Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքի նեղութիւնները Աստուծմէ պատի՞ժ են

Կեանքի նեղութիւնները Աստուծմէ պատի՞ժ են

Ընթերցողները կը հարցնեն

Կեանքի նեղութիւնները Աստուծմէ պատի՞ժ են

Երբեք քեզի պատահած ցնցիչ դէպք մը պատճառ եղա՞ծ է, որ հարց տաս թէ Աստուած մտադրա՛ծ է որ տառապիս։ Անակնկալ հիւանդութիւն մը, հաշմ դարձնող արկած մը կամ ընտանիքի մէկ անդամին վաղահաս մահը, կրնայ այն տպաւորութիւնը տալ, թէ Աստուած յատկապէս մեզ ընտրեց որ պատժէ։

Փոխանակ այսպիսի խորհուրդներ սնուցանելու, մխիթարուէ այն գաղափարով, թէ Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ երջանիկ ու վնասներէ զերծ ըլլան, ինչպէս կ’ապացուցանէ այն իրողութիւնը, թէ երբ Աստուած առաջին մարդկային զոյգը ստեղծեց, զանոնք «Եդեմի պարտէզ»ին մէջ դրաւ,– պարտիզանման դրախտ, ուր կեանքը ամէն թշուառութենէ զերծ պիտի ըլլար (Ծննդոց 2։15

Դժբախտաբար, մարդկային առաջին զոյգը ընտրեց այս սքանչելի հեռանկարը մերժել եւ Աստուծոյ կամովին չհնազանդեցաւ։ Հետեւանքը աղէտալի էր ո՛չ միայն իրենց համար, այլեւ իրենց ամբողջ զարմին համար, ի ներառեալ՝ մենք։ Ինչո՞ւ։ Կացութիւնը կրնայ նմանցուիլ այն պարագային, երբ հայր մը տան վարձքը վճարելու իր համաձայնութիւնը կը դրժէ,– ամբողջ ընտանիքը տունէն դուրս կը դրուի եւ դժուարութեան ու զրկանքի կ’ենթարկուի։ Նմանապէս, առաջին ըմբոստութենէն ի վեր, ամբողջ մարդկութիւնը նեղութիւններէ կը տառապի (Հռովմայեցիս 5։12)։ Դարեր ետք, արդար Յոբ նշեց թէ եթէ իր ցաւն ու թշուառութիւնը «կշիռքի մէջ դրուէր», «ծովուն աւազէն ծանր» պիտի ըլլար (Յոբ 6։2, 3

Նեղութեան ուրիշ պատճառ մըն է՝ մեր սահմանափակ հեռատեսութիւնը։ Օրինակ, երեւակայէ որ երկրաչափ մը հրդեհի ենթակայ եղող շրջանի մը մէջ տուներ կառուցանեց ու ծախեց։ Այս իրողութիւնը չգիտնալով, տուներէն մէկը գնեցիր ու անոր մէջ բնակեցար։ Այսպէս դուն քեզ եւ ընտանիքդ ծանր ձախորդութեան ենթարկած չե՞ս ըլլար։ Ծագած որեւէ դժուարութիւն չես կրնար Աստուծմէ պատիժ նկատել, այդպէս չէ՞։ Աստուածաշունչը դիտել կու տայ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15

Սակայն մխիթարական է գիտնալ, թէ բոլորս նեղութիւններու ենթակայ ըլլալով հանդերձ, Աստուած նպատակադրած է մարդկութիւնը շուտով տառապանքէ փրկել։ Այդ ժամանակ, այլեւս նեղութիւններ պիտի չքաշես, ո՛չ ալ զանոնք պիտի տեսնես կամ անոնց մասին լսես։ Ա՛լ տրտմութեան արցունքներ, ցաւ, մահ եւ սուգ պիտի չըլլան, «վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։4)։ Նաեւ սրտապնդիչ է այն խոստումը, թէ մարդիկ երբեք տուներ պիտի չկառուցանեն ու դաշտեր պիտի չցանեն, որպէսզի պատերազմները կամ աղէտները զանոնք քանդեն։ Փոխարէն, անոնք իրենց ձեռքերուն գործերը «պիտի հինցնեն» (Եսայի 65։21-25

Մինչ կը սպասես որ Աստուած նեղութիւնները ամբողջովին չքացնէ, ի՞նչ կրնաս ընել՝ անոնց ազդեցութիւնը նուազագոյն աստիճանի իջեցնելու համար։ Նախ եւ առաջ, «քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր», կը յորդորէ Աստուածաշունչը, հապա «քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ» (Առակաց 3։5)։ Առաջնորդութեան եւ մխիթարութեան համար Իրեն դիմէ։ Աստուածաշունչին բովանդակած աստուածային իմաստութեան ուշադրութիւն ընծայէ։ Անիկա քեզի պիտի օգնէ խոհեմ որոշումներ կայացնելու եւ քեզ խուսափելի թշուառութիւններէ պիտի պաշտպանէ (Առակաց 22։3