Աստուածային կրթութեան գերազանց արժէքը
Աստուածային կրթութեան գերազանց արժէքը
«Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար» (ՓԼՊ. 3։8)։
1, 2. Կարգ մը քրիստոնեաներ ի՞նչ ընտրութիւն կատարած են եւ ինչո՞ւ։
ՌԱՊԸՐԹ կանուխ հասակէն դպրոցին մէջ գերազանցիկ աշակերտ մըն էր։ Երբ տակաւին ութ տարեկան էր, իր մէկ ուսուցչուհին յատուկ այցելութիւն մը տուաւ իրեն ու ըսաւ, թէ անհամար բաներ պիտի կարենար իրագործել ու նոյնիսկ բժիշկ մը ըլլալ։ Որպէս երկրորդական վարժարանի աշակերտ, անոր բարձր նիշերը զինք որակեալ դարձուցին, որ իր երկրին լաւագոյն համալսարանները յաճախէ։ Բայց Ռապըրթ ընտրեց շատերու կողմէ անկրկնելի նկատուած պատեհութիւնը թողուլ, իբրեւ կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայելու իր նպատակին հետամուտ ըլլալու համար։
2 Ռապըրթի նման, քրիստոնեաներէն շատեր, երիտասարդ ու տարեց, իրերու ներկայ դրութեան մէջ յառաջդիմելու պատեհութիւններ ունին։ Ոմանք կ’որոշեն այս պատեհութիւնները լիովին չօգտագործել, որպէսզի կարենան հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալ (Ա. Կոր. 7։29-31)։ Ի՞նչ բան Ռապըրթի նման քրիստոնեաներ կը մղէ, որ քարոզչութեան լիաժամ մասնակցին։ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրէն զատ, որ առաջնագոյն պատճառն է, անոնք աստուածային կրթութեան գերազանց արժէքը կը գնահատեն։ Վերջերս նկատի առա՞ծ ես, թէ կեանքդ ի՛նչպէս պիտի ըլլար, եթէ ճշմարտութիւնը չգիտնայիր։ Եհովայէ սորված ըլլալուն արտակարգ օրհնութիւններէն ոմանց վրայ խոկալը, մեզի պիտի օգնէ բարի լուրին հանդէպ մեր գնահատութիւնը պահպանելու եւ զայն ուրիշներուն քարոզելու մէջ նախանձախնդիր ըլլալու։
Աստուծմէ սորված ըլլալը մեծ առանձնաշնորհում է
3. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա անկատար մարդոց սորվեցնելու յօժար է։
3 Բարի ըլլալով, Եհովա յօժար է անկատար մարդոց սորվեցնելու։ Օծեալ քրիստոնեաներուն մասին մարգարէաբար խօսելով, Եսայի 54։13–ը կ’ըսէ. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ Այս խօսքերը սկզբունքով նաեւ կը կիրարկուին Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ուն (Յովհ. 10։16)։ Մեր օրերուն կատարուող մարգարէութիւն մը ասիկա կը յստակացնէ։ Եսայի տեսիլքի մը մէջ տեսաւ բոլոր ազգերէ անհատներ, որոնք դէպի ճշմարիտ պաշտամունք կը խուժեն։ Ան կը նշէ թէ անոնք իրարու կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք» (Եսա. 2։1-3)։ Աստուծմէ սորված ըլլալը ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է։
4. Եհովա իր ուսուցանած անհատներէն ի՞նչ կը պահանջէ։
4 Ի՞նչպէս կրնանք աստուածային կրթութենէն օգտուելու որակեալ ըլլալ։ Գլխաւոր պահանջ մըն է՝ հեզ եւ ուսուցանուելու ընդունակ ըլլալ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «Տէրը բարի եւ ուղիղ է. . . իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ» (Սաղ. 25։8, 9)։ Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր» (Ղուկ. 10։21)։ Չե՞ս հրապուրուիր Աստուծմով մը, որ «խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պետ. 5։5)։
5. Միայն ի՞նչ կերպով կարելի դարձաւ, որ Աստուծոյ գիտութիւնը ձեռք ձգենք։
Յովհ. 6։44)։ Քարոզչութեամբ եւ սուրբ հոգիով, Եհովա իրեն կը քաշէ ոչխարանման անհատները, «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» (Ան. 2։7)։ Երախտապարտ չե՞ս որ անոնցմէ մէկն ես, զորոնք Եհովա իր Որդիին քաշած է (կարդալ՝ Երեմիա 9։23, 24)։
5 Որպէս Եհովայի ծառաներ, մեր կարողութեա՞մբ եւ իմաստութեա՞մբ ճշմարտութիւնը ճանչցանք։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, մեր անձնական ջանքերով երբեք Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի չունենայինք։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ» (Կեանքեր բարելաւելու զօրութիւնը
6. «Տէրոջը գիտութիւնը» ստանալը, մարդոց վրայ ի՞նչ արտասովոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։
6 Գեղեցիկ նկարագրութիւն մը գործածելով, Եսայիի մարգարէութիւնը կը նշէ ներկայիս մարդոց անձնաւորութեան մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները։ Նախապէս վայրագ անհատներ խաղաղասէր դարձած են (կարդալ՝ Եսայի 11։6-9)։ Անոնք որոնք ատեն մը իրարու թշնամի էին՝ ցեղի, ազգի, տոհմի կամ մշակութային այլ ենթահողի տարբերութիւններու պատճառաւ, սորված են իրարու հետ միութեամբ ապրիլ։ Այլաբանօրէն խօսելով, անոնք «իրենց սուրերէն խոփեր» շինած են (Եսա. 2։4)։ Այս արտասովոր փոփոխութիւնները ի՞նչ բանի արդիւնքն են։ Մարդիկ «Տէրոջը գիտութիւնը» ստացած են եւ զայն իրենց կեանքին մէջ կիրարկած են։ Աստուծոյ ծառաները անկատար ըլլալով հանդերձ, իսկական միջազգային եղբայրութիւն մը կը կազմեն։ Բարի լուրին տիեզերական գրաւչութիւնը եւ անոր արտադրած ընտիր պտուղները, աստուածային կրթութեան գերազանց արժէքին կը վկայեն (Մատ. 11։19)։
7, 8. ա) Ի՞նչ են այն կարգ մը «հպարտացած բարձր բաները», որոնցմէ աստուածային կրթութիւնը մարդիկը կ’ազատագրէ։ բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ աստուածային կրթութիւնը փառաբանութիւն կը բերէ Եհովայի։
7 Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ ծառաներուն ծառայութիւնը նմանցուց հոգեւոր պատերազմի։ Ան գրեց. «Մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։ Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները» (Բ. Կոր. 10։4, 5)։ Ի՞նչ են այն կարգ մը «հպարտացած բարձր բաները», որոնցմէ աստուածային կրթութիւնը մարդիկը կ’ազատագրէ։ Ի միջի այլոց, սուտ ուսուցումներուն բեռը, նախապաշարումները եւ մարդկային փիլիսոփայութիւնները (Կող. 2։8)։ Աստուածային կրթութիւնը մարդոց կ’օգնէ գէշ սովորութիւններ յաղթահարելու եւ բարեպաշտ յատկութիւններ մշակելու (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Անիկա ընտանեկան կեանքը կը բարելաւէ, եւ անյոյս անհատներուն կու տայ կեանքի իսկական նպատակ։ Ներկայիս ա՛յսպիսի կրթութեան մը կարիք կայ։
8 Յատկութիւններէն մէկը, զոր Եհովա մարդոց կ’օգնէ մշակելու՝ պարկեշտութիւնն է, ինչպէս հետեւեալ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ (Եբ. 13։18)։ Հնդկաստանի մէջ կին մը ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ ժամանակ մը ետք չմկրտուած հրատարակիչ եղաւ։ Օր մը, Թագաւորութեան սրահի մը շինարարութեան ծրագրին մասնակցելէ ետք, մինչ տուն կը վերադառնար, ան հանրակառքի կայարանի մը մօտ գտաւ ութ հարիւր ամերիկեան տոլար արժող ոսկիէ շղթայ մը։ Չքաւոր ըլլալով հանդերձ, ան ոստիկանատուն գնաց ու շղթան յանձնեց։ Պատասխանատու ոստիկանը իր աչքերուն չհաւատաց։ Յետագային, ուրիշ ոստիկան մը իրեն հարցուց. «Ինչո՞ւ ընտրեցիր շղթան յանձնել»։ Կինը բացատրեց. «Աստուածաշունչի ուսուցումը զիս փոխեց, եւ այժմ ես պարկեշտ անձն մըն եմ»։ Տպաւորուած՝ ան կնոջ ընկերակցող քրիստոնեայ երէցին ըսաւ. «Այս նահանգը աւելի քան 38 միլիոն մարդ ունի։ Եթէ կրնաս տասը հոգիի օգնել, որ այս կնոջ պէս ըլլան, ասիկա մե՜ծ իրագործում մը պիտի ըլլայ»։ Եհովան փառաբանելու ի՜նչ պատճառներ ունինք, նկատի առնելով այն միլիոնաւոր կեանքերը, զորս աստուածային կրթութիւնը բարելաւած է։
9. Ի՞նչպէս կարելի է, որ մարդիկ իրենց կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւններ մտցնեն։
Հռով. 12։2. Գաղ. 5։22, 23)։ Կողոսացիս 3։10–ը կ’ըսէ. «Հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս»։ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին բովանդակած պատգամը, զօրութիւն ունի ներքին իսկական անձնաւորութիւնը յայտնելու, եւ կրնայ անհատին մտածելակերպն ու կեցուածքները փոխել (կարդալ՝ Եբրայեցիս 4։12)։ Անհատ մը Սուրբ Գրութիւններուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելով եւ իր կեանքը Եհովայի արդար չափանիշներուն հետ ներդաշնակ դարձնելով, կրնայ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ եւ առյաւէտ ապրելու հեռանկարը ունենալ։
9 Աստուծոյ Խօսքին փոխելու զօրութիւնը, սուրբ հոգիին օգնութեան հետ մէկտեղ, մարդիկը կարող կը դարձնէ որ իրենց կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւններ մտցնեն (Ապագային համար պատրաստուիլ
10. ա) Եհովա ինչո՞ւ ի վիճակի է մեզ պատրաստելու ապագային համար։ բ) Շուտով ի՞նչ շշմեցուցիչ փոփոխութիւններ ամբողջ երկրագունդին պիտի ազդեն։
10 Եհովա ի վիճակի է մեզի օգնելու, որ ապագային համար պատրաստուինք, քանի որ գիտէ մօտալուտ դէպքերը։ Ան կ’որոշէ թէ մարդկութեան ապագան ի՛նչպէս պիտի ըլլայ (Եսա. 46։9, 10)։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը յայտնեն, թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է» (Սոփ. 1։14)։ Այդ օրուան նկատմամբ, Առակաց 11։4–ի խօսքերը ճշմարիտ պիտի ելլեն. «Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ, բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ»։ Երբ Սատանայի աշխարհին վրայ Եհովայի դատաստանին գործադրութեան ժամանակը գայ, Աստուծոյ առջեւ մեր կեցուածքը ամէնէն կարեւոր բանը պիտի ըլլայ։ Դրամը անարժէք պիտի ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, Եզեկիէլ 7։19–ն կ’ըսէ. «Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի»։ Այս կանխագիտութիւնը կրնայ մեզի օգնել, որ հիմա իմաստութեամբ վարուինք։
11. Ի՞նչ կերպով աստուածային կրթութիւնը մեզի կ’օգնէ պատրաստուելու ապագային համար։
11 Յատկանշական մէկ կերպը, որով աստուածային կրթութիւնը մեզ կը պատրաստէ Եհովայի մօտալուտ օրուան համար, այն է՝ որ մեզի կ’օգնէ պատշաճ նախապատուութիւններ դնելու։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի գրեց. «Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ»։ Նոյնիսկ եթէ հարուստ չենք, կրնանք այս ներշնչեալ խրատէն օգտուիլ։ Անիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Փոխանակ նիւթական հարստութիւն դիզելու, պէտք է ջանանք ‘բարիք գործել’ եւ ‘բարի գործերով հարստանալ’։ Հոգեւոր բաները մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով, կրնանք ‘հանդերձեալին համար մեր անձին բարի հիմ դնել’ (Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Այսպիսի անձնազոհութեան ընթացք մը գործնական իմաստութիւն կ’արտացոլացնէ, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ» (Մատ. 16։26, 27)։ Եհովայի օրուան մօտալուտ ըլլալուն ի տես, իւրաքանչիւրս հարց տանք. ‘Ո՞ւր գանձեր կը դիզեմ։ Կը ծառայեմ Աստուծո՞յ թէ մամոնային’ (Մատ. 6։19, 20, 24)։
12. Ինչո՞ւ պէտք չէ ետ կենանք, եթէ ոմանք մեր ծառայութիւնը արհամարհեն։
12 Աստուծոյ Խօսքին մէջ քրիստոնեաներուն համար ուրուագծուած ‘բարի գործերուն’ առաջնագոյնն է՝ Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ աշակերտելու փրկարար գործը (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Ինչպէս էր պարագան առաջին դարուն, ոմանք կրնան մեր ծառայութիւնը արհամարհել (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 1։18-21)։ Բայց ասիկա մեր պատգամին արժէքը չի փոխեր, ո՛չ ալ ամէն անհատի անոր հաւատք ընծայելու պատեհութիւն տալու կարեւորութիւնը կը նուազեցնէ, մինչ տակաւին ժամանակ կայ (Հռով. 10։13, 14)։ Մինչ ուրիշներուն կ’օգնենք աստուածային կրթութենէն օգտուելու, բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։
Օրհնուած՝ զոհողութիւններ ընելու պատճառաւ
13. Պօղոս առաքեալ բարի լուրին համար ի՞նչ զոհողութիւններ ըրաւ։
13 Քրիստոնեայ ըլլալէն առաջ, Պօղոս առաքեալ կը մարզուէր հրէական իրերու դրութեան մէջ դիրքի տէր ըլլալու։ Հաւանաբար 13 տարեկանէն աւելի չեղած, ան իր ծննդավայրէն՝ Տարսոն քաղաքէն Երուսաղէմ փոխադրուեցաւ, մովսիսական օրէնքի մեծայարգ ուսուցիչ՝ Գամաղիէլի ձեռքին տակ ուսում ստանալու համար (Գործք 22։3)։ Ժամանակի ընթացքին, Պօղոս սկսաւ իր ժամանակակիցներուն մէջ աչքառու դառնալ, եւ եթէ այդպէս շարունակէր, թերեւս հրէականութեան մէջ կարկառուն դիրքի մը հասնէր (Գաղ. 1։13, 14)։ Երբ ան բարի լուրը ընդունեց եւ քարոզչութեան ձեռնարկեց, այդ բոլորը իր ետին թողուց։ Պօղոս իր ընտրութեան համար զղջա՞ց։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, ան գրեց. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ» (Փլպ. 3։8)։
14, 15. Որպէս «Աստուծոյ գործակից»ներ ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։
14 Պօղոսի նման, ներկայիս քրիստոնեաները բարի լուրին համար զոհողութիւններ կ’ընեն (Մար. 10։29, 30)։ Ասիկա ընելով բանէ մը կը զրկուի՞նք։ Սկիզբը նշուած Ռապըրթը շատերու տեսակէտը արտայայտելով կ’ըսէ. «Բնաւ չեմ զղջացած։ Լիաժամ ծառայութիւնը ինծի ուրախութիւն ու գոհունակութիւն տուած է, եւ օգնած է որ ‘համտեսեմ ու տեսնեմ թէ Եհովան բարի է’։ Երբ հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալու համար նիւթական զոհողութիւններ ըրի, Եհովա միշտ զիս օրհնեց՝ իմ զոհած բաներէս աւելին տալով։ Կարծես թէ ոչինչ զոհած եմ. միայն շահած եմ» (Սաղ. 34։8. Առ. 10։22)։
15 Եթէ որոշ ժամանակէ մը ի վեր քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին կը մասնակցիս, անկասկած դուն ալ պատեհութիւններ ունեցած ես ճաշակելու եւ տեսնելու թէ Եհովան բարի է։ Բարի լուրը ներկայացնելու ընթացքին, եղա՞ծ են ժամանակներ, երբ իր հոգիին օգնութիւնը զգացած ես։ Նկատա՞ծ ես ուրիշներուն ուրախութիւնը, երբ Եհովա անոնց սրտերը բացած է, որ պատգամին ուշադրութիւն ընծայեն (Գործք 16։14)։ Եհովա քեզի օգնա՞ծ է խոչընդոտներ յաղթահարելու, թերեւս ճամբան հարթելով որ ծառայութիւնդ ընդարձակես։ Դժուարին ժամանակներուն մէջ քեզի նեցուկ կանգնա՞ծ է, կարելի դարձնելով որ շարունակես իրեն ծառայել, հակառակ անոր որ ուժասպառ եղած ես (Փլպ. 4։13)։ Երբ մեր ծառայութիւնը կատարելու ընթացքին անձամբ Եհովայի օգնական ձեռքը կը զգանք, ան մեզի համար աւելի իրական կը դառնայ եւ իրեն աւելի կը մօտենանք (Եսա. 41։10)։ Աստուածային կրթութեան հոյակապ գործին մէջ «Աստուծոյ գործակից» ըլլալը մեծ օրհնութիւն մը չէ՞ (Ա. Կոր. 3։9)։
16. Աստուածային կրթութեան առնչութեամբ քու ըրած ջանքերուդ ու զոհողութիւններուդ հանդէպ ի՞նչ կը զգաս։
16 Շատեր կը յուսան, իրենց կեանքի տեւողութեան մնայուն արժէք ունեցող բան մը իրագործել։ Նկատած ենք, թէ ներկայ աշխարհին մէջ նոյնիսկ ակնառու իրագործումներ, յաճախ շուտով մոռացութեան կը մատնուին։ Սակայն, իր անուան սրբացման հետ կապ ունեցող Եհովայի մերօրեայ իրագործումները, անկասկած մնայուն արձանագրութեան մը մէջ պիտի պահպանուին, որպէս աստուածպետական պատմութեան մէկ մասը։ Անոնք առյաւէտ պիտի յիշուին (Առ. 10։7. Եբ. 6։10)։ Արդ, աստուածային կրթութեան պատմական գործին մէջ բաժին բերելու մեր առանձնաշնորհումը արժեւորենք։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Եհովա իր ուսուցանած անհատներէն ի՞նչ կը պահանջէ։
• Աստուածային կրթութիւնը ի՞նչպէս մարդոց կեանքը կը բարելաւէ։
• Ի՞նչ կերպերով կ’օրհնուինք, երբ ուրիշներուն կ’օգնենք որ աստուածային կրթութենէն օգտուին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]