Յիսուս ինչպէ՛ս Աստուծոյ արդարութիւնը կը պանծացնէ
Յիսուս ինչպէ՛ս Աստուծոյ արդարութիւնը կը պանծացնէ
«Աստուած նախապէս սահմանած էր [Քրիստոսը], քաւութիւն ըլլալու, եթէ անոր արեան հաւատան։ Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը» (ՀՌՈՎ. 3։25)։
1, 2. ա) Մարդկութեան վիճակին մասին Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ բ) Այս յօդուածը ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնէ։
ԵԴԵՄԻ պարտէզին մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութեան աստուածաշնչական արձանագրութիւնը հանրածանօթ է։ Բոլորս Ադամի մեղքին ազդեցութիւնը կը զգանք, ինչպէս որ սա խօսքերը կը բացատրեն. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռով. 5։12)։ Որքան ալ ճգնինք շիտակը ընել, կը գործենք սխալներ, որոնց համար Աստուծոյ ներումին կարիքը ունինք։ Նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ ողբաց. «Ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։ Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես» (Հռով. 7։19, 24)։
2 Մեր մեղաւոր բնոյթը հետեւեալ կարեւոր հարցումները կը յարուցանէ. ինչպէ՞ս կարելի էր որ նազովրեցի Յիսուս ժառանգուած մեղքէն զերծ ծնէր եւ ինչո՞ւ մկրտուեցաւ։ Յիսուսի կեանքի ընթացքը ինչպէ՞ս Եհովայի արդարութիւնը պանծացուց։ Ամենակարեւորը, Քրիստոսի մահը ի՞նչ իրագործեց։
Աստուծոյ արդարութեան ասպարէզ կարդացուեցաւ
3. Սատանան ինչպէ՞ս Եւան խաբեց։
3 Մեր առաջին ծնողները՝ Ադամ ու Եւա, Աստուծոյ գերիշխանութիւնը անմտօրէն մերժեցին, նախընտրելով որ իրենց վրայ իշխէ «առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի» (Յայտ. 12։9)։ Նկատի առ թէ ասիկա ինչպէ՛ս պատահեցաւ։ Սատանան Եհովա Աստուծոյ իշխելու կերպին արդար ըլլալը հարցականի տակ դրաւ, Եւային հարցնելով. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Եւա Աստուծոյ յստակ պատուէրը կրկնեց՝ ըսելով, թէ մէկ մասնայատուկ ծառ կար, զոր պէտք չէ դպչէին, ապա թէ ոչ՝ կը մեռնէին։ Այն ատեն Սատանան ամբաստանեց Աստուած որպէս ստախօս՝ ըսելով. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ան շարունակեց Եւան խաբել, հաւատալ տալով թէ Աստուած զինք աղէկ բանէ մը կը զրկէր, եւ թէ պտուղը ուտելով՝ Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար, բարոյական անկախութիւն ունենալով (Ծն. 3։1-5)։
4. Մարդկութիւնը ինչպէ՞ս Սատանայի մրցակից գերիշխանութեան ներքեւ եկաւ։
4 Հիմնականօրէն, Սատանան հասկցուց թէ մարդկութիւնը աւելի երջանիկ պիտի ըլլար, եթէ Աստուծմէ անկախ ըլլար։ Աստուծոյ գերիշխանութեան արդարութիւնը վեր բռնելու տեղ, Ադամ իր կնոջ մտիկ ըրաւ եւ արգիլուած պտուղը կերաւ։ Այսպէս, Ադամ կորսնցուց իր կատարեալ կեցուածքը Եհովայի առջեւ, իսկ մեզ բերաւ մեղքի եւ մահուան դաժան լուծին տակ։ Միեւնոյն ատեն, մարդկութիւնը Սատանային՝ ‘այս աշխարհի աստուծոյն’, մրցակից գերիշխանութեան ներքեւ եկաւ (Բ. Կոր. 4։4. Հռով. 7։14)։
5. ա) Եհովա իր խօսքը ինչպէ՞ս գործադրեց։ բ) Աստուած ի՞նչ յոյս տուաւ Ադամի ու Եւայի զարմին։
5 Իր անսխալական խօսքին համաձայն, Եհովա Ադամն ու Եւան մահուան դատապարտեց (Ծն. 3։16-19)։ Բայց ասիկա չնշանակեց թէ Աստուծոյ նպատակը ձախողեցաւ։ Ընդհակառակը, երբ Ադամի ու Եւայի դէմ վճիռ կ’արձակէր, Եհովա յոյս ունենալու պատճառ մը տուաւ անոնց ապագայ զարմին, ծանուցանելով «սերունդ» մը մէջտեղ բերելու իր նպատակը, որուն գարշապարը Սատանան պիտի խայթէր։ Սակայն այդ խոստացեալ Սերունդը իր վէրքէն պիտի ապաքինէր ու ‘[Սատանային] գլուխը պիտի ջախջախէր’ (Ծն. 3։15)։ Աստուածաշունչը այս կէտին վրայ լոյս կը սփռէ, Յիսուս Քրիստոսի առնչութեամբ հետեւեալը նշելով. «Ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ» (Ա. Յովհ. 3։8)։ Բայց Յիսուսի վարքը եւ մահը ինչպէ՞ս Աստուծոյ արդարութիւնը պանծացուցին։
Յիսուսի մկրտութեան նշանակութիւնը
6. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յիսուս Ադամէն մեղք չժառանգեց։
6 Որպէս չափահաս, Յիսուս համահաւասար պէտք էր ըլլար ատեն մը կատարեալ եղող Ադամին (Հռով. 5։14. Ա. Կոր. 15։45)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Յիսուս կատարեալ պէտք էր ծնէր։ Բայց ինչպէ՞ս։ Գաբրիէլ հրեշտակը Յիսուսի մօր՝ Մարիամին, սա յստակ բացատրութիւնը տուաւ. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի» (Ղուկ. 1։35)։ Յիսուսի կեանքին սկիզբը, ակներեւաբար Մարիամ Յիսուսի յայտնեց իր ծնունդին մասին կարգ մը իրողութիւններ։ Ուստի առիթով մը, երբ Մարիամ ու Յիսուսի հայրագիրը՝ Յովսէփ, զինք Աստուծոյ տաճարին մէջ գտան, դեռատին հարցուց. «Չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ» (Ղուկ. 2։49)։ Ըստ երեւոյթին, Յիսուս կանուխ տարիքէն գիտէր, թէ Աստուծոյ Որդին է։ Հետեւաբար, Աստուծոյ արդարութիւնը պանծացնելը իրեն համար շատ կարեւոր էր։
7. Յիսուս ի՞նչ թանկագին բաներ ունէր։
7 Յիսուս հոգեւոր բաներու հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, պաշտամունքի յատկացուած ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով։ Իր կատարեալ մտքով, ան իւրացուցած ըլլալու էր ամէն ինչ որ Եբրայերէն Գրութիւններէն լսած կամ կարդացած էր (Ղուկ. 4։16)։ Ան ուրիշ թանկագին բան մըն ալ ունէր,– մարդկային կատարեալ մարմին, որ մարդկութեան ի նպաստ կրնար զոհաբերուիլ։ Երբ մկրտուեցաւ, Յիսուս կ’աղօթէր եւ թերեւս Սաղմոս 40։6-8–ի մարգարէական խօսքերուն վրայ կը մտածէր (Ղուկ. 3։21. կարդալ՝ Եբրայեցիս 10։5-10)։ *
8. Յովհաննէս Մկրտիչ սկիզբը ինչո՞ւ չուզեց Յիսուսը մկրտել։
8 Յովհաննէս Մկրտիչ սկիզբը չուզեց Յիսուսը մկրտել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յովհաննէս ջուրին մէջ կը մխրճէր այն հրեաները, որոնք Օրէնքին դէմ իրենց գործած մեղքերուն համար կը զղջային։ Մօտիկ ազգական ըլլալով, Յովհաննէս գիտցած Մատ. 3։15)։
ըլլալու էր, որ Յիսուս արդար էր ու հետեւաբար զղջումի կարիք չունէր։ Յիսուս Յովհաննէսը հաւաստիացուց, թէ իր մկրտութիւնը տեղին է, նշելով. «Այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք» (9. Յիսուսի մկրտութիւնը ի՞նչ խորհրդանշեց։
9 Որպէս կատարեալ մարդ, Յիսուս կրնար եզրակացնել, թէ Ադամին նման՝ կարելիութիւն ունէր կատարեալ ցեղ մը մէջտեղ բերելու։ Սակայն Յիսուս բնաւ այդպիսի ապագայ մը չցանկաց, քանի որ անիկա Եհովայի կամքը չէր իրեն համար։ Աստուած Յիսուսը երկիր ղրկած էր, որպէսզի խոստացեալ Սերունդին՝ կամ Մեսիային՝ դերը կատարէր, որ կը պարփակէր զոհել իր մարդկային կատարեալ կեանքը (կարդալ՝ Եսայի 53։5, 6, 12)։ Անշուշտ, Յիսուսի մկրտութիւնը մերինէն տարբեր նշանակութիւն ունէր։ Անիկա չընդգրկեց Եհովային նուիրուիլ, քանի որ Յիսուս արդէն իսկ Աստուծոյ նուիրեալ իսրայէլ ազգին մէկ անդամն էր։ Փոխարէն, Յիսուսի մկրտութիւնը խորհրդանշեց ինքզինք ներկայացնել՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար, ինչպէս որ Մեսիային առնչութեամբ նշուած էր Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։
10. Մեսիային համար Աստուծոյ կամքը կատարելը ի՞նչ պարփակեց, եւ Յիսուս ասոր մասին ինչպէ՞ս զգաց։
10 Եհովայի կամքը Յիսուսին համար պարփակեց՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել, աշակերտներ հաւաքել ու զանոնք պատրաստել աշակերտելու գործին։ Յիսուս ինքզինք ներկայացնելով յայտնեց նաեւ իր կամեցողութիւնը, որ հալածանքի եւ դաժան մահուան տոկայ, Եհովա Աստուծոյ արդար գերիշխանութեան նեցուկ կանգնելով։ Որովհետեւ Յիսուս իսկապէս իր երկնաւոր Հայրը կը սիրէր, իրեն համար հաճոյք էր Աստուծոյ կամքը կատարելը, իսկ իր մարմինը որպէս զոհ ընծայելը խորապէս գոհացուցիչ նկատեց (Յովհ. 14։31)։ Իրեն նաեւ հաճելի էր գիտնալ, թէ իր կատարեալ կեանքին արժէքը կրնար որպէս փրկանք Աստուծոյ ներկայացուիլ, մեզ մեղքի ու մահուան ստրկութենէն վերագնելու համար։ Այս մեծ պատասխանատուութիւնները շալկելու համար Յիսուս ինքզինք ներկայացնելով ստացա՞ւ Աստուծոյ հաւանութիւնը։ Արդարեւ ստացաւ։
11. Եհովա ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ Յիսուսը ընդունեց որպէս խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսը։
11 Բոլոր չորս աւետարանագիրները կը հաստատեն Եհովա Աստուծոյ հաւանութեան յստակ արտայայտութիւնը, երբ Յիսուս Յորդանան գետի ջուրերէն դուրս ելաւ։ Յովհաննէս Մկրտիչ վկայեց. «Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու [Յիսուսի] վրայ կը հանգչէր. . . Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին» (Յովհ. 1։32-34)։ Աւելին, այդ առիթով Եհովա յայտարարեց. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։17. Մար. 1։11. Ղուկ. 3։22)։
Մինչեւ մահ հաւատարիմ
12. Իր մկրտութենէն ետք, Յիսուս երեք ու կէս տարի ի՞նչ ըրաւ։
12 Յաջորդ երեք ու կէս տարիներուն ընթացքին, Յիսուս ինքզինք լիովին տրամադրեց մարդոց սորվեցնելու իր Հօր մասին եւ Աստուծոյ գերիշխանութեան արդար ըլլալուն մասին։ Աւետեաց երկրին չորս կողմը հետիոտն ճամբորդելը զինք յոգնեցուց, բայց ոչինչ կրնար զինք կասեցնել ճշմարտութեան համար հիմնովին վկայելէ (Յովհ. 4։6, 34. 18։37)։ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն սորվեցուց։ Հիւանդները հրաշալիօրէն բժշկելով, անօթի ամբոխներ կերակրելով ու նոյնիսկ մեռելներ յարուցանելով, ան ցոյց տուաւ թէ Թագաւորութիւնը մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի իրագործէր (Մատ. 11։4, 5)։
13. Աղօթքի նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ սորվեցուց։
13 Իր ուսուցումներուն ու հրաշագործութիւններուն վարկը իրեն վերագրելու տեղ, Յիսուս արտակարգ օրինակ հանդիսացաւ՝ ամէն փառքը խոնարհաբար Եհովայի ուղղելով (Յովհ. 5։19. 11։41-44)։ Յիսուս նաեւ ճանչցուց ամենակարեւոր հարցերը, որոնց մասին պէտք է աղօթենք։ Մեր աղօթքներուն մէջ պէտք է խնդրենք, որ Աստուծոյ Եհովա անունը «սուրբ ըլլայ» եւ թէ Աստուծոյ արդար գերիշխանութիւնը Սատանայի ամբարիշտ իշխանութիւնը փոխարինէ, այնպէս որ Իր ‘կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’ (Մատ. 6։9, 10)։ Յիսուս նաեւ մեզ յորդորեց, որ այսպիսի աղօթքներու հետ ներդաշնակ գործենք, ‘առաջ խնդրելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’ (Մատ. 6։33)։
14. Յիսուս կատարեալ ըլլալով հանդերձ, ինչո՞ւ Աստուծոյ նպատակին մէջ իր դերը կատարելը ջանք պահանջեց։
14 Մինչ իր զոհաբերական մահուան ժամանակը կը մօտենար, Յիսուս հետզհետէ աւելի իրազեկ դարձաւ իր կրած ծանր պատասխանատուութեան։ Իր Հօր նպատակը եւ համբաւը կախեալ էին անարդար դատի եւ անգութ մահուան Յիսուսի տոկալէն։ Իր մահուընէ հինգ օր առաջ, Յիսուս աղօթեց. «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’. բայց ես եկայ այս ժամուան համար»։ Այս մարդկային բնական զգացումները արտայայտելէ ետք, Յիսուս անձնուրացօրէն իր կեդրոնացումը աւելի մեծ կարեւորութիւն ունեցող հարցին ուղղեց եւ աղօթեց. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Եհովա անմիջապէս պատասխանեց. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ» (Յովհ. 12։27, 28)։ Այո, Յիսուս ուղղամտութեան աննախընթաց փորձին ենթարկուելու յօժար էր։ Բայց իր երկնաւոր Հօր խօսքերը լսելը անկասկած Յիսուսին զօրաւոր վստահութիւն տուաւ, թէ Եհովայի գերիշխանութիւնը պանծացնելու եւ ջատագովելու մէջ պիտի յաջողէր։ Եւ արդարեւ յաջողեցաւ։
Յիսուսի մահը ի՛նչ իրագործեց
15. Իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ»։
15 Մինչ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ իր վերջին շունչը կ’առնէր, ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհ. 19։30)։ Աստուծոյ օգնութեամբ ի՜նչ մեծ բաներ կրցաւ Յիսուս իրագործել, իր ծառայութեան երեք ու կէս տարուան ընթացքին։ Երբ Յիսուս մեռաւ, ուժգին երկրաշարժ մը եղաւ, եւ մահապատիժը գործադրող հռոմայեցի հարիւրապետը մղուեցաւ ըսելու. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր» (Մատ. 27։54)։ Ան ակներեւաբար տեսած էր Յիսուսին ծաղրուիլը որպէս Աստուծոյ Որդին։ Յիսուս՝ հակառակ իր քաշած բոլոր նեղութիւններուն, իր ուղղամտութիւնը պահեց ու փաստեց Սատանային ահռելի ստախօս ըլլալը։ Աստուծոյ գերիշխանութեան բոլոր թիկունք կանգնողներուն առնչութեամբ Սատանան ասպարէզ կարդացած էր. «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (Յոբ 2։4)։ Յիսուս իր հաւատարմութեամբ ցոյց տուաւ, թէ Ադամ ու Եւա կրնային հաւատարիմ մնալ իրենց շատ աւելի դիւրին եղող փորձին ներքեւ։ Ամենակարեւորը, Յիսուսի կեանքն ու մահը Եհովայի գերիշխանութեան արդար ըլլալը վեր բռնեցին ու զայն պանծացուցին (կարդալ՝ Առակաց 27։11)։ Յիսուսի մահը յաւելեալ բաներ ալ իրագործա՞ծ է։ Անշուշտ։
16, 17. ա) Ինչո՞ւ կարելի էր որ Եհովայի նախաքրիստոնէական վկաները իրեն առջեւ արդար կեցուածք ունենային։ բ) Եհովա ինչպէ՞ս վարձատրեց իր Որդիին հաւատարմութիւնը, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ կը շարունակէ ընել։
16 Եհովայի ծառաներէն շատեր, Յիսուսի երկիր գալէն առաջ ապրեցան։ Անոնք Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք վայելեցին ու յարութեան յոյսը ստացան (Եսա. 25։8. Դան. 12։13)։ Բայց ի՞նչ օրինական հիման վրայ կրնար սուրբ Աստուածը՝ Եհովան, այսպիսի հիանալի կերպով մեղաւոր մարդիկը օրհնել։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Աստուած նախապէս սահմանած էր [Յիսուս Քրիստոսը], քաւութիւն ըլլալու, եթէ անոր արեան հաւատան։ Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը. քանզի Աստուած իր երկայնամտութեամբ ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը։ Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ժամանակին մէջ ցուցնելու համար, որպէս զի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսին հաւատացողը» (Հռով. 3։25, 26)։ *
17 Եհովա Յիսուսը վարձատրեց՝ զինք յարուցանելով ու բարձրացնելով այնպիսի դիրքի մը, որ երկիր գալէն առաջ չունէր։ Յիսուս այժմ անմահութիւն կը վայելէ որպէս հոգեղէն փառաւոր արարած (Եբ. 1։3)։ Քահանայապետ ու Թագաւոր ըլլալով, Տէր Յիսուս Քրիստոս կը շարունակէ իր հետեւորդներուն օգնել, որ Աստուծոյ արդարութիւնը պանծացնեն։ Եւ ո՜րքան շնորհակալ ենք, որ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան՝ կը վարձատրէ զանոնք, որոնք իր Որդին ընդօրինակելով ասիկա կ’ընեն ու հաւատարմօրէն Իրեն կը ծառայեն (կարդալ՝ Սաղմոս 34։3. Եբրայեցիս 11։6)։
18. Ուսումնասիրութեան յաջորդ յօդուածը ի՞նչ բանի վրայ պիտի կեդրոնանայ։
18 Աբէլէն սկսեալ, հաւատարիմ մարդիկը Եհովայի հետ սերտ փոխյարաբերութիւն վայելեցին, քանի որ խոստացեալ Սերունդին հաւատք ընծայեցին եւ անոր վստահեցան։ Եհովա գիտէր թէ իր Որդին ուղղամտութիւն պիտի պահէր, եւ թէ անոր մահը «աշխարհի մեղքը» կատարելապէս պիտի վերցնէր (Յովհ. 1։29)։ Յիսուսի մահը ներկայիս ապրող մարդոց ալ կ’օգտէ (Հռով. 3։26)։ Ուստի Քրիստոսի փրկանքը ի՞նչ օրհնութիւններ կրնայ բերել քեզի։ Ուսումնասիրութեան յաջորդ յօդուածը ասիկա պիտի քննարկէ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 7 Հոս, Պօղոս առաքեալ յունարէն Եօթանասնից թարգմանութենէն կը մէջբերէ Սաղմոս 40։6-8–ը, ուր կը գտնենք «ինծի մարմին մը պատրաստեցիր» նախադասութիւնը։ Այս արտայայտութիւնը չի գտնուիր վաղեմի Եբրայերէն Գրութիւններու մատչելի ձեռագիրներուն մէջ։
^ պարբ. 16 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2010 թիւը, «Հարցումներ ընթերցողներէն», էջ 6-7 (անգլերէն)։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես
• Աստուծոյ արդարութեան ինչպէ՞ս ասպարէզ կարդացուեցաւ։
• Յիսուսի մկրտութիւնը ի՞նչ խորհրդանշեց։
• Յիսուսի մահը ի՞նչ իրագործեց։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Գիտե՞ս թէ Յիսուսի մկրտութիւնը ի՛նչ խորհրդանշեց