Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Լիաժամ ծառայութիւնը զիս դէպի ո՛ւր առաջնորդած է

Լիաժամ ծառայութիւնը զիս դէպի ո՛ւր առաջնորդած է

65 տարուան լիաժամ ծառայութեանս վրայ խոկալով, իսկապէս կրնամ ըսել թէ կեանքս ուրախալի օրերով լեցուած է։ Ասիկա չի նշանակեր թէ տխուր եւ վհատեցուցիչ օրեր չեմ ունեցած (Սաղ. 34։12. 94։19)։ Բայց ընդհանուր առմամբ, կեանքս շատ վարձահատոյց եւ իմաստալից եղած է։

ՊՐՈՒՔԼԻՆԻ Բեթէլի ընտանիքին մէկ անդամը եղայ՝ 7 սեպտեմբեր 1950–ին։ Այդ ատեն Բեթէլի ընտանիքը կը կազմուէր բազմաթիւ երկիրներէ եկած 355 եղբայրներէ ու քոյրերէ, որոնք 19-80 տարեկան էին։ Անոնցմէ շատեր օծեալ քրիստոնեաներ էին։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՍԿՍԱՅ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ

Մկրտութեան ատեն, 10 տարեկանիս

Մօրս միջոցաւ սորվեցայ «երանելի Աստուծոյ» ծառայել (Ա. Տիմ. 1։11)։ Ան սկսաւ Եհովային ծառայել երբ տղեկ էի։ 1 յուլիս 1939–ին, տասը տարեկանիս մկրտուեցայ գօտիի համաժողովի մը մէջ (այժմ կը կոչուի շրջանային համաժողով), որ տեղի ունեցաւ Գոլըմպըսի մէջ, Նեպրասքա (ԱՄՆ)։ Շուրջ հարիւր հոգի հաւաքուած էինք վարձուած պզտիկ սրահի մը մէջ, «Ֆաշականութիւն կամ ազատութիւն» խորագրով Ժոզէֆ Ռատըրֆորտի արձանագրուած ճառը ունկնդրելու համար։ Դասախօսութեան կիսուն, սրահէն դուրս հաւաքուած ամբոխ մը բռնի կերպով ներս մտաւ, մեր ժողովը ընդհատեց եւ մեզ քաղաքէն դուրս հանեց։ Հաւաքուեցանք քաղաքէն քիչ մը անդին գտնուող եղբօր մը ագարակը, եւ յայտագրին մնացեալ մասը ունկնդրեցինք։ Այս դէպքը պատճառ դարձաւ որ մկրտութեանս թուականը երբեք չմոռնամ։

Մայրս լրջօրէն ջանաց զիս ճշմարտութեան մէջ մեծցնել։ Թէեւ հայրս լաւ մարդ եւ լաւ հայր մըն էր, սակայն կրօնքով կամ հոգեւոր բարօրութեամբս շատ չէր հետաքրքրուած։ Մայրս եւ Օմահա ժողովքէն ուրիշ Վկաներ ինծի պէտք եղած քաջալերութիւնը տուին։

ԿԵԱՆՔԻՍ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵԼ

Երբ բարձրագոյն վարժարանը աւարտելու վրայ էի, հարկ էր որ որոշէի, թէ կեանքս ինչպէ՛ս պիտի գործածեմ։ Դպրոցական տարիներուս, իւրաքանչիւր ամառնային արձակուրդին, հասակակիցներուս հետ կը ծառայէի որպէս արձակուրդի ռահվիրայ (այժմ կը կոչուի օժանդակ ռահվիրայ)։

Գաղաադի դպրոցին 7–րդ դասարանէն վերջերս շրջանաւարտ եղած երկու ամուրի եղբայրներու՝ Ճոն Չիմիքլիս եւ Թէտ Ճէրըս, նշանակուեցաւ շրջագայական գործ ընել մեր շրջանին մէջ։ Զարմացայ երբ տեղեկացայ թէ անոնք իրենց 20–ական տարիքին սկիզբն էին։ Այդ ատեն ես 18 տարեկան էի եւ բարձրագոյն վարժարանը աւարտելու վրայ էի։ Տակաւին կը յիշեմ եղբայր Չիմիքլիսի ինծի ուղղած հարցումը, թէ կեանքս ինչպէ՛ս պիտի գործածեմ։ Երբ պատասխանեցի, ան զիս քաջալերեց՝ ըսելով. «Այո՛, շուտով լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկէ։ Երբեք չես գիտեր թէ անիկա քեզ դէպի ո՛ւր կրնայ առաջնորդել»։ Այդ խրատը, երկու եղբայրներուն օրինակին հետ մէկտեղ, զիս շատ տպաւորեց։ Ուստի, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1948–ին սկսայ ռահվիրայութիւն ընել։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲԵԹԷԼ ԵԿԱՅ

Յուլիս 1950–ին, ես ու ծնողքս Նիւ Եորք Սիթի ճամբորդեցինք, Եանգի սթէտիումին մէջ տեղի ունենալիք միջազգային համաժողովին ներկայ գտնուելու համար։ Համաժողովին ընթացքին, Բեթէլի ծառայութեամբ հետաքրքրուողներու ժողովին ներկայ գտնուեցայ։ Ապա, դիմումնագիր մը ներկայացուցի, նշելով թէ կը փափաքիմ հոն ծառայել։

Թէեւ հայրս ռահվիրայութիւն ընելուս եւ տունը մնալուս չէր առարկեր, բայց ուզեց որ սենեակիս եւ ուտելիքիս համար որոշ գումար վճարեմ։ Ուստի, օգոստոսի սկիզբը, մինչ կ’ուղղուէի գործ փնտռելու, մեր նամակատուփին քով կանգ առի։ Պրուքլինէն ինծի ուղղուած նամակ մը կար, որ կը կրէր Նաթան Հ. Նորի ստորագրութիւնը։ Ան նշեց. «Բեթէլի ծառայութեան դիմումնագիրդ մեզի հասաւ։ Ասկէ կը հասկնամ թէ համաձայն ես Բեթէլ մնալու մինչեւ կեանքիդ վերջը։ Հետեւաբար, կը խնդրեմ որ Բեթէլ գաս 7 սեպտեմբեր 1950–ին։ Հասցէն՝ 124 Գոլոմպիա Հայթց, Պրուքլին, Նիւ Եորք»։

Երբ նոյն օրը հայրս գործէն տուն վերադարձաւ, իրեն ըսի թէ գործ գտայ։ Ան ըսաւ. «Շատ լաւ. ո՞ւր պիտի աշխատիս»։ Պատասխանեցի. «Պրուքլինի Բեթէլը, ամիսը 10 տոլար ստանալով»։ Ան անակնկալի եկաւ, բայց ըսաւ որ եթէ այս է ընտրութիւնս, պէտք է ջանամ զայն յաջողցնել։ Շատ չանցած, ան մկրտուեցաւ 1953–ին, Եանգի սթէտիումի մէջ կայացուած համաժողովին ընթացքին։

Ես եւ ռահվիրայութեան ծառայակիցս՝ Ալֆրէտ Նասրալլա

Ուրախ էի որ ռահվիրայութեան ծառայակիցս՝ Ալֆրէտ Նասրալլան նոյն ատեն Բեթէլ երթալու հրաւիրուեցաւ, եւ երկուքս միասին հոն ճամբորդեցինք։ Յետագային ան ամուսնացաւ, իր կնոջ՝ Ճոանի հետ Գաղաադի դպրոցէն շրջանաւարտ եղաւ, որպէս միսիոնարներ Լիբանանի մէջ ծառայեցին, ապա Միացեալ Նահանգներուն մէջ շրջագայական գործին մասնակցեցան։

ԲԵԹԷԼԻ ՄԷՋ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Բեթէլի մէջ առաջին նշանակումս եղաւ Կազմատան մէջ։ Կրօնքը մարդկութեան համար ի՞նչ ըրած է գիրքը առաջին հրատարակութիւնն էր, որուն վրայ աշխատեցայ։ Կազմատան մէջ շուրջ ութ ամիս աշխատելէ ետք, նշանակուեցայ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ, որուն վրայ կը վերահսկէր եղբայր Թոմաս Ճ. Սըլիվըն։ Ինծի համար հաճոյք էր իրեն հետ աշխատիլ եւ կազմակերպութեան մէջ տարիներու ընթացքին իր ձեռք ձգած հոգեւոր իմաստութենէն եւ խորատեսութենէն օգտուիլ։

Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ գրեթէ երեք տարի անցընելէ ետք, Մէքս Լարսոն՝ գործարանին վերակացուն, ինծի ըսաւ թէ եղբայր Նորը կ’ուզէր զիս տեսնել։ Վախցայ որ սխալ բան մը ըրած ըլլամ։ Հանգստացայ երբ եղբայր Նոր ըսաւ որ կ’ուզէր գիտնալ, թէ արդեօք կը ծրագրէի՛ մօտ ապագային Բեթէլը ձգել։ Ան պէտք ունէր մէկու մը, որ ժամանակաւորապէս իր գրասենեակը աշխատէր։ Ըսի թէ Բեթէլը ձգելու մտադրութիւն չունէի։ Եւ այսպիսով, առանձնաշնորհումը ունեցայ յաջորդ 20 տարիներուն իր գրասենեակը աշխատելու։

Յաճախ ըսած եմ որ երբեք պիտի չկարենայի վճարել այն գիտելիքներուն համար, որ ձեռք ձգեցի եղբայր Սըլիվընի եւ եղբայր Նորի հետ աշխատելով, ինչպէս նաեւ՝ Բեթէլի մէջ ուրիշներու հետ, օրինակ՝ Միլթըն Հէնչըլ, Գլաուս Ճէնսըն, Մէքս Լարսոն, Հիւկօ Ռիմըր եւ Կրանդ Սութըր *։

Այն եղբայրները, որոնց հետ ծառայած եմ, իրենց կատարած գործին մէջ շատ լաւ կազմակերպուած էին։ Եղբայր Նոր անխոնջ աշխատող մը ըլլալով, կ’ուզէր Թագաւորութեան գործունէութիւնը կարելի եղածին չափ մեծ տարողութեամբ յառաջ մղել։ Իր գրասենեակին մէջ ծառայողները զինք դիւրամերձ կը գտնէին։ Նոյնիսկ երբ հարցի մը շուրջ տարակարծիք ըլլայինք, կրնայինք իր դիմաց ազատութեամբ արտայայտուիլ եւ տակաւին իր վստահութիւնը ունենալ։

Առիթով մը, եղբայր Նոր ինծի խօսեցաւ պզտիկ թուող բաներու հոգ տանելու մասին։ Լուսաբանելու համար, ան ըսաւ որ երբ ինք գործարանին վերակացուն էր, եղբայր Ռատըրֆորտը իրեն կը հեռաձայնէր ու կ’ըսէր. «Երբ գործարանէն վերադառնաս ճաշելու համար, ինծի ռետիններ բեր։ Գրասեղանիս վրայ անոնց պէտք ունիմ»։ Եղբայր Նոր ըսաւ թէ իր ըրած առաջին բանը կ’ըլլար մթերքի սենեակը երթալ, ռետինները առնել ու իր գրպանը դնել։ Ապա, կէսօրին ան զանոնք եղբայր Ռատըրֆորտին գրասենեակը կը դնէր։ Իր այս ըրածը չնչին բան մըն էր, բայց եղբայր Ռատըրֆորտին համար օգտակար էր։ Եղբայր Նոր աւելցուց. «Կ’ուզեմ գրասեղանիս վրայ տաշուած մատիտներ ունենալ։ Անոր համար, հաճիս, ամէն առտու զանոնք ապահովէ»։ Տարիներ շարունակ, վստահ կ’ըլլայի թէ իր մատիտները տաշուած են։

Եղբայր Նոր յաճախ մեզի կ’ըսէր թէ երբ մեզմէ խնդրուի որոշ գործ մը կատարել, պէտք է ուշադրութեամբ մտիկ ընենք։ Անգամ մը, ան որոշ հարց մը ինչպէ՛ս ձեռք առնելու նկատմամբ ինծի յստակ ցուցմունքներ տուաւ, բայց ուշադրութեամբ մտիկ չըրի։ Առ ի արդիւնք, զինք նեղ կացութեան մատնեցի։ Շա՜տ վատ զգացի, ուստի հակիրճ նամակ մը գրեցի, ըսելով թէ ըրածիս համար խորապէս կ’ափսոսամ եւ կը խորհիմ թէ լաւագոյն բանն է՝ իր գրասենեակէն փոխադրուիլ։ Այդ առաւօտուն, եղբայր Նոր գրասեղանիս քով եկաւ ու ըսաւ. «Երկտողդ ստացայ։ Դուն սխալ մը ըրիր. ատոր մասին քեզի խօսեցայ եւ վստահ եմ որ յաջորդ անգամ աւելի ուշադիր պիտի ըլլաս։ Հիմա, թող երկուքս ալ գործի վերադառնանք»։ Մեծապէս արժեւորեցի իր ազնիւ նկատառութիւնը։

ԱՄՈՒՍՆԱՆԱԼՈՒ ՓԱՓԱՔ

Ութ տարի Բեթէլի մէջ ծառայելէ ետք, տակաւին այս ծառայութիւնը շարունակելէ զատ ուրիշ ծրագիր չունէի։ Սակայն այս մէկը փոխուեցաւ։ Երբ 1958–ին, Եանգի սթէտիումի եւ Փոլօ Կրաունտզի մէջ միջազգային համաժողովը պիտի կայացուէր, տեսայ Լորեն Պրուքսը, որուն 1955–ին ծանօթացած էի, մինչ Քանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ ռահվիրայ էր։ Զիս տպաւորած էր լիաժամ ծառայութեան հանդէպ իր կեցուածքը եւ կամեցողութիւնը երթալու որեւէ տեղ որ Եհովայի կազմակերպութիւնը զինք պիտի ղրկէր։ Լորենի նպատակակէտն էր Գաղաադի դպրոցը յաճախել։ 1956–ին, ան 22 տարեկանին ընդունուեցաւ 27–րդ դասարանը յաճախել։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան Պրազիլ ղրկուեցաւ։ 1958–ին, իրարու աւելի ծանօթացանք, եւ ամուսնութեան առաջարկս ընդունեց։ Ծրագրեցինք յաջորդ տարին ամուսնանալ եւ միասնաբար միսիոնարական ծառայութեան մասնակցիլ։

Երբ մտադրութիւնս եղբայր Նորին յայտնեցի, ան թելադրեց որ երեք տարի սպասենք ու ետքը ամուսնանանք եւ Պրուքլինի Բեթէլին մէջ ծառայենք։ Այդ ատեն, որպէսզի բեթէլական մը ամուսնանալէ ետք կարենար Բեթէլի մէջ մնալ, պահանջուած էր որ զոյգէն մէկը առնուազն 10 տարի Բեթէլի մէջ ծառայած ըլլար, իսկ միւսը՝ առնուազն երեք տարի։ Ուստի, Լորեն յօժարեցաւ երկու տարի Պրազիլի Բեթէլը ծառայելու եւ ապա մէկ տարի Պրուքլինի Բեթէլը ծառայելու, նախքան մեր ամուսնանալը։

Մեր նշանուած շրջանի առաջին երկու տարիները, միայն նամակներու միջոցաւ կը հաղորդակցէինք, քանի որ հեռաձայնելը ծախսի կը նայէր եւ ել–մակի դիւրութիւնը չկար։ Երբ 16 սեպտեմբեր 1961–ին ամուսնացանք, եղբայր Նոր ինք ամուսնութեան դասախօսութիւնը ներկայացուց։ Ճիշդ է որ քանի մը տարի սպասելը դիւրին չէր, բայց այժմ, մինչ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ կը խոկանք մեր աւելի քան 50 տարուան ամուսնական կեանքին վրայ, կը գիտակցինք թէ կ’արժէր այդքան սպասել։

Մեր ամուսնութեան օրը։ Ձախ կողմէն՝ Նաթան Հ. Նոր, Բադրիշիա Պրուքս (Լորենի քոյրը), Լորեն ու ես, Գըրդըս Ճոնսըն, Ֆէյ եւ Ռոյ Ուոլըն (ծնողքս)

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄՆԵՐ

1964–ին, որպէս գօտիի տեսուչ ուրիշ երկիրներ այցելելու առանձնաշնորհումը ստացայ։ Այդ ատեն, այս ճամբորդութիւններուն մէջ կիները իրենց ամուսիններուն չէին ընկերակցեր։ 1977–ին այս մէկը փոխուելով, Լորեն ու ես, Կրանդ եւ Էտիթ Սութըրին հետ, այցելեցինք Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի մասնաճիւղերը։ Մինչեւ օրս, շուրջ 70 երկիր այցելած եմ։

1980–ին, երբ որպէս գօտիի տեսուչ Պրազիլ կ’այցելէի, անցանք Պէլէմէն, հասարակածին վրայ գտնուող քաղաք մը, ուր Լորեն որպէս միսիոնար ծառայած էր։ Նաեւ կանգ առինք՝ Մանաուսի եղբայրներուն այցելելու համար, եւ մարզադաշտի մը մէջ դասախօսութիւն մը ներկայացուցի։ Հոն տեսանք մէկտեղ նստած խումբ մը, որ չէր հետեւեր պրազիլցիներու բարեւելու սովորութեան, որ էր՝ կիները իրարու այտերը կը համբուրէին, իսկ տղամարդիկը կը ձեռնուէին։ Ինչո՞ւ։

Անոնք Ամազոնի անտառին մէջ բորոտներու յատկացուած շրջանէն եկող մեր սիրելի հաւատակիցներն էին։ Ապահովութեան համար, անոնք կը խուսափէին ներկաներուն հետ ուղղակիօրէն շփման մէջ գալէ։ Սակայն, անոնք վստահաբար մեր սրտին դպան, եւ բնաւ պիտի չմոռնանք իրենց դէմքերուն արտացոլած ուրախութիւնը։ Որքա՜ն ճիշդ է Եհովային խօսքը. «Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան» (Եսա. 65։14

ՎԱՐՁԱՀԱՏՈՅՑ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱԼԻՑ ԿԵԱՆՔ

Լորեն ու ես յաճախ կը խոկանք աւելի քան վեց տասնամեակներու մեր սուրբ ծառայութեան վրայ։ Շատ ուրախ ենք մեր օրհնութիւններուն համար, որոնք ստացանք թոյլ տալով Եհովային որ իր կազմակերպութեան միջոցով մեզ ուղղէ։ Թէեւ այժմ չեմ կրնար աշխարհի չորս կողմը ճամբորդել ինչպէս առաջ կ’ընէի, սակայն կրնամ ամէնօրեայ գործս կատարել որպէս Կառավարիչ մարմինին օգնական, գործելով Համակարգողներու յանձնախումբին եւ Ծառայութեան յանձնախումբին հետ։ Այս կերպով երկրապարփակ եղբայրութեան թիկունք կանգնելու մէջ բերած պզտիկ բաժինս մեծապէս կ’արժեւորեմ։ Շարունակ կը զմայլինք տեսնելով երիտասարդներ, որոնք լիաժամ ծառայութիւնը ընտրած են՝ Եսայիին կեցուածքը ունենալով, որ ըսաւ. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8)։ Այս բազմաթիւ անհատներու օրինակը ցոյց կու տայ շրջանային տեսուչին խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը, որ շատոնց ինծի ըսաւ. «Շուտով լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկէ։ Երբեք չես գիտեր թէ անիկա քեզ դէպի ո՛ւր կրնայ առաջնորդել»։

^ պարբ. 20 Ոմանց կենսագրութիւնը կրնաս կարդալ Դիտարան–ի հետեւեալ թիւերուն մէջ. Թոմաս Ճ. Սըլիվըն (15 օգոստոս 1965, անգլերէնով), Գլաուս Ճէնսըն (15 հոկտեմբեր 1969, անգլերէնով), Մէքս Լարսոն (1 սեպտեմբեր 1990), Հիւկօ Ռիմըր (15 սեպտեմբեր 1964, անգլերէնով) եւ Կրանդ Սութըր (1 սեպտեմբեր 1983, անգլերէնով)։