«Որոշուած ժամանակ»ը մօտ է
«Որոշուած ժամանակ»ը մօտ է
ԱՄԲԱԿՈՒՄ մարգարէին նման, Յիսուսի աշակերտները տենչացին տառապանքին վախճանը տեսնել։ Երբ իմացան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ՝ երկրի վրայ վիճակները սրբագրելու, անոնք Յիսուսի հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ [որպէս Թագաւոր] քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։ Առ ի պատասխան, Յիսուս ըսաւ թէ միայն Եհովա Աստուած գիտէ ճիշդ ժամանակը, երբ Թագաւորութիւնը լիովին իր հակակշռին տակ պիտի առնէ երկիրը (Մատթէոս 24։36. Մարկոս 13։32)։ Սակայն Յիսուս եւ ուրիշներ նախագուշակեցին որոշ զարգացումներ, որոնք ցոյց պիտի տային թէ ժամանակը մօտ էր (տե՛ս աջին գտնուող շրջանակը)։
Համաձայն չե՞ս գտնուիր, թէ ներկայիս այդ բաները սովորական են։ Յիսուս նաեւ նախագուշակեց, թէ աշխարհի տարածքին կրթական աշխատանք մը պիտի կատարուէր։ Ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։
Այսօր ատիկա տեղի կ’ունենայ։ Եհովայի վկաները այդ գործունէութիւնը կը կատարեն։ 236 երկիրներու մէջ, աւելի քան եօթը միլիոն Վկաներ մարդոց կը հաղորդեն Թագաւորութեան ընելիք բաները եւ կ’օգնեն, որ Աստուծոյ արդար պահանջներուն գոհացում տան, որուն կամքն է՝ տառապանքին ու ցաւին վերջ դնել։ Շարունակէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվիլ, եւ տառապանքէ զերծ աշխարհի մը մէջ առյաւէտ ապրելու հեռանկարը պիտի ունենաս։
[Շրջանակ՝ էջ 8]
Վերջին օրերը մատնանշող համարներ
ՄԱՏԹԷՈՍ 24։6, 7. ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 6։4
• Աննախընթաց պատերազմներ
• Մեծ երկրաշարժներ
• Սովեր
• Մահտարաժամներ
• Անօրէնութեան շատնալը
• Սիրոյ պաղիլը
• Երկրին ապականումը
• Դրամի հանդէպ չափազանց սէր
• Ծնողներուն չհնազանդիլը
• Ծայրայեղ անձնասիրութիւն
• Գութի պակաս
• Համաձայնութեան չեկող մարդիկ
• Ինքնազսպումի պակաս՝ ընկերութեան բոլոր խաւերուն քով
• Ամէնուրեք բարեգործութիւն չսիրելը
• Աստուծմէ աւելի հաճոյքներ սիրելը
• Շատերու կողմէ կեղծաւորաբար քրիստոնեայ ըլլալ դաւանիլը
• Բազմաթիւ գործունեայ սուտ մարգարէներ
• Ճշմարիտ քրիստոնեաներու հալածանքը
• Աստուածաշնչական ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն չընծայելը
[Նկար՝ էջ 8]
Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի վկաները ուրիշներուն կը սորվեցնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին