Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք «տեսան» խոստացուած բաները

Անոնք «տեսան» խոստացուած բաները

«Խոստումները [չառին], հապա հեռուէն տեսան զանոնք» (ԵԲ. 11։13

1. Չտեսած բաներ երեւակայելու մեր կարողութենէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (տե՛ս բացման պատկերը)։

ՉՏԵՍԱԾ բաներ մտապատկերելու մեր կարողութիւնը նուէր մըն է Աստուծոյ կողմէ, որ մեզի կ’օգնէ իմաստուն ծրագիրներ կազմելու եւ լաւ բաներ ակնկալելու։ Եհովա Աստուած կրնայ ապագան տեսնել. եւ Աստուածաշունչին մէջ ան յաճախ կը յայտնէ թէ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Կրնանք այդ ապագայ դէպքերը մտապատկերել։ Արդարեւ, չտեսած բաներ երեւակայելու մեր կարողութիւնը մեզի կ’օգնէ հաւատք կերտելու (Բ. Կոր. 4։18

2, 3. ա) Ի՞նչ բանի հիման վրայ երեւակայելը մեզի կ’օգնէ։ բ) Այս յօդուածը ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանէ։

2 Պայման չէ որ ինչ որ մտապատկերենք, իրականութեան վրայ հիմնուած ըլլայ։ Օրինակ, աղջնակ մը կրնայ երեւակայել թէ թիթեռնիկ մը հեծած կը թռչի, բայց ասիկա երազանք մըն է։ Միւս կողմէ, Սամուէլի մայրը՝ Աննան, որոշ հիմ մը ունէր մտապատկերելու թէ ինչպէ՛ս իր տղան խորան պիտի տանէր եւ Եհովային յանձնէր ծառայութեան համար։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան վճռած էր այդ մէկը ընել եւ այս վճռականութիւնը իրեն օգնեց իր նպատակին վրայ կեդրոնացած մնալու (Ա. Թագ. 1։22)։ Իսկ երբ կը մտապատկերենք ինչ որ Եհովան խոստացած է ընել, երեւակայած կ’ըլլանք բաներ, որոնք անպայման պիտի կատարուին (Բ. Պետ. 1։19-21

3 Աստուածաշունչին մէջ նշուած հաւատարիմ մարդոցմէ շատեր անկասկած մտապատկերեցին ինչ որ Աստուած խոստացած էր ընել։ Ապագայ օրհնութիւններու մասին երեւակայելը իրենց ի՞նչ օգուտներ բերաւ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք մենք օգտուիլ մտածելով այն հիանալի բաներուն մասին, որ Աստուած խոստացած է ընել հնազանդ մարդկութեան համար։

ԶՕՐԱՑԱՆ, ԵՐԲ ԻՐԵՆՑ ՅՈՅՍԸ «ՏԵՍԱՆ»

4. Աբէլ ինչո՞ւ կրնար պայծառ ապագայ մը մտապատկերել։

4 Աբէլ առաջին մարդն էր որ Եհովայի խոստումներուն հաւատաց։ Ան գիտէր թէ Աստուած Ադամի ու Եւայի մեղանչումէն ետք ի՛նչ ըսաւ օձին. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծն. 3։14, 15)։ Ճիշդ է որ Աբէլ գաղափար չունէր թէ այդ խոստումը ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր, բայց կրնանք ենթադրել որ ան շատ մտածեց այդ մասին եւ անդրադարձաւ, որ անհատ մը պէտք էր ‘գարշապարէն խայթուէր’, որպէսզի մարդկութիւնը կրկին վայելէր այն կատարեալ կեանքը, որ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին։ Ի՛նչ որ ալ երեւակայած ըլլար, Աբէլ կը հաւատար որ Աստուծոյ խոստումը պիտի իրականանար, եւ այս մէկը պատճառ եղաւ որ իր զոհը ընդունուի (կարդա՛ Ծննդոց 4։3-5. Եբրայեցիս 11։4

5. Ապագայի մասին երեւակայելը ինչո՞ւ քաջալերական ըլլալու էր Ենովքին համար։

5 Հաւատարիմ Ենովք նոյնպէս հաւատք ցուցաբերեց, հակառակ որ շրջապատուած էր անբարեպաշտ մարդոցմով, որոնք խիստ խօսքեր կ’ըսէին Աստուծոյ դէմ։ Ներշնչման ներքեւ, ան մարգարէացաւ որ Եհովա Աստուած իր բիւրաւոր սուրբերով պիտի գար «ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան» (Յուդա 14, 15)։ Հաւատքի տէր մարդ մը ըլլալով, Ենովք կրնար ամբարշտութենէ զերծ աշխարհ մը մտապատկերել (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։5, 6

6. Ջրհեղեղէն ետք, Նոյ հաւանաբար ի՞նչ բան մտապատկերեց։

6 Հաւատքո՛վ Նոյ վերապրեցաւ Ջրհեղեղէն (Եբ. 11։7)։ Հաւատքո՛վ ան կենդանիներ զոհաբերեց Ջրհեղեղէն ետք (Ծն. 8։20)։ Կասկած չկայ թէ ան Աբէլին պէս կը հաւատար, որ մարդկութիւնը ի վերջոյ մեղքէն ու մահէն պիտի ազատագրուի։ Երբ Ջրհեղեղին յաջորդեց խաւար ժամանակաշրջան մը, ուր Նեբրովթ Եհովայի դէմ ըմբոստացաւ, Նոյ իր հաւատքը չկորսնցուց եւ իր յոյսը չկտրեց (Ծն. 10։8-12)։ Շատ հաւանաբար, ան մտապատկերեց աշխարհ մը, որ զերծ պիտի ըլլայ դաժան կառավարիչներէ, ժառանգուած մեղքէ ու մահէ, եւ հետեւաբար՝ քաջալերուեցաւ։ Մենք ալ կրնանք «տեսնել» այդ հոյակապ աշխարհը, որ շատ մօտեցած է (Հռով. 6։23

ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԻԼԸ «ՏԵՍԱՆ»

7. Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ ի՞նչ ապագայ կրնային «տեսնել»։

7 Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ կրնային հիանալի ապագայի մը մասին երեւակայել։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Աստուած իրենց խոստացած էր որ երկրին բոլոր ազգերը իրենց սերունդով պիտի օրհնուէին (Ծն. 22։18. 26։4. 28։14)։ Անոնցմէ սերած ժողովուրդը պիտի բազմանար ու բնակէր Աստուծոյ խոստացած երկրին մէջ (Ծն. 15։5-7)։ Այս նահապետները կրնային հաւատքի աչքերով «տեսնել» իրենց սերունդը Աւետեաց երկրին մէջ։ Աւելին, Եհովա Աստուած Ադամի ու Եւայի մեղանչումէն ի վեր վստահեցուցած է իր հաւատարիմ ծառաներուն, որ օրը պիտի գայ երբ մարդիկ դարձեալ կատարեալ պիտի ապրին։

8. Աբրահամ ինչո՞ւ կրցաւ արտակարգ հաւատք ցուցաբերել։

8 Աբրահամ կրցաւ արտակարգ հաւատք ցուցաբերել, հաւանաբար քանի որ կարող էր մտապատկերել այն խոստումները որ Աստուած տուած էր իրեն։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Աբրահամ եւ ուրիշ հաւատարիմ անհատներ թէպէտեւ «խոստումները չառած» մեռան, սակայն «հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։8-13)։ Աբրահամ գիտէր որ Եհովան միշտ իր խօսքին տէրը եղած էր, ուստի լման վստահութիւն ունէր որ իր յոյսը պիտի իրականանար, կարծես անտեսանելին տեսնէր։

9. Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալը Աբրահամին ինչպէ՞ս օգնեց։

9 Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալը Աբրահամին օգնեց, որ աւելի վճռակամ ըլլայ Աստուծոյ կամքը կատարելու։ Հաւատքով ան Ուր քաղաքը ձգեց եւ չուզեց Քանանի քաղաքներէն մէկուն մէջ հաստատուիլ, որոնք Ուր քաղաքին պէս խախուտ հիմեր ունէին իրենց անբարեպաշտ կառավարութիւններուն պատճառով (Յես. 24։2)։ Իր կեանքին մնացեալ տարիներուն, ան սպասեց «այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է» (Եբ. 11։10)։ Աբրահամ ինքզինք «տեսաւ»,– կամ մտապատկերեց,– այն տեղը, որուն Կառավարիչը Եհովան է։ Աբէլ, Ենովք, Նոյ, Աբրահամ եւ ուրիշներ հաւատացին մեռելներու յարութեան եւ փափաքեցան ապրիլ այն ժամանակուան մէջ, երբ երկրի վրայ պիտի տիրէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, այսինքն՝ «հիմերով հաստատուած քաղաքը»։ Անոնք ո՛րքան աւելի խոկացին այդպիսի օրհնութիւններու վրայ, ա՛յդքան աւելի հաւատացին Եհովային (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։15, 16

10. Սառան թերեւս ինչպէ՞ս օգտուեցաւ, երբ ապագան դրական աչքերով դիտեց։

10 Նկատի առ Աբրահամին կինը՝ Սառան։ Անզաւակ եւ 90 տարեկան ըլլալով հանդերձ, ան իր հաւատքը անսասան պահեց, քանի որ ապագան դրական աչքերով կը դիտէր։ Ան նոյնիսկ կրնար մտապատկերել, թէ իր սերունդը ինչպէ՛ս կը վայելէր Եհովայի խոստացած օրհնութիւնները (Եբ. 11։11, 12)։ Ի՞նչ բան իր մէջ այսքան յոյս ներշնչեց։ Իր ամուսինին ուղղուած Եհովայի խօսքերը. «Զանիկա [Սառա] պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ» (Ծն. 17։16)։ Իսահակը լոյս աշխարհ բերելէ ետք, Սառա բոլորովին համոզուած էր, որ Եհովայի խոստումին մնացեալ մասը պիտի կատարուէր։ Ի՜նչ հիանալի նուէր մըն է, որ կրնանք մտապատկերել Աստուծոյ խոստացած բոլոր սքանչելի բաները, որոնք վստահաբար պիտի կատարուին։

ԴԻՏԵԼՈՎ ՍՊԱՍԵՑ ԻՐ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԵԱՆ

11, 12. Ի՞նչ բան Մովսէսին օգնեց, որ Եհովայի հանդէպ իր սէրը խորացնէ։

11 Մովսէս նոյնպէս հաւատաց Եհովայի խոստումներուն եւ անոր հանդէպ իր սէրը խորացուց։ Եգիպտոսի արքայական պալատին մէջ ապրիլը եւ այդտեղի հեղինակութիւնն ու հարստութիւնը դիւրաւ կրնային պատանի Մովսէսին սիրտը գրաւել։ Բայց ան իր հարազատ ծնողներէն սորված էր Եհովա Աստուծոյ մասին եւ գիտէր, որ Ան նպատակադրած էր եբրայեցիները ստրկութենէն ազատագրել եւ Աւետեաց երկիրը մտցնել (Ծն. 13։14, 15. Ել. 2։5-10)։ Ըստ քեզի, եթէ Մովսէս Աստուծոյ ժողովուրդին ապագայ օրհնութիւնները յաճախ մտապատկերէր, ի՞նչ բան իր սիրտին մէջ պիտի աճէր,– փառասիրութի՞ւնը թէ ոչ Եհովայի հանդէպ սէրը։

12 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ. քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել։ Աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը. վասն զի դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին» (Եբ. 11։24-26

13. Մովսէս Աստուծոյ խոստումներուն վրայ շատ մտածելէն ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։

13 Մովսէս շատ մտածած ըլլալու էր եբրայեցիները ազատագրելու Աստուծոյ խոստումին վրայ։ Եհովայի ուրիշ երկրպագուներու նման, ան թերեւս կրնար մտապատկերել այն ժամանակը, երբ Աստուած մարդկութիւնը մահուան կապանքներէն պիտի ազատագրէ (Յոբ 14։14, 15. Եբ. 11։17-19)։ Ուստի ան ըմբռնեց մարդկութեան հանդէպ Եհովայի սէրը եւ այս մէկը զինք մղեց Եհովան ա՛լ աւելի սիրելու, իր հաւատքը զօրացնելու եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին անոր ծառայելու (Բ. Օր. 6։4, 5)։ Նոյնիսկ երբ փարաւոն սպառնաց սպաննել զինք, Մովսէս քաջարի մնաց, իր հաւատքին, Աստուծոյ սիրոյն եւ հաւանաբար՝ պայծառ ապագայ մը մտապատկերելուն շնորհիւ (Ել. 10։28, 29

ՄՏԱՊԱՏԿԵՐԷ ԻՆՉ ՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԻՐԱԳՈՐԾԷ

14. Շատեր ինչպիսի՞ բաներ կ’երեւակայեն ապագային շուրջ։

14 Շատեր անիրապաշտ մտապատկերներ կը գծեն ապագային շուրջ։ Նիւթական գետնի վրայ համեստ ըլլալով հանդերձ, զոր օրինակ, անոնք կ’երազեն մեծահարուստ դառնալ եւ բացարձակ ապահովութիւն վայելել, թէպէտ որ մարդկային կեանքը այժմ «չարչարանք է ու նեղութիւն» (Սաղ. 90։10, ՆԹ)։ Անոնք կ’երեւակայեն հանգիստ կեանք մը ապրիլ մարդկային կառավարութեան ներքեւ, մինչդեռ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մարդկութեան միակ ճշմարիտ յոյսը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է (Դան. 2։44)։ Շատեր կը խորհին որ Աստուած այս չար աշխարհը պիտի չկործանէ, բայց Սուրբ Գիրքը բոլորովին ա՛յլ պատկեր մը կը գծէ (Սոփ. 1։18. Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Ուստի Եհովայի նպատակը անտեսող մարդոց երեւակայութիւնները միմիայն երեւակայութիւն պիտի մնան։

Կրնա՞ս դուն քեզ մտապատկերել նոր աշխարհին մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. ա) Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ մեր յոյսը կը մտապատկերենք։ բ) Նշէ բան մը որ կ’ակնկալես տեսնել, երբ Աստուած իր խոստումները իրագործէ։

15 Միւս կողմէ, մենք կը քաջալերուինք երբ կը մտապատկերենք մեր երկնային կամ երկրային յոյսը։ Կրնա՞ս պատկերացնել որ Աստուծոյ խոստացած բաները կը վայելես։ Անկասկած կ’ուրախանաս, մինչ կը խոկաս թէ ի՛նչ կրնաս ընել երբ Աստուած իր խոստումները իրականացնէ։ Թերեւս «կը տեսնես» թէ ինչպէ՛ս յաւիտեան կ’ապրիս երկրի վրայ։ Պահ մը մտածէ որ առողջ ես ու վառվռուն։ Պատճառ չունիս մտահոգուելու։ Պատկերացուր թէ ինչպէ՛ս ուրիշներու հետ կը համագործակցիս այս մոլորակը դրախտի վերածելուն մէջ։ Դրացիներդ քեզի պէս Եհովան կը սիրեն։ Այդ գործին վրայ վերահսկող անհատները կեանքդ կը շէնցնեն, որովհետեւ սրտա՛նց քեզմով կը հետաքրքրուին։ Եւ դուն ուրախ ես, որ ձիրքերդ ու տաղանդներդ կը գործածես ուրիշներու օգտին եւ Աստուած պատուելու համար։ Օրինակ, թերեւս կ’օգնես նոր յարութիւն առած անհատներու որ Եհովան ճանչնան (Յովհ. 17։3. Գործք 24։15)։ Ո՛չ, ասիկա երազանքներու աշխարհ մը չէ։ Այս գրաւիչ մտապատկերը պիտի իրականանայ, որովհետեւ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած է (Եսա. 11։9. 25։8. 33։24. 35։5-7. 65։22

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՄԵՐ ՅՈՅՍԻՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԻՆՔ

16, 17. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ մեր յոյսին մասին կը խօսինք։

16 Մինչ իրարու կը պատմենք թէ ի՛նչ կ’ուզենք ընել նոր աշխարհին մէջ, ապագայի նկատմամբ մեր մտապատկերը աւելի կը յստականայ։ Երբ հաւանական գաղափարներ կը փոխանակենք, իրարմով կը քաջալերուինք եւ Աստուծոյ խոստումներուն նկատմամբ մեր հաւատքը ցոյց տուած կ’ըլլանք, նոյնիսկ որ մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ վստահօրէն ըսել թէ ստոյգ ի՛նչ պարագաներ պիտի ունենայ այդ ատեն։ Երբ Պօղոս առաքեալ Հռոմի մէջ այցելութիւն մը տուաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն, անոնք վստահաբար գնահատեցին «փոխադարձ քաջալերութիւնը». մենք ալ զայն կը գնահատենք այս չար ժամանակներուն մէջ (Հռով. 1։11, 12, ՆԱ

17 Եհովայի խոստացած ապագան մտապատկերելը նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ մեր այժմու խնդիրներուն վրայ չկեդրոնանանք։ Պետրոս առաքեալ ատեն մը իր մտահոգութիւնը յայտնեց, Յիսուսին ըսելով. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Իսկ Յիսուս այնպիսի պատասխան մը տուաւ, որ թէ՛ Պետրոսին եւ թէ միւս աշակերտներուն կրնար օգնել ապագան մտապատկերելու, երբ ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ դուք որ իմ ետեւէս եկաք, միւս անգամ գալուստին երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու։ Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ» (Մատ. 19։27-29)։ Այսպիսով, Պետրոս ու միւս աշակերտները կրնային երեւակայել իրենց դերը այն երկնային կառավարութեան մէջ, որ երկրի վրայ պիտի իշխէր եւ հնազանդ մարդկութեան մեծ օրհնութիւններ բերէր։

18. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ Աստուծոյ խոստումներուն իրականանալը կ’երեւակայենք։

18 Նկատի առինք թէ ի՛նչ բան Եհովայի ծառաներուն օգնեց որ զօրաւոր հաւատք ունենան։ Աբէլ Աստուծոյ խոստացած պայծառ ապագան երեւակայեց եւ քանի որ այդ խոստումին հաւատաց, Աստուած իրեն հաճեցաւ։ Աբրահամ կրցաւ արտակարգ հաւատք ցուցաբերել, որովհետեւ երեւակայեց բան մը, որ կապ ունէր այն մարգարէութեան կատարման հետ, որ Աստուած տուած էր խոստացեալ «սերունդ»ին առնչութեամբ (Ծն. 3։15)։ Մովսէս ‘դիտելով սպասեց վարձքին հատուցումին’, հաւատքի գործեր գործելով եւ Եհովայի հանդէպ իր սէրը խորացնելով (Եբ. 11։26)։ Երբ մենք ալ երեւակայենք թէ Եհովայի խոստումները ինչպէ՛ս պիտի իրականանան, իրեն հանդէպ մեր հաւատքը պիտի զօրանայ եւ զինք աւելի պիտի սիրենք։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ թէ այս աստուածատուր նուէրը՝ մտապատկերելու մեր կարողութիւնը, ինչպէ՛ս կրնանք լաւագոյնս գործածել։