Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վտարումը ինչո՛ւ սիրալիր կարգադրութիւն է

Վտարումը ինչո՛ւ սիրալիր կարգադրութիւն է

«ԵՐԲ լսեցի ծանուցումը, թէ տղաս վտարուեցաւ, ամբողջ աշխարհս կարծես փուլ եկաւ», կը մտաբերէ Յուլիան։ «Ան երիցագոյն զաւակս էր, եւ սերտ բարեկամներ էինք. շատ բան միասնաբար կ’ընէինք։ Ան միշտ օրինակելի զաւակ էր, բայց յանկարծ սկսաւ անընդունելի կերպով վարուիլ։ Կնոջս աչքերը ծով դարձան ու ես չգիտցայ ինչպէս զինք մխիթարել։ Շարունակ հարց տուինք, թէ արդեօք իբրեւ ծնողներ կերպով մը ձախողա՛ծ էինք»։

Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել թէ քրիստոնեայ մը վտարելը սիրալիր կարգադրութիւն է, եթէ այսքան ցաւ կը պատճառէ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ պատճառներ կու տայ այսպիսի խիստ քայլեր առնելու համար։ Եւ ճիշդ ի՞նչ բաներ կ’առաջնորդեն որ անհատ մը վտարուի։

ԵՐԿՈՒ ԱԶԴԱԿՆԵՐ ՎՏԱՐՈՒՄԻ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ

Եհովայի վկայ մը վտարուելու համար, պէտք է երկու ազդակ զուգադիպին։ Առաջին, մկրտուած Վկան լուրջ մեղք մը կը գործէ։ Երկրորդ, ան իր գործած մեղքին համար զղջում չի յայտներ։

Թէեւ Եհովան մեզմէ կատարելութիւն չի պահանջեր, բայց սրբութեան չափանիշ ունի եւ իր ծառաներէն կ’ակնկալէ որ անոր գոհացում տան։ Օրինակ՝ ան կը պնդէ որ հետեւեալ լուրջ մեղքերէն խուսափինք. սեռային անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն, գողութիւն, յափշտակութիւն, մարդասպանութիւն եւ ոգեհարցութիւն (Ա. Կոր. 6։9, 10. Յայտ. 21։8

Չե՞ս համաձայնիր որ Եհովայի չափանիշները տրամաբանական են ու մեր պաշտպանութեան համար կը ծառայեն։ Ո՞վ չի նախընտրեր ապրիլ խաղաղասէր, պարկեշտ ու վստահելի մարդոց մէջ։ Որպէս հոգեւոր եղբայրներ ու քոյրեր այդպիսի միջավայր մը ունինք, մեր նուիրումին ժամանակ ըրած մեր խոստումին շնորհիւ, որ Աստուածաշունչի ցուցմունքներուն համաձայն պիտի ապրինք։

Բայց ի՞նչ ընել եթէ մկրտուած քրիստոնեան մարդկային տկարութեան պատճառաւ լուրջ մեղք մը գործէ։ Անցեալին, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ մեղանչեցին, սակայն զիրենք բոլորովին չմերժեց։ Դաւիթ թագաւորը գլխաւոր օրինակ մըն է։ Ան շնութիւն եւ մարդասպանութիւն գործեց. այսուհանդերձ Նաթան մարգարէն անոր ըսաւ. «Տէրը քու մեղքդ ներեց» (Բ. Թագ. 12։13

Աստուած ինչո՞ւ Դաւիթի մեղքը ներեց։ Ան անկեղծօրէն զղջացած էր (Սաղ. 32։1-5)։ Նմանապէս այսօր, Եհովայի ծառան պիտի վտարուի միայն եթէ անզեղջ է կամ կը շարունակէ մեղքը գործել (Գործք 3։19. 26։20)։ Դատական յանձնախումբի երէցները եթէ նկատեն որ հարազատ զղջումի ապացոյց չկայ, անհատը պէտք է վտարեն։

Սկիզբը, թերեւս զգանք որ յանցագործը վտարելու որոշումը խիստ կամ նոյնիսկ անազնիւ է, մանաւանդ եթէ անհատը մեզի մօտիկ է։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը մեզի վաւերական պատճառներ կու տայ հաւատալու, որ անիկա սիրալիր որոշում մըն է։

ՎՏԱՐՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԽՆԴՐՈՅ ԱՌԱՐԿԱՅ ԲՈԼՈՐ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒՆ ՕԳՏԵԼ

Յիսուս նշեց թէ ‘իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր գործերով’ կամ տուած արդիւնքներով (Մատ. 11։19, ՆԱ)։ Անզեղջ յանցագործը վտարելու իմաստուն որոշումը արդար արդիւնքներ յառաջ կը բերէ։ Նկատի առ հետեւեալ երեք արդիւնքները.

Յանցագործները վտարելը Եհովայի անունը կը պատուէ։ Որովհետեւ Եհովայի անունը կը կրենք, մեր վարքը անխուսափելիօրէն իր անունին վրայ անդրադարձ կ’ունենայ (Եսա. 43։10)։ Ճիշդ ինչպէս որ զաւակին վարքը կրնայ իր ծնողները պատուել կամ անոնց վրայ նախատինք բերել, նոյնպէս Եհովայի ծառաները իրենց լաւ կամ վատ օրինակով կրնան Եհովայի նկատմամբ մարդոց տեսակէտին ազդել։ Աստուծոյ բարի անունը կը ջատագովուի, եթէ իր անունը կրող անհատները իր բարոյական չափանիշներուն յարին։ Այս կացութիւնը համանման էր Եզեկիէլի օրերուն, երբ հեթանոսները կը կապէին Եհովայի անունը հրեաներուն հետ (Եզեկ. 36։19-23

Եթէ անբարոյութեան միջամուխ ըլլանք, Աստուծոյ սուրբ անունին վրայ նախատինք կը բերենք։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները խրատեց. «Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ Վասն զի գրուած է. ‘Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’» (Ա. Պետ. 1։14-16)։ Մաքուր ու սուրբ վարքը Աստուծոյ անունը կը պատուէ։

Շատ հաւանաբար բարեկամներ ու ծանօթներ կը գիտնան, երբ Եհովայի վկայ մը որոշ մեղք գործելը սովորութիւն դարձուցած է։ Վտարումը կը յայտնէ թէ Եհովան ունի մաքուր ժողովուրդ մը, որ աստուածաշնչական ցուցմունքներուն կը յարի, որպէսզի սրբութիւնը պահպանէ։ Զուիցերիոյ մէջ, անգամ մը անհատ մը եկաւ Թագաւորութեան սրահ ու ըսաւ որ կ’ուզէ ժողովքին մէկ անդամը ըլլալ։ Իր քոյրը անբարոյութեան պատճառաւ վտարուած էր։ Ան նշեց թէ կ’ուզէ միանալ կազմակերպութեան մը, որ «գէշ վարքը չի հանդուրժեր»։

Վտարումը մաքուր քրիստոնէական ժողովքը կը պաշտպանէ։ Պօղոս առաքեալ կորնթացիները զգուշացուց, թէ իրենց մէջ դիտումնաւոր մեղաւորներ մնալը վտանգաւոր հարց է։ Ան անոնց վատ ազդեցութիւնը համեմատեց թթխմորի ազդեցութեան հետ ու ըսաւ. «Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ»։ Ապա խրատեց. «Չարը ձեր մէջէն վերցուցէք» (Ա. Կոր. 5։6, 11-13

Ըստ երեւոյթին, Պօղոսի նշած «չարը» յանդգնօրէն անբարոյութեան միջամուխ եղած էր։ Եւ ժողովքի անդամները նոյնիսկ սկսած էին անոր վարքը արդարացնել (Ա. Կոր. 5։1, 2)։ Եթէ այսպիսի լուրջ մեղքի մը աչք գոցուէր, թերեւս ժողովքի անդամները հակում ունենային Կորնթոսի անբարոյ սովորութիւններուն հետամուտ ըլլալու։ Դիտումնաւոր մեղքեր անտեսելը կը քաջալերէ աստուածային չափանիշներուն հանդէպ թոյլ կեցուածք ունենալ (Ժող. 8։11)։ Ասկէ զատ, անզեղջ մեղաւորները կրնան ջուրի տակ թաքցուած ժայռերու նմանիլ ու ոմանց հաւատքը նաւաբեկութեան ենթարկել (Յուդա 4, 12

Վտարումը կրնայ յանցագործը զգաստացնել։ Յիսուս անգամ մը խօսեցաւ երիտասարդի մը մասին, որ իր հօր տունը ձգեց ու անբարոյ կեանք վարելով իր ժառանգը վատնեց։ Անառակ որդին իր քսակէն սորվեցաւ, որ իր հօր տունէն դուրս՝ կեանքը պարապ ու անգութ է։ Ան վերջապէս զգաստացաւ, զղջաց ու նախաքայլը առաւ իր ընտանիքին վերադառնալու (Ղուկ. 15։11-24)։ Յիսուսի նկարագրութիւնը թէ ինչպէ՛ս սիրառատ հայրը ուրախացաւ իր որդիին սրտի փոփոխութիւնը տեսնելով, կ’օգնէ մեզի Եհովայի զգացումները ըմբռնելու։ Եհովան մեզի կը վստահեցնէ. «Ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզեկ. 33։11

Նմանապէս, վտարուողները՝ որոնք այլեւս քրիստոնէական ժողովքին կամ իրենց հոգեւոր ընտանիքին մէկ անդամը չեն, կրնան անդրադառնալ թէ ի՜նչ բաներ կորսնցուցած են։ Անոնք կրնան զգաստանալ, նկատի առնելով իրենց մեղաւոր ընթացքին դառն պտուղները, ինչպէս նաեւ՝ աւելի ուրախ օրերու յիշատակները, երբ Եհովայի ու իր երկրպագուներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն կը վայելէին։

Ցանկալի արդիւնքը ձեռք բերելու համար, սէրն ու հաստատամիտ ըլլալը անհրաժեշտ են։ Սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Արդարը թող ծեծէ զիս, ատիկա կարեկցութիւն է. թող յանդիմանէ զիս, ատիկա օծումի իւղ է» (Սաղ. 141։5, ԱԾ)։ Լուսաբանենք. երեւակայէ հետիոտն ուղեւոր մը, որ ձմրան ցուրտ օր մը ուժասպառ կ’ըլլայ։ Ան կը սկսի ենթաջերմութեան ենթարկուիլ ու քնատ զգալ։ Եթէ ան քնանայ ձիւնին մէջ, պիտի մեռնի։ Մինչ ազատարարներու կը սպասեն, իր ընկերակիցը ատեն–ատեն զինք կ’ապտակէ, որպէսզի արթուն մնայ։ Ապտակը կը ցաւցնէ, բայց կրնայ անոր կեանքը փրկել։ Նոյնպէս, Դաւիթ գիտակցեցաւ որ իր իսկ օգտին համար, արդար անձը թերեւս ստիպուի զինք ցաւալի կերպով սրբագրել։

Շատ մը պարագաներու, վտարումը յանցագործին հարկ եղած խրատը կու տայ։ Շուրջ 10 տարի ետք, նախապէս նշուած Յուլիանի որդին իր կեանքը մաքրեց, ժողովքին վերադարձաւ եւ այժմ որպէս երէց կը ծառայէ։ Ան կը խոստովանի. «Վտարուիլը պատճառ եղաւ որ ապրելակերպիս հետեւանքներուն հետ դէմ յանդիման գամ։ Ես այդպիսի խրատի կարիք ունէի» (Եբ. 12։7-11

ՎՏԱՐՈՒՈՂՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՎԱՐՈՒԵԼՈՒ ՍԻՐԱԼԻՐ ԿԵՐՊԸ

Ճիշդ է որ վտարումը հոգեւոր ողբերգութիւն մըն է, բայց հարկ չկայ որ ամբողջական աղէտ մը դառնայ։ Բոլորս ալ կատարելիք դեր ունինք որ վտարումը իր նպատակին ծառայէ։

Ջանքեր կը թափուին զղջացողներուն օգնելու, որ Եհովային վերադառնան

Երէցները, որոնք վտարումի որոշումը հաղորդելու տխուր պարտականութիւնը ունին, կը ջանան Եհովայի սէրը արտացոլել։ Երբ անոնք անհատին կ’իմացնեն իրենց որոշումը, քաղցրօրէն ու յստակօրէն կը բացատրեն թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնէ, որպէսզի ժողովքին մէջ վերահաստատուի։ Վտարուողներուն յիշեցնելու համար Եհովայի վերադառնալու կերպը, երէցները պարբերաբար կ’այցելեն անոնց, որոնք իրենց ճամբաները փոխելու որոշ ապացոյց տուած են *։

Ընտանիքի անդամները կրնան ժողովքին եւ յանցագործին հանդէպ սէր ցուցաբերել, վտարումի որոշումը յարգելով։ Յուլիան կը բացատրէ. «Ան տակաւին զաւակս էր, բայց իր ապրելակերպը մեր միջեւ արգելապատ մը դրած էր»։

Ժողովքի բոլոր անդամները կրնան սկզբունքային սէր ցոյց տալ, վտարուողին հետ կապ չպահելով ու չխօսակցելով (Ա. Կոր. 5։11. Բ. Յովհ. 10, 11)։ Անոնք այսպէս կը զօրացնեն երէցներուն ձեռքով Եհովայի տուած խրատը անոր։ Ասկէ զատ, անոնք կրնան յաւելեալ սէր ու աջակցութիւն յայտնել վտարուողի ընտանիքի անդամներուն, որոնք մեծապէս կը տառապին, եւ պէտք չէ իրենց զգալ տալ թէ իրենք ալ հաւատակիցներուն ընկերակցութենէն դուրս ձգուած են (Հռով. 12։13, 15

«Վտարումը անհրաժեշտ կարգադրութիւն մըն է. մեզի կ’օգնէ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրելու», կ’եզրակացնէ Յուլիան։ «Վերջ ի վերջոյ, հակառակ ցաւին, անիկա լաւ արդիւնք կու տայ։ Եթէ զաւակիս վատ վարքը հանդուրժէի, ան հաւանաբար բնաւ պիտի չվերադառնար»։

^ պարբ. 24 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 ապրիլ 1991 թիւը, էջ 21-23 (անգլերէնով)։