Սարեփթայի որբեւայրին վարձատրուեցաւ իր հաւատքին համար
ԱՂՔԱՏ որբեւայրի մը իր մէկ հատիկ որդին կ’ողջագուրէ։ Ան իր աչքերուն չի՛ հաւատար։ Քիչ ժամանակ առաջ, ան տղուն դիակը վերջին անգամ ըլլալով գրկած էր։ Բայց հիմա իր յարուցեալ որդին իր առջեւ կեցած է։ Իսկ իր հիւրը կ’ըսէ. «Նայէ՛, տղադ կենդանի է»։
Այս հետաքրքրաշարժ յարութիւնը տեղի ունեցաւ շուրջ 3000 տարի առաջ։ Ատոր մասին կրնաս կարդալ Գ. Թագաւորաց 17–րդ գլուխին մէջ։ Հիւրը Եղիա մարգարէն է։ Իսկ մայրը Սարեփթա քաղաքին մէջ ապրող անանուն որբեւայրի մըն է։ Իր որդիին յարութիւնը իրապէս իր հաւատքը ամրացուց։ Որբեւայրիին մասին քննարկելը մեզի կարեւոր դասեր պիտի սորվեցնէ։
ԵՂԻԱՆ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՈՐԲԵՒԱՅՐԻ ՄԸ ԿԸ ԳՏՆԷ
Եհովան որոշած էր թէ Աքաաբի իշխանութեան ընթացքին երկարատեւ երաշտ պիտի ըլլար։ Եղիան երաշտին մասին ծանուցանելէ ետք, Աստուած զինք Աքաաբին ձեռքէն պահեց եւ հրաշալիօրէն կերակրեց՝ ագռաւներու միջոցաւ իրեն հաց եւ միս բերելով։ Ապա ան Եղիայի ըսաւ. «Ելի՛ր, Սիդոնացիներու Սարեփթան գնա ու հոն նստէ՛։ Ահա հոն որբեւարի կնոջ մը հրամայեր եմ, որ քեզ կերակրէ» (Գ. Թագ. 17։1-9)։
Երբ Եղիան Սարեփթա հասաւ, տեսաւ աղքատ որբեւայրի մը որ փայտ կը հաւաքէր։ Արդեօք ա՞ն էր այն կինը, որ մարգարէին ուտելիք պիտի հայթայթէր։ Իր աղքատ վիճակին մէջ, ան ինչպէ՞ս կրնար այս մէկը ընել։ Նոյնիսկ եթէ Եղիան կասկածներ ունեցաւ, կնոջ հետ խօսակցութիւն մը սկսաւ, ըսելով. «Կ’աղաչեմ, ինծի ամանով քիչ մը ջուր բեր, որպէս զի խմեմ»։ Երբ անիկա բերելու գնաց, Եղիա անոր ետեւէն կանչեց ու ըսաւ. «Ձեռքդ պատառ մըն ալ հաց ա՛ռ ու ինծի բե՛ր» (Գ. Թագ. 17։10, 11)։ Օտարին ջուր հրամցնելը դժուարութիւն չյարուցանեց որբեւայրիին, սակայն հաց տալը խնդիր մըն էր։
Գ. Թագ. 17։12)։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այս խօսակցութենէն։
Որբեւայրին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ նկանակ չունիմ, բայց միայն կարասին մէջ մէկ բուռի չափ ալիւր կայ ու կուժին մէջ ալ քիչ մը իւղ կայ։ Ահա երկու կտոր փայտ կը հաւաքեմ, որպէս զի երթամ զանիկա ինծի ու իմ տղուս համար եփեմ եւ ուտենք ու ետքը մեռնինք» (Որբեւայրին նկատեց թէ Եղիան աստուածավախ իսրայէլացի մըն էր։ Ասիկա բացայայտ է իր սա խօսքէն. «Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է»։ Այնպէս կը թուի թէ ան իսրայէլի Աստուծոյ մասին որոշ գիտութիւն ունէր, բայց ոչ ա՛յն աստիճան որ Եհովայի ակնարկէր որպէս «իմ Աստուածս»։ Ան կ’ապրէր Սարեփթայի մէջ, որ կախեալ էր փիւնիկեցիներու Սիդոն քաղաքէն։ Շատ հաւանաբար, Սարեփթայի բնակիչները Բահաղը կը պաշտէին։ Այսուհանդերձ, Եհովան մասնայատուկ բան մը նկատած էր այս որբեւայրիին սրտին մէջ։
Կռապաշտներու մէջ ապրելով հանդերձ, Սարեփթայի աղքատ որբեւայրին հաւատքի տէր կին մըն էր։ Եհովան Եղիան անոր քով ղրկեց, որպէսզի թէ՛ մարգարէն եւ թէ կինը օգնութիւն ստանային։ Ասկէ կրնանք կարեւոր դաս մը քաղել։
Բահաղը պաշտող Սարեփթայի բնակիչներէն ոմանք փտած չէին։ Եղիան որբեւայրիին քով ղրկելով, Եհովան ցոյց տուաւ թէ կը նշմարէ լաւ դիտաւորութիւն ունեցող անհատներ, որոնք տակաւին Զինք չեն պաշտեր։ Իրապէս, «ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ [Աստուծմէ] կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։35)։
Թաղամասիդ մէջ քանի՞ անհատներ Սարեփթայի որբեւայրիին նման են։ Թէեւ անոնք շրջապատուած են սուտ կրօնքի պատկանող անդամներով, բայց աւելի լաւ բանի կը տենչան։ Անոնք թերեւս չնչին կամ ոչինչ գիտեն Եհովայի մասին, եւ հետեւաբար օգնութեան պէտք ունին՝ մաքուր պաշտամունքը ընդունելու համար։ Այսպիսիներ կը փնտռե՞ս եւ անոնց կ’աջակցի՞ս։
«ՆԱԽ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ՊԶՏԻԿ ՇՕԹ ՄԸ ՇԻՆԷ՛»
Ուշի–ուշով նկատի առ թէ Եղիան որբեւայրիէն ի՛նչ խնդրեց։ Կինը դեռ նոր ըսած էր իրեն թէ վերջին ուտելիքը կը պատրաստէր, որպէսզի ինք ու իր տղան ուտէին եւ ապա մեռնէին։ Բայց Եղիան ըսաւ. «Մի՛ վախնար, գնա՛ ըսածիդ պէս ըրէ. բայց անկէ նախ ինծի համար պզտիկ շօթ մը շինէ՛ ու ինծի բե՛ր եւ քեզի ու քու տղուդ համար ետքը շինէ, քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Կարասէն ալիւրը պիտի չհատնի ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի՝ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը երկրի վրայ անձրեւ տայ’» (Գ. Թագ. 17։11-14)։
‘Տրամաբանական չէ՛ վերջին պատառս ուրիշին տամ’, թերեւս առարկեն ոմանք։ Բայց որբեւայրին այդպէս չհակազդեց։ Թէեւ ան Եհովային մասին չնչին գիտելիք ունէր, սակայն Եղիային հաւատաց ու անոր խնդրածը կատարեց։ Այս խնդրանքը հաւատքի մե՛ծ փորձ մըն էր։ Բայց կինը իմաստուն որոշում կայացո՛ւց։
Աստուած աղքատ որբեւայրին չլքեց։ Ճիշդ ինչպէս որ Եղիան խոստացաւ, Եհովան անոր չնչին ունեցածը առատացուց, այնպէս որ մարգարէն, որբեւայրին եւ անոր որդին բանի մը կարիք չունեցան մինչեւ երաշտին աւարտը։ Իրապէս, «կարասէն ալիւրը չհատաւ ու կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջը՝ Եղիային միջոցով ըսած խօսքին համեմատ» (Գ. Թագ. 17։16. 18։1)։ Եթէ կինը տարբեր ձեւով վարուէր, այդ մէկ բուռի չափ ալիւրով ու քիչ մը իւղով պատրաստած շօթը իրապէս իր վերջին ուտելիքը պիտի ըլլար։ Սակայն, ան հաւատքով գործեց եւ Եհովային վստահելով՝ նա՛խ մարգարէն կերակրեց։
Ասկէ կրնանք դաս մը քաղել. Աստուած կ’օրհնէ իրեն հաւատք ընծայողները։ Երբ ուղղամտութիւնդ փորձի ենթարկուի եւ դուն հաւատք ցուցաբերես, Եհովան քեզի պիտի օգնէ։ Ան պիտի ըլլայ Մատակարար, Պաշտպան եւ Բարեկամ, որպէսզի քեզի օգնէ փորձութեան դէմ դնելու (Ել. 3։13-15)։
1898–ին, Սիօնի դիտարանը այս որբեւայրիին պատմութենէն հետեւեալ դասը քաղեց. «Եթէ կինը բաւարար հաւատք ունէր հնազանդելու, ուրեմն ան արժանի պիտի ըլլար Տէրոջ օգնութեան՝ մարգարէին միջոցաւ. եթէ ան հաւատք չընծայէր, ուրիշ որբեւայրի մը Տէրոջ օրհնութիւնը պիտի ստանար։ Այսպէս, կեանքի զանազան հանգրուաններուն, Տէրը մեր հաւատքը փորձի կ’ենթարկէ։ Եթէ հաւատք ընծայենք, պիտի օրհնուինք. իսկ եթէ հաւատք չընծայենք, Աստուծոյ օրհնութիւնը պիտի կորսնցնենք»։
Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, Սուրբ Գրութիւններէն եւ մեր աստուածաշնչական հրատարակութիւններէն աստուածային առաջնորդութիւն կը փնտռենք։ Ապա, կը ջանանք Եհովայի առաջնորդութեան հետ ներդաշնակ քալել, որքա՛ն ալ ատիկա դժուար թուի։ Իրապէս պիտի օրհնուինք, եթէ այս իմաստուն առակին անսանք. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առ. 3։5, 6)։
«ԻՄ ՏՂԱՍ ՄԵՌՑՆԵԼՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԻՆԾԻ ԵԿԱՐ»
Որբեւայրիին հաւատքը յաւելեալ փորձի ենթարկուելու վրայ էր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Այս բաներէն ետքը տանը տիկնոջ տղան հիւանդացաւ։ Անոր հիւանդութիւնը շատ ծանր էր, այնպէս որ անոր վրայ շունչ չմնաց»։ Այս ողբերգութեան պատճառը փնտռելով, սգաւոր մայրը Եղիայի հարցուց. «Մա՛րդ Աստուծոյ, ինծի հետ ի՞նչ ունիս. միթէ իմ մեղքս յիշեցնելո՞ւ ու իմ տղաս մեռցնելո՞ւ համար ինծի եկար» (Գ. Թագ. 17։17, 18)։ Այս դառն խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։
Արդեօք կինը մտաբերե՞ց անցեալին գործուած մեղք մը, որ իր խղճմտանքը կ’անհանգստացնէր։ Արդեօք ան կարծե՞ց որ իր տղուն մահը Աստուծմէ պատիժ էր եւ թէ Եղիան մահ պատճառող հրեշտակ էր։ Աստուածաշունչը ոչինչ կ’ըսէ, սակայն յստակ է որ որբեւայրին Աստուծոյ անարդարութիւն չվերագրեց։
Եղիան ցնցած ըլլալու էին տղուն մահը եւ կնոջ այն գաղափարը, թէ իր ներկայութիւնը այդ կորուստը պատճառած էր։ Տղուն դիակը վերնատուն հանելով, Եղիան աղաղակեց. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, իրաւցնէ այս որբեւարի կի՞նն ալ, որուն քով ես պանդխտութեամբ կը բնակիմ, չարչարեցիր՝ անոր տղան մեռցնելով»։ Մարգարէն չկրցաւ հանդուրժել այն գաղափարը, թէ Աստուծոյ անունը պիտի նախատուէր, եթէ Ան թոյլ տար որ այս ազնիւ ու հիւրասէր կինը ա՛լ աւելի տառապէր։ Ուստի Եղիան աղաչեց. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, կ’աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմնին թող դառնայ» (Գ. Թագ. 17։20, 21)։
«ՆԱՅԷ՛, ՏՂԱԴ ԿԵՆԴԱՆԻ Է»
Եհովան մտիկ կ’ընէր։ Որբեւայրին մարգարէին հոգ տարած էր եւ հաւատք ընծայած էր։ Ըստ երեւոյթին, Աստուած թոյլ տուաւ որ տղան մահանայ, քանի որ գիտէր թէ անոր յարութիւնը,– որ առաջինն է Սուրբ Գրութիւններուն մէջ,– յետագային միլիոնաւորներու յոյս պիտի տար։ Եհովան Եղիայի աղօթքը լսեց եւ տղան վերակենդանացուց։ Պահ մը երեւակայէ՛ որբեւայրիին ուրախութիւնը, երբ Եղիան ըսաւ. «Նայէ՛, տղադ կենդանի է»։ Ապա, որբեւայրին Եղիային ըսաւ. «Հիմա գիտցայ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես ու քու բերնիդ մէջ Տէրոջը խօսքը ճշմարիտ է» (Գ. Թագ. 17։22-24)։
Գ. Թագաւորաց 17–րդ գլուխը ա՛լ ուրիշ բան չ’ըսեր այս կնոջ մասին։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս անոր մասին դրականօրէն խօսեցաւ. ուրեմն կրնայ ըլլալ որ ան Եհովայի հաւատարիմ մէկ ծառան դարձաւ (Ղուկ. 4։25, 26)։ Անոր պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Աստուած կ’օրհնէ անոնք՝ որոնք իր ծառաներուն լաւ բաներ կ’ընեն (Մատ. 25։34-40)։ Անիկա կը փաստէ, թէ Աստուած հաւատարիմներուն Մատակարարը կ’ըլլայ, նո՛յնիսկ դժուար պարագաներուն (Մատ. 6։25-34)։ Այս պատմութիւնը նաեւ կ’ապացուցանէ, թէ Եհովան կը փափաքի եւ կրնա՛յ մեռելները յարուցանել (Գործք 24։15)։ Վստահաբար ասոնք Սարեփթայի որբեւայրին յիշելու լաւ պատճառներ են։