Սուրբ հոգին. ոյժ մը՝ որուն կարիք ունիս կեանքիդ մէջ
Սուրբ հոգին. ոյժ մը՝ որուն կարիք ունիս կեանքիդ մէջ
«ԶԻՍ երեսէդ մի՛ ձգեր ու քու Սուրբ Հոգիդ ինձմէ մի՛ առներ» (Սաղմոս 51։11)։ Այսպէս ջերմեռանդօրէն աղօթեց Դաւիթ թագաւոր, լուրջ մեղք գործելէ ետք։
Դաւիթ երկար ատեն սուրբ հոգիին զօրութիւնը վայելած էր։ Երբ տակաւին պատանի էր, անիկա զինք կարող դարձուց որ վախազդեցիկ զինուորին՝ Գողիաթին յաղթէ (Ա. Թագաւորաց 17։45-50)։ Սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, ան ամենագեղեցիկ սաղմոսներէն ոմանք յօրինեց։ «Տէրոջը Հոգին ինձմով խօսեցաւ ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր», բացատրեց Դաւիթ (Բ. Թագաւորաց 23։2)։
Յիսուս Քրիստոս հաստատեց սուրբ հոգիին դերը Դաւիթի կեանքին մէջ։ Առիթով մը, Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Դաւիթ Սուրբ Հոգիով կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս. մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’» (Մարկոս 12։36. Սաղմոս 110։1)։ Յիսուս գիտէր թէ Դաւիթ սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ իր սաղմոսները գրեց։ Այդ նոյն սուրբ հոգին մատչելի՞ է մեզի օգնելու համար։
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի»
Գուցէ երբեք սաղմոս մը չյօրինես, բայց հաւանաբար պիտի դիմագրաւես խոչընդոտներ, որոնք հսկայ Գողիաթին պէս կրնան վախցնել կամ վհատեցնել։ Օրինակ, նկատի առ Իզապէլը։ * Անոր ամուսինը աւելի երիտասարդ կնոջ մը յարելով զայն լքեց։ Ան Իզապէլը մեծ պարտքի տակ ձգեց եւ անոր ո՛չ մէկ նիւթական օգնութիւն տուաւ, իրենց երկու դուստրերուն կարիքները հոգալու։ Իզապէլ կ’ըսէ. «Դաւաճանուած եւ մեծապէս անարգուած ըլլալու զգացումները զիս պատեցին։ Այսուհանդերձ, զիս լքած օրէն ի վեր, շօշափած եմ որ Աստուծոյ սուրբ հոգին զիս կազդուրած է»։
Իզապէլ ակնկալե՞ց որ ինքնաբերաբար սուրբ հոգին ստանայ։ Ո՛չ. ան ամէն օր Աստուծմէ խնդրեց, որ իր հոգին ղրկէ։ Ան գիտէր թէ Աստուծոյ զօրութեան կարիք ունէր, որպէսզի իրեն օգնէր ապագան քաջութեամբ դիմագրաւելու, իր զաւակները պատշաճօրէն հոգալու եւ իր արժանապատուութեան զգացումը վերակերտելու։ Ան Յիսուսի խօսքերուն անսաց. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մատթէոս 7։7)։
Ռոպէրթոն ալ զգաց թէ Աստուծոյ հոգիին կարիք ունէր, բայց տարբեր պատճառներով։ Ան ծխամոլ ու հաշիշամոլ էր։ Ան իր մոլութեան դէմ երկու տարի պայքարեցաւ, եւ բազմիցս ընկրկեցաւ։ Ան կը բացատրէ. «Երբ անհատ մը թմրեցուցիչ գործածելը կը դադրեցնէ, անձկութենէ կը տառապի։ Մարմինը կը շարունակէ օրէ օր թմրեցուցիչը պահանջել»։
Ռոպէրթոն կ’աւելցնէ. «Բայց վճռած էի կեանքս փոխել, որպէսզի կարենայի ընդունելի կերպով Աստուծոյ ծառայել։ Ջանացի միտքս լեցնել Աստուածաշունչէն քաղուած դրական գաղափարներով։ Ամէն օր ջերմեռանդօրէն աղօթեցի, Աստուծմէ զօրութիւն խնդրելով որ կեանքս մաքրեմ։ Գիտէի թէ իմ ուժովս պիտի չյաջողէի։ Եւ տեսայ թէ Եհովա ի՛նչպէս աղօթքներուս կը պատասխանէր, յատկապէս երբ վերանկումէ մը ետք կը յուսալքուէի։ Համոզուած եմ, որ Աստուծոյ սուրբ հոգին ինծի վերանորոգուած ոյժ տուաւ. առանց իր հոգիին, բնաւ պիտի չկարենայի մոլութիւնս յաղթահարել» (Փիլիպպեցիս 4։6-8)։
‘Արծիւներու պէս թեւերով վեր ելլել’
Իզապէլի եւ Ռոպէրթոյի նման, միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ իրենց կեանքին մէջ սուրբ հոգիին զօրութիւնը վայելած են։ Եհովայի գործօն ուժը,– տիեզերքի ստեղծագործութեան ետին եղող ուժը,– կրնայ քեզի մատչելի ըլլալ, եթէ փափաքիս։ Աստուած պատրաստ է իր հոգին քեզի հետ բաժնելու, եթէ զայն սրտանց խնդրես։ Բայց այդ հոգին ստանալու համար, հարկ է որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվիս եւ անկեղծօրէն ջանաս իր կամքը կատարել (Եսայի 55։6. Եբրայեցիս 11։6)։
Սուրբ հոգիին զօրութեան ներքեւ, կրնաս ոյժ ստանալ որ Աստուծոյ յաջողապէս ծառայես եւ որեւէ մարտահրաւէր դիմագրաւես։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «[Եհովան] է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։ . . .Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին» (Եսայի 40։28-31)։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Կարգ մը անուններ փոխուած են։
[Մէջբերում՝ էջ 8]
‘Ամէն օր ջերմեռանդօրէն աղօթեցի, Աստուծմէ զօրութիւն խնդրելով։ Գիտէի թէ իմ ուժովս պիտի չյաջողէի։ Եւ տեսայ թէ ան ի՛նչպէս աղօթքներուս կը պատասխանէր’
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 7]
ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Աստուած սուրբ հոգին գործածեց երկրագունդը եւ մնացեալ տիեզերքը ստեղծելու։ «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ», բացագանչեց սաղմոսերգուն։ «Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կը ստեղծուին» (Սաղմոս 104։24, 30. Ծննդոց 1։2. Յոբ 33։4)։
Սուրբ հոգին բարեպաշտ մարդիկ ներշնչեց, որ Աստուածաշունչը գրեն։ «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է», գրեց Պօղոս առաքեալ (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Եհովայի շունչը կամ հոգին, Աստուածաշունչը գրողներուն մտքերը առաջնորդեց, այնպէս որ անոնք «Աստուծոյ խօսքը» փոխանցեցին (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։
Սուրբ հոգին Աստուծոյ ծառաներուն զօրութիւն տուաւ, որ ճշգրտութեամբ ապագան նախագուշակեն։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց. «Գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. Պետրոս 1։20, 21. Յովէլ 2։28)։
Սուրբ հոգին Յիսուսի եւ հաւատքի տէր այլ մարդոց օգնեց, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեն ու հրաշքներ կատարեն։ Յիսուս ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու» (Ղուկաս 4։18, 19. Մատթէոս 12։28)։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 9]
ԿԵՐՊԵՐ՝ ՈՐՈՆՑՄՈՎ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼ
Սուրբ հոգին կրնայ քեզ զօրացնել, որ փորձութեան դէմ դնես ու վնասակար սովորութիւնները յաղթահարես։ Պօղոս առաքեալը ըսաւ. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել» (Ա. Կորնթացիս 10։13)։
Սուրբ հոգին կրնայ քեզի օգնել աստուածային յատկութիւններ մշակելու։ «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գաղատացիս 5։22, 23)։
Սուրբ հոգին կրնայ քեզ ամրացնել, որ փորձութիւններու տոկաս։ «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13)։