Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի անզուգական դերը գնահատէ
Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի անզուգական դերը գնահատէ
«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (ՅՈՎՀ. 14։6)։
1, 2. Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի անզուգական դերը քննարկելով ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք։
ԴԱՐԵՐՈՒ ընթացքին, շատեր ջանացած են իրենց շուրջիններէն ուշագրաւօրէն տարբեր ըլլալ, բայց քիչեր յաջողած են։ Նոյնիսկ աւելի քիչ անհատներ կրնան իրաւացիօրէն դաւանիլ թէ նշանակալից կերպով եզական են։ Բայց Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, բազմաթիւ կերպերով անզուգական է։
2 Յիսուսի եզական դերը ինչո՞ւ մեզ պէտք է հետաքրքրէ։ Քանի որ մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը պարփակուած է։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհ. 14։6. 17։3)։ Քննարկենք թէ Յիսուս ի՛նչ կարգ մը կերպերով անզուգական է, Աստուծոյ նպատակին մէջ իր դերին հանդէպ մեր գնահատութիւնը կերտելով։
«Միածին Որդին»
3, 4. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ որպէս միածին Որդի, Յիսուս անզուգական է։ բ) Ստեղծագործութեան մէջ Յիսուսի դերը ի՞նչպէս եզական էր։
3 Յիսուս պարզապէս «Աստուծոյ Որդի» չէ, ինչպէս Սատանան իրեն ակնարկեց, երբ զինք կը փորձէր (Մատ. 4։3, 6, Անթիլիաս)։ Յիսուս իրաւացիօրէն կոչուած է «Աստուծոյ միածին Որդին» (Յովհ. 3։16, 18)։ «Միածին» թարգմանուած յունարէն բառը սահմանուած է որպէս՝ «իր տեսակին մէջ աննման, մէկ հատիկ», «խումբի մը միակ անդամը» կամ «եզական»։ Եհովա հարիւր միլիոնաւոր հոգեղէն որդիներ ունենալով, Յիսուս ի՞նչ իմաստով «խումբի մը» միակ անդամն է։
4 Յիսուս անզուգական է, քանի որ միայն ինք իր Հօր կողմէ ուղղակի ստեղծուած է։ Ան անդրանիկ Որդին է։ Իրականութեան մէջ, ան «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկն» է (Կող. 1։15)։ Ան «Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբն» է (Յայտ. 3։14)։ Ստեղծագործութեան մէջ միածին Որդիին դերն ալ անզուգական է։ Ան Ստեղծիչը կամ Արարիչը չէր։ Բայց Եհովա զինք գործածեց որպէս գործակալ կամ միջոց, միւս բոլոր բաները ստեղծելու (Կարդալ՝ Յովհաննէս 1։3)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մենք ունինք մէ՛կ Աստուած՝ Հա՛յրը, որմէ են բոլոր բաները, եւ մենք՝ անոր կը պատկանինք, ու մէ՛կ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս, որով գոյութիւն ունին բոլոր բաները, եւ մենք՝ անով կանք» (Ա. Կոր. 8։6, ԱՎ)։
5. Սուրբ Գրութիւնները Յիսուսի անզուգականութիւնը ի՞նչպէս կ’ընդգծեն։
5 Սակայն Յիսուս այլ կերպերով ալ աննման է։ Սուրբ Գրութիւնները անոր կը վերագրեն բազմաթիւ տիտղոսներ կամ անուանումներ, որոնք Աստուծոյ նպատակին մէջ իր եզական դերը կ’ընդգծեն։ Այժմ քննարկենք անոնցմէ ոմանք, ինչպէս Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ նշուած են։ *
«Բանը»
6. Ինչո՞ւ պատշաճ է որ Յիսուս կը կոչուի «Բանը»։
6 Կարդալ՝ Յովհաննէս 1։14–ը։ Յիսուս ինչո՞ւ «Բանը» կամ Լոկոս կը կոչուի։ Այս տիտղոսը կը բնորոշէ իր այն դերը, որ կը խաղայ միւս մտացի արարածները գոյանալէն ի վեր։ Եհովա իր Որդին գործածեց, հոգեղէն որդիներուն տեղեկութիւններ ու հրահանգներ հաղորդելու, եւ երկրի վրայ մարդոց Իր պատգամը փոխանցելու։ Այն իրողութիւնը թէ Յիսուս Բանը կամ Աստուծոյ Բանբերն է, կը հաստատուի հրեայ ունկնդիրներուն ուղղուած Քրիստոսի խօսքերով. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ» (Յովհ. 7։16, 17)։ Յիսուս կը շարունակէ «Բանն Աստուծոյ» տիտղոսը կրել, նոյնիսկ երկնային փառքին վերադառնալէ ետք (Յայտ. 19։11, 13, 16)։
7. Որպէս «Բան» Յիսուսի ցուցաբերած խոնարհութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել։
7 Պահ մը խորհէ թէ այս տիտղոսը ի՛նչ ենթադրել կու տայ։ Յիսուս Եհովայի բոլոր արարածներուն մէջ ամէնէն իմաստունը ըլլալով հանդերձ, իր իմաստութեան չ’ապաւինիր։ Ան կը խօսի ինչպէս որ Հայրը իրեն ցուցմունք կու տայ։ Ան միշտ ուշադրութիւնը Եհովայի կ’ուղղէ եւ ո՛չ թէ իր անձին (Յովհ. 12։50)։ Ընդօրինակուելու արժանի ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։ Մեզի ալ վստահուած է ‘բարի բաներու աւետիս տալու’ թանկագին առանձնաշնորհումը (Հռով. 10։15)։ Յիսուսի խոնարհութիւնը գնահատելով, մենք մեզմէ խօսելէ պէտք է խուսափինք։ Երբ Սուրբ Գրութիւններուն բովանդակած փրկարար պատգամը կը հաղորդենք, չենք ուզեր «գրուածէն աւելի բան մը» խօսիլ (Ա. Կոր. 4։6)։
«Ամէնը»
8, 9. ա) «Ամէն» բառը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ Յիսուս ինչո՞ւ «Ամէնը» կոչուած է։ բ) Յիսուս որպէս «Ամէնը» իր դերը ի՞նչպէս կատարեց։
8 Կարդալ՝ Յայտնութիւն 3։14–ը։ Յիսուս ինչո՞ւ «Ամէնը» կոչուած է։ «Ամէն» թարգմանուած բառը եբրայերէն բառի մը տառադարձութիւնն է, որ կը նշանակէ՝ «եղիցի», «այնպէ՛ս ըլլայ» կամ «ստուգապէս»։ Անոր արմատը կը նշանակէ՝ «հաւատարիմ ըլլալ» կամ «վստահելի»։ Այս նոյն բառը գործածուած է Եհովայի հաւատարմութիւնը նկարագրելու (Բ. Օր. 7։9. Եսա. 49։7)։ Ուստի Յիսուս ի՞նչ կերպով անզուգական է, երբ իրեն կ’ակնարկուի իբրեւ «Ամէնը»։ Բ. Կորնթացիս 1։19, 20–ը կը պատասխանէ. «Աստուծոյ Որդին Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ. . . ‘այո’ ու ‘ոչ’ չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ ‘այո’ն։ Քանզի որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ ‘Այո’ են ու իր մէջ ‘Ամէն’ են Աստուծոյ փառքին համար»։
9 Յիսուս բոլոր աստուածային խոստումներուն «Ամէն»ն է։ Երկրի վրայ անոր անթերի կենցաղը, ի ներառեալ զոհաբերական մահը, Եհովա Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն կատարումը հաստատեց եւ կարելի դարձուց։ Հաւատարիմ մնալով Յիսուս նաեւ ապացուցանեց Սատանայի դաւանութեան սուտ ըլլալը, որ Յոբի գիրքին մէջ արձանագրուած է, թէ զրկանքի, տառապանքի ու փորձի ներքեւ Աստուծոյ ծառաները Զինք պիտի ուրանային (Յոբ 1։6-12. 2։2-7)։ Աստուծոյ բոլոր արարածներուն մէջ, միայն անդրանիկ Որդին կրնար այդ ամբաստանութեան մեծագոյն վճռական պատասխանը տալ։ Աւելին, Յիսուս Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն աւելի մեծ հարցին մէջ, իր Հօր կողմը դիրք բռնելու լաւագոյն ապացոյցը հայթայթեց։
10. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ որպէս «Ամէնը» իր անզուգական դերին մէջ։
10 Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ որպէս «Ամէնը» իր անզուգական դերին մէջ։ Եհովայի հաւատարիմ մնալով եւ իր տիեզերական գերիշխանութեան թիկունք կանգնելով։ Այսպէս դրականօրէն կ’ընդառաջենք Առակաց 27։11–ի մէջ արձանագրուած խնդրանքին. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։
«Նոր ուխտին միջնորդը»
11, 12. Որպէս Միջնորդ Յիսուսի դերը ի՞նչպէս եզական է։
11 Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6–ը։ Յիսուս ‘մէ՛կ միջնորդն է Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ’։ Ան «նոր ուխտին միջնորդն է» (Եբ. 9։15. 12։24)։ Սակայն Մովսէսի մասին ալ կը խօսուի իբր միջնորդ,– մովսիսական օրէնքի ուխտին միջնորդը (Գաղ. 3։19)։ Ուստի որպէս Միջնորդ Յիսուսի դերը ի՞նչպէս անզուգական է։
12 «Միջնորդ» թարգմանուած բնագրական բառը օրինական արտայայտութիւն մըն է։ Անիկա Յիսուսի կ’ակնարկէ իբրեւ օրինական Միջնորդ (կամ, առումով մը՝ փաստաբան) նոր ուխտին, որ նոր ազգի մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին ծնունդը կարելի դարձուց (Գաղ. 6։16)։ Այս ազգը կազմուած է հոգիէն–օծուած քրիստոնեաներէ, որոնք երկնային «թագաւորական քահանայութիւն» կը կազմեն (Ա. Պետ. 2։9. Ել. 19։6)։ Օրէնքի ուխտը, որուն միջնորդը Մովսէս էր, չկրցաւ այդպիսի ազգ մը մէջտեղ բերել։
13. Որպէս Միջնորդ Յիսուսի դերը ի՞նչ կը պարփակէ։
13 Որպէս Միջնորդ Յիսուսի դերը ի՞նչ կը պարփակէ։ Եհովա Յիսուսի արեան արժէքը կը կիրարկէ նոր ուխտին մէջ բերուողներուն։ Այս կերպով, Եհովա անոնց օրինապէս արդարութիւն կը վերագրէ (Հռով. 3։24. Եբ. 9։15)։ Ապա Աստուած կրնայ զիրենք նոր ուխտին մէջ առնել, երկնային թագաւորներ ու քահանաներ ըլլալու հեռանկարով։ Անոնց Միջնորդը ըլլալով, Յիսուս կ’օգնէ որ Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք մը պահպանեն (Եբ. 2։16)։
14. Ինչո՞ւ բոլոր քրիստոնեաները, ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց յոյսը, իրապէս պէտք է գնահատեն որպէս Միջնորդ Յիսուսի դերը։
14 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ նոր ուխտին մէջ չեղողներուն մասին, որոնք կը յուսան երկրի վրայ առյաւէտ ապրիլ։ Թէեւ անոնք նոր ուխտին մասնակիցներ չեն, բայց անկէ օգտուողներ են։ Անոնք մեղքերու ներում կը ստանան եւ որպէս Աստուծոյ բարեկամներ կ’արդարանան (Յակ. 2։23. Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Մեր յոյսը ըլլայ երկնային թէ երկրային, իւրաքանչիւրս վաւերական պատճառ ունինք՝ որպէս նոր ուխտին Միջնորդ Յիսուսի դերը գնահատելու։
«Քահանայապետ»
15. Որպէս Քահանայապետ Յիսուսի դերը ի՞նչպէս միւս բոլոր քահանայապետներուն դերէն տարբեր է։
15 Թէեւ անցեալին բազմաթիւ տղամարդիկ քահանայապետներ եղած են, բայց որպէս Քահանայապետ Յիսուսի դերը իսկապէս եզական է։ Ի՞նչպէս։ Պօղոս կը բացատրէ. «Անոր հարկաւոր չէ ամէն օր զոհ մատուցանել՝ միւս քահանայապետներուն պէս, նախ իր մեղքերուն համար, յետոյ ժողովուրդին մեղքերուն համար. որովհետեւ ինք ըրաւ ասիկա մէ՛կ անգամ ընդմիշտ՝ մատուցանելով ինքզինք։ Արդարեւ՝ Օրէնքը քահանայապետ կը նշանակէ տկարութիւն ունեցող մարդիկ, բայց երդումին խօսքը՝ որ Օրէնքէն ետք էր՝ Որդի՛ն, որ կատարեալ եղած է յաւիտեան» (Եբ. 7։27, 28, ԱՎ)։ *
16. Յիսուսի զոհը ինչո՞ւ իրապէս անզուգական է։
16 Յիսուս կատարեալ մարդ մըն էր, չմեղանչած Ադամի համահաւասար (Ա. Կոր. 15։45)։ Այս հանգամանքով, Յիսուս միակ մարդն էր որ ի վիճակի էր կատարեալ զոհ մատուցանելու,– կրկնուելու հարկ չունեցող զոհ։ Մովսիսական օրէնքին ներքեւ, ամէն օր զոհեր կը մատուցանուէին։ Սակայն այս բոլոր զոհերն ու քահանայական սպասարկութիւնները, պարզապէս Յիսուսի իրագործելիք բաներուն շուքն էին (Եբ. 8։5. 10։1)։ Հետեւաբար որպէս Քահանայապետ Յիսուսի պաշտօնը իր ազդուութեամբ ու տեւականութեամբ անզուգական է։
17. Որպէս Քահանայապետ Յիսուսի դերը ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս պէտք է գնահատենք։
17 Իբրեւ Քահանայապետ Յիսուսի սպասարկութիւններուն կարիք ունինք, մեզի օգնելու որ Աստուծոյ առջեւ ընդունելի կեցուածք ունենանք։ Իսկ ան ի՜նչ սքանչելի Քահանայապետ մըն է։ Պօղոս գրեց. «Ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի» (Եբ. 4։15)։ Արդարեւ այս իրողութիւնը գնահատելը մեզ կը մղէ որ ‘այլեւս չապրինք մենք մեզի համար, հապա անո՛ր համար՝ որ մեռաւ մեզի համար’ (Բ. Կոր. 5։14, 15. Ղուկ. 9։23)։
Նախագուշակուած «Սերունդ»ը
18. Ադամի մեղանչումէն ետք ի՞նչ մարգարէութիւն տրուեցաւ, եւ հետագային անոր մասին ի՞նչ յայտնուեցաւ։
18 Եդեմի մէջ երբ թուեցաւ թէ մարդկութիւնը ամէն բան կորսնցուցած էր,– Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք, յաւիտենական կեանք, երջանկութիւն ու դրախտ,– Եհովա Աստուած Ծն. 3։15)։ Դարերու ընթացքին, այս խորհրդաւոր Սերունդը Աստուածաշունչի բազմաթիւ մարգարէութիւններուն բնաբանը եղաւ։ Ան Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի զարմէն պիտի ըլլար, ինչպէս նաեւ՝ Դաւիթ թագաւորի սերունդէն (Ծն. 21։12. 22։16-18. 28։14. Բ. Թագ. 7։12-16)։
Ազատարար մը նախագուշակեց։ Անոր ակնարկուեցաւ որպէս «սերունդ» (19, 20. ա) Ո՞վ է խոստացեալ Սերունդը։ բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ նախագուշակուած սերունդը ուրիշներ ալ կը պարփակէ։
19 Ո՞վ էր այս խոստացեալ սերունդը։ Այս հարցումին կը պատասխանէ Գաղատացիս 3։16–ը (Կարդալ)։ Սակայն նոյն գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալ օծեալ քրիստոնեաներուն կ’ըսէ. «Եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ» (Գաղ. 3։29)։ Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ որ Քրիստոս խոստացեալ Սերունդն է, եւ ուրիշներ ալ պարփակուած են։
20 Միլիոնաւորներ կը դաւանին թէ Աբրահամէն սերած են, ոմանք նոյնիսկ իբր մարգարէներ վարուելով։ Կարգ մը կրօնքներ մեծ կարեւորութիւն կու տան այն դաւանութեան, թէ իրենց մարգարէները Աբրահամէն սերած են։ Բայց այս բոլորը խոստացեալ Սերո՞ւնդն են։ Ո՛չ։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ կը նշէ, Աբրահամէն սերած բոլոր անհատները չեն կրնար դաւանիլ խոստացեալ Սերունդը ըլլալ։ Աբրահամի միւս զաւակներէն սերած անհատները չգործածուեցան մարդկութիւնը օրհնելու։ Օրհնութեան սերունդը միայն Իսահակի միջոցաւ պիտի գար (Եբ. 11։18)։ Ի վերջոյ, միայն մէկ անհատ՝ Յիսուս Քրիստոս, որուն սերնդաբանութիւնը Աբրահամէն սկսեալ՝ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած է, այդ նախագուշակուած սերունդին գլխաւոր մասն է։ * Բոլոր անոնք որ հետագային Աբրահամի սերունդին երկրորդական մասը կ’ըլլան, այդպէս կ’ըլլան քանի որ ‘Քրիստոսինն են’։ Այո, այս մարգարէութիւնը կատարելու մէջ Յիսուսի դերը իրապէս անզուգական է։
21. Եհովայի նպատակին մէջ իր անզուգական դերը կատարելու Յիսուսի կերպը ի՞նչպէս քեզ կը տպաւորէ։
21 Եհովայի նպատակին մէջ Յիսուսի անզուգական դերին մասին այս համառօտ քննարկումէն ի՞նչ սորվեցանք։ Իր ստեղծուելէն ի վեր, Աստուծոյ միածին Որդին իրապէս անզուգական, աննման եղած է։ Սակայն Աստուծոյ այս եզական Որդին որ Յիսուսը եղաւ, միշտ խոնարհաբար իր Հօր կամքին համաձայն ծառայած է, երբեք իր անձնական փառքը չփնտռելով (Յովհ. 5։41. 8։50)։ Մեզի համար ի՜նչ ուշագրաւ օրինակ մը։ Յիսուսի նման, մեր նպատակակէտը ընենք՝ «ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընել» (Ա. Կոր. 10։31)։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 5 Այս տիտղոսներէն ոմանց կ’ընկերակցի յունարէն որոշիչ յօդը, ցոյց տալով թէ տիտղոսը, ինչպէս ուսումնական մը կ’ըսէ, «առումով մը՝ ‘դասակարգի մը մէջ է՝ առանձին’»։
^ պարբ. 15 Ըստ Աստուածաշունչի ուսումնականի մը, «մէ՛կ անգամ ընդմիշտ» թարգմանուած բառը կ’արտայայտէ աստուածաշնչական կարեւոր ըմբռնում մը, որ «Քրիստոսի մահուան որոշութիւնը, անզուգականութիւնը կամ եզականութիւնը կը թելադրէ»։
^ պարբ. 20 Թէեւ մ.թ. առաջին դարու հրեաները խորհեցան թէ որպէս Աբրահամի բառացի զարմ իրենք առանձնաշնորհեալ ժողովուրդ պիտի ըլլային, բայց մէ՛կ անհատի գալուստին կը սպասէին իբրեւ Մեսիան կամ Քրիստոսը (Յովհ. 1։25. 7։41, 42. 8։39-41)։
Կը յիշե՞ս
• Յիսուսի տրուած տիտղոսներէն կամ անուանումներէն ի՞նչ սորված ես իր անզուգական դերին մասին (Տես շրջանակը)։
• Ի՞նչպէս կրնաս Եհովայի անզուգական Որդիին օրինակին հետեւիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 26]
Կարգ մը տիտղոսներ՝ որոնք Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի եզական դերը կ’արտացոլացնեն
▪ Միածին Որդին (Յովհ. 1։3)։ Յիսուս իր Հօր կողմէ ուղղակի ստեղծուած միակ արարածն է։
▪ Բանը (Յովհ. 1։14)։ Եհովա իր Որդին կը գործածէ իբր Բանբեր, միւս արարածներուն տեղեկութիւններ ու հրահանգներ հաղորդելու։
▪ Ամէնը (Յայտ. 3։14)։ Երկրի վրայ Յիսուսի անթերի կենցաղը, ի ներառեալ իր զոհաբերական մահը, Եհովա Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը հաստատեց ու կարելի դարձուց։
▪ Նոր ուխտին Միջնորդը (Ա. Տիմ. 2։5, 6)։ Որպէս օրինական Միջնորդ, Յիսուս նոր ազգի մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին ծնունդը կարելի դարձուց, որ կը բաղկանայ քրիստոնեաներէ, որոնք երկնային «թագաւորական քահանայութիւն» պիտի կազմեն (Գաղ. 6։16. Ա. Պետ. 2։9)։
▪ Քահանայապետը (Եբ. 7։27, 28)։ Յիսուս միակ մարդն էր որ ի վիճակի էր կատարեալ զոհ մատուցանելու,– զոհ մը որ կրկնուելու հարկ չունէր։ Ան կրնայ մեզ մեղքէն մաքրել եւ անոր մահացու ազդեցութիւններէն ազատագրել։
▪ Խոստացեալ Սերունդը (Ծն. 3։15)։ Միայն մէկ մարդ՝ Յիսուս Քրիստոս այդ նախագուշակուած սերունդին գլխաւոր մասն է։ Բոլոր անոնք որ հետագային Աբրահամի սերունդին երկրորդական մասը կ’ըլլան, ‘Քրիստոսինն են’ (Գաղ. 3։29)։