Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 11

ԵՐԳ 142 Ամէն տեսակ մարդոց քարոզենք

Յիսուսին պէս նախանձախնդրութեամբ քարոզէ

Յիսուսին պէս նախանձախնդրութեամբ քարոզէ

«Տէրը. . . զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար» (ՂՈՒԿ. 10։1

ՆԻՒԹ

Պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ չորս բաներ կրնան օգնել, որ Յիսուսին պէս նախանձախնդրութեամբ քարոզենք։

1. Ի՞նչ տարբերութիւն կայ իսկական եւ կեղծ քրիստոնեաներուն միջեւ։

 ԵՀՈՎԱՅԻՆ ծառաները նախանձախնդիր են ծառայութեան մէջ, եւ ասիկա է տարբերութիւններէն մէկն է՝ իսկական ու կեղծ քրիստոնեաներուն միջեւ (Տիտ. 2։14) a։ Բայց ատեններ թերեւս զգաս այս ծանր աշխատող երէցին պէս, որ խանդավառ չես քարոզելու։ Ան ըսաւ. «Ատեններ կը զգամ որ չեմ ուզեր քարոզել»։

2. Ինչո՞ւ երբեմն դժուար է որ շարունակենք նախանձախնդրօրէն քարոզել։

2 Հաւանաբար աւելի հաճոյք կ’առնենք ծառայութեան միւս երեսակներէն, քան՝ քարոզչութենէն։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ երբ Թագաւորութեան սրահներ շինենք կամ նորոգենք, եղբայրները քաջալերենք կամ աղէտներէ վնասուած մեր եղբայրներուն օգնենք, արդիւնքները արագօրէն կը տեսնենք, եւ ասիկա մեզ կը զգացնէ որ բան մը իրագործեցինք։ Ասկէ զատ, այս բաները ընելով խաղաղութիւն կը վայելենք եւ իրարու հանդէպ սէր ցոյց կու տանք, գիտնալով որ մեր եղբայրները կը գնահատեն մեր ըրածները։ Միւս կողմէ, թերեւս մեր ժողովքի թաղամասին մէջ տարիներէ ի վեր կը քարոզենք եւ շատ քիչ արդիւնք ձեռք ձգած ենք։ Կամ ալ թերեւս կը քարոզենք մարդոց, որոնք բարի լուրը կը մերժեն։ Ասկէ զատ, գիտենք որ մինչ վերջը կը մօտենայ, կրնանք աւելի հակառակութիւն ակնկալել (Մատ. 10։22)։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ քարոզչութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը պահենք կամ նոյնիսկ աւելցնենք։

3. Յիսուսի մասին ի՞նչ կը սորվինք Ղուկաս 13։6-9–ի առակէն։

3 Յիսուսի օրինակէն կրնանք սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք քարոզչութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալ։ Երբ երկրի վրայ կը քարոզէր, Յիսուս բնաւ իր նախանձախնդրութիւնը չկորսնցուց։ Ընդհակառակը, մինչ ժամանակը կ’անցնէր, ան ա՛լ աւելի քարոզեց (կարդա՛ Ղուկաս 13։6-9)։ Առակի մը մէջ, Յիսուս իր գործը բաղդատեց այգեպանի մը գործին, որ երեք տարի ջանաց թզենիի մը հոգ տանիլ՝ որ ատիկա պտուղ տայ, բայց չտուաւ։ Նոյնպէս, Յիսուս շուրջ երեք տարի հրեաներուն քարոզեց, բայց անոնց մեծամասնութիւնը իր աշակերտները չեղան։ Բայց ինչպէս որ այգեպանը իր յոյսը չկտրեց, Յիսուս շարունակեց քարոզել եւ նոյնիսկ ա՛լ աւելի ջանքեր թափեց, որ հրեաները բարի լուրը ընդունին։

4. Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ չորս բաներ կը սորվինք։

4 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս նախանձախնդրութիւն ցոյց տուաւ, մանաւանդ իր ծառայութեան վերջին վեց ամիսներուն ընթացքին։ Կրնանք նախանձախնդիր մնալ, եթէ իր սորվեցուցածները եւ ըրածները ընենք։ Հիմա նկատի պիտի առնենք չորս բաներ, որոնք կրնանք Յիսուսէն սորվիլ. 1) ան Եհովային կամքին վրայ կեդրոնացաւ, 2) ան մարգարէութիւնները հասկցաւ, 3) ան Եհովային օգնութեան վստահեցաւ եւ 4) ան յոյսով մնաց որ ոմանք իրեն մտիկ պիտի ընեն։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԱՄՔԻՆ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱՒ

5. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ Աստուծոյ կամքին վրայ կեդրոնացած էր։

5 Յիսուս նախանձախնդրութեամբ քարոզեց «Աստուծոյ թագաւորութեան» բարի լուրը, որովհետեւ գիտէր որ Աստուած ասիկա կ’ուզէր իրմէ (Ղուկ. 4։44)։ Քարոզելը ամէնէն կարեւոր գործն էր Յիսուսին համար։ Նոյնիսկ իր քարոզչութեան վերջին ամիսներուն, ան «քաղաքները ու գիւղերը» կը ճամբորդէր, որպէսզի ուրիշներուն սորվեցնէ (Ղուկ. 13։22)։ Ան նաեւ աւելի աշակերտներ մարզեց, որ բարի լուրը քարոզեն իրեն պէս (Ղուկ. 10։1

6. Միւս հոգեւոր նշանակումները ինչպէ՞ս կապ ունին քարոզչութեան հետ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Մեր օրերուն ալ, բարի լուրը քարոզելը ամէնէն կարեւոր գործն է, որ Եհովան եւ Յիսուսը կ’ուզեն որ ընենք։ Միւս բոլոր հոգեւոր նշանակումները ուղղակի կապ ունին քարոզչութեան հետ (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Օրինակ, մենք Թագաւորութեան սրահներ կը շինենք, որպէսզի բարի լուրին մտիկ ընողները հոն Եհովան պաշտեն։ Բեթէլին մէջ կը ծառայենք, որպէսզի քարոզչութեան թիկունք կանգնինք։ Աղէտներէ ետք, եղբայրներուն ու քոյրերուն պէտքերը կ’ապահովենք, որպէսզի անոնք կարենան իրենց հոգեւոր ռութինին վերադառնալ, մէջը ըլլալով՝ քարոզչութիւնը։ Երբ ըմբռնենք թէ քարոզչութիւնը որքա՛ն կարեւոր է եւ թէ ատիկա գլխաւոր գործն է, որ Եհովան կ’ուզէ որ ընենք, աւելի զօրաւոր փափաք պիտի ունենանք որ կարելի եղածին չափ քարոզենք։ Հունգարիայէն եղող Եանոշ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Ես ինծի կը յիշեցնեմ որ չկայ հոգեւոր գործունէութիւն մը, որ քարոզչութեան տեղը կ’առնէ։ Քարոզչութիւնը մեր ամէնէն կարեւոր նշանակումն է»։

Այսօր, բարի լուրը քարոզելը ամէնէն կարեւոր գործն է, որ Եհովան եւ Յիսուսը կ’ուզեն որ ընենք (տե՛ս պարբերութիւն 6)


7. Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ շարունակենք քարոզել (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4

7 Եթէ Եհովային աչքով դիտենք մարդիկը, աւելի նախանձախնդրութեամբ կը քարոզենք։ Ան կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ բարի լուրը ընդունին (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։ Ասոր համար, ան մեզ կը մարզէ որ աւելի լաւ կերպով սորվեցնենք բարի լուրը, քանի որ ատիկա կեանք կը փրկէ։ Օրինակ, Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ գրքոյկը ցոյց կու տայ, որ ինչ գործնական կերպերով կրնանք խօսակցութիւն սկսիլ մարդոց հետ, որպէսզի կարենանք անոնց հետ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Նոյնիսկ եթէ մարդիկ հիմա մեզի մտիկ չընեն, անոնք թերեւս մտիկ ընելու առիթը ունենան մեծ նեղութիւնը վերջանալէ առաջ։ Ինչ որ հիմա անոնց կ’ըսենք, կրնայ ապագային անոնց օգնել որ մտիկ ընեն։ Բայց ասիկա պատահելու համար՝ պէտք է քարոզենք։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԿՑԱՒ

8. Մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս Յիսուսին օգնեցին, որ իր ժամանակը իմաստութեամբ գործածէ։

8 Յիսուս հասկցաւ որ Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս պիտի կատարուին։ Ան գիտէր որ իր ծառայութիւնը միայն երեքուկէս տարի պիտի տեւէր (Դան. 9։26, 27)։ Ան նաեւ մարգարէութիւններէն հասկցաւ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի մեռնէր (Ղուկ. 18։31-34)։ Ասոր համար, Յիսուս իր կարճ ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածեց։ Ան նախանձախնդրութեամբ քարոզեց, որպէսզի իրեն տրուած գործը ամբողջացնէ։

9. Մարգարէութիւնները հասկնալը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ խանդավառութեամբ քարոզենք։

9 Մարգարէութիւնները հասկնալը մեզի կ’օգնէ որ խանդավառութեամբ քարոզենք։ Մենք գիտենք որ այս աշխարհին վերջը մօտ է։ Կը տեսնենք որ աշխարհին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը եւ մարդոց յատկութիւնները կը ցուցնեն, որ Սուրբ Գիրքին մարգարէացած վերջին օրերուն մէջն ենք։ Նաեւ կը հասկնանք հարաւի թագաւորին եւ հիւսիսի թագաւորին մասին եղած մարգարէութիւնը, որ «վերջին ժամանակ»ին տեղի պիտի ունենայ։ Հիմա գիտենք որ ատիկա կ’ակնարկէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին եւ Ռուսիոյ ու իր դաշնակիցներուն միջեւ եղած մրցակցութեան (Դան. 11։40)։ Նաեւ գիտենք որ Դանիէլ 2։43-45–ին մէջի արձանին ոտքերը կը ներկայացնեն անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Մենք համոզուած ենք, որ շա՛տ մօտ ատենէն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կործանէ մարդկային կառավարութիւնները, ինչպէս որ մարգարէութիւնը կ’ըսէ։ Բոլոր այս մարգարէութիւնները ցոյց կու տան, թէ վերջը շատ մօտ է։ Ուրեմն, մնացած կարճ ժամանակը պէտք է լաւագոյն կերպով գործածենք, որ բարի լուրը քարոզենք։

10. Մարգարէութիւնները ուրիշ ի՞նչ կերպերով մեզ կը քաջալերեն որ նախանձախնդրութեամբ քարոզենք։

10 Մարգարէութիւնները նաեւ մեր մէջ փափաք կ’արթնցնեն, որ ուզենք բարի լուրը ուրիշներուն պատմել։ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ ծառայող Քէրի անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ մտածեմ Եհովային տուած հիանալի խոստումներուն մասին, կը զգամ որ պէտք է ատոնք ուրիշներուն ալ պատմեմ։ Երբ տեսնեմ մարդոց խնդիրները, կ’անդրադառնամ որ անոնք պէտք ունին այդ խոստումներուն»։ Մարգարէութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, թէ Եհովան մեզի կ’օգնէ քարոզելու, եւ ասիկա մեզ կը քաջալերէ որ շարունակենք քարոզել։ Հունգարիոյ մէջ ապրող Լէյլա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Եսայի 11։6-9–ը ինծի կ’օգնէ որ բարի լուրը քարոզեմ նոյնիսկ անոնց՝ որոնք այնպէս կ’երեւին որ պիտի չընդունին զայն։ Համոզուած եմ, որ ամէն մարդ կրնայ փոխուիլ Եհովային օգնութեամբ»։ Զամպիայէն եղող Քրիստոֆըր անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Ինչպէս Մարկոս 13։10–ն մարգարէացաւ, բարի լուրը կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ։ Եւ ես պատիւ կը զգամ որ այս մարգարէութեան կատարման մէջ դեր ունիմ»։ Ո՞ր մարգարէութիւնները քե՛զ կը քաջալերեն որ շարունակես քարոզել։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ

11. Յիսուս ինչո՞ւ վստահ էր Եհովան իրեն պիտի օգնէր, որպէսզի շարունակէր նախանձախնդրութեամբ քարոզել։

11 Յիսուս վստահ էր որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր, որպէսզի շարունակէր նախանձախնդրութեամբ քարոզել։ Յիսուս միշտ ուրիշներուն հաշիւը կ’ընէր, երբ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին կը խօսէր։ Հակառակ ասոր, ան գիտէր որ ոմանք պիտի ջղայնանային եւ շատեր պիտի հակառակէին (կարդա՛ Ղուկաս 12։49, 53)։ Կրօնական առաջնորդները չէին հաւներ Յիսուսին քարոզած բաները, եւ ասոր համար քանի մը անգամ փորձեցին զինք սպաննել (Յովհ. 8։59. 10։31, 39)։ Բայց Յիսուս շարունակեց քարոզել, քանի որ գիտէր որ Եհովան իր հետն էր։ Ան ըսաւ. «Ես մինակ չեմ, հապա ես եւ Հայրը, որ զիս ղրկեց։ . . .Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» (Յովհ. 8։16, 29

12. Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՞ս օգնեց, որ շարունակեն քարոզել՝ երբ հալածուին։

12 Յիսուս իր աշակերտներուն յիշեցուց, թէ կրնա՛ն վստահ ըլլալ որ Եհովան իրենց պիտի օգնէր։ Ան միշտ զիրենք վստահեցուց, որ Եհովան իրենց հետ է՝ նոյնիսկ երբ հալածուին (Մատ. 10։18-20. Ղուկ. 12։11, 12)։ Յիսուս նաեւ անոնց ըսաւ որ զգոյշ ըլլան (Մատ. 10։16. Ղուկ. 10։3)։ Ինչպէ՞ս։ Անոնց ըսաւ որ մարդիկը չստիպեն որ բարի լուրը մտիկ ընեն (Ղուկ. 10։10, 11)։ Ան նաեւ անոնց ըսաւ որ փախչին՝ երբ հալածուին (Մատ. 10։23)։ Թէեւ Յիսուս նախանձախնդիր էր եւ Եհովային կը վստահէր, բայց իր կեանքը վտանգի տակ չէր դներ՝ պէտք չեղած տեղը (Յովհ. 11։53, 54

13. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ։

13 Այսօր, շատեր մեր քարոզչութեան կը հակառակին. ատոր համար Եհովային օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի շարունակենք նախանձախնդրութեամբ քարոզել (Յայտ. 12։17)։ Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի կռնակ պիտի կենայ։ Նկատի առ Յովհաննէս աւետարանին 17–րդ գլուխին մէջ յիշուած Յիսուսին աղօթքը։ Յիսուս՝ Եհովայէն խնդրեց որ առաքեալներուն վրայ հսկէ, եւ Եհովան պատասխանեց իրեն։ Գործք գիրքը կը պատմէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս առաքեալներուն օգնեց, որ նախանձախնդրաբար քարոզեն՝ հակառակ հալածանքին։ Յիսուս իր աղօթքին մէջ Եհովային նաեւ աղաչեց որ հսկէ այն անձերուն վրայ, որոնք առաքեալներուն քարոզած բարի լուրը պիտի ընդունէին։ Անոնց մէջ դո՛ւն ալ կաս։ Եհովան մինչեւ այսօր կը շարունակէ Յիսուսի աղօթքին պատասխանել։ Ան քեզի ալ պիտի օգնէ, ինչպէս որ առաքեալներուն օգնեց (Յովհ. 17։11, 15, 20

14. Ինչպէ՞ս գիտենք որ պիտի կրնա՛նք նախանձախնդրօրէն քարոզել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Մինչ վերջը կը մօտենայ, թերեւս աւելի դժուար ըլլայ բարի լուրը քարոզելը, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ասիկա նախանձախնդրութեամբ ընել (Ղուկ. 21։12-15)։ Յիսուսին ու իր աշակերտներուն պէս, կը ձգենք որ մարդիկ իրե՛նք որոշեն եթէ կ’ուզեն մտիկ ընել կամ ոչ։ Անոնց հետ չենք վիճաբանիր։ Նոյնիսկ երբ մեր գործը արգելքի տակ է, մեր եղբայրները կրցած են շարունակել քարոզել, քանի որ Եհովային ուժին վստահած են, եւ ոչ թէ իրենց անձնական ուժին։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան առաջին քրիստոնեաներուն ոյժ տուաւ, այսօր ալ մեզի ոյժ կու տայ որպէսզի ‘քարոզչութիւնը լման ըլլայ’՝ ինչպէս որ ինք կ’ուզէ (Բ. Տիմ. 4։17)։ Կրնաս համոզուած ըլլալ որ եթէ Եհովային վստահիս, պիտի կարենաս շարունակել նախանձախնդրութեամբ քարոզել։

Նոյնիսկ երբ մեր գործը արգելքի տակ է, նախանձախնդիր հրատարակիչները ձեւեր կը գտնեն, որ զգուշութեամբ բարի լուրին մասին խօսին (տե՛ս պարբերութիւն 14) b


ՅՈՅՍՈՎ ՄՆԱՑ

15. Ի՞նչը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս յոյսը չկտրեց որ ոմանք իրեն մտիկ պիտի ընէին։

15 Յիսուս վստահ էր որ պիտի ըլլային մարդիկ, որոնք բարի լուրը մտիկ պիտի ընէին։ Ասիկա իրեն օգնեց որ քարոզչութեան նկատմամբ խանդավառ մնայ։ Օրինակ, իր քարոզչութիւնը սկսելէն մօտ տարի մը ետք, ան տեսաւ որ շատեր պատրաստ էին բարի լուրը մտիկ ընելու, եւ զանոնք նմանցուց՝ հնձուելու պատրաստ եղող արտի (Յովհ. 4։35)։ Անկէ շուրջ մէկ տարի ետք, ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հունձքը շատ է» (Մատ. 9։37, 38)։ Ատեն մը ետք, ան նորէն շեշտեց. «Հունձքը շատ է. . . հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Ղուկ. 10։2)։ Յիսուս միշտ յոյսը չկտրեց որ պիտի ըլլային մարդիկ, որոնք բարի լուրին ականջ պիտի տային։ Եւ ան ուրախացաւ երբ ասիկա պատահեցաւ (Ղուկ. 10։21

16. Յիսուսին առակները ինչպէ՞ս աշակերտներուն օգնեցին, որ նախանձախնդիր մնան (Ղուկաս 13։18-21) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց որ նախանձախնդիր մնան, անոնց յիշեցնելով թէ իրենց քարոզած բարի լուրը հոյակապ արդիւնքներ կու տայ։ Օրինակ, նկատի առ իր առակներէն երկուքը (կարդա՛ Ղուկաս 13։18-21)։ Յիսուս մանանեխի պզտիկ հատիկի մը օրինակը գործածեց, սորվեցնելու համար թէ շատեր Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի ընդունէին, եւ ոչ մէկ բան պիտի կրնար անոնց արգելք ըլլալ։ Ան նաեւ թթխմորի օրինակը գործածեց, սորվեցնելու համար թէ բարի լուրը աշխարհի չորս կողմը պիտի տարածուի եւ ատիկա մարդոց մէջ փոփոխութիւններ պիտի պատճառէ, նոյնիսկ եթէ ուրիշներ ատոնք շուտով չնկատեն։ Յիսուս այսպիսով իր աշակերտներուն վստահեցուց, որ իրենց քարոզած բարի լուրը օգտակար պիտի ըլլար շատերուն։

Յիսուսին պէս միշտ յոյսով կը մնանք, որ ոմանք պիտի ընդունին բարի լուրը (տե՛ս պարբերութիւն 16)


17. Ի՞նչ պատճառներ ունինք որ քարոզչութեան մէջ մեր յոյսը չկտրենք։

17 Երբ մտածենք որ քարոզչութիւնը ինչպէ՛ս շատերու կ’օգնէ աշխարհին չորս կողմը, կը շարունակենք նախանձախնդրութեամբ քարոզել։ Ամէն տարի, միլիոնաւոր հետաքրքրուած անձեր ներկայ կ’ըլլան Յիշատակատօնին եւ Սուրբ Գիրքը կը սերտեն մեզի հետ։ Հարիւր հազարաւորներ կը սկսին քարոզել եւ կը մկրտուին։ Մենք չենք գիտեր թէ տակաւին քանի՛ հոգի պիտի ընդունի բարի լուրը, բայց գիտե՛նք որ Եհովան կը հաւաքէ մեծ բազմութիւն մը, որ մեծ նեղութենէն պիտի ազատի (Յայտ. 7։9, 14)։ Հունձքին Տէրը՝ Եհովան՝ վստահ է որ տակաւին շատեր պիտի ընդունին բարի լուրը։ Ասոր համար, մենք պիտի շարունակենք քարոզել։

18. Կ’ուզենք որ մարդիկ ի՞նչ բանի անդրադառնան։

18 Յիսուսին աշակերտները միշտ ճանչցուած են, որ նախանձախնդրութեամբ կը քարոզեն։ Երբ մարդիկ տեսան որ առաքեալները համարձակութեամբ կը քարոզեն, «իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին» (Գործք 4։13)։ Մենք ալ կ’ուզենք համարձակութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ քարոզել, որպէսզի մարդիկ անդրադառնան որ մենք ալ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք։

ԵՐԳ 141 Խաղաղասէր մարդիկը փնտռենք

a ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Այս յօդուածին մէջ, «նախանձախնդրութիւն»ը այն խանդավառութիւնն է՝ որ կը զգանք Եհովային պաշտամունքին հանդէպ։

b ՆԿԱՐ. Վառելանիւթի կայանի մը մէջ, եղբայր մը զգոյշութեամբ կը վկայէ մարդու մը։