Անոնց օգնէ անյապաղ վերադառնալու
Անոնց օգնէ անյապաղ վերադառնալու
«Որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս» (ՅՈՎՀ. 6։69)։
1. Երբ աշակերտներէն շատեր Յիսուսը լքեցին, Պետրոս ի՞նչ ըսաւ։
ԱՌԻԹՈՎ մը Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներէն շատեր զինք լքեցին, իր մէկ ուսուցումը մերժելով։ «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ», հարցուց ան իր առաքեալներուն։ Պետրոս պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս» (Յովհ. 6։51-70)։ Երթալիք ուրիշ տեղ մը չկար։ Այն ատեն հրէականութիւնը «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» չունէր, եւ ներկայիս այսպիսի խօսքեր վստահաբար կարելի չէ գտնել Մեծ Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան մէջ։ Ամէն անհատ որ Աստուծոյ հօտէն մոլորած է՝ բայց կ’ուզէ Եհովան հաճեցնել, ‘ժամանակն է որ քունէն արթննայ’ եւ փարախ վերադառնայ (Հռով. 13։11)։
2. Գաղտնի կամ դատական հարցերու նկատմամբ ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնալ։
2 Եհովա իսրայէլի կորսուած ոչխարներով հետաքրքրուեցաւ (Կարդալ՝ Եզեկիէլ 34։15, 16)։ Նոյնպէս քրիստոնեայ երէցները հօտէն մոլորած ոչխարանման անհատի մը օգնելու փափաքն ու պարտականութիւնը ունին։ Եթէ անոնք հրատարակիչ մը նշանակեն որ օգնութիւն խնդրող անգործունեայ անհատի մը հետ ուսումնասիրէ, հրատարակիչը ի՞նչ պէտք է ընէ եթէ իմանայ թէ անհատը լուրջ մեղք մը գործած է։ Փոխանակ դատական կամ գաղտնի հարցի մը շուրջ խրատներ տալու, հրատարակիչը պէտք է թելադրէ որ ան երէցներուն խօսի։ Եթէ ան այս քայլը չառնէ, հրատարակիչը երէցներուն պէտք է իմացնէ (Ղեւ. 5։1. Գաղ. 6։1)։
3. Հարիւր ոչխար ունեցող մարդը ի՞նչպէս հակազդեց, երբ կորսուած ոչխարը գտաւ։
3 Նախորդ յօդուածին մէջ ակնարկեցինք կորսուած ոչխարին առակին։ Յիսուս ըսաւ թէ մարդը 100 ոչխար ունէր, բայց երբ նկատեց որ փարախին մէջ մէկ ոչխար պակաս էր, ձգեց 99–ն եւ փնտռեց կորսուած ոչխարը։ Ան զայն գտնելով Ղուկ. 15։4-7)։ Համանման ուրախութիւն կ’ունենանք, երբ Աստուծոյ հեռացած ոչխարներէն մէկը վերադառնայ։ Սէրէ մղուած, հաւանաբար երէցները եւ ժողովքի միւս անդամները անգործունեայ անհատին այցելած են։ Անոնք ալ կը փափաքին որ անհատը փարախ վերադառնայ ու վայելէ Աստուծոյ աջակցութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ օրհնութիւնը (Բ. Օր. 33։27. Սաղ. 91։14. Առ. 10։22)։ Եթէ անոնք այս ուղղութեամբ օգտակար ըլլալու պատեհութիւն ունին, ի՞նչ կրնան ընել։
ո՜րքան ուրախացաւ (4. Գաղատացիս 6։2, 5–էն ի՞նչ կրնանք ըմբռնել։
4 Թերեւս անոնք կրնան անհատը քաջալերել որ ժողովքին վերադառնայ, ազնուօրէն ցոյց տալով թէ Եհովա Իր ոչխարները կը սիրէ եւ կը պահանջէ միայն այնպիսի բաներ, զորս կրնանք ընել, ինչպէս՝ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրել, քրիստոնէական ժողովներուն յաճախել ու Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ Նպատակայարմար է կարդալ Գաղատացիս 6։2, 5–ը եւ նշել թէ քրիստոնեաները կրնան իրարու նեղութիւնները կամ ծանրութիւնները կրել, բայց «ամէն մէկը իր [հոգեւոր պատասխանատուութեան] բեռը պիտի կրէ»։ Ո՛չ ոք կրնայ մեր տեղը Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալ։
«Կեանքի հոգեր»ը դեր խաղցա՞ծ էին
5, 6. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ անգործունեայ հաւատակիցներուն արտայայտութիւնները ուշի–ուշով մտիկ ընենք։ բ) Ի՞նչպէս կրնաս անգործունեաներուն օգնել տեսնելու թէ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չընկերակցիլը վնասակար եղած է։
5 Անգործունեայ հաւատակիցներուն օգնելու կերպը զատորոշելու համար, երէցներն ու այլ հասուն հրատարակիչներ ուշադրութեամբ պէտք է մտիկ ընեն, երբ անոնք սրտանց կ’արտայայտուին։ Ենթադրենք որ երէց մըն ես եւ զոյգի մը կ’այցելես, որ «կեանքի հոգեր»ուն պատճառաւ ժողովքէն հեռացած է (Ղուկ. 21։34, ՆԱ)։ Ֆինանսական խնդիրներ կամ յաւելեալ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ թերեւս պատճառ եղած են որ անոնք հոգեւորապէս անգործունեայ դառնան։ Թերեւս անոնք կը զգան թէ հանգիստի պէտք ունին, բայց կրնաս նշել թէ կղզիացումը լուծում չէ (Կարդալ՝ Առակաց 18։1)։ Կրնաս նրբանկատօրէն հարցնել. «Ժողովներու յաճախելը դադրեցնելէ ի վեր աւելի՞ ուրախ էք։ Ձեր ընտանեկան կեանքը աւելի՞ լաւ է։ Եհովայի ուրախութիւնը տակաւի՞ն ձեր ամրոցն է» (Նէ. 8։10)։
6 Այսպիսի հարցումներու մասին խորհրդածելը կրնայ անգործունեաներուն օգնել տեսնելու թէ ժողովքին չընկերակցելով՝ իրենց հոգեւորութիւնն ու երջանկութիւնը նուազած են (Մատ. 5։3. Եբ. 10։24, 25)։ Թերեւս կարելի է անոնց օգնել անդրադառնալու թէ բարի լուրը չքարոզելով՝ իրենց ուրախութիւնը կորսնցուցած են (Մատ. 28։19, 20)։ Արդ, հետեւելիք իմաստուն ընթացքը ի՞նչ է։
7. Հօտէն մոլորած անհատները կրնանք քաջալերել որ ի՞նչ ընեն։
7 Յիսուս ըսաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ. Ղուկ. 21։34-36)։ Կարելի է քաջալերել հօտէն մոլորած անհատները, որոնք կ’ուզեն իրենց առաջուան ուրախութիւնը վերագտնել, որ աղօթքով սուրբ հոգին եւ Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրեն ու իրենց աղօթքներուն համաձայն գործեն (Ղուկ. 11։13)։
. . ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք» (Անոնք գայթակղա՞ծ էին
8, 9. Երէց մը ի՞նչպէս կրնայ գայթակղած անհատի մը հետ պատճառաբանել։
8 Որովհետեւ մարդիկ անկատար են, անձնաւորութիւններու ընդհարում կը պատահի, գայթակղութիւն պատճառելով։ Ոմանք գայթակղած են, երբ ժողովքին մէջ պատասխանատու անհատ մը անբարեպաշտ կերպով վարուած է։ Եթէ անգործունեայ անհատը այս կերպով ազդուած է, այցելու երէցը կրնայ նշել թէ Եհովա ո՛չ ոք կը գայթակղեցնէ։ Ուստի անհատ մը ինչո՞ւ Աստուծոյ ու Իր ժողովուրդին հետ իր յարաբերութիւնը պիտի խզէ։ Փոխարէն, ան պէտք չէ՞ շարունակէ Աստուծոյ ծառայել, վստահ ըլլալով թէ «բոլոր երկրի Դատաւորը» գիտէ պատահածը եւ շիտակ կերպով հարցը ձեռք պիտի առնէ (Ծն. 18։25. Կող. 3։23-25)։ Եթէ անհատ մը բառացիօրէն սայթաքի եւ իյնայ, դիտումնաւոր կերպով այդ վիճակին մէջ չի մնար, այլ՝ կը փորձէ ոտքի ելլել։
9 Հոգեւորապէս օգնելու համար, երէցը կրնայ նշել թէ ժամանակի ընթացքին ոմանք կը գտնեն թէ զիրենք գայթակղեցուցած բանը այլեւս շատ կարեւոր չի թուիր։ Իրականութեան մէջ, թերեւս գայթակղութեան պատճառը ինքնին այլեւս գոյութիւն չունի։ Եթէ անհատ մը խիստ խրատ ստանալով գայթակղած էր, աղօթքով խոկալը կրնայ օգնել եզրակացնելու թէ ինք առնուազն մասամբ յանցաւոր էր եւ պէտք չէր թոյլ տար որ կրթութիւնը զինք գայթակղեցնէր (Սաղ. 119։165. Եբ. 12։5-13)։
Ուսուցումի մը նկատմամբ խնդիր ունեցա՞ծ էին
10, 11. Ի՞նչ պատճառաբանութիւն կրնայ ազդու ըլլալ, երբ կը փորձես օգնել անհատի մը, որ որոշ աստուածաշնչական ուսուցումի մը մասին տարբեր հասկացողութիւն ունէր։
10 Ոմանք Աստուծոյ հօտը լքած են, քանի որ որոշ աստուածաշնչական ուսուցում մը չեն ընդունած։ Եգիպտական ստրկութենէն ազատուած իսրայէլացիները, իրենց ի նպաստ Աստուծոյ կատարած ‘գործերը մոռցան’ եւ «անոր խրատին չսպասեցին» (Սաղ. 106։13)։ Թերեւս օգտակար ըլլայ անգործունեայ անհատին յիշեցնել թէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ընտիր հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ (Մատ. 24։45)։ Անհատը այդ միջոցով է որ սկիզբը ճշմարտութիւնը սորվեցաւ։ Ուստի ան ինչո՞ւ չվճռէ անգամ մը եւս ճշմարտութեան մէջ քալել (Բ. Յովհ. 4)։
11 Երբ երէց մը կը ջանայ Աստուծոյ հօտէն մոլորած անհատներու օգնել, կրնայ ակնարկել այն աշակերտներուն, որոնք Յիսուսը լքեցին՝ իր ուսուցումներէն մէկը մերժելով (Յովհ. 6։54, 67)։ Քրիստոսի ու իր հաւատարիմ հետեւորդներուն հետ իրենց ընկերակցութիւնը դադրեցնելով, անոնք իրենց հոգեւորութիւնը եւ ուրախութիւնը կորսնցուցին։ Անոնք որ քրիստոնէական ժողովքին հետ իրենց ընկերակցութիւնը դադրեցուցած են, ուրիշ տեղ մը գտա՞ծ են, ուր ճոխ հոգեւոր սնունդ կայ։ Ո՛չ, քանի որ արդէն չկայ։
Անպատշաճ վարքի միջամուխ եղա՞ծ էին
12, 13. Եթէ հօտէն մոլորած անհատ մը խոստովանի թէ լուրջ մեղք մը գործած է, ի՞նչպէս կարելի է անոր օգնել։
12 Ոմանք քարոզելէ եւ ժողովներու յաճախելէ կը դադրին, քանի որ լուրջ մեղք մը գործած են։ Անոնք թերեւս կը խորհին որ եթէ իրենց յանցագործութիւնը երէցներուն խոստովանին, պիտի վտարուին։ Բայց անոնք ժողովքէն չեն վտարուիր եթէ անաստուածաշնչական սովորութիւնը լքած են ու իրապէս զղջացած են (Բ. Կոր. 7։10, 11)։ Անոնց բարի գալուստ պիտի մաղթուի, եւ երէցները հարկ եղած հոգեւոր օգնութիւնը պիտի տան։
13 Եթէ անգործունեայ անհատի մը օգնելու նշանակուած հասուն հրատարակիչ մըն ես, ի՞նչ պէտք է ընես եթէ քեզի ըսէ թէ լուրջ մեղք մը գործած է։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, փոխանակ հարցին աւելի միջամուխ ըլլալու, յանձնարարէ որ ան երէցներուն դիմէ։ Եթէ ան չուզէ ասիկա ընել, Եհովայի անուան ու ժողովքին հոգեւոր բարօրութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնդ կը ցուցաբերես՝ այսպիսի հարցերու շուրջ Աստուծոյ տուած ուղղութեան հետ Ղեւտացւոց 5։1)։ Երէցները գիտեն ի՛նչպէս օգնել անհատի մը, որ կը փափաքի վերադառնալ եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրիլ։ Թերեւս հարկ ըլլայ սիրալիր կրթութիւն տալ (Եբ. 12։7-11)։ Եթէ անհատը խոստովանի թէ Աստուծոյ դէմ մեղանչած է, յանցագործութեան անձնատուր ըլլալէ դադրած է եւ իրապէս զղջացած է, երէցները իրեն պիտի օգնեն եւ կրնայ Եհովայէ ներում ստանալ (Եսա. 1։18. 55։7. Յակ. 5։13-16)։
ներդաշնակ գործելով (Կարդալ՝Որդիի մը վերադարձը ուրախութիւն կը պատճառէ
14. Քու բառերովդ, անառակ որդիին առակը պատմէ։
14 Երբ նշանակուած անհատը կը ջանայ հօտէն մոլորած ոչխարի մը օգնել, կրնայ Ղուկաս 15։11-24–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի առակին ակնարկել։ Այդ առակին մէջ, երիտասարդ մը իր ժառանգութիւնը կը մսխէ մեղկ կենցաղ մը վարելով։ Ի վերջոյ, ան իր շուայտ ապրելակերպէն կը սկսի զզուիլ։ Անօթութենէ տառապելով ու ծնողքին կարօտը քաշելով, ան կ’որոշէ տուն վերադառնալ։ Մինչ ան դեռ շատ հեռու է, հայրը կը տեսնէ զայն ու վազելով՝ անոր վիզին վրայ կ’իյնայ, զինք քնքշօրէն կը համբուրէ ու մեծապէս կ’ուրախանայ։ Այս առակին մասին խորհրդածելը կրնայ փրկութեան ճամբէն հեռացած անհատը խթանել որ փարախ վերադառնայ։ Որովհետեւ իրերու այս դրութիւնը կործանուելու վրայ է, ան անյապաղ պէտք է ‘տուն վերադառնայ’։
15. Ոմանք ինչո՞ւ ժողովքէն կը հեռանան։
15 Ժողովքէն հեռացած անհատներուն մեծամասնութիւնը ճիշդ անառակ որդիին նման չեն։ Ոմանք աստիճանաբար հոսանքէն կը քշուին, ինչպէս որ նաւ մը դանդաղօրէն ցամաքէն կը հեռանայ։ Ուրիշներ մտահոգութիւններով ա՛յնքան կը ծանրաբեռնուին որ հոգեւոր բաները կ’անտեսեն։ Իսկ ոմանք ալ թոյլ կու տան որ ժողովքի անդամ մը զիրենք գայթակղեցնէ, կամ որոշ աստուածաշնչական ուսուցում մը չընդունելով՝ ժողովքը կը ձգեն։ Եւ քիչեր անաստուածաշնչական վարքի միջամուխ կ’ըլլան։ Սակայն այս հարցերուն առնչութեամբ ներկայացուած կէտերը կրնան օգտաշատ ըլլալ որ փարախը լքած անհատներուն օգնես վերադառնալու, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։
«Բարի եկար, տղա՛ս»
16-18. ա) Երէց մը ի՞նչպէս օգնեց եղբօր մը, որ տարիներէ ի վեր անգործունեայ էր։ բ) Եղբայրը ինչո՞ւ անգործունեայ դարձած էր, ի՞նչպէս օգնութիւն ստացաւ եւ ժողովքին մէջ ի՞նչ ընդունելութիւն գտաւ։
16 Քրիստոնեայ երէց մը կ’ըսէ. «Մեր երէցներու մարմինը անգործունեայ անհատներուն այցելելով շատ հետաքրքրուած է։ Մտածեցի եղբօր մը մասին, որուն հետ ուսումնասիրած էի եւ իրեն օգնած էի ճշմարտութիւնը ճանչնալու։ Ան շուրջ 25 տարի անգործունեայ էր եւ շատ դժուար պարագաներէ կ’անցնէր, ուստի բացատրեցի թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի հոգեւոր սկզբունքները կիրարկելը կրնայ իրեն օգնել։ Ժամանակ մը ետք, ան սկսաւ Թագաւորութեան սրահ գալ, եւ հօտին վերադառնալու իր վճռականութիւնը զօրացնելու համար՝ ընդունեց որ իրեն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարուի»։
17 Եղբայրը ինչո՞ւ անգործունեայ եղաւ։ Ան կը նշէ. «Սկսայ աշխարհիկ հարցերու աւելի ուշադրութիւն ընծայել քան՝ հոգեւոր բաներու։ Անկէ ետք դադրեցայ ուսումնասիրելէ, ծառայութեան մասնակցելէ եւ ժողովներուն յաճախելէ։ Շատ չանցած, այլեւս քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը չէի։ Բայց երէցին ցուցաբերած անձնական ու անկեղծ հետաքրքրութիւնը ինծի օգնեց վերադառնալու»։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունելէն ետք, այս եղբօր խնդիրները սկսան նուազիլ։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան սէրն ու առաջնորդութիւնը չունէի»։
18 Այս եղբայրը ժողովքին մէջ ի՞նչ ընդունելութիւն գտաւ։ Ան կ’ըսէ. «Յիսուս Քրիստոսի պատմած անառակ որդիին նման կը զգամ։ Իրականութեան մէջ, տարեց քոյր մը որ 30 տարի առաջ ժողովքին մէկ անդամն էր եւ տակաւին հաւատարմօրէն կը ծառայէ, ինծի ըսաւ. ‘Բարի եկար, տղա՛ս’։ Ասիկա իրապէս սրտիս դպաւ։ Զգացի թէ տուն վերադարձեր եմ։ Ո՜րքան կը գնահատեմ այն սէրը, ջերմութիւնը, համբերութիւնն ու հետաքրքրութիւնը, զորս այդ երէցը եւ ամբողջ ժողովքը ինծի հանդէպ ցուցաբերեցին։ Անոնց սէրը Եհովայի եւ դրացիին հանդէպ իսկապէս ինծի օգնեց հօտին վերադառնալու»։
Զանոնք յորդորէ որ անմիջապէս քայլ առնեն
19, 20. Ի՞նչպէս կրնաս անգործունեայ անհատները քաջալերել որ անյապաղ հօտին վերադառնան, եւ ի՞նչպէս կրնաս անոնց ցոյց տալ թէ Աստուած մեզմէ շատ բան չ’ակնկալեր։
19 Կ’ապրինք վերջին օրերուն մէջ, եւ իրերու ներկայ դրութեան վախճանը մօտալուտ է։ Հետեւաբար անգործունեայ անհատները քաջալերէ որ քրիստոնէական ժողովներուն յաճախեն։ Զանոնք յորդորէ որ անմիջապէս սկսին ներկայ գտնուիլ։ Ուշադրութեան յանձնէ թէ Սատանան կը ջանայ Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը կործանել եւ մտածել տալ թէ ճշմարիտ պաշտամունքը լքելով կրնան կեանքի բեռներէն հանգստանալ։ Կրնաս զանոնք հաւաստիացնել թէ միայն Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդներն ըլլալով, կրնան իսկական թարմացում վայելել (Կարդալ՝ Մատթէոս 11։28-30)։
20 Անգործունեայ անհատներուն յիշեցուր թէ Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ ընենք ի՛նչ որ կրնանք։ Երբ Ղազարոսի քոյրը՝ Մարիամ քննադատուեցաւ, քանի որ սուղ անուշահոտ իւղով Յիսուսը օծեց, ան ըսաւ. «Թող տուէք ատոր. . . ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ» (Մար. 14։6-8)։ Յիսուս գովեց չքաւոր այրին, որ տաճարին մէջ չնչին նուիրատուութիւն ըրաւ։ Ան ալ ըրաւ ի՛նչ որ կրնար (Ղուկ. 21։1-4)։ Մեր մեծամասնութիւնը կրնայ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցիլ։ Եհովայի օգնութեամբ, ներկայիս անգործունեայ եղողներէն շատեր պիտի կարենան նոյն բաները ընել։
21, 22. Եհովայի վերադարձողներուն ի՞նչ երաշխիք կրնաս տալ։
21 Եթէ հօտէն մոլորած ոչխարանման անհատը իր եղբայրները դարձեալ տեսնելու կը վարանի, կրնաս իրեն յիշեցնել այն ուրախութիւնը որ եղաւ, երբ անառակ որդին տուն վերադարձաւ։ Ժողովքին վերադարձողները համանման ուրախութեան պատճառ են։ Զանոնք քաջալերէ որ հիմա իսկ Բանսարկուին հակառակ կենան եւ Աստուծոյ մօտենան (Յակ. 4։7, 8)։
22 Եհովայի վերադարձողներուն բերկրալի ընդունելութիւն կը սպասէ (Ողբք 3։40)։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ անոնց անցեալի փորձառութիւնները, անկասկած մեծ ուրախութիւն պատճառեցին։ Անսահման ապագայ օրհնութիւններ կը սպասեն անոնց, որոնք անյապաղ հօտին կը վերադառնան։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչպէս կրնաս գայթակղած ու անգործունեայ դարձած քրիստոնեայի մը օգնել։
• Ուսուցումի մը նկատմամբ անձնական տեսակէտ ունենալով Աստուծոյ հօտը լքած անհատին ի՞նչ պատճառաբանութիւն կրնայ օգնել։
• Ի՞նչպէս կարելի է օգնել մէկու մը, որ ժողովքին վերադառնալու կը վարանի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 20]
Երբ անգործունեայ հաւատակից մը կ’արտայայտուի, ուշի–ուշով մտիկ ըրէ
[Նկար՝ էջ 22]
Անառակ որդիին առակին վրայ խոկալը կրնայ անհատը մղել հօտին վերադառնալու