Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շտապէ դէպի հասունութիւն, քանի որ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»

Շտապէ դէպի հասունութիւն, քանի որ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»

Շտապէ դէպի հասունութիւն, քանի որ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»

«Շտապենք դէպի հասունութիւն» (ԵԲ. 6։1, ՆԱ

1, 2. ‘Լեռները փախչելու’ ի՞նչ պատեհութիւն ներկայացաւ Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ եղող առաջին դարու քրիստոնեաներուն։

ԵՐԲ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր աշակերտները իրեն մօտենալով հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուս պատասխանեց մարգարէութիւն մը տալով, որուն սկզբնական կատարումը առաջին դարուն տեղի ունեցաւ։ Ան խօսեցաւ անսովոր իրադարձութեան մը մասին, որ պիտի նշէր թէ վախճանը մօտալուտ էր։ Այդ զարգացումը նկատելով, ‘Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները պէտք էր փախչէին’ (Մատ. 24։1-3, 15-22)։ Յիսուսի աշակերտները նշանը պիտի զատորոշէի՞ն եւ իր հրահանգներուն համաձայն պիտի վարուէի՞ն։

2 Շուրջ երեք տասնամեակներ ետք, մ.թ. 61–ին, Պօղոս առաքեալ Երուսաղէմի մէջ ու անոր շրջակայքը բնակող եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրեց զօրաւոր, զգաստացուցիչ պատգամ մը։ Թէ՛ Պօղոս եւ թէ իր հաւատակիցները չէին գիտեր, թէ «մեծ նեղութեան» առաջին հանգրուանը նշող դէպքը, միայն շուրջ հինգ տարի ետք տեղի պիտի ունենար (Մատ. 24։21)։ Մ.թ. 66–ին, Սեսդիոս Գաղիոսի առաջնորդութեան ներքեւ, հռոմէական բանակը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ, բայց յանկարծ նահանջեց, ինչ որ պատեհութիւն ընծայեց վտանգուած անհատներուն, որ ապահով վայր մը փախչին։

3. Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն ի՞նչ յորդոր տուաւ եւ ինչո՞ւ։

3 Սուր խորատեսութեան եւ հոգեւոր խելամտութեան հարկ կար, որ քրիստոնեաները իրադարձութիւնները զատորոշէին ու փախչէին։ Սակայն ‘ոմանց լսելիքները բթացած էին’։ Հոգեւոր մանուկներու պէս, անոնք «կաթի» կը կարօտէին (կարդալ՝ Եբրայեցիս 5։11-13Նոյնիսկ ճշմարտութեան ճամբուն մէջ տասնամեակներ շարունակ քալողներէն ոմանք, ‘կենդանի Աստուծոյ դէմ ապստամբելու’ նշաններ ցոյց կու տային (Եբ. 3։12)։ Ոմանք քրիստոնէական ժողովներէն բացակայելու «սովորութիւն» ունէին, մինչ այս աղէտալի ‘օրը կը մօտենար’ (Եբ. 10։24, 25)։ Պօղոս ժամանակայարմար յորդոր տուաւ անոնց, ըսելով. «Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք [«շտապենք դէպի հասունութիւն», ՆԱ]» (Եբ. 6։1

4. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ հոգեւորապէս արթուն մնանք, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։

4 Կ’ապրինք Յիսուսի մարգարէութեան վերջին կատարման ժամանակին մէջ։ «Տէրոջը մեծ օրը»,– որ Սատանայի ամբողջ դրութեան վախճանը պիտի բերէ,– «մօտ է» (Սոփ. 1։14)։ Որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է հոգեւորապէս արթուն ու զգաստ մնանք (Ա. Պետ. 5։8)։ Ասիկա իրապէս կ’ընե՞նք։ Քրիստոնէական հասունութիւնը մեզի պիտի օգնէ միշտ ի մտի ունենալու, թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր ենք։

Քրիստոնէական հասունութիւնը ի՛նչ է

5, 6. ա) Հոգեւոր հասունութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Դէպի հասունութիւն շտապելը կը պահանջէ ջանք թափել ո՞ր երկու մարզերուն մէջ։

5 Պօղոս առաջին դարու եբրայեցի քրիստոնեաները ո՛չ միայն քաջալերեց որ շտապեն դէպի հասունութիւն, այլեւ անոնց նշեց թէ հոգեւոր հասունութիւնը ի՛նչ կը պարփակէ (կարդալ՝ Եբրայեցիս 5։14«Չափահասներ»ը միայն «կաթ» խմելով չեն բաւականանար։ Անոնք «հաստատուն կերակուր» կ’ուտեն։ Հետեւաբար, անոնք ճշմարտութեան թէ՛ «նախնական» եւ թէ «խորունկ» բաները գիտեն (Ա. Կոր. 2։10)։ Ասկէ զատ, անոնց ըմբռնողականութիւնը գործածութեամբ կը մարզուի,– իրենց գիտցածը կիրարկելով,– եւ ասիկա կ’օգնէ որ շիտակը սխալէն զանազանեն։ Երբ որոշում մը պիտի տան, այս մարզումը զիրենք կարող կը դարձնէ զատորոշելու, թէ աստուածաշնչական ի՛նչ սկզբունքներ պարփակուած են եւ ի՛նչպէս կրնան զանոնք կիրարկել։

6 Պօղոս գրեց. «Պէտք է շատ աւելի ուշադիր ըլլանք. . . ըսուածներուն, որպէսզի չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք» (Եբ. 2։1, Անթիլիաս)։ Առանց անդրադառնալու կրնանք հաւատքէն հեռանալ։ Այս փորձառութիւնը չունենալու համար, «պէտք է շատ աւելի ուշադիր ըլլանք» երբ հոգեւոր ճշմարտութիւններ նկատի կ’առնենք։ Ուստի իւրաքանչիւրս հարց տանք. ‘Տակաւին նախնակա՞ն բաներ կը սերտեմ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ճշմարտութեան նկատմամբ ամէն ինչ մեքենաբար կ’ընեմ, առանց սիրտս միջամուխ ըլլալու։ Ի՞նչպէս կրնամ հոգեւորապէս յառաջդիմել’։ Դէպի հասունութիւն շտապելը կը պահանջէ ջանք թափել առնուազն երկու մարզի մէջ,– Աստուծոյ Խօսքին ընտելանալ ու հնազանդութիւն սորվիլ։

Խօսքին քաջածանօթ եղիր

7. Աստուծոյ Խօսքին քաջածանօթ ըլլալէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

7 Պօղոս նշեց. «Այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է» (Եբ. 5։13)։ Հասունութեան դիմելու համար, պէտք է քաջածանօթ ըլլանք Աստուծոյ խօսքին, մեզի ուղղած պատգամին։ Որովհետեւ այս պատգամը իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի, ժրաջանօրէն պէտք է ուսումնասիրենք Սուրբ Գրութիւնները եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակութիւնները (Մատ. 24։45-47)։ Այս կերպով Աստուծոյ մտածումը իւրացնելը կրնայ մեզի օգնել մեր ըմբռնողականութիւնը մարզելու։ Նկատի առ Օրքիտ անունով քրոջ մը օրինակը։ * Ան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեան վերաբերող յիշեցումը, կեանքիս վրայ մեծագոյն ազդեցութիւնը ունեցած է։ Շուրջ երկու տարի տեւեց որ Աստուածաշունչը կողքէ կողք կարդամ, եւ ինծի թուեցաւ թէ առաջին անգամ ըլլալով Ստեղծիչիս կը ծանօթանամ։ Սորվեցայ իր ուղիներուն, իր սիրած ու չսիրած բաներուն, իր զօրութեան տարողութեան եւ իր իմաստութեան խորութեան մասին։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը ինծի ոյժ տուած է կեանքիս ամէնէն մռայլ պահերուն»։

8. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ զօրութիւն կրնայ բանեցնել մեր վրայ։

8 Կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքէն հատուած մը կարդալը թոյլ կու տայ անոր պատգամին, որ մեր վրայ ‘զօրութիւն’ բանեցնէ (կարդալ՝ Եբրայեցիս 4։12Այսպիսի ընթերցանութիւն կրնայ մեր ներքին անձը կաղապարել ու մեզ աւելի հաճոյալի դարձնել Եհովայի։ Անձնապէս կարիք ունի՞ս, որ աւելի ժամանակ տրամադրես Աստուածաշունչը ընթերցելու եւ անոր ըսածներուն վրայ խոկալու։

9, 10. Բացատրէ թէ Աստուծոյ Խօսքին ընտելանալը ի՛նչ կը պարփակէ։

9 Բաւարար չէ պարզապէս գիտնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը բովանդակէ։ Պօղոսի օրերուն, հոգեւոր մանուկները պայման չէ որ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին բոլորովին անծանօթ էին։ Սակայն անոնք զայն անձամբ չէին գործածեր եւ փորձառաբար անոր արժէքը չէին քններ։ Անոնք պատգամին իրազեկ չէին եղած, անոր թոյլ տալով որ զիրենք առաջնորդէ իմաստուն որոշումներ կայացնելու մէջ։

10 Աստուծոյ Խօսքին ընտելանալու համար, անկէ քաղուած գիտութիւնը պէտք է ի գործ դնենք։ Քիլի անունով քրոջ մը փորձառութիւնը այս կէտը կը լուսաբանէ։ Քիլին իր գործակիցներէն մէկուն հետ վիճաբանութիւն ունեցաւ։ Ան խրամատը ի՞նչպէս գոցեց։ Ան կը բացատրէ. «Անմիջապէս միտքս եկաւ Հռովմայեցիս 12։18–ի խօսքը. ‘Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք’։ Ուստի ժամադրուեցայ, որ գործէն ետք կնոջ հետ խօսիմ»։ Հանդիպումը շատ յաջող էր, եւ աշխատակիցը Քիլիին առած քայլով տպաւորուեցաւ։ «Սորվեցայ թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը միշտ ընելիք շիտակ բանն է», կ’ըսէ Քիլի։

Հնազանդութիւն սորվէ

11. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ դժուար պարագաներու ներքեւ հնազանդիլը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։

11 Սուրբ Գրութիւններէն մեր սորվածը կիրարկելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ, յատկապէս երբ պարագաները դժուար են։ Օրինակ, եգիպտական ստրկութենէն ազատագրուելէն քիչ ետք, իսրայէլացիները ‘Մովսէսի հետ վիճեցան’ ու շարունակեցին ‘Տէրը փորձել’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ խմելու ջուր չկար (Ել. 17։1-4)։ Աստուածային ուխտի ներքեւ ըլլալէ եւ «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք» ըսելէ ետք, երկու ամիս չանցած՝ անոնք կռապաշտութեան անձնատուր եղան (Ել. 24։3, 12-18. 32։1, 2, 7-9)։ Արդեօք ասիկա ըրին, քանի որ Քորեբ լերան վրայ Մովսէսի երկարատեւ բացակայութիւնը զիրենք վախկո՞տ դարձուց։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք խորհեցան, թէ ամաղեկացիները դարձեալ պիտի յարձակին եւ իրենք անօգնական են առանց Մովսէսի, որուն բարձրացած ձեռքերը նախապէս յաղթանակ բերաւ իրենց (Ել. 17։8-16)։ Պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլար, իսրայէլացիները «չուզեցին հնազանդիլ» (Գործք 7։39-41)։ Պօղոս քրիստոնեաները յորդորեց, որ «ջանան» խուսափիլ ‘իյնալէ՝ նոյն անհնազանդութեան օրինակին պէս’, զոր իսրայէլացիները ցուցաբերեցին, երբ Խոստացեալ երկիրը մտնելէ վախցան (Եբ. 4։3, 11, ԱԾ

12. Յիսուս ի՞նչպէս հնազանդութիւն սորվեցաւ, եւ ի՞նչ օգուտ քաղեց։

12 Դէպի հասունութիւն շտապելը կը պահանջէ, որ մեր լաւագոյնը ընենք Եհովայի հնազանդելու։ Ինչպէս Յիսուս Քրիստոսի օրինակը ցոյց կու տայ, յաճախ անհատը իր չարչարանքներու փորձառութեամբ կը սորվի՝ թէ ի՛նչ բան է հնազանդութիւնը (կարդալ՝ Եբրայեցիս 5։8, 9Երկիր գալէ առաջ, Յիսուս իր Հօր հնազանդ էր։ Սակայն երկրի վրայ իր Հօր կամքը ընելը, ֆիզիքական ու մտային տառապանք պարփակեց։ Ծայրայեղ նեղութեան ներքեւ հնազանդ գտնուելով, Յիսուս «կատարեալ եղաւ» Աստուծոյ ի մտի ունեցած նոր դիրքին համար,– Թագաւոր ու Քահանայապետ ըլլալ։

13. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ հնազանդութիւն սորվա՛ծ ենք կամ ոչ։

13 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Վճռա՞ծ ենք Եհովայի հնազանդիլ, նոյնիսկ երբ նեղացուցիչ խնդիրներ դիմագրաւենք (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 1։6, 7Բարոյականութեան, պարկեշտութեան, լեզուի պատշաճ գործածութեան, Սուրբ Գրութիւններու անձնական ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ քարոզչութեան մասնակցելու առնչութեամբ, Աստուած յստակ ցուցմունքներ տուած է (Յես. 1։8. Մատ. 28։19, 20. Եփ. 4։25, 28, 29. 5։3-5. Եբ. 10։24, 25)։ Նոյնիսկ նեղութիւններու ներքեւ, այս հարցերուն մէջ Եհովայի հնազա՞նդ ենք։ Մեր հնազանդութիւնը ցոյց կու տայ, թէ դէպի հասունութիւն յառաջդիմած ենք։

Քրիստոնէական հասունութիւնը ինչո՞ւ օգտակար է

14. Լուսաբանէ թէ դէպի հասունութիւն շտապելը ի՛նչպէս կրնայ պաշտպանութիւն ըլլալ։

14 Քրիստոնեայի մը համար իսկական պաշտպանութիւն է ունենալ ըմբռնողականութիւն, որ պատշաճօրէն մարզուած է շիտակը սխալէն զանազանել այս «անզգայ» աշխարհին մէջ (Եփ. 4։19)։ Օրինակ, Ճէյմս անունով եղբայր մը, որ աստուածաշնչական հրատարակութիւնները կանոնաւորաբար կը կարդար ու խորապէս կը գնահատէր, սկսաւ տեղ մը աշխատիլ, ուր իր բոլոր գործակիցները կին դասակարգէն էին։ Ճէյմս կ’ըսէ. «Բացայայտ էր թէ անոնցմէ շատեր բարոյական չափանիշները չէին յարգեր, բայց գործակից մը, ըստ երեւոյթին, լաւ նկարագրի գիծեր ունէր եւ աստուածաշնչական ճշմարտութեամբ հետաքրքրուեցաւ։ Սակայն առիթով մը, երբ արտադրութեան բաժանմունքին մէջ առանձին էինք, ան սկսաւ սեռային առաջարկներ ընել։ Կարծեցի թէ ան կատակ կ’ընէր, բայց արդարեւ զինք կեցնելը շատ դժուար էր։ Իսկոյն մտաբերեցի եղբօր մը փորձառութիւնը, որ իր գործատեղիին մէջ նոյնանման փորձութիւն մը դիմագրաւեց։ Դիտարան–ի այդ յօդուածը նշած էր Յովսէփի ու Պետափրէսի կնոջ օրինակը։ * Անյապաղ զինք հրեցի, եւ ան դուրս վազեց» (Ծն. 39։7-12)։ Ճէյմս շնորհապարտ էր, որ աւելի բան մը չպատահեցաւ եւ կրցաւ բարի խղճմտանք պահպանել (Ա. Տիմ. 1։5

15. Դէպի հասունութիւն շտապելը ի՞նչպէս կրնայ մեր այլաբանական սիրտը զօրացնել։

15 Հասունութիւնը նաեւ օգտակար է, քանի որ մեր այլաբանական սիրտը կը զօրացնէ ու մեզ կը պաշտպանէ ‘կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներէ տարուելէ’ (կարդալ՝ Եբրայեցիս 13։9Երբ կը ջանանք հոգեւորապէս յառաջդիմել, մեր միտքը կեդրոնացած կը մնայ աւելի «լաւ բաներ»ու վրայ (Փլպ. 1։9, 10)։ Այսպէս Աստուծոյ եւ մեր օգտին համար ըրած բոլոր կարգադրութիւններուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորանայ (Հռով. 3։24)։ «Մտքով չափահաս» եղող քրիստոնեան այսպիսի երախտագիտութիւն կը մշակէ եւ Եհովայի հետ մտերմութիւն կը վայելէ (Ա. Կոր. 14։20

16. Ի՞նչ բան քրոջ մը օգնեց, որ ‘հաստատ սիրտ’ մշակէ։

16 Լուիզ անունով քոյր մը խոստովանեցաւ, թէ իր մկրտութենէն ետք որոշ ժամանակ մը, իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն էր՝ ուրիշները տպաւորել։ Ան ըսաւ. «Սխալ բան մը չէի ըներ, բայց սիրտս Եհովայի ծառայելու ցանկութեամբ չէր բորբոքեր։ Անդրադարձայ որ պէտք էր կարգ մը փոփոխութիւններ ընէի, եթէ կ’ուզէի զգալ թէ Եհովայի համար ամէն կարելիս կ’ընեմ։ Մեծագոյն փոփոխութիւնն էր՝ իր պաշտամունքին մէջ ամբողջ սիրտս դնել»։ Այսպիսի ջանք թափելով, Լուիզ մշակեց ‘հաստատ սիրտ’ մը, որ կենսական եղաւ, երբ ծանր հիւանդութիւն մը դիմագրաւեց (Յակ. 5։8)։ Լուիզ ըսաւ. «Մեծ պայքար մղեցի, բայց իրապէս Եհովայի մօտեցայ»։

‘Սրտանց հնազանդէ’

17. Հնազանդութիւնը ինչո՞ւ յատկապէս էական էր առաջին դարուն։

17 ‘Դէպի հասունութիւն շտապելու’ Պօղոսի խրատը, Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ բնակող առաջին դարու քրիստոնեաներուն համար փրկաբեր եղաւ։ Անոր անսացողները հոգեւոր սուր խորատեսութիւն ձեռք ձգեցին եւ կրցան ‘լեռները փախչելու’ համար Յիսուսի տուած նշանը զատորոշել։ Երբ անոնք տեսան «աւերմունքին պղծութիւնը. . . թէ սուրբ տեղը կը կենայ», այսինքն, հռոմէական բանակը Երուսաղէմը կը շրջապատէ եւ ներս կը խուժէ, գիտցան թէ ասիկա փախչելու ժամանակն է (Մատ. 24։15, 16)։ Յիսուսի մարգարէական ազդարարութեան անսալով, քրիստոնեաները Երուսաղէմէ հեռացան եւ, ըստ եկեղեցական պատմաբան Եւսեբիոսի, բնակեցան Պելլա քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Գաղաադի լեռնային շրջանը։ Այսպէս անոնք պատմութեան մէջ Երուսաղէմի վրայ եկած յոռեգոյն աղէտէն խուսափեցան։

18, 19. ա) Հնազանդութիւնը մեր օրերուն ինչո՞ւ կենսական է։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

18 Դէպի հասունութիւն շտապելէն յառաջ եկած հնազանդութիւնը նուազ փրկաբեր պիտի չըլլայ, երբ անզուգական տարողութիւն ունեցող «մեծ նեղութեան» վերաբերեալ մարգարէութեան գլխաւոր կատարումը դիմագրաւենք (Մատ. 24։21)։ Ապագային պիտի հնազանդի՞նք որեւէ հրատապ ուղղութեան, զոր ‘հաւատարիմ տնտեսէն’ կրնանք ստանալ (Ղուկ. 12։42)։ Ո՜րքան կարեւոր է որ սորվինք ‘սրտանց հնազանդիլ’ (Հռով. 6։17

19 Հասունութեան դիմելը կը պահանջէ որ մեր ըմբռնողականութիւնը մարզենք։ Ասիկա կ’ընենք, Աստուծոյ Խօսքին աւելի ընտելանալու համար ջանք թափելով եւ հնազանդութիւն սորվելով։ Քրիստոնէական հասունութեան հասնիլը, մասնայատուկ մարտահրաւէրներ կը ներկայացնէ պատանիներուն։ Յաջորդ յօդուածը նկատի կ’առնէ, թէ ի՛նչպէս կարելի է յաջողապէս դիմագրաւել այդ մարտահրաւէրները։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 14 Տե՛ս «Յանցագործութեան ո՛չ ըսելու համար զօրացած» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1999 թիւին մէջ։

Ի՞նչ սորվեցար

• Հոգեւոր հասունութիւնը ի՞նչ է, եւ զայն ի՞նչպէս ձեռք կը ձգենք։

• Դէպի հասունութիւն շտապելու մէջ, Աստուծոյ Խօսքին ընտելանալը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

• Հնազանդութիւնը ի՞նչպէս կը սորվինք։

• Հասունութիւնը ի՞նչ կերպերով մեզի օգտակար է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելը մեզի կ’օգնէ խնդիրները հասունութեամբ ձեռք առնելու

[Նկար՝ էջ 18]

Յիսուսի խրատին անսալով, նախկին քրիստոնեաները փրկուեցան