Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հիւանդ բարեկամի մը ինչպէ՛ս օգնել

Հիւանդ բարեկամի մը ինչպէ՛ս օգնել

Հիւանդ բարեկամի մը ինչպէ՛ս օգնել

ԲՆԱՒ եղա՞ծ է որ լրջօրէն հիւանդ եղող բարեկամի մը հետ խօսելու ատեն, յարմար բառեր չես գտած։ Վստահ եղիր թէ այս մարտահրաւէրին հետ կրնա՛ս գլուխ ելլել։ Ինչպէ՞ս։ Անթեք կանոններ չկան։ Մշակութային տարբերութիւնները կրնան դեր խաղալ, իսկ մարդոց անձնաւորութիւններն ալ կրնան մեծապէս տարբերիլ։ Ուստի, այն բանը որ մէկ հիւանդի կրնայ աւելի լաւ զգալ տալ, թերեւս ուրիշ մէկու մը՝ օգտակար չըլլալ։ Եւ պարագաներն ու զգացումները կրնան մէկ օրէն միւսը նկատելիօրէն փոխուիլ։

Հետեւաբար, հիմնական կարիքն է՝ որ փորձես ինքզինքդ անհատին տեղը դնել ու գիտնալ, թէ ան իսկապէս քեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ եւ ինչ բանի պէտք ունի։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Ահաւասիկ աստուածաշնչական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կարգ մը թելադրութիւններ։

Լաւ մտիկ ընող մը եղիր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ.

«Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու» (ՅԱԿՈԲՈՍ 1։19

«Ամէն բանի ատենը կայ. . . լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» (ԺՈՂՈՎՈՂ 3։1, 7

▪ Երբ հիւանդ բարեկամի մը կ’այցելես, ուշադրութեամբ եւ կարեկցութեամբ անոր մտիկ ըրէ։ Մի՛ շտապեր խրատ տալու եւ մի՛ խորհիր թէ միշտ լուծում մը պէտք է գտնես։ Երբ հապճեպով ինքզինքդ արտայայտես, թերեւս անգիտակցաբար վիրաւորական բան մը ըսես։ Հիւանդ բարեկամդ անպայմանօրէն լուծումներ չի փնտռեր, հապա՝ մէկը, որ բաց սրտով ու մտքով իրեն մտիկ պիտի ընէ։

Թոյլ տուր որ բարեկամդ ինքզինք ազատօրէն արտայայտէ։ Իր խօսքը կարճ մի՛ պահեր եւ սովորական արտայայտութիւններով իր վիճակը մի՛ նսեմացներ։ Էմիլիօ * կ’ըսէ. «Ես սնկային խելամզատապ ունէի, որուն հետեւանքով տեսողութիւնս կորսնցուցի։ Երբեմն իրապէս ընկճուած կը զգամ եւ բարեկամներս կը փորձեն զիս մխիթարել՝ ըսելով. ‘Միայն դուն չես որ խնդիրներ ունիս։ Մարդիկ կան՝ որոնց պարագան շա՜տ աւելի գէշ է’։ Սակայն անոնք չեն անդրադառնար, որ վիճակս նուազագոյնի իջեցնելը ինծի օգուտ մը չ’ըներ։ Արդարեւ անիկա հակառակ ազդեցութիւն ունի, զիս սրտաբեկ դարձնելով»։

Բարեկամիդ թոյլ տուր որ իր սիրտը պարպէ, առանց քննադատուելէ վախնալու։ Եթէ ան քեզի ըսէ թէ կը վախնայ, մի՛ անտեսեր իր զգացումները՝ նշելով թէ վախնալու հարկ չկայ։ Էլիանա, որ քաղցկեղի դէմ կը պայքարի, կ’ըսէ. «Երբ վիճակովս մտահոգուած ըլլամ եւ արցունքներ թափեմ, ասիկա չի նշանակեր թէ այլեւս Աստուծոյ չեմ վստահիր»։ Ջանք ըրէ բարեկամդ տեսնել ինչպէս որ է, եւ ոչ թէ ինչպէս որ կ’ուզես որ ըլլայ։ Հաշուի առ թէ ան թերեւս հիմա խոցելի է եւ իր սովորական վիճակին մէջ չէ։ Համբերատա՛ր եղիր։ Ականջ տուր,– նոյնիսկ եթէ նոյն բաները կրկին անգամ պիտի լսես (Գ. Թագաւորաց 19։9, 10, 13, 14)։ Ան թերեւս հարկ կը զգայ քեզի պատմելու ինչ որ իրեն հետ կը պատահի։

Կարեկից ու նկատառու եղիր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ.

«Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։15

«Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (ՄԱՏԹԷՈՍ 7։12

▪ Ինքզինքդ բարեկամիդ տեղը դիր։ Եթէ ան վիրաբուժութեան կը պատրաստուի, դարմանումի կ’ենթարկուի կամ քննութիւններու արդիւնքներուն կը սպասէ, հաւանաբար պրկուած ու դիւրազգաց ըլլալու հակամէտ ըլլայ։ Փորձէ ասիկա զատորոշել եւ իր տրամադրութեան փոփոխութիւններուն յարմարիլ։ Կրնայ ըլլալ որ ասիկա ատենը չէ բազմաթիւ հարցումներ ուղղելու, յատկապէս՝ անձնական հարցումներ։

Հոգեբան Աննա Քաթալիֆօզ կ’ըսէ. «Թոյլ տուր որ հիւանդները իրենց հիւանդութեան մասին խօսին, երբոր ուզեն եւ իրենց արագութեան համաձայն։ Երբ կ’ուզեն զրուցել, իրենց ընտրած որեւէ նիւթի մասին խօսակցէ։ Բայց եթէ անոնք խօսելու տրամադրութիւն չունին, կրնաս պարզապէս լուռ մնալ, եւ իրենց ձեռքը բռնելը կրնայ սքանչելի ազդեցութիւն ունենալ։ Կամ, թերեւս նկատես թէ իրենց ամէն կարիքն է՝ ուս մը, որուն վրայ լան»։

Գաղտնապահ եղիր։ Հեղինակ Ռոսէն Քէյլիք՝ որ երկու անգամ քաղցկեղէ վերապրած է, կը գրէ. «Երբ հիւանդին հետ կը խօսակցիս, ենթադրէ թէ քեզի ըսուածը գաղտնիք է։ Եթէ քեզմէ չէ խնդրուած որ ընտանիքին խօսնակը ըլլաս, տեղեկութիւններ մի՛ հաղորդեր։ Հիւանդին հարցուր թէ ի՛նչ խօսքեր կ’արտօնէ որ տարածես»։ Էտսըն, որ քաղցկեղէ վերապրած է, կ’ըսէ. «Բարեկամ մը բոլորին իմացուց, թէ ես քաղցկեղ ունիմ եւ թէ երկար պիտի չապրիմ։ Բայց տակաւին նոր վիրաբուժութեան ենթարկուած էի։ Գիտէի որ քաղցկեղ ունիմ եւ մասնազննութեան արդիւնքին կը սպասէի։ Յեղազանցութիւն չկար. բայց վնասը արդէն եղած էր,– ուրիշներու անխոհեմ խօսքերն ու հարցումները կինս ջախջախած էին»։

Եթէ բարեկամդ դարմանումի ընտրանքներ նկատի կ’առնէ, անմիջապէս մի՛ ըսեր թէ ինչ կ’ընէիր եթէ իր տեղը ըլլայիր։ Հեղինակ Լորի Հօփ, որ քաղցկեղէ վերապրած է, կ’ըսէ. «Քաղցկեղէ տառապող հիւանդի մը կամ վերապրողի մը յօդուածներ կամ լուրեր ուղարկելէ առաջ, լաւագոյն բանն է հարցնել, թէ արդեօք ան կ’ուզէ՛ այսպիսի լուրեր ստանալ։ Այլապէս, լաւ դիտումով եղած արարքդ կրնայ բարեկամիդ վնաս հասցնել, եւ թերեւս անոր բնաւ տեղեակ չըլլաս»։ Ամէն մարդ չ’ուզեր դարմանումի տեսակներուն մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններով ողողուիլ։

Նոյնիսկ եթէ մտերիմ բարեկամ մըն ես, անոր քով երկար մի՛ կենար։ Ներկայութիւնդ շատ կարեւոր է, բայց բարեկամդ թերեւս քեզի ընկերակցելու կարող չըլլայ։ Ան կրնայ յոգնած ըլլալ եւ կորով չունենալ խօսելու կամ նոյնիսկ երկար ատեն ականջ տալու։ Միւս կողմէ, խուսափէ այն տպաւորութիւնը տալէ, թէ մեկնելու կը շտապես։ Բարեկամդ արժանի է, որ շօշափէ խոր հոգատարութիւնդ։

Նկատառութիւն ցուցաբերելը կը պարփակէ՝ հաւասարակշռութիւն եւ լաւ դատողութիւն գործածել։ Օրինակ՝ եթէ հիւանդ բարեկամիդ համար ճաշ պիտի պատրաստես կամ նոյնիսկ իրեն ծաղիկներ պիտի բերես, լաւ կ’ըլլայ որ նա՛խ փորձես գիտնալ, թէ ան որոշ բաներու հանդէպ գերզգայնութիւն ունի՛ կամ ոչ։ Իսկ եթէ դո՛ւն հիւանդութենէ մը բռնուած ես, ինչպէս՝ հարբուխ, տեղին է որ այցելութիւնդ յետաձգես մինչեւ որ ապաքինիս։

Շինիչ եղիր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ.

«Իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (ԱՌԱԿԱՑ 12։18

«Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ» (ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 4։6

▪ Եթէ հիւանդ բարեկամիդ նկատմամբ դրական տեսակէտ պահպանես, խօսքերդ ու գործերդ հաւանաբար ասիկա պիտի դրսեւորեն։ Խորհէ թէ բարեկամդ տակաւին նոյնն է, ունենալով այն յատկութիւնները, որոնք սկիզբը քեզ իրեն քաշեցին։ Ուշադրութիւնդ անոր վրայ կեդրոնացուր, փոխանակ անոր հիւանդութեամբ տարուելու։ Եթէ բարեկամիդ հետ խօսիս ա՛յնպէս՝ ինչպէս անօգնական զոհի մը, ան թերեւս սկսի ինքզինք այդպէս զգալ։ Ռոպէրթա, որ հազուագիւտ ծինային ոսկրատապ ունի, կ’ըսէ. «Ինծի հետ որպէս բնական անձ վարուէ։ Ֆիզիքապէս անկարող ըլլալով հանդերձ, անհատական կարծիքներ ու ցանկութիւններ ունիմ։ Ինծի մի՛ մեղքնար։ Երբ ինծի կը խօսիս, զիս տխմարի տեղ մի՛ դներ»։

Յիշէ թէ կարեւորը միայն խօսքերդ չեն, հապա՝ խօսելակերպդ։ Նոյնիսկ ձայնիդ թոնը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ։ Ախտաճանաչումէ ետք, թէ Էրնէսթոն քաղցկեղով բռնուած է, իր բարեկամը արտասահմանէն հեռաձայնեց եւ ըսաւ. «Չեմ կրնար հաւատալ թէ դո՛ւն քաղցկեղ ունիս»։ Էրնէսթօ կը մտաբերէ. «Այն ոճը, որով բարեկամս արտասանեց ‘դո՛ւն’ եւ ‘քաղցկեղ’ բառերը, զիս ցնցեց»։

Հեղինակ Լորի Հօփ ուրիշ օրինակ մըն ալ կու տայ. «‘Ինչպէ՞ս ես’ հարցնելը կրնայ հիւանդին տարբեր բաներ նշանակել։ Կախեալ ըլլալով հարցնողին ձայնի թոնէն, մարմնի շարժուձեւերէն, մօտիկութենէն, մտերմութեան մակարդակէն եւ անշուշտ ժամանակաւորումէն, հարցումը կրնայ ազնուօրէն հոգին հանդարտեցնել, ցաւ պատճառել կամ վախ արթնցնել»։

Հաւանական է որ հիւանդ բարեկամը ուզէ զգալ, թէ խնամուած, հասկցուած ու յարգուած է։ Ուստի անհատը հաւաստիացուր, թէ ինք քեզի համար շատ կարեւոր է եւ թէ իրեն օգնելու պատրաստ պիտի ըլլաս։ Ռոսիմարի, ուղեղի ուռեցք ունեցող հիւանդ մը, կ’ըսէ. «Երբ բարեկամներս ըսին թէ զիս կը սիրեն եւ թէ ինչ որ ալ պատահի պատրաստ պիտի ըլլան ձեռք հասցնելու, իսկապէս քաջալերուեցայ» (Առակաց 15։23. 25։11

Ձեռնտու եղիր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ.

«Ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 3։18

▪ Մինչ բարեկամդ ախտաճանաչումէն դարմանումի կ’անցնի, կարիքները պիտի փոխուին։ Բայց այս ժամանակամիջոցին, ան թերեւս օգնութեան պէտք ունենայ։ Փոխանակ ընդհանուր առաջարկ մը տալու,– «եթէ բանի մը պէտք ունենաս՝ ինծի հեռաձայնէ»,– փորձէ մասնայատուկ ըլլալ։ Հոգատարութիւնդ ցոյց տալու գործնական կերպ մըն է՝ օգնութիւն առաջարկել առօրեայ գործունէութիւններուն մէջ, ինչպէս՝ ճաշ պատրաստել, մաքրել, լուալ, արդուկել, յանձնարարութիւններ կատարել, գնում ընել, եւ բարեկամդ դարմանատուն կամ հիւանդանոց տանիլ–բերել։ Վստահելի եւ ճշդապահ եղիր։ Խօսքդ յարգէ եւ խոստումներդ կատարէ (Մատթէոս 5։37

Հեղինակ Ռոսէն Քէյլիք կ’ըսէ. «Եթէ մեր ըրածը, մեծ թէ պզտիկ, հիւանդին առողջութեան եւ հիւանդութեան աշխարհներուն միջեւ կամուրջ կը նետէ, օգտակար պիտի ըլլայ»։ Սիլվիա, որ երկու անգամ քաղցկեղէ վերապրած է, համաձայն գտնուելով կ’ըսէ. «Շա՜տ հանգստացուցիչ ու մխիթարական էր, երբ ամէն օր տարբեր բարեկամ մը զիս գիւղաքաղաք կը հասցնէր շողաբուժութեան համար։ Ճամբուն վրայ, զանազան նիւթերու շուրջ կը խօսակցէինք, եւ ամէն անգամ դարմանումէն ետք, կանգ կ’առնէինք սուրճ խմելու։ Ասիկա օգնեց որ դարձեալ բնական զգամ»։

Բայց մի՛ ենթադրեր թէ բարեկամիդ կարիքները ճշգրտօրէն գիտես։ «Հարցո՛ւր, հարցո՛ւր, հարցո՛ւր», կը թելադրէ Քէյլիք։ Ան կ’աւելցնէ. «Եթէ կը փափաքիս օգնել, ամէն բան յանձն մի՛ առներ։ Ասիկա կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ձգել։ Եթէ թոյլ չտաս որ բան մը ընեմ, հասկցուցած կ’ըլլաս թէ բան մը չեմ կրնար ընել։ Կարիք ունիմ զգալու թէ կարող եմ։ Կարիք ունիմ զգալու թէ զոհ մը չեմ։ Օգնէ որ ընեմ ի՛նչ որ կրնամ»։

Կարելի է որ բարեկամդ ինքզինք կարող զգալու կարիքը ունի։ Ատիլսոն, որ ԷՅՏԾ ունի, կ’ըսէ. «Երբ հիւանդ ես, չես ուզեր մէկ կողմ դրուիլ, կարծես թէ պիտանի չես կամ ամբողջովին անկարող ես։ Կ’ուզես որոշ օգնութիւն մը մատուցանել, նոյնիսկ եթէ անիկա ըլլայ չնչին պարտականութիւններ կատարել։ Շա՜տ լաւ է որ զգաս, թէ տակաւին բան մը ընելու կարող ես։ Այս մէկը քեզի դրդապատճառ կու տայ, որ շարունակես ապրիլ։ Կ’ուզեմ որ մարդիկ թոյլ տան որ ե՛ս որոշում տամ,– ու ետքը յարգեն որոշումներս։ Հիւանդ ըլլալը չի նշանակեր թէ չենք կրնար շարունակել մեր դերը կատարել որպէս հայր, մայր, եւայլն»։

Շարունակէ կապ պահել

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ.

«Ճշմարիտ բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր է» (ԱՌԱԿԱՑ 17։17, ՆԱ

▪ Եթէ հեռաւորութեան կամ այլ պարագաներու պատճառաւ չես կրնար բարեկամիդ այցելել, կրնաս հեռաձայնով բարեկամական խօսակցութիւն մը ունենալ, երկտող մը ղրկել կամ ել–մակ մը գրել։ Ի՞նչ բանի մասին կրնաս գրել։ Վիշտի խրատատու Ալէն Տ. Ուօլֆելթ կը թելադրէ. «Յիշեցուր իրարու հետ անցուցած կարգ մը զուարճալի ժամանակները։ Խօսք տուր որ շուտով. . . դարձեալ պիտի գրես,– ապա խոստումդ յարգէ»։

Պէտք չէ ետ կենաս հիւանդ բարեկամի մը օգնելէ, վախնալով որ թերեւս սխալ բան մը ըսես կամ ընես։ Շատ մը պարագաներուն, ներկայութի՛ւնդ է որ իրապէս կարեւոր է։ Իր գրքին մէջ, Լորի Հօփ կը գրէ. «Բոլորս կ’ըսենք եւ կ’ընենք բաներ, որոնք կրնան սխալ հասկցուիլ կամ ձեւով մը մէկը վիրաւորել։ Խնդիրը այդ չէ։ Խնդիրը կը ծագի, երբ սխալ մը ընելէ ա՛յնքան կը վախնաս, որ հեռու կը մնաս այն անհատէն, որ քեզի պէտք ունի»։

Լուրջ հիւանդութիւն ունեցող բարեկամ մը թերեւս հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի քեզի պէտք ունի։ «Ճշմարիտ բարեկամ» ըլլալդ ապացուցանէ։ Օգնելու ջանքերդ թերեւս անոր ցաւերը չանհետացնեն, բայց կրնա՛ս դժուար կացութիւնը աւելի տանելի դարձնել քեզի սիրելի եղող անհատին։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Կարգ մը անուններ փոխուած են։