Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնուրաց ծառայողներ. Միքրոնեզիա

Անձնուրաց ծառայողներ. Միքրոնեզիա

ՔԱԹՐԻՆ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծցաւ եւ 16 տարեկանին որպէս Եհովայի վկայ մկրտուեցաւ։ Ան իր ծառայութիւնը լուրջի կ’առնէր, բայց իր քարոզած շրջանին մէջ Թագաւորութեան պատգամին չնչին ընդառաջում կը գտնէր։ Ան կ’ըսէ. «Կը կարդայի փորձառութիւններ անհատներու մասին, որոնք Աստուծոյ աղօթեցին որ անձ մը ղրկէ՝ իրենց օգնելու որ զինք ճանչնան։ Յաճախ կը փափաքէի որ այդպիսի անձ մը գտնեմ, բայց այս մէկը բնաւ չպատահեցաւ»։

Այդ թաղամասին մէջ տարիներով քարոզելէ ետք, Քաթրին սկսաւ մտածել փոխադրուիլ վայր մը, ուր մարդիկ Թագաւորութեան պատգամին աւելի պիտի ընդառաջէին։ Սակայն ան հարց կու տար, թէ արդեօք պիտի կարենա՛ր ասոր հետ գլուխ ելլել։ Ան իր կեանքին մէջ միայն մէկ անգամ իր ընտանիքէն հեռու մնացած էր,– այն ալ միայն երկու շաբաթ,– եւ ամէն օր տնատենչ եղած էր։ Սակայն, Եհովան փնտռողներուն օգնելու ուրախութիւնը վայելելու իր սրտագին փափաքը գերազանցեց։ Փոխադրուելու զանազան յարմար վայրեր նկատի առնելէ ետք, ան նամակ գրեց Գուամի մասնաճիւղին եւ պէտք եղած տեղեկութիւնը ստացաւ։ Յուլիս 2007–ին, 26 տարեկանին, Քաթրին փոխադրուեցաւ Սայփան, Խաղաղական ովկիանոսի մէկ կղզին, իր տունէն շուրջ 10,000 քմ. հեռու։ Փոխադրուիլը ի՞նչ արդիւնք տուաւ։

ԵՐԿՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Նոր ժողովքին միանալէ քիչ ետք, Քաթրին ծանօթացաւ Տորիսին, կին մը իր 40–ական տարիքին կիսուն, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունեց։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին առաջին երեք գլուխները սերտելէ ետք, Քաթրին սկսաւ մտահոգուիլ։ «Տորիս շատ լաւ աշակերտ էր, եւ չէի ուզեր պատճառ ըլլալ որ դասը ձախողի», կը պատմէ ան։ «Ասկէ առաջ բնաւ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն չէի վարած եւ կը խորհէի թէ Տորիս պէտք ունէր աւելի փորձառու եւ թերեւս տարեկից քրոջ մը»։ Քաթրին աղօթքով Եհովայէն խնդրեց որ իրեն օգնէ գտնելու յարմար քոյր մը, որուն կրնար ուսումնասիրութիւնը յանձնել։ Ապա ան որոշեց Տորիսին տեղեկացնել թէ ուրիշ մը իր դասը պիտի վարէր։

«Առաջ որ որոշումս իրեն յայտնեմ», կ’ըսէ Քաթրին, «Տորիս ինծի ըսաւ թէ կ’ուզէ խնդիրի մը շուրջ ինծի հետ խօսիլ։ Իրեն մտիկ ընելէ ետք, բացատրեցի թէ Եհովան ինչպէ՛ս ինծի օգնած է որ նոյնանման պարագայի մը հետ գլուխ ելլեմ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց»։ Ապա Տորիս Քաթրինի ըսաւ. «Եհովան քեզ կը գործածէ ինծի օգնելու։ Այն օրը որ առաջին անգամ տունս եկար, ժամերով Աստուածաշունչը կը կարդայի։ Արցունք թափելով Աստուծմէ կը խնդրէի որ մէկը ղրկէ՝ ինծի օգնելու որ Աստուածաշունչը հասկնամ։ Ապա դուն դուռս զարկիր։ Եհովան աղօթքիս պատասխանեց»։ Քաթրին աչքերը լեցուած կը պատմէ այդ յուզիչ պահը։ Ան կ’ըսէ. «Տորիսի խօսքերը աղօթքիս պատասխանն էին։ Եհովան ինծի ցոյց տուաւ թէ կրնա՛մ ուսումնասիրութիւնը շարունակել»։

Տորիս 2010–ին մկրտուեցաւ, եւ այժմ Աստուածաշունչի քանի մը ուսումնասիրութիւններ կը վարէ։ Քաթրին կը նշէ. «Որքա՜ն երախտապարտ եմ որ իրականացաւ երկար ատենէ ի վեր ունեցած փափաքս, որ անկեղծ անհատի մը օգնեմ Եհովայի ծառան ըլլալու»։ Այժմ, Քաթրին հաճոյքով Խաղաղական ովկիանոսի Գոսրա կղզիին մէջ կը ծառայէ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։

ԵՐԵՔ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

Աւելի քան հարիւր արտասահմանցի եղբայրներ ու քոյրեր (19-79 տարեկան) ծառայած են ո՛ւր որ աւելի մեծ կարիք կայ Միքրոնեզիայի մէջ։ Էրիքա, որ 2006–ին 19 տարեկան ըլլալով Գուամ փոխադրուեցաւ, լաւ կերպով կ’արտայայտէ այս նախանձախնդիր աշխատողներուն զգացումները։ Ան կ’ըսէ. «Ռահվիրայութիւն ընելը թաղամասի մը մէջ, ուր մարդիկ ճշմարտութեան ծարաւ են, շատ հաճելի է։ Ես մեծապէս երախտապարտ եմ որ Եհովան ինծի օգնած է որ այս ծառայութեան ձեռնարկեմ։ Անիկա լաւագոյն կենցաղակերպն է»։ Այժմ Էրիքա հաճոյքով կը ծառայէ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ Մարշալեան Կղզիներու պատկանող Իպայ կղզիին մէջ։ Անշուշտ, օտար երկրի մը մէջ ծառայելը նաեւ ունի իր մարտահրաւէրները։ Նկատի առնենք անոնցմէ երեքը եւ տեսնենք թէ Միքրոնեզիա փոխադրուողները ինչպէ՛ս անոնց հետ գլուխ կ’ելլեն։

Էրիքա

Կենցաղակերպ։ 2007–ին Բալաու հասնելէ ետք, 22 տարեկան Սայմըն շուտով անդրադարձաւ թէ իր երկրին՝ Անգլիայի մէջ շահած գումարէն միայն չնչին մէկ մասը կրնար շահիլ։ «Պէտք էր սորվէի ամէն ուզածս չգնել։ Այժմ, ուշադրութեամբ կ’ընտրեմ ի՛նչ ուտելիք գնել, եւ յարմարագոյն գիները կը փնտռեմ։ Եթէ ապրանք մը աւրուի, գործածուած կտորներ կ’առնեմ ու կը փորձեմ մէկու մը օգնութեամբ զայն նորոգել»։ Պարզ կեանք վարելը իրեն ինչպէ՞ս ազդած է։ Սայմըն կ’ըսէ. «Անիկա ինծի օգնեց գիտնալու թէ կեանքի մէջ ի՛նչ բան իսկապէս անհրաժեշտ է եւ ինչպէ՛ս կրնամ քիչով բաւարարուիլ։ Եհովայի հոգատար ձեռքը իմ վրաս եղած է զանազան առիթներով։ Հոս ծառայած եօթը տարիներուն ընթացքին, միշտ ունեցած եմ ուտելիք ու պառկելու տեղ»։ Իսկապէս, Եհովան թիկունք կը կանգնի անոնց, որոնք պարզ կեանք կը վարեն, Թագաւորութիւնը նա՛խ խնդրելով (Մատ. 6։32, 33

Տնատենչութիւն։ Էրիքա կ’ըսէ. «Ես ընտանիքիս շատ կապուած եմ, եւ մտահոգ էի որ տնատենչութիւնը ծառայութեանս բացասական կերպով ազդէր»։ Ան ինքզինք պատրաստելու համար ի՞նչ ըրաւ։ «Փոխադրուելէ առաջ, կարդացի Դիտարան–ի այն յօդուածները, որոնք տնատենչութեան մասին էին։ Ասիկա իսկապէս սիրտս պատրաստեց որ այս մարտահրաւէրին հետ գլուխ ելլեմ։ Յօդուածի մը մէջ, մայր մը իր աղջիկը վստահեցուց՝ ըսելով. ‘Եհովան կրնայ քեզի աւելի լաւ հոգ տանիլ, քան ես’։ Այդ խօսքերը զիս իսկապէս զօրացուցին»։ Աննա եւ իր ամուսինը՝ Բաթրիք, Մարշալեան Կղզիներու պատկանող Մէճուրօ կղզիին մէջ կը ծառայեն։ Աննա տնատենչութեան հետ գլուխ կ’ելլէ, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ։ Ան կ’ըսէ. «Յարատեւ Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր համաշխարհային եղբայրութեան համար, քանի որ անոնք ալ իմ ընտանիքս են։ Առանց իրենց սիրալիր աջակցութեան, բնաւ պիտի չկարենայի ծառայել հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ»։

Սայմըն

Բարեկամներ ունենալ։ «Երբ նոր երկիր մը երթաս, ամէն բան տարբեր կը գտնես», կ’ըսէ Սայմըն։ «Երբեմն կը կարօտնամ այն պահերը, երբ կատակներ կ’ըսեմ եւ մարդիկ զանոնք լիովին կ’ըմբռնեն»։ Էրիքա կ’ըսէ. «Սկիզբը լքուած զգացի, բայց ասիկա ինծի օգնեց նկատի առնելու թէ ի՛նչ շարժառիթով փոխադրուած էի։ Ես փոխադրուեցայ ոչ թէ անձնական օգուտներ ձեռք ձգելու, հապա Եհովային համար աւելին ընելու նպատակով»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ժամանակի ընթացքին, հոյակապ բարեկամութիւններ հաստատեցի, որոնք շատ կ’արժեւորեմ»։ Սայմըն շատ ջանք թափեց որպէսզի սորվի բալաու լեզուն, որ զինք կարող կը դարձնէ ‘իր սիրտը լայն բանալու’ տեղացի եղբայրներուն ու քոյրերուն (Բ. Կոր. 6։13)։ Լեզուն սորվելու իր ջանքերով, ան եղբայրներուն սիրելի դարձաւ։ Այո, երբ նոր եկողներն ու տեղացի եղբայրները կողք–կողքի կը գործեն, երկու խումբերն ալ կը վարձատրուին, ժողովքին մէջ սերտ բարեկամութիւններ ունենալով։ Ուրիշ ի՞նչ վարձատրութիւններ կը ստանան անոնք, որոնք անձնուրացօրէն կը ծառայեն հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։

‘ԱՌԱՏՈՒԹԻՒՆՈՎ ՀՆՁԵԼ’

Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ» (Բ. Կոր. 9։6)։ Այս խօսքին բովանդակած սկզբունքը վստահաբար կը կիրարկուի անոնց, որոնք իրենց ծառայութիւնը կ’ընդլայնեն։ Անոնք Միքրոնեզիայի մէջ ի՞նչ օգուտներ ‘առատութիւնով կը հնձեն’։

Բաթրիք եւ Աննա

Միքրոնեզիայի մէջ, տակաւին շատ պատեհութիւններ կան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ մօտէն տեսնելու թէ ինչպէ՛ս անհատներ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ Բաթրիքը եւ Աննան նաեւ քարոզեցին Անկէուրի մէջ,– կղզեակ մը 320 բնակիչներով։ Երկու ամիս քարոզելէ ետք, անոնք ծանօթացան միայնակ մօր մը։ Ան անմիջապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունեց, ճշմարտութիւնը իւրացուց եւ իր կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցուց։ Աննան կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւր սերտողութենէ ետք, մինչ մեր հեծանիւներով իր տունէն կը մեկնէինք, իրարու կը նայէինք ու կը բացագանչէինք. ‘Շնորհակա՛լ ենք, ո՛վ Եհովա’»։ Աննան կ’աւելցնէ. «Գիտեմ որ Եհովան կերպով մը այս կինը իրեն պիտի քաշէր, բայց քանի որ կը ծառայէինք հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կար, կրցանք այս ոչխարանման անհատը գտնել եւ օգնել որ Եհովան ճանչնայ։ Ասիկա մեր ամբողջ կեանքին ամէնէն վարձահատոյց փորձառութիւններէն մէկն է»։ Նաեւ Էրիքա կ’ըսէ. «Երբ անձի մը կ’օգնես որ Եհովան ճանչնայ, աննկարագրելի ուրախութիւն կը հնձես»։

ԿՐՆԱ՞Ս ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԴ ԲԵՐԵԼ

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Կրնա՞ս ըլլալ անոնցմէ մէկը, որոնք կը փոխադրուին շրջաններ՝ ուր օգնութեան կարիքը կայ։ Աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ ծառայութիւնդ ընդլայնելու փափաքդ զօրացնէ։ Նիւթը քննարկէ ժողովքիդ երէցներուն հետ, շրջանային տեսուչին հետ, կամ անոնց հետ՝ որոնք առանձնաշնորհումը ունեցած են ծառայելու այդպիսի շրջանի մը մէջ։ Երբ ծրագիրդ սկսի ձեւաւորուիլ, նամակ գրէ այն մասնաճիւղին, որ ընտրած թաղամասիդ վրայ կը վերահսկէ, եւ յաւելեալ տեղեկութիւն խնդրէ *։ Թերեւս դո՛ւն ալ կրնաս միանալ հազարաւոր քոյրերու եւ եղբայրներու,– երիտասարդ թէ տարեց, ամուրի թէ ամուսնացած,– որոնք անձնուրացօրէն կը ծառայեն եւ ‘առատութիւնով հնձելու’ ուրախութիւնը կը համտեսեն։

^ պարբ. 17 Տե՛ս «Կրնա՞ս ‘Մակեդոնիա անցնիլ’» յօդուածը, օգոստոս 2011–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։