Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան՝ մեր Մատակարարը եւ Պաշտպանը

Եհովան՝ մեր Մատակարարը եւ Պաշտպանը

«Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ, անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ» (ՍԱՂ. 91։14

1, 2. Ինչպէ՞ս կը տարբերինք ընտանեկան պարագաներուն եւ ճշմարտութիւնը սորվելու կերպին մէջ։

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ կարգադրութեան Հեղինակը Եհովան է (Եփ. 3։14, 15)։ Նոյնիսկ նոյն ընտանիքին պատկանողները տարբեր յատկանիշներ եւ պարագաներ ունին։ Ոմանք թերեւս ի ծնէ իրենց ծնողքին հետ կ’ապրին։ Ուրիշներ թերեւս իրենց ծնողքը կորսնցուցած են՝ հիւանդութեան, արկածի կամ ա՛յլ ողբերգութեան պատճառաւ։ Իսկ ոմանք ալ չեն գիտեր թէ իրենց ծնողքը ո՛վ է։

2 Եհովայի երկրպագուներ ըլլալով, իւրաքանչիւրս ձեւով մը ճշմարտութիւնը սորված ենք։ Կրնայ ըլլալ որ ծնողքդ մանկութենէդ քեզ մարզած է՝ աստուածային սկզբունքներու համաձայն ապրելու համար (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Կամ կրնայ ըլլալ որ մաս կը կազմես այն հազարաւորներուն, որոնք ճշմարտութիւնը սորված են Եհովայի ծառաներուն քարոզչական գործունէութեան միջոցաւ (Հռով. 10։13-15. Ա. Տիմ. 2։3, 4

3. Բոլորս հասարակաց ի՞նչ բաներ ունինք։

3 Տարբեր ենթահող ունենալով հանդերձ, բոլորս կարգ մը հասարակաց բաներ ունինք։ Ադամի անհնազանդութեան հետեւանքներէն կը տառապինք եւ անկատարութիւն, մեղք ու մահ ժառանգած ենք (Հռով. 5։12)։ Ասով հանդերձ, ճշմարիտ երկրպագուներ ըլլալով, Եհովան «մեր Հայրը» կը կոչենք։ Աստուծոյ վաղեմի ընտրեալ ժողովուրդին ակնարկելով, Եսայի 64։8–ը կը նշէ. «Ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես»։ Ասկէ զատ, Յիսուս իր տիպար աղօթքը սկսաւ հետեւեալ կերպով. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9

4, 5. Մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր սէրը խորացնելու համար, ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Մեր երկնաւոր Հայրը մեզ՝ իր ճշմարիտ երկրպագուները՝ կը հոգայ եւ հարկ եղած պաշտպանութիւնը կը հայթայթէ։ Ըստ սաղմոսերգուին, Եհովան կ’ըսէ. «Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ, անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ» (Սաղ. 91։14)։ Արդարեւ, Եհովա Աստուած սիրալիրօրէն իր ժողովուրդը թշնամիին ձեռքէն կ’ազատէ եւ կը պաշտպանէ, որպէսզի չբնաջնջուին։

5 Մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր սէրը խորացնելու համար, պիտի քննարկենք թէ ան ինչպէ՛ս 1) մեր Մատակարարն է, 2) մեր Պաշտպանն է եւ 3) մեր լաւագոյն Բարեկամն է։ Մինչ նկատի կ’առնենք այս երեք կարեւոր ազդակները, օգտակար պիտի ըլլայ խոկալ՝ Աստուծոյ հետ մեր ունեցած բարեկամութեան վրայ, եւ զատորոշել թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք որպէս մեր Հայրը պատուել։ Օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ խոկալ այն օրհնութիւններուն վրայ, որոնք Եհովան վերապահած է իրեն մօտեցողներուն (Յակ. 4։8

ԵՀՈՎԱՆ՝ ՄԵԾ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԸ

6. Նշէ՛ կերպ մը, որով Եհովան կ’ապացուցանէ թէ «ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողն է։

6 «Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ», գրեց Յակոբոս աշակերտ (Յակ. 1։17)։ Կեանքը ինքնին Եհովայէն պարգեւ մըն է (Սաղ. 36։9)։ Եթէ մեր կեանքը գործածենք Աստուծոյ կամքը կատարելու, առատ օրհնութիւններ ձեռք պիտի ձգենք հիմա եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը պիտի ունենանք (Առ. 10։22. Բ. Պետ. 3։13)։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է, այնքան ատեն որ բոլորս Ադամէն անկատարութիւն, մեղք ու մահ ժառանգած ենք։

7. Եհովան ինչպէ՞ս ճամբան հարթեց, որ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք։

7 Եհովան շատ մը կերպերով Մեծ Մատակարարն է։ Օրինակ, իր անզուգական բարութիւնը զինք կը մղէ մեզ ազատելու։ Մենք բոլորս մեղաւոր ենք եւ մեր առաջին նախահօրմէն անկատարութիւն ժառանգած ենք (Հռով. 3։23)։ Բայց եւ այնպէս, իր սիրոյն շնորհիւ, Եհովան ճամբան հարթեց որ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու» (Ա. Յովհ. 4։9, 10

8, 9. Աբրահամի եւ Իսահակի օրերուն, Եհովան ինչպէ՞ս ապացուցանեց թէ Մեծ Մատակարար է (տե՛ս բացման պատկերը)։

8 Ք.Ա. 19–րդ դարուն, Աբրահամի հետ տեղի ունեցաւ դէպք մը, որ ցոյց տուաւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս սիրալիրօրէն յաւիտենական կեանք պիտի շնորհէր բոլոր հնազանդ մարդոց։ Եբրայեցիս 11։17-19 կը բացատրէ. «Հաւատքով Աբրահամ իր փորձուած ատենը Իսահակը պատարագ մատուցանեց. թէեւ ինք խոստում առած էր, բայց իր մէկ հատիկ որդին կը մատուցանէր, որուն համար ըսուած էր. ‘Իսահակով քեզի սերունդ պիտի տրուի’, քանզի Աբրահամ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել, ուստի որպէս նախատիպար ընդունեց զանիկա»։ Ճիշդ ինչպէս որ Աբրահամ պատրաստ էր իր որդին՝ Իսահակը՝ զոհելու, նոյնպէս Եհովան կամաւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ զոհեց, մարդկութիւնը փրկելու համար (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16, 36

9 Կրնա՞ս պատկերացնել թէ Իսահակ որքա՜ն հանգստացաւ, երբ գիտցաւ թէ հարկ չկար որ մեռնէր։ Անկասկած ան երախտապարտ գտնուեցաւ, որ Եհովան ուրիշ զոհ մը կարգադրեց,– խոյ մը՝ մօտակայ խիտ մացառներուն մէջ (Ծն. 22։10-13)։ Զարմանալի չէ որ այդ վայրը կոչուեցաւ «Եհովայիրէ», որ կը նշանակէ՝ «Տէրը պիտի նախախնամէ» (Ծն. 22։14, ԱԾ, ստորանիշ)։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑ ՄԸ

10, 11. «Հաշտութեան պաշտօն»ին մէջ որո՞նք առաջնորդութիւն առած են եւ ինչպէ՞ս։

10 Մինչ կը խոկանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս Մեծ Մատակարար է, կը գիտակցինք թէ առանց Յիսուսի զոհաբերութեան, պիտի չկարենայինք Աստուծոյ բարեկամը դառնալ։ Պօղոս գրեց. «Մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։ Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կոր. 5։14, 15

11 Քանի որ առաջին դարու քրիստոնեաները Աստուած սիրեցին եւ երախտապարտ էին իրեն ծառայելու պատիւին համար, ուրախութեամբ ընդունեցին «հաշտութեան պաշտօնը»։ Քարոզելու եւ աշակերտելու անոնց աշխատանքը ճամբան հարթեց, որ ազնուասիրտ մարդիկ Աստուծոյ հետ խաղաղ վիճակի մէջ ըլլան, անոր բարեկամութիւնը վայելեն եւ ի վերջոյ իր հոգեւոր որդիները դառնան։ Ներկայիս Եհովայի օծեալ ծառաները նոյն ծառայութիւնը կը կատարեն։ Անոնց իրագործածը որպէս Աստուծոյ եւ Քրիստոսի դեսպաններ, կարելի կը դարձնէ անկեղծ եւ խոնարհ մարդոց որ Եհովային մօտենան եւ անոր ծառաները դառնան (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 5։18-20. Յովհ. 6։44. Գործք 13։48

12, 13. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովային ըրած բոլոր բաներուն համար երախտապարտ ենք։

12 Քանի որ ուրիշ ոչխարները երախտապարտ են Եհովայի Մեծ Մատակարար ըլլալուն համար, օծեալներուն հետ բարի լուրի քարոզչութեան կը մասնակցին։ Այս գործունէութեան մէջ կը գործածենք Աստուածաշունչը, որ Աստուծոյ ուրիշ մէկ հոյակապ պարգեւն է (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը հմտօրէն գործածելով, ուրիշներուն պատեհութիւն կու տանք որ յաւիտենական կեանք ունենան։ Այս աշխատանքին մէջ մեզի օգնելու համար, Եհովան նաեւ իր սուրբ հոգին կը շնորհէ (Զաք. 4։6. Ղուկ. 11։13)։ Ինչպէս որ Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը ցոյց կու տայ, արդիւնքները աչքառու են։ Ի՜նչ պատիւ է այս գործին մասնակցիլ մեր Հայրն ու Մատակարարը փառաբանելու համար։

13 Ի մտի ունենալով որ Աստուած մեզի շատ բան հայթայթած է, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ծառայութեանս մէջ ամէն կարելիս կ’ընե՞մ, որպէսզի Եհովային ցոյց տամ թէ իր բոլոր կարգադրութիւնները կը գնահատե՛մ։ Ի՞նչ կերպերով կրնամ աւելի՛ ազդու քարոզիչ դառնալ’։ Աստուծոյ հոյակապ կարգադրութիւններուն հանդէպ կրնանք մեր երախտապարտութիւնը ցոյց տալ, Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով։ Եթէ այդպէս ընենք, Եհովան մեր անհրաժեշտ կարիքները պիտի գոհացնէ (Մատ. 6։25-33)։ Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ, որ մեր ամէն կարելին ընենք զինք հաճեցնելու եւ իր սիրտը ուրախացնելու (Առ. 27։11

14. Եհովան ինչպէ՞ս իր ժողովուրդը ազատած է։

14 Սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Ես աղքատ ու տնանկ եմ, սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես» (Սաղ. 40։17)։ Եհովան շարունակ իր ժողովուրդը որպէս խումբ ազատած է, մանաւանդ երբ անոնք վայրագ կերպով հալածուած են իրենց թշնամիներուն կողմէ։ Երախտապարտ ենք որ Եհովան միշտ մեզի հարկ եղածը կու տայ, որպէսզի այսպիսի դժուար պարագաներու ներքեւ իրեն հաւատարիմ մնանք։

ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

15. Լուսաբանէ՛ թէ սիրալիր հայր մը ինչպէ՛ս իր զաւակը կը պաշտպանէ։

15 Սիրալիր հայր մը ոչ միայն իր զաւակներուն հարկ եղածը կը մատակարարէ, այլեւ՝ կը պաշտպանէ։ Բնականաբար, ան պիտի փութայ անոնց օգնելու, եթէ վտանգի մէջ գտնուին։ Եղբայր մը մասնայատուկ դէպք մը կը յիշէ, որ իրեն պատահեցաւ երբ փոքր էր։ Դաշտի ծառայութենէն ետք, ան եւ իր հայրը տուն կը վերադառնային երբ առուակի մը առջեւ գտնուեցան։ Այդ առտու տեղատարափ անձրեւը պատճառ դարձած էր որ առուակը յորդի։ Զանիկա կտրելու միակ կերպն էր՝ մէկ ժայռէն միւսը ցատկել։ Իր հօրմէն առաջ երթալով, տղեկը իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց եւ առուակին մէջ իյնալով երկու անգամ ջուրին տակ մնաց։ Ան շատ երախտապարտ գտնուեցաւ, երբ իր հայրը արագօրէն իր ուսերէն բռնելով զինք խեղդուելէ ազատեց։ Համանման կերպով, մեր երկնաւոր Հայրը մեզ այս չար աշխարհին եւ անոր իշխանին՝ Սատանային՝ վտանգներէն կը պաշտպանէ։ Եհովան ցարդ լաւագոյն Պաշտպանն է (Մատ. 6։13. Ա. Յովհ. 5։19

16, 17. Եհովան ինչպէ՞ս իսրայէլացիներուն օգնեց եւ ամաղեկացիներէն պաշտպանեց։

16 Ք.Ա. 1513–ին, Եհովան սիրալիրօրէն իր ժողովուրդը պաշտպանեց։ Ան արդէն իսրայէլացիները ստրկութենէ ազատած էր եւ զանոնք հրաշալիօրէն պաշտպանած էր, երբ Կարմիր ծովը կտրեցին։ Մինչ անոնք անապատին մէջ դէպի Սինա լեռ կ’ուղղուէին, Ռափիդիմ հասան։

17 Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան ի տես, Սատանան կատաղի կերպով պատեհութիւններ փնտռեց՝ անպաշտպան իսրայէլացիներուն վրայ յարձակելու։ Ան օգտագործեց ամաղեկացիները՝ Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիները (Թուոց 24։20)։ Նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ իրագործեց չորս հաւատարիմ տղամարդոց միջոցաւ,– Յեսու, Մովսէս, Ահարոն եւ Ովր։ Մինչ Յեսուն ամաղեկացիներուն դէմ կը պատերազմէր, Մովսէս, Ահարոն եւ Ովր մօտակայ բլուրի մը վրայ կեցած էին։ Այնքան ատեն որ Մովսէս իր ձեռքերը բարձր կը պահէր, Եհովան իր ժողովուրդին կ’օգնէր որ իրենց թշնամիներէն աւելի՛ զօրաւոր ըլլային։ Երբ Մովսէսի ձեռքերը ծանրացան, Ահարոն եւ Ովր անոր ձեռքերը վեր բռնեցին։ Այսպէս, Եհովային օգնութեամբ եւ պաշտպանութեամբ, «Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը ու անոր ժողովուրդը» (Ել. 17։8-13)։ Ապա Մովսէս հոն զոհասեղան մը շինեց եւ զայն կոչեց «Եհովանիսի», որ կը նշանակէ՝ «Տէրը իմ դրօշակս է» (կարդա՛ Ելից 17։14, 15, ստորանիշ)։

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԷՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԻԼ

18, 19. Եհովան իր այժմու ծառաներուն ի՞նչ պաշտպանութիւն տուած է։

18 Եհովան զինք սիրողները եւ իրեն հնազանդողները կը պաշտպանէ։ Ինչպէս որ Ռափիդիմի մէջ իսրայէլացիները ըրին, թշնամիներէն պաշտպանուելու համար Աստուծոյ կը դիմենք։ Ան յաճախ մեզ որպէս խումբ պաշտպանած է, եւ մեզ Բանսարկուին ճանկերէն հեռու կը պահէ։ Պահ մը մտածէ այն բազմաթիւ առիթներուն մասին, երբ Եհովան քրիստոնէական չէզոքութիւն պահող եղբայրները պաշտպանեց։ Օրինակ, ասիկա տեղի ունեցաւ նացիական շրջանին, Գերմանիոյ եւ ա՛յլ երկիրներու մէջ։ Երբ կենսագրութիւններ ու Տարեգիրք–ը կը կարդանք եւ կը խոկանք թէ Աստուած ինչպէ՛ս մեր եղբայրները պահպանած է բուռն հալածանքի ընթացքին, ա՛լ աւելի վստահ կ’ըլլանք թէ ան մեր Ապաւէնն է (Սաղ. 91։2

Եհովան կրնայ մեր հաւատակիցներուն միջոցաւ մեզի օգնել, որ դժուար ժամանակներուն հաւատարիմ մնանք (տե՛ս պարբերութիւն 18-20)

19 Եհովայի կազմակերպութեան եւ ատոր հրատարակութիւններուն միջոցաւ, մեր պաշտպանութեան համար սիրալիր յիշեցումներ կը ստանանք։ Նկատի առ թէ ասիկա վերջերս ինչպէ՛ս մեզի օգտած է։ Աշխարհը հետզհետէ կը կլանուի անօրէն սեռով, ալքոլի չափազանց գործածութեամբ եւ պոռնկագրութեամբ։ Բայց Եհովան կարեւոր յիշեցումներ եւ մասնայատուկ օգնութիւն կու տայ, որպէսզի մեզ բարոյական վտանգներէ պաշտպանէ։ Օրինակ, մօտերս հայրական խրատ ստացանք, որպէսզի զգուշանանք չար ընկերակցութիւններէ, երբ ընկերային հաղորդակցութեան կայքեր կը գործածենք (Ա. Կոր. 15։33) *։

20. Քրիստոնէական ժողովքին միջոցով, ի՞նչ պաշտպանութիւն եւ առաջնորդութիւն մատչելի են։

20 Կրնանք ցոյց տալ, թէ իրապէս ‘Տէրոջմէ կը սորվինք’, երբ իր պատուէրներուն անսանք (Եսա. 54։13)։ Մեր ժողովքներուն ապահով ապաստանին մէջ, հարկ եղած առաջնորդութիւնը եւ պաշտպանութիւնը կը ստանանք, քանի որ հոն է որ հաւատարիմ երէցներ սուրբ գրային օգնութիւն եւ խրատ կու տան (Գաղ. 6։1)։ Եհովան այս տղամարդիկը որպէս պարգեւ տուած է, եւ անոնց միջոցով մեզի սիրալիրօրէն հոգ կը տանի (Եփ. 4։7, 8)։ Ուստի, երբ երէցներէն խրատ ստանանք, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։ Պէտք է կամովի՛ն ենթարկուինք։ Այսպիսով, Եհովան մեզ առատապէս պիտի օրհնէ (Եբ. 13։17

21. ա) Պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Վճռենք առաջնորդուիլ սուրբ հոգիով եւ ընդունիլ մեր երկնաւոր Հօր տուած ուղղութիւնը։ Նաեւ պէտք է որ խոկանք իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ կեանքի ընթացքին վրայ, եւ ջանանք անոր օրինակին հետեւիլ։ Մինչեւ մահ հնազանդ մնալուն համար, ան մեծապէս վարձատրուեցաւ (Փլպ. 2։5-11)։ Եթէ ամբողջ սրտով Եհովային վստահինք, Յիսուսին նման առատապէս պիտի օրհնուինք (Առ. 3։5, 6)։ Ուստի, միշտ ապաւինինք Եհովային, որ մեզի հարկ եղածը կը հայթայթէ եւ կը պաշտպանէ։ Իրեն ծառայելը ուրախութիւն եւ մեծ առանձնաշնորհում կը սեպենք։ Անոր հանդէպ մեր սէրը պիտի խորանայ, մինչ կը խոկանք իր հոգատարութեան երրորդ ազդակին վրայ. իր բարեկամութիւնը։ Յաջորդ յօդուածը կը քննարկէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեր լաւագոյն Բարեկամն է։

^ պարբ. 19 Այսպիսի յիշեցումներու օրինակներ կարելի է գտնել հետեւեալ աղբիւրներուն մէջ. Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2011 թիւին «Համացանցը իմաստուն կերպով գործածել» յօդուածը, էջ 3-5 (անգլերէնով), եւ Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2012 թիւին «Սատանային որոգայթներէն զգուշացի՛ր» ու «Հաստատո՛ւն կայնէ եւ Սատանային թակարդներէ խուսափէ՛» յօդուածները, էջ 23-32։