Ամուսնութիւնը յարգեցէ՛ք որպէս Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ
Ամուսնութիւնը յարգեցէ՛ք որպէս Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ
«Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (ԾՆ. 2։24)։
1. Եհովա ինչո՞ւ մեր յարգանքին արժանի է։
ԵՀՈՎԱ Աստուած՝ ամուսնութեան Հիմնադիրը, վստահաբար մեր յարգանքին արժանի է։ Որպէս մեր Արարիչը, Գերիշխանը եւ երկնաւոր Հայրը, ան իրաւացիօրէն կը նկարագրուի որպէս «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը (Յակ. 1։17. Յայտ. 4։10բ)։ Ասիկա իր անհուն սիրոյն մէկ դրսեւորումն է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ամէն ինչ որ մեզի սորվեցուցած է, ամէն ինչ որ մեզմէ պահանջած է, ամէն ինչ որ մեզի տուած է, միմիայն մեր բարօրութեան եւ օգտին համար եղած է (Եսա. 48։17)։
2. Եհովա առաջին ամուսնացած զոյգին ի՞նչ ցուցմունքներ տուաւ։
2 Աստուածաշունչը ամուսնութիւնը կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ տուած այս «բարի» պարգեւներէն մէկը (Հռութ 1։9. 2։12)։ Առաջին ամուսնութիւնը կատարելու ատեն, Եհովա զոյգին՝ Ադամին ու Եւային, մասնայատուկ ցուցմունքներ տուաւ թէ ինչպէ՛ս յաջողին (կարդա՛ Մատթէոս 19։4-6)։ Եթէ անոնք Աստուծոյ ուղղութեան հետեւէին, մնայուն երջանկութիւն պիտի վայելէին։ Սակայն անոնք անմտօրէն արհամարհեցին Աստուծոյ պատուէրը, եւ ահռելի հետեւանքներ կրեցին (Ծն. 3։6-13, 16-19, 23)։
3, 4. ա) Այսօր շատեր ինչպէ՞ս չեն յարգեր թէ՛ ամուսնութիւնը եւ թէ Եհովա Աստուած։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ օրինակներ նկատի պիտի առնենք։
3 Այդ առաջին զոյգին նման, այսօր շատեր ամուսնական որոշումներ կը կայացնեն՝ Եհովայի ուղղութեան չնչին ուշադրութիւն ընծայելով կամ ո՛չ մէկ կարեւորութիւն տալով։ Ոմանք ամուսնական կարգադրութիւնը բոլորովին կը մերժեն, մինչ ուրիշներ կը փորձեն զայն վերասահմանել, որպէսզի իրենց ցանկութիւններուն յարմարի (Հռով. 1։24-32. Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Անոնք կ’անտեսեն այն իրողութիւնը, թէ ամուսնութիւնը Աստուծմէ պարգեւ մըն է, եւ այդ պարգեւը չյարգելով՝ անոնք նաեւ չեն յարգեր Տուողը՝ Եհովա Աստուած։
4 Երբեմն նոյնիսկ Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանք կը սկսին ամուսնութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը յստակ չտեսնել։ Կարգ մը քրիստոնեայ զոյգեր կ’որոշեն բաժնուիլ, կամ աստուածաշնչական հիմ չունենալով կ’ամուսնալուծուին։ Ամոլներ ինչպէ՞ս կրնան ասկէ խուսափիլ։ Ծննդոց 2։24–ի մէջ գտնուած Աստուծոյ ուղղութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել ամուսնացած քրիստոնեաներուն, որ իրենց ամուսնութիւնը ամրապնդեն։ Իսկ անոնք որոնք կը մտածեն ամուսնանալ, ինչպէ՞ս կրնան նախապատրաստուիլ։ Տեսնենք երեք յաջողակ ամուսնութիւններ աստուածաշնչական ժամանակներուն մէջ, որոնք կը լուսաբանեն թէ Եհովայի հանդէպ յարգանքը ինչպէ՛ս կենսական բանալի մըն է մնայուն ամուսնութեան համար։
Հաւատարմութիւն մշակեցէք
5, 6. Ի՞նչ կացութիւն հաւանաբար Զաքարիան եւ Եղիսաբէթը փորձի ենթարկեց, իսկ անոնց հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ։
5 Զաքարիա եւ Եղիսաբէթ բոլոր շիտակ բաները ըրին։ Իւրաքանչիւրը հոգեւոր մտայնութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնացաւ։ Զաքարիա իր քահանայական պարտականութիւնները հաւատարմօրէն կատարեց, ու երկուքն ալ իրենց լաւագոյնը ըրին որպէսզի Աստուծոյ Օրէնքը պահեն։ Վստահաբար, անոնք երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունէին։ Բայց եթէ Յուդայի մէջ իրենց տունը այցելէիր, շուտով պիտի անդրադառնայիր թէ բան մը պակաս էր։ Անոնք զաւակ չունէին։ Եղիսաբէթ ամուլ էր, ու երկուքն ալ յառաջացած տարիք ունէին (Ղուկ. 1։5-7)։
6 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, ծննդաբերութեան մեծ Ա. Թագ. 1։2, 6, 10. Սաղ. 128։3, 4)։ Այդ օրերուն, իսրայէլացի տղամարդ մը կրնար դաւաճանօրէն իր կինը արձակել, եթէ ան զաւակ չբերէր։ Սակայն Զաքարիա հաւատարմաբար Եղիսաբէթին հետ մնաց։ Թէ՛ ինք եւ թէ իր կինը, ամուսնալուծման դիւրին ճամբայ մը չփնտռեցին։ Թէեւ անզաւակ մնալը զիրենք տխրեցուց, բայց անոնք հաւատարմաբար շարունակեցին միասին Եհովայի ծառայել։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովա հրաշալիօրէն զիրենք առատապէս վարձատրեց, իրենց ծերութեան ատեն իրենց որդի մը տալով (Ղուկ. 1։8-14)։
արժէք կը տրուէր, իսկ ընտանիքները յաճախ բազմանդամ կ’ըլլային (7. Եղիսաբէթ ուրիշ ի՞նչ կերպով ալ փաստեց, թէ իր ամուսինին հաւատարիմ էր։
7 Եղիսաբէթ ուրիշ կերպով ալ գովելի հաւատարմութիւն դրսեւորեց։ Երբ իր որդին՝ Յովհաննէս՝ ծնաւ, Զաքարիա չէր կրնար խօսիլ քանի որ համրութեամբ զարնուած էր, ի պատճառ Աստուծոյ հրեշտակը հարցականի տակ դնելուն։ Այսուհանդերձ Զաքարիա ձեւով մը իր կնոջ հասկցուցած ըլլալու էր, թէ Եհովայի հրեշտակը իրեն ըսած էր, որ տղուն անունը «Յովհաննէս» դնէր։ Դրացիներն ու ազգականները ուզեցին տղան իր հօր անունով կոչել։ Բայց Եղիսաբէթ հաւատարմաբար իր ամուսինին ուղղութեան կառչեցաւ։ Ան ըսաւ. «Ո՛չ, հապա Յովհաննէս պիտի կոչուի» (Ղուկ. 1։59-63)։
8, 9. ա) Հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս ամուսնութիւնը կ’ամրապնդէ։ բ) Ի՞նչ են որոշ կերպեր, որոնցմով ամուսինը եւ կինը կրնան հաւատարմութիւն ցոյց տալ։
8 Զաքարիայի եւ Եղիսաբէթի նման, ներկայիս ամուսնացած զոյգեր յուսախաբութիւններ եւ այլ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Ամուսնութիւնը առանց հաւատարմութեան պիտի չծաղկի։ Անլուրջ սիրախօսութիւնը, պոռնկագրութիւնը, շնութիւնը եւ ամուսնութեան այլ սպառնալիքներ, կրնան ամուսնական վստահութիւնը անդարմանելիօրէն կործանել։ Իսկ երբ ամուսնութեան մէջ վստահութիւնը քայքայուի, սէրը կը սկսի թառամիլ։ Հաւատարմութիւնը ձեւով մը կը նմանի տունը շրջապատող պաշտպանիչ ցանկապատի մը, որ անկոչ այցելուներն ու սպառնալիքները դուրս կը պահէ, որոշ չափով ապահովութիւն տալով տան մէջ եղողներուն։ Արդ, երբ ամուսինն ու կինը իրարու հաւատարիմ են, կրնան ապահովութեամբ միասին բնակիլ եւ իրենց սիրտը բանալ իրարու, թոյլ տալով որ իրենց սէրը աճի։ Այո, հաւատարմութիւնը էական է։
9 Եհովա Ադամին ըսաւ. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի» (Ծն. 2։24)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Բարեկամներու եւ ազգականներու հետ եղած առաջուան կապերը հարկ է որ ճշդուին։ Ամոլներ իրենց ժամանակը եւ ուշադրութիւնը նա՛խ իրարու պէտք է տրամադրեն։ Բարեկամներն ու ազգականները այլեւս չեն կրնար նոր ընտանիքին հաշւոյն առաջնահերթ դիրքը գրաւել. ոչ ալ զոյգը պէտք է ծնողներուն թոյլատրէ, որ ընտանեկան որոշումներու կամ անհամաձայնութիւններու միջամտեն։ Զոյգը այժմ իրարու պէտք է յարին։ Ասիկա Աստուծոյ ուղղութիւնն է։
10. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ կողակիցներուն հաւատարմութիւն մշակելու։
10 Նոյնիսկ կրօնապէս բաժնուած տուներու մէջ, հաւատարմութիւնը վարձատրութիւններ կը բերէ։ Անհաւատ կողակից ունեցող քոյր մը կ’ըսէ. «Շա՜տ երախտապարտ եմ Եհովային, որ ինծի սորվեցուց թէ ինչպէ՛ս ամուսինիս հպատակիմ եւ զինք խորապէս յարգեմ։ Հաւատարիմ մնալուն արդիւնքը եղած է՝ 47 տարի յարատեւ սէր ու յարգանք» (Ա. Կոր. 7։10, 11. Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Ուստի ծանր աշխատէ, որ կողակիցդ ապահով զգայ։ Թէ՛ խօսքերով ու թէ գործերով, կերպեր փնտռէ լծակիցդ հաւաստիացնելու, թէ քեզի համար ինք երկրի վրայ ամենակարեւոր անձն է։ Որքան որ կարելի է քեզի, թոյլ մի՛ տար ոեւէ մէկու կամ որեւէ բանի, որ քու եւ կողակիցիդ միջեւ գայ (կարդա՛ Առակաց 5։15-20)։ Ռոն եւ Ժանէթ, որոնք աւելի քան 35 տարի երջանիկ ամուսնութիւն կը վայելեն, կ’ըսեն. «Որովհետեւ հաւատարմօրէն կը կատարենք ինչ որ Աստուած մեզմէ կը պահանջէ, երջանիկ եւ յաջողակ ամուսնութիւն մը ունինք»։
Միութիւնը կ’ամրապնդէ ամուսնութիւնը
11, 12. Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա ինչպէ՞ս համագործակցեցան ա) տան մէջ, բ) իրենց աշխարհային գործին մէջ, եւ գ) քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։
11 Երբ Պօղոս առաքեալ իր մտերիմ բարեկամներուն՝ Ակիւղասին եւ Պրիսկիղային մասին խօսեցաւ, ան մէկը չնշեց առանց միւսին։ Այս միաբան զոյգը ընտիր օրինակ մըն է, թէ Աստուած ի՛նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ թէ ամուսինը եւ կինը «մէկ մարմին» պէտք է ըլլան (Ծն. 2։24)։ Անոնք միշտ միասին աշխատեցան իրենց տան մէջ, իրենց աշխարհային գործին մէջ եւ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։ Օրինակ՝ երբ Պօղոս առաջին անգամ Կորնթոս հասաւ, Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա ազնուօրէն զինք հրաւիրեցին որ իրենց տունը մնայ, եւ ան ակներեւօրէն զայն ժամանակ մը գործածեց որպէս կեդրոն իր գործունէութիւններուն։ Յետագային, Եփեսոսի մէջ, անոնք իրենց տունը գործածեցին ժողովքային հանդիպումներ ունենալու համար, ու միասնաբար օգնեցին նորեկներու, ինչպէս՝ Ապօղոս, որ հոգեւորապէս աճին (Գործք 18։2, 18-26)։ Այս նախանձախնդիր զոյգը ետքը Հռոմ գնաց, ուր դարձեալ իր տունը տրամադրեց ժողովքային հանդիպումներու։ Յետագային, անոնք Եփեսոս վերադարձան ու եղբայրները զօրացուցին (Հռով. 16։3-5)։
12 Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա ժամանակ մը նաեւ Պօղոսի հետ աշխատեցան իրենց նոյն արհեստով, որ էր՝ վրանագործութիւն։ Դարձեալ կը տեսնենք թէ զոյգը միասին են, համագործակցելով առանց մրցակցութեան կամ մաքառումի (Գործք 18։3)։ Սակայն վստահաբար քրիստոնէական գործունէութիւններու մէջ իրենց անցուցած ժամանակն էր, որ իրենց ամուսնութիւնը հոգեւորապէս բարձր դիրքի մը վրայ պահեց։ Ըլլա՛յ Կորնթոսի մէջ, Եփեսոսի մէջ կամ Հռոմի մէջ, անոնք հանրածանօթ եղան որպէս «Քրիստոս Յիսուսով. . . գործակիցներ» (Հռով. 16։3)։ Անոնք ուս–ուսի աշխատեցան Թագաւորութեան քարոզչութիւնը յառաջ տանելու, ուր որ ալ ծառայեցին։
13, 14. ա) Ի՞նչ կացութիւններ ամուսնութեան միութեան չեն նպաստեր։ բ) Ի՞նչ են կարգ մը բաներ, զորս կողակիցներ կրնան ընել, որպէս «մէկ մարմին» իրենց կապը ամրապնդելու։
13 Արդարեւ, նպատակակէտերու եւ գործունէութիւններու մէջ միութիւնը կ’ամրապնդէ ամուսնութիւնը (Ժող. 4։9, 10)։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս բազմաթիւ զոյգեր միասին քիչ ժամանակ կ’անցընեն։ Անոնք երկա՜ր ժամեր զատ–զատ կ’աշխատին։ Ուրիշներ շատ անգամ կը ճամբորդեն իրենց աշխարհային գործին համար, կամ գործի բերումով առանձին արտասահման կը փոխադրուին, որպէսզի ընտանիքին դրամ ուղարկեն։ Նոյնիսկ տան մէջ, կարգ մը կողակիցներ իրարմէ մեկուսացած կը զգան, առ ի հետեւանք այն ժամանակին, զոր կը յատկացնեն հեռատեսիլին, նախասիրուած ժամանցներուն, մարմնամարզին, տեսաերիզի խաղերուն կամ համացանցին։ Ձեր ընտանիքին պարագան ա՞յս է։ Եթէ այո՛, կրնա՞ք ձեր պարագաները ճշդել, որպէսզի իրարու հետ աւելի ժամանակ անցընէք։ Ի՞նչ կ’ըսէք եթէ միասին կատարէք սովորական պարտականութիւններ, ինչպէս՝ ճաշ պատրաստել, պնակները լուալ կամ պարտէզին մէջ աշխատիլ։ Կրնա՞ք միասին աշխատիլ, մինչ զաւակներուն հոգ կը տանիք կամ ձեր տարիքոտ ծնողներուն կ’օգնէք։
14 Ամենակարեւորը, Եհովայի պաշտամունքին հետ կապ ունեցող գործունէութիւններու մէջ կանոնաւորաբար միասին ժամանակ անցուցէք։ Միասին օրուան համարը քննարկելը եւ ընտանեկան պաշտամունքին մասնակցիլը հոյակապ պատեհութիւններ կ’ընծայեն, որ ձեր ընտանիքին մտածումներն ու նպատակակէտերը նոյն գծի վրայ պահէք։ Ծառայութեան մէջ ալ միասին աշխատեցէք։ Եթէ կարելի է, փորձեցէք միասնաբար ռահվիրայութիւն ընել, նոյնիսկ եթէ ձեր պարագաները ձեզի թոյլ կու տան, որ զայն միայն մէկ ամիս կամ մէկ տարի կատարէք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Քոյր մը, որ իր ամուսինին հետ ռահվիրայութիւն ըրաւ, կ’ըսէ. «Ծառայութիւնը կերպերէն մէկն էր, որով կրնայինք միասին ժամանակ անցընել եւ իրապէս խօսակցիլ։ Որովհետեւ երկուքիս նպատակակէտն ալ նոյնն էր՝ ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնել, ես զգացի թէ մեր միջեւ իսկական համագործակցութիւն կար։ Ես իրեն աւելի մօտիկ զգացի ոչ թէ միայն որպէս ամուսինս, հապա նաեւ որպէս լաւ բարեկամ մը»։ Մինչ միասնաբար արժէքաւոր բաներ կը հետապնդէք, ձեր երկուքին հետաքրքրութիւնները, նախապատուութիւնները եւ սովորութիւնները աստիճանաբար պիտի ներդաշնակուին, եւ Ակիւղասին ու Պրիսկիղային նման, երթալով աւելի պիտի մտածէք, զգաք եւ գործէք որպէս «մէկ մարմին»։
Հոգեւորութիւնը թող ձեզ առաջնորդէ
15. Յաջողակ ամուսնութեան բանալին ի՞նչ է. բացատրէ՛։
15 Յիսուս գիտէր՝ ամուսնութեան մէջ Աստուած առաջին տեղը դնելուն կարեւորութիւնը։ Ան տեսաւ թէ ինչպէ՛ս Եհովա առաջին ամուսնութիւնը կարգադրեց։ Ան նկատեց թէ Ադամն ու Եւան ո՜րքան երջանիկ էին՝ այնքան ատեն որ Աստուծոյ ուղղութեան կը հետեւէին, եւ ուղղակի տեսաւ յառաջ եկած տառապանքը, երբ զայն անտեսեցին։ Ուստի, երբ Յիսուս ուրիշներուն սորվեցուց, ան իր Հօր ցուցմունքը կրկնեց, որ կը գտնուի Ծննդոց 2։24–ի մէջ։ Ան նաեւ սա միտքը աւելցուց. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատ. 19։6)։ Ուրեմն Եհովայի հանդէպ խոր յարգանքը տակաւին երջանիկ ու յաջողակ ամուսնութեան բանալին է։ Այս առնչութեամբ, Յիսուսի երկրային ծնողները՝ Յովսէփ ու Մարիամ, ուշագրաւ օրինակ հանդիսացան։
16. Յովսէփ ու Մարիամ ինչպէ՞ս հոգեւորութիւն ցոյց տուին իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ։
16 Յովսէփ Մարիամի հանդէպ ազնիւ ու յարգալից էր։ Երբ առաջին անգամ իմացաւ թէ Մարիամ յղի էր, ան ուզեց անոր հետ ողորմութեամբ վարուիլ, նոյնիսկ նախքան Աստուծոյ հրեշտակին բացատրելը, թէ ի՛նչ պատահած էր Մարիամին (Մատ. 1։18-20)։ Որպէս զոյգ, անոնք կայսրին հրամանին հնազանդեցան, եւ նաեւ մովսիսական օրէնքին սերտօրէն կառչեցան (Ղուկ. 2։1-5, 21, 22)։ Եւ թէեւ Երուսաղէմի մէջ կրօնական գլխաւոր տօնակատարութիւններուն ներկայ գտնուիլը միայն տղամարդոցմէ պահանջուած էր, բայց Յովսէփ ու Մարիամ իրենց ընտանիքին անդամներուն հետ մէկտեղ, իւրաքանչիւր տարի ներկայ գտնուեցան (Բ. Օր. 16։16. Ղուկ. 2։41)։ Այս եւ այլ կերպերով, այս բարեպաշտ զոյգը ջանաց Եհովան հաճեցնել եւ հոգեւոր բաները խորապէս յարգեց։ Զարմանալի չէ որ Եհովա զանոնք ընտրած էր, որպէսզի իր Որդիին հոգ տանին, անոր երկրային կեանքին առաջին հանգրուանին ընթացքին։
17, 18. ա) Զոյգ մը ի՞նչ կերպերով կրնայ հոգեւորութիւնը իր ընտանիքին մէջ առաջին տեղը դնել։ բ) Ասիկա իրենց ինչպէ՞ս պիտի օգտէ։
17 Նմանապէս հոգեւորութիւնը ձեր ընտանեկան կեանքը կ’առաջնորդէ՞։ Օրինակ՝ կարեւոր որոշումներ կայացնելէ առաջ, աստուածաշնչական սկզբունքներ կը պրպտէ՞ք, հարցին շուրջ կ’աղօթէ՞ք ու յետոյ հասուն քրիստոնեայի մը խրատը կը փնտռէ՞ք. թէ ոչ կը միտիք խնդիրները լուծել հետեւելով ձեր անձնական զգացումներուն, կամ ընտանիքին ու բարեկամներուն զգացումներուն։ Ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքին շուրջ հաւատարիմ ծառային հրատարակած բազմաթիւ գործնական թելադրութիւնները կը ջանա՞ք ի գործ դնել. թէ ոչ կը հետեւիք տեղական սովորութիւններուն կամ հանրածանօթ աշխարհային խրատներուն։ Կանոնաւորաբար միասին կ’աղօթէք ու կ’ուսումնասիրէ՞ք, հոգեւոր նպատակակէտեր կը դնէ՞ք, եւ ձեր ընտանիքին նախապատուութիւններուն մասին կը խօսի՞ք։
18 Իրենց 50 տարուան երջանիկ ամուսնութեան առնչութեամբ, Ռէյ կ’ըսէ. «Բնաւ չէ եղած որ խնդիր մը չենք կրցած յաղթահարել, քանի որ Եհովան մեր ‘երեքպատիկ դերձան’ին մէկ մասը պահեցինք» (կարդա՛ Ժողովող 4։12)։ Տէննի եւ Դրինա կը համաձայնին, ըսելով. «Միասին Աստուծոյ ծառայելով, մեր ամուսնութիւնը աւելի զօրացած է»։ Անոնք աւելի քան 34 տարի է որ երջանիկ ամուսնութիւն մը կը վայելեն։ Եթէ միշտ Եհովան ձեր ամուսնութեան մէջ առաջին տեղը դնէք, ան ձեզի պիտի օգնէ յաջողելու, եւ ձեզ առատապէս պիտի օրհնէ (Սաղ. 127։1)։
Շարունակեցէ՛ք Աստուծոյ պարգեւը յարգել
19. Աստուած ինչո՞ւ ամուսնութեան պարգեւը տուաւ։
19 Ներկայիս շատերու համար, միակ կարեւոր բանը՝ անձնական երջանկութիւնն է։ Բայց Եհովայի ծառան հարցերը տարբեր կերպով կը դիտէ։ Ան գիտէ թէ Աստուած ամուսնութիւնը որպէս պարգեւ տուաւ, Իր նպատակը յառաջ տանելու համար (Ծն. 1։26-28)։ Եթէ Ադամն ու Եւան այդ պարգեւը յարգած ըլլային, ամբողջ երկրագունդը Աստուծոյ երջանիկ եւ արդար ծառաներով լեցուած դրախտի մը վերածուած պիտի ըլլար։
20, 21. ա) Ամուսնութիւնը ինչո՞ւ սրբազան պէտք է նկատենք։ բ) Յաջորդ շաբաթ ո՞ր պարգեւին մասին պիտի ուսումնասիրենք։
20 Աստուծոյ ծառաները ամուսնութիւնը յատկապէս կը տեսնեն որպէս պատեհութիւն մը, Եհովային փառք բերելու (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։31)։ Ինչպէս որ տեսանք, հաւատարմութիւնը, միութիւնը եւ հոգեւորութիւնը աստուածային յատկութիւններ են, որոնք ամուսնութիւնը կ’ամրապնդեն։ Ուստի եթէ ամուսնութեան կը պատրաստուինք կամ զայն կը զօրացնենք կամ կը փորձենք մեր ամուսնութիւնը փրկել, հարկ է որ նա՛խ ամուսնութիւնը նկատենք ինչպէս որ է՝ աստուածային ու սրբազան հաստատութիւն մը։ Այս ճշմարտութիւնը ի մտի ունենալը մեզ պիտի մղէ մեր լաւագոյնը ընելու, որ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած ամուսնական որոշումներ կայացնենք։ Այսպիսով ոչ թէ միայն ամուսնութեան պարգեւը կը յարգենք, այլ նաեւ զայն Տուողը՝ Եհովա Աստուած։
21 Անշուշտ, ամուսնութիւնը միակ պարգեւը չէ, զոր Եհովա մեզի տուած է. ոչ ալ անիկա կեանքին մէջ երջանկութեան միակ ճամբան է։ Մեր յաջորդ յօդուածին մէջ, Աստուծմէ տակաւին ուրիշ թանկագին պարգեւ մը նկատի պիտի առնենք, որ է՝ ամուրիութեան պարգեւը։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես
• Հաւատարմութիւնը ամուսնացած քրիստոնեաներուն ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ։
• Ինչո՞ւ միաբանութեամբ միասին աշխատիլը ամուսնութիւնը պիտի ամրապնդէ։
• Ի՞նչ են կարգ մը կերպեր, որոնցմով ամոլներ կրնան թոյլ տալ, որ հոգեւորութիւնը զիրենք առաջնորդէ։
• Ինչպէ՞ս կրնանք յարգանք ցոյց տալ Եհովային՝ ամուսնութեան Հիմնադիրին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 17]
Միասնաբար աշխատիլը զոյգերուն կ’օգնէ միացած մնալու