Շատեր ի՞նչ բանէ կը վախնան
Շատեր ի՞նչ բանէ կը վախնան
«Պէտք չունիս կրօնասէր ըլլալու, որ խորհիս թէ դէպի աղէտ կ’ուղղուինք» (ՍԹԷՖԸՆ ՕԼԻՐԻ, ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ՓՐՈՖԷՍՈՐ, ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ)։ *
ՎԵՐՈՆՇԵԱԼ խօսքին հետ համաձա՞յն ես։ Այս յօդուածաշարքը աչքէ պիտի անցընէ կարգ մը պատճառներ, թէ մարդիկ ինչո՛ւ ապագայէն կը վախնան։ Բայց անիկա նաեւ ցոյց պիտի տայ, թէ ինչո՛ւ կրնաս վստահ ըլլալ, որ երկրագունդին վրայ կեանքը վերջ պիտի չգտնէ։ Լաւատեսութեան վաւերական պատճառ կայ, հակառակ այն զգաստացուցիչ իրողութիւններուն, զորս այժմ պիտի կարդաս։
Կորիզային պատերազմի սպառնալիքը տակաւին մեծ է։ 2007–ին, Bulletin of the Atomic Scientists ազդարարեց. «Առաջին հիւլէական ռումբերը Հիրոշիմայի ու Նակազաքիի վրայ նետուելէն ի վեր, աշխարհը այսպիսի վտանգաւոր ընտրութիւններ չէ դիմագրաւած»։ Ինչո՞ւ այս մտահոգութիւնը։ Անիկա տեղեկագրեց թէ 2007–ին, տակաւին շուրջ 27,000 կորիզային զէնքեր կային եւ անոնցմէ 2000–ը «քանի մը վայրկեանուան մէջ արձակուելու պատրաստ» էին։ Եթէ այդ զէնքերէն միայն չնչին մաս մը պայթէր, ազդեցութիւնը աղէտաբեր պիտի ըլլար։
Անկէ ի վեր կորիզային պատերազմի սպառնալիքը նուազա՞ծ է։ Կորիզային զինամթերք ունեցող հինգ կարկառուն պետութիւնները,– Միացեալ Թագաւորութիւն, Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան եւ Ֆրանսա,– «կա՛մ կորիզային զէնքերու նոր համակարգեր կը տարածեն եւ կամ յայտարարած են թէ կը մտադրեն ասիկա ընել», կը նշէ SIPRI Yearbook 2009։ * * Բայց սոյն տարեգիրքը կը դաւանի, թէ այդ երկիրները միակը չեն, որ կորիզային զէնքեր ունին։ Հետազօտիչներ կ’ենթադրեն որ Հնդկաստան, Փաքիստան եւ Իսրայէլ, իւրաքանչիւրը 60-80 կորիզային ռումբ ունի։ Անոնք նաեւ կը նշեն թէ համայն աշխարհի մէջ, ներկայիս 8392 կորիզային զէնքեր սփռուած են, որոնք արձակուելու պատրաստ են։
Կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ աղէտներ բերել։ Վերոնշեալ Bulletin of the Atomic Scientists–ը կ’ըսէ. «Կլիմայական փոփոխութեան ներկայացուցած
վտանգները գրեթէ նո՛յնքան սարսափելի են՝ ո՛րքան կորիզային զէնքերուն ներկայացուցած վտանգները»։ Յարգարժան գիտնականներ,– ինչպէս՝ Սթէֆըն Հոքինկ, պատուակալ ուսուցչապետ Քէմպրիճ համալսարանի մէջ, եւ Սըր Մարթին Ռիս, Քէմպրիճ համալսարանի Երրորդութիւն քոլէճի ուսուցիչ,– այդ ուժգին ազդարարութիւնները կ’երկրորդեն։ Անոնք կը զգան թէ արուեստագիտութեան յոռի ղեկավարութիւնը եւ կենսոլորտին վրայ մարդուն ազդեցութիւնը կրնան երկրի վրայ անշրջելիօրէն կեանքը փոխել կամ նոյնիսկ քաղաքակրթութեան վերջ դնել։Վերջին դատաստանի գուշակումները միլիոնաւորներ կը մտատանջեն։ Համացանցի որոնման շարժիչի մը մէջ գրէ «աշխարհի վախճանը» եւ «2012» տարեթիւը, եւ պիտի գտնես հարիւրաւոր էջեր, որոնք կ’ենթադրեն թէ վախճանը այդ տարին պիտի գայ։ Ինչո՞ւ։ Վաղեմի մայաներու մէկ օրացոյցը, որ «Երկար հաշիւ» կը կոչուի, 2012 թուականին կ’աւարտի։ Շատեր կը վախնան որ ասիկա կերպով մը կը մատնանշէ մեր ճանչցած քաղաքակրթութեան վախճանը։
Բազմաթիւ կրօնասէր անհատներ կը հաւատան որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ բառացի երկրագունդը պիտի կործանի։ Անոնք կը խորհին թէ բոլոր հաւատարիմ հաւատացեալները երկինք պիտի առնուին, իսկ մնացեալ մարդկութիւնը քաոսային երկրագունդի վրայ պիտի մնայ՝ որպէսզի տառապի, կամ դժոխք պիտի նետուի։
Արդ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ՞ թէ երկրագունդը ամբողջովին պիտի քանդուի կամ կործանի։ Յովհաննէս առաքեալ զգուշացուց. «Մի՛ հաւատաք ամէն մարդու՝ որ կ’ըսէ թէ Աստուծոյ Հոգին ունի։ Փորձեցէ՛ք զանոնք, գիտնալու համար՝ թէ իրապէս Աստուծո՞յ Հոգիով կը խօսին» (Ա. Յովհաննէս 4։1, Անթիլիաս)։ Փոխանակ ուրիշներու ըսածները պարզապէս ընդունելու, ինչո՞ւ Աստուածաշունչը չբանաս եւ անձամբ չտեսնես թէ անիկա աշխարհի վախճանին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Անոր սորվեցուցածը կրնայ քեզ անակնկալի բերել։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 2 Առնուած՝ «Աղէտները կը հրահրեն վերջին դատաստանի օրուան գուշակումները» յօդուածէն, հրատարակուած՝ MSNBC ցանցակայքին մէջ, 19 հոկտեմբեր 2005։
^ պարբ. 5 SIPRI կը նշանակէ՝ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան հիմնախնդիրներու հետազօտութեան միջազգային ինստիտուտ։
^ պարբ. 5 SIPRI Yearbook 2009–ի բովանդակած տեղեկագրութեան գրողներն են՝ Շենըն Ն. Քայլ, աւագ հետազօտիչ եւ SIPRI–ի Զէնքերը սանձելու եւ սահմանափակելու յայտագրին մաս կազմող կորիզային զէնքերու ծրագրին ատենապետը. Վիթալի Ֆետչէնքօ, SIPRI–ի Զէնքերը սանձելու եւ սահմանափակելու յայտագրին մասնակցող հետազօտիչ. եւ Հանս Մ. Քրիսընսըն, Ամերիկեան գիտնականներու համադաշնակցութեան պատկանող կորիզային տեղեկութեանց ծրագրին տնօրէնը։
[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 4]
Mushroom cloud: U.S. National Archives photo; hurricane photos: WHO/League of Red Cross and U.S. National Archives photo