Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս իր մասին ի՛նչ սորվեցուց

Յիսուս իր մասին ի՛նչ սորվեցուց

Յիսուս իր մասին ի՛նչ սորվեցուց

«Յիսուս որեւէ կասկած չունէր, թէ ինք ո՛վ էր, ուրկէ՛ եկաւ, ինչո՛ւ մեր աշխարհը մտաւ, եւ ապագան ի՛նչ կը վերապահէր իրեն» (ՀԵՂԻՆԱԿ ՀԷՐՊԷՐԹ ԼՈՔՅԸՐ)։

ՅԻՍՈՒՍԻ ուսուցումները ընդունելէ եւ անոնց հաւատք ընծայելէ առաջ, իր մասին բան մը պէտք է գիտնանք։ Յիսուս իրապէս ո՞վ էր։ Ան ուրկէ՞ եկաւ։ Կեանքի մէջ իր նպատակը ի՞նչ էր։ Աւետարաններուն մէջ,– Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս ու Յովհաննէս,– կրնանք պատասխանները ուղղակի Յիսուսէ լսել, այլաբանօրէն խօսելով։

Ան երկրի վրայ ծնելէն առաջ ապրեցաւ Անգամ մը Յիսուս ըսաւ. «Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես» (Յովհաննէս 8։58)։ Աբրահամ Յիսուսի ծնունդէն շուրջ 2000 տարի առաջ ապրեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս նոյնիսկ այս հաւատարիմ նահապետին երկրի վրայ գոյութիւն ունենալէն առաջ ապրած էր։ Սակայն Յիսուս ո՞ւր էր։ «Ես երկնքէն իջայ», բացատրեց ան (Յովհաննէս 6։38

Աստուծոյ Որդին Եհովա բազմաթիւ հրեշտակային որդիներ ունի։ Սակայն Յիսուս անզուգական է։ Ան ինքզինքին ակնարկեց որպէս «Աստուծոյ միածին Որդին» (Յովհաննէս 3։18)։ Այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ, թէ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ուղղակիօրէն ստեղծուած միակ արարածն է։ Միածին Որդիին միջոցաւ է, որ Աստուած միւս բոլոր բաները ստեղծեց (Կողոսացիս 1։16

«Որդին մարդոյ» Յիսուս իր անձին ակնարկելու համար, այս արտայայտութիւնը որեւէ ուրիշ արտայայտութենէ աւելի գործածեց (Մատթէոս 8։20)։ Այսպէս ան ցոյց տուաւ, թէ ինք ո՛չ նիւթականացած հրեշտակ մըն էր, ոչ ալ մարմնաւորուած էր։ Փոխարէն, ան կատարելապէս մարդ արարած մըն էր։ Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցաւ իր Որդիին կեանքը փոխադրեց երկնքէն երկիր, կոյս Մարիամի արգանդին մէջ յղութիւն պատճառելով։ Ուստի Յիսուս ծնած էր որպէս կատարեալ, անմեղ մարդ (Մատթէոս 1։18. Ղուկաս 1։35. Յովհաննէս 8։46

Խոստացեալ Մեսիան «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ», ըսաւ սամարացի կին մը Յիսուսի։ Ան պատասխանեց. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ» (Յովհաննէս 4։25, 26)։ «Մեսիա» բառը, «Քրիստոս» բառին նման, կը նշանակէ «Օծեալ»։ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ օծուած կամ նշանակուած էր, մասնայատուկ դեր մը խաղալու համար Աստուծոյ խոստումներուն կատարման մէջ։

Իր գլխաւոր առաքելութիւնը Անգամ մը Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ. . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկաս 4։44)։ Թէեւ ան կարօտեալներուն ի նպաստ բազմաթիւ բարիքներ գործեց, բայց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելը իր կեանքին առանցքն էր։ Թագաւորութեան մասին իր սորվեցուցածները յետագային նկատի պիտի առնենք։

Բացայայտօրէն, Յիսուս սովորական մէկը չէր։ * Ինչպէս պիտի տեսնենք, երկնքի մէջ իր ապրած կեանքը յաւելեալ իմաստ տուաւ իր խօսածներուն երկրի վրայ։ Պէ՞տք է զարմանանք, որ անոր քարոզած պատգամը միլիոնաւորներու կեանքին ազդած է համայն աշխարհի մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Յիսուսի եւ Աստուծոյ նպատակին մէջ իր դերին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 4–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։