դժուարութիւնները աւելնան (Մատ. 24։21)։ Յետագայ աւելի դժուար մարտահրաւէրները դիմագրաւելը կրնայ նմանցուիլ ‘ձիաւորներու հետ մրցելուն’։ Մարդու մը համար՝ տոկալու մեծ ոյժ կը պահանջէ, որ քառասմբակ վազող ձիերուն հետ մրցի։ Ուրեմն օգտակար է որ տոկանք ներկայիս մեր դիմագրաւած փորձութիւններուն, եւ ասիկա կրնայ մեզ պատրաստ դարձնել որ գալիք փորձութիւններուն տոկանք։
20. Ի՞նչ վճռած ես ընել։
20 Բոլորս կրնա՛նք Երեմիան ընդօրինակել ու յաջողապէս կատարել քարոզելու մեր նշանակումը։ Սիրոյ, քաջութեան եւ ուրախութեան նման յատկութիւններ Երեմիան մղեցին, որ իր 67 տարի տեւող ծառայութիւնը հաւատարմութեամբ կատարէ։ Նշենիին գեղեցիկ ծաղիկը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովա պիտի ‘հսկէ’ իր խօսքին վրայ՝ զայն իրագործելու համար։ Ուրեմն նոյն բանը ընելու վաւերական պատճառ ունինք։ Երեմիա արթուն մնաց, մենք ալ կրնանք։
Կը յիշե՞ս
• Սէրը ինչպէ՞ս օգնեց Երեմիային, որ իր յանձնարարութեան նկատմամբ արթուն կենայ։
• Ինչո՞ւ աստուածատուր քաջութեան պէտք ունինք։
• Ի՞նչ բան Երեմիային օգնեց, որ իր ուրախութիւնը պահպանէ։
• Ինչո՞ւ կ’ուզես արթուն կենալ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 31]
Հակառակութեան դիմաց՝ պիտի շարունակե՞ս քարոզել