Ո՞վ է Աստուած
Ո՞վ է Աստուած
ԱՅԴ հարցումին ի՞նչպէս կը պատասխանես։ Ոմանք կը խորհին թէ Աստուած լաւ կը ճանչնան,– ան իրենց սերտ բարեկամն է։ Ուրիշներ Աստուած կը նկատեն իբրեւ հեռաւոր ազգական մը,– անոր գոյութեան կը հաւատան, բայց անոր մասին քիչ բան գիտեն։ Եթէ Աստուծոյ կը հաւատաս, ներքոյիշեալ հարցումներուն ի՞նչպէս կը պատասխանես։
1. Աստուած իրական ա՞նձ մըն է։
2. Աստուած անուն մը ունի՞։
3. Յիսուս ամենակալ Աստուա՞ծն է։
4. Աստուած ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է։
5. Աստուած ամէն տեսակ պաշտամունք կ’ընդունի՞։
Եթէ ուրիշներէ խնդրես, որ այս հարցումներուն պատասխանեն, բազմաթիւ ապշեցուցիչ պատասխաններ պիտի ստանաս։ Ուստի զարմանալի չէ, որ Աստուծոյ մասին առասպելներ ու սխալ գաղափարներ զարգացած են։
Պատասխանները ինչո՛ւ շատ կարեւոր են
Մինչ հորի մը քով կը խօսէր կրօնասէր կնոջ մը հետ, Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու կարիքը շեշտեց։ Այս սամարացի կինը ընդունեց, թէ Յիսուս մարգարէ մըն էր, բայց բան մը զինք Յովհաննէս 4։19-22)։ Բացորոշ է թէ Յիսուս կը խորհէր որ բոլոր կրօնասէր անհատները իսկապէս Աստուած չէին ճանչնար։
նեղացուց,– Յիսուսի կրօնքը իրենինէն տարբեր էր։ Երբ ան այս կէտը նշեց, Յիսուս ուղղակի ըսաւ. «Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար» (Յիսուսի խօսքը կը նշանակէ՞, թէ ո՛չ ոք կրնայ իրապէս Աստուած ճանչնալ։ Ո՛չ։ Յիսուս շարունակեց կնոջ ըսել. «Ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ» (Յովհաննէս 4։23)։ Դուն անոնց մէ՞ջն ես, որոնք «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» Աստուած կը պաշտեն։
Շա՜տ կարեւոր է որ այդ հարցումին ստոյգ պատասխան տաս։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս ճշգրիտ գիտութեան կարիքը ընդգծեց, երբ աղօթեց. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Արդարեւ, ապագայ կեանքի հեռանկարներդ սերտօրէն առնչուած են Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալուդ։
Իրապէս կարելի՞ է Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Այո՛։ Բայց ի՞նչպէս։ Յիսուս իր մասին ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Ան նաեւ նշեց. «Մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է. . . Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել» (Ղուկաս 10։22)։
Ուստի Աստուած ճանչնալու բանալին կը գտնուի Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ուսուցումներուն մէջ։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս մեզի կը խոստանայ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։31, 32)։
Արդ, նախապէս ուղղուած հինգ հարցումներուն Յիսուս ի՞նչպէս պիտի պատասխանէր։
[Նկար՝ էջ 4]
Կը պաշտե՞ս Աստուած մը, որ իրապէս չես ճանչնար