ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ
Թագաւորը ուրախ էր
ՕԳՈՍՏՈՍ 1936–ին, Սուազիլանտի արքայական գիւղակին մէջ, ձայնի սարքով օժտուած ինքնաշարժի մը միջոցաւ, Ռապըրթ եւ Ճորճ Նիզպէթ աշխատցուցին երաժշտական ձայնագրութիւններ, ապա Եղբայր Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտի դասախօսութիւնները։ Սոպուզա Բ. թագաւոր ուրախ էր։ Ճորճ բացատրեց. «Շա՛տ ամչցանք, երբ թագաւորը մեքենան, ձայնապնակները եւ Թագաւորութեան պատգամը փոխանցող բարձրախօսը ուզեց գնել»։
Ռապըրթ քաղաքավարօրէն բացատրեց թէ այդ պիտոյքները ծախու չեն, քանի որ ուրիշ մէկու կը պատկանին։ Թագաւորը ուզեց գիտնալ թէ ո՛վ էր ան։
Ռապըրթ պատասխանեց. «Այդ բոլորը ուրի՛շ Թագաւորի կը պատկանին»։ Ապա Սոպուզան հարց տուաւ, թէ ո՛վ էր այդ Թագաւորը։ Ռապըրթ ըսաւ. «Ան Յիսուս Քրիստոսն է, Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը»։
Սոպուզան խոր յարգանքով ընդունեց. «Ո՜հ, ան հոյակապ Թագաւոր մըն է։ Չեմ ուզեր առնել բան մը, որ իրեն կը պատկանի»։
Ռապըրթ գրեց. ‘Ցեղապետին՝ Սոպուզա թագաւորին, հակազդեցութիւնը ինծի խորապէս ազդեց։ Ան սահուն անգլերէն կը խօսէր, առանց յոխորտանքի կամ հպարտութեան, եւ բոլորովին անկեղծ եւ դիւրամերձ անհատ մըն էր։ Իր գրասենեակին մէջ շուրջ 45 վայրկեան խօսակցեցանք, մինչ դուրսը Ճորճը երաժշտութիւն կ’աշխատցնէր։
‘Յետոյ, այդ օր այցելեցինք Սուազի ազգային վարժարանը, ուր ամէնէն հետաքրքրական փորձառութիւնը ունեցանք։ Քարոզեցինք տնօրէնին, որ անյապաղ մեզի մտիկ ըրաւ։ Երբ մեքենային նիւթը բացինք եւ առաջարկեցինք որ ամբողջ դպրոցը ձայնագրութիւնները մտիկ ընէ, տնօրէնը ուրախացաւ եւ շուրջ 100 աշակերտ հրաւիրեց որ խոտին վրայ նստին ու մտիկ ընեն։ Հոն իմացանք թէ վարժարանին մէջ տղաքը կը սորվէին հողագործութիւն, պարտիզպանութիւն, հիւսնութիւն, շինարարութիւն, անգլերէն լեզու եւ թուաբանութիւն։ Իսկ աղջիկները կը սորվէին հիւանդապահութիւն, առտնին գործեր եւ ա՛յլ գործնական աշխատանքներ’։ Ցեղապետին մեծ մայրը այդ դպրոցը հիմնած էր *։
1933–ին, Սոպուզա թագաւոր հաճոյքով մտիկ ըրաւ այն ռահվիրաներուն, որոնք արքայական գիւղակը այցելեցին։ Առիթով
մը, ան նոյնիսկ ժողվեց 100 զինուորներէ բաղկացած իր անձնական պահակախումբը, որպէսզի Թագաւորութեան արձանագրուած պատգամը ունկնդրեն։ Ան մեր պարբերաթերթերուն բաժանորդագրուեցաւ եւ հրատարակութիւնները ընդունեց։ Շատ չանցած, թագաւորը գրեթէ ամբողջ աստուածպետական գրադարանը ունէր։ Առաւել, ան այդ գրադարանը ամբողջովին պահեց, թէեւ բրիտանական գաղութային կառավարութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմին մեր հրատարակութիւնները արգիլեց։Սոպուզա Բ. թագաւոր շարունակեց Վկաները ընդունիլ Լոպամպայի արքայական գիւղակին մէջ։ Ան նոյնիսկ կղերականներու կանչել տուաւ որ գան եւ Վկաներուն աստուածաշնչական դասախօսութիւնները մտիկ ընեն։ Մինչ տեղացի Վկայ մը՝ Հելվի Մէշազի, Մատթէոս 23–րդ գլուխը կը քննարկէր, կարգ մը կղերականներ բարկացած ոտքի ելան եւ ջանացին զինք բռնի ուժով նստեցնել։ Բայց թագաւորը միջամտեց ու խնդրեց որ եղբայրը շարունակէ։ Ասկէ զատ, թագաւորը ներկաներուն ըսաւ, որ գրի առնեն դասախօսութեան մէջ նշուած բոլոր համարները։
Ուրիշ առիթով, ռահվիրայ եղբօր մը տուած դասախօսութենէն ետք, չորս կղերականներ ըսին. «Ա՛լ մենք կղերականներ չենք, այլ՝ Եհովայի վկաներ»։ Ապա ռահվիրային յայտնեցին իրենց փափաքը, որ ունենան ցեղապետին ունեցած գիրքերէն։
1930–ական թուականներէն մինչեւ իր մահը 1982–ին, ցեղապետը Եհովայի վկաներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերեց եւ թոյլ չտուաւ որ սուազի ծէսերը չպահելով հալածուին։ Ուստի, Վկաները վաւերական պատճառ ունէին իրեն երախտապարտ ըլլալու. եւ անկեղծաբար սգացին երբ ան մահացաւ։
2013–ի սկիզբը, Սուազիլանտի մէջ աւելի քան 3000 հրատարակիչներ կային։ Երկիրը շուրջ մէկ միլիոն բնակիչ ունենալով, ամէն մէկ հրատարակիչ 384 անհատի պէտք է քարոզէ։ 90 ժողովքները ունէին աւելի քան 260 ռահվիրաներ, իսկ 2012–ի Յիշատակատօնին 7496 անհատներ ներկայ գտնուեցան։ Յստակ է որ աճման մեծ կարելիութիւն կայ։ 1930–ական թուականներուն Սուազիլանտ այցելելով, Վկաները վստահաբար հաստատ հիմ դրին (Հարաւային Ափրիկէի մեր արխիւէն)։
^ պարբ. 8 Ոսկեդար–ի 30 յունիս 1937 թիւը, էջ 629։