Ի՞նչ է սուրբ հոգին
Ի՞նչ է սուրբ հոգին
ՅԻՍՈՒՍ անգամ մը իր աշակերտներուն հարցուց. «Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր» (Ղուկաս 11։11, 12)։ Գալիլիոյ երեխաները կը սիրէին հաւկիթ ու ձուկ ուտել. անոնք գիտէին իրենց ուզածը։
Յիսուս ըսաւ թէ յարատեւաբար պէտք է սուրբ հոգին խնդրենք, ինչպէս որ անօթի երեխայ մը ուտելիք կը խնդրէ (Ղուկաս 11։9, 13)։ Սուրբ հոգիին բնոյթը հասկնալով պիտի կարենանք ըմբռնել այն բանալի դերը, զոր կրնայ խաղալ մեր կեանքին մէջ։ Ուստի նա՛խ քննենք, թէ Աստուածաշունչը սուրբ հոգիին մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ մեզի։
«Բարձրեալին զօրութիւնը»
Սուրբ Գրութիւնները կը յստակացնեն, թէ սուրբ հոգին ոյժ մըն է, զոր Աստուած կը գործածէ իր կամքը կատարելու։ Երբ կոյս Մարիամի յայտնեց թէ մանչ մը պիտի ունենար, Գաբրիէլ հրեշտակը ըսաւ. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի» (Ղուկաս 1։35)։ Գաբրիէլի խօսքերուն համաձայն, սուրբ հոգիին ու «Բարձրեալին զօրութեան» միջեւ կապ մը կայ։
Նոյն գաղափարը կը տեսնուի Աստուածաշունչի այլ հատուածներու մէջ։ Միքիա մարգարէն ըսաւ. «Ես Տէրոջը Հոգիովը՝ զօրութեամբ. . . լեցուած եմ» (Միքիա 3։8)։ Յիսուս իր աշակերտներուն խոստացաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք» (Գործք 1։8)։ Եւ Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ ‘սուրբ հոգիին զօրութեան’ մասին (Հռովմայեցիս 15։13, 19)։
Արդ, վերոնշեալ կէտերէն ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Սուրբ հոգիին եւ Աստուծոյ զօրութեան միջեւ սերտ կապակցութիւն կայ։ Սուրբ հոգին այն միջոցն է, որով Եհովա իր զօրութիւնը ի գործ կը դնէ։ Մէկ խօսքով, սուրբ հոգին Աստուծոյ կիրարկուած զօրութիւնն է, կամ՝ իր գործօն ուժը։ Անիկա ի՜նչ ապշեցուցիչ ոյժ մըն է։ Ամբողջ տիեզերքը ստեղծելը ի՜նչ զօրութիւն պահանջեց։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա մեզ կը հրաւիրէ խոկալու. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր» (Եսայի 40։26)։
Այսպէս Աստուածաշունչը ցոյց կու
տայ, թէ կազմակերպուած տիեզերքը գոյութիւն ունի ամենակալ Աստուծոյ «սաստիկ զօրութեան» շնորհիւ։ Բացորոշ է որ Աստուծոյ գործօն ուժը անսահման է, եւ մեր գոյութիւնը անկէ կախեալ է (տե՛ս «Սուրբ հոգիին գործունէութիւնները» շրջանակը)։Եհովա կրնայ իր սուրբ հոգին հսկայ տարողութեամբ գործածել, ինչպէս՝ տիեզերքի ստեղծագործութեան մէջ։ Բայց ան կրնայ նաեւ զայն գործածել իր մարդկային ստեղծագործութեան ի նպաստ։ Աստուածաշունչը բազմիցս կը նշէ թէ Աստուծոյ գործօն ուժը ի՛նչպէս իր երկրային երկրպագուները զօրութեամբ լեցուց։
«Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է»
Յիսուսի ծառայութիւնը սքանչելի գաղափար մը կու տայ մեզի, թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին ի՛նչպէս կրնայ իր երկրպագուները զօրացնել։ «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է», ըսաւ Յիսուս Նազարէթի բնակիչներուն (Ղուկաս 4։18)։ Յիսուս «Հոգիին զօրութիւնով» ի՞նչ իրագործեց (Ղուկաս 4։14)։ Ան ամէն տեսակ հիւանդութիւններ բուժեց, ալեկոծ ծովը հանդարտեցուց, քանի մը նկանակով ու ձուկով հազարաւորներ կերակրեց, եւ նոյնիսկ մեռելները յարուցանեց։ Պետրոս առաքեալ Յիսուսը նկարագրեց որպէս «Աստուծմէ. . . ցուցուած մարդ մը զօրութիւններով ու հրաշքներով եւ նշաններով, որոնք Աստուած անոր ձեռքով ըրաւ» (Գործք 2։22)։
Ներկայիս սուրբ հոգին այսպիսի հրաշքներ չի գործեր։ Այսուհանդերձ անիկա մեզի ի նպաստ արտակարգ բաներ կ’ընէ։ Եհովա սիրայօժար իր սուրբ հոգին կու տայ իր երկրպագուներուն, ինչպէս Յիսուս իր աշակերտները հաւաստիացուց (Ղուկաս 11։13)։ Հետեւաբար Պօղոս առաքեալ կրցաւ ըսել. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13)։ Սուրբ հոգին քու կեանքիդ մէջ կրնա՞յ այսպիսի դեր մը խաղալ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 5]
Սուրբ հոգին ինչո՛ւ անձ չէ
Աստուածաշունչը սուրբ հոգին կը համեմատէ ջուրին հետ։ Իր ժողովուրդին ապագայ օրհնութիւններ խոստանալով, Աստուած ըսաւ. «Ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ։ Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս» (Եսայի 44։3)։
Երբ Աստուած իր ծառաներուն վրայ իր հոգին կը թափէ, անոնք ‘Սուրբ Հոգիով կը լեցուին’ կամ «Սուրբ Հոգիով լեցուած» կ’ըլլան։ Յիսուս, Յովհաննէս Մկրտիչ, Պետրոս, Պօղոս, Բառնաբաս եւ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին հաւաքուած աշակերտները,– բոլորին մասին կ’ըսուի թէ սուրբ հոգիով լեցուն կամ լեցուած էին (Ղուկաս 1։15. 4։1. Գործք 4։8. 9։17. 11։22, 24. 13։9)։
Հետեւեալը նկատի առ. կարելի՞ է անձ մը ‘թափել’ տարբեր անհատներու վրայ։ Կ’ըսե՞ս թէ անձ մը կրնայ խումբ մը մարդիկ ‘լեցնել’։ Ասիկա տրամաբանական չէ։ Աստուածաշունչը կ’ակնարկէ անհատներու, որոնք իմաստութեամբ, հասկացողութեամբ կամ նոյնիսկ ճշգրիտ գիտութեամբ կը լեցուին, բայց երբեք չի նկարագրեր անհատ մը, որ ուրիշ անձով կը լեցուի (Ելից 28։3. Գ. Թագաւորաց 7։14. Ղուկաս 2։40. Կողոսացիս 1։9)։
«Հոգի» թարգմանուած յունարէն բառն է՝ փնէօմա, որ նաեւ անտեսանելի զօրութեան գաղափարը կը հաղորդէ։ Բառարանի մը համաձայն (Vine’s Expository Dictionary of New Testament Words), փնէօմա բառը «գլխաւորաբար կը նշէ հովը. . . նաեւ՝ շունչը. ապա յատկապէս հոգին, որ հովին նման անտեսանելի, աննիւթական եւ զօրաւոր է»։
Արդ, բացայայտ է որ սուրբ հոգին անձ չէ։ *
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 19 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Հօր, Որդիին ու սուրբ հոգիին մասին ճշմարտութիւնը», Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին մէջ, էջ 201- 204, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Նկարին աղբիւրը]
Photodisc/SuperStock