ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Օգոստոս 2014
Այս թիւը կը բովանդակէ 2014–ի սեպտեմբեր 29–էն հոկտեմբեր 26 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։
‘Ատենին տրուած կերակուր’ կը ստանա՞ս
Արդեօք հաւատարիմ ծառային հայթայթած բոլո՞ր նիւթերը պէտք է անհատին մատչելի ըլլան, որպէսզի հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ։
Կիները ի՞նչ դեր ունին Եհովայի նպատակին մէջ
Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութիւնը կիներուն ինչպէ՞ս ազդած է։ Տե՛ս թէ կիները այժմու քարոզչութեան մէջ ի՛նչ դեր ունին։
Աստուծոյ կենդանի խօսքը գործածէ
Ծառայութեան մէջ ազդու ըլլալու եւ մարդոց հետ զրուցելու համար, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ զօրեղ խօսքը եւ մեր թերթիկները գործածել։
Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կը մօտենայ
Եհովայի հետ սերտ փոխյարաբերութեան կարիքը ունինք։ Տե՛ս ինչպէս փրկանքը եւ Աստուածաշունչը կը փաստեն թէ Եհովան մեզ իրեն կը մօտեցնէ։
Ո՛ւր որ ես՝ Եհովայի ձայնը լսէ
Որքա՜ն կարեւոր է Եհովայի ձայնը մտիկ ընել։ Ինչպէ՞ս թոյլ չտանք Սատանային եւ ցանկութիւններուն որ Եհովայի մտիկ ընելը խոչընդոտեն։
Վերադարձիր եւ ‘եղբայրներդ հաստատէ’
Եթէ եղբայր մը որպէս երէց ծառայելու առանձնաշնորհումը կորսնցուցած է, կրնա՞յ դարձեալ վերակացութեան ձգտիլ։
Հարցումներ ընթերցողներէն
Երբ Յիսուս ըսաւ որ յարուցեալները ‘ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին’, երկրայի՞ն յարութեան մասին կը խօսէր։
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ
«Եւրեքա տրամա»ն շատերուն օգնեց որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գտնեն
«Ստեղծագործութեան պատկերատրամ»ի այս տարբերակը կրնար ցուցադրուիլ հեռաւոր շրջաններու մէջ, նոյնիսկ՝ առանց ելեկտրականութեան։