Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իմաստուն որոշումներ առնելով՝ ժառանգութիւնդ պահպանէ

Իմաստուն որոշումներ առնելով՝ ժառանգութիւնդ պահպանէ

«Չարէն զզուեցէ՛ք, բարիի՛ն յարեցէք» (ՀՌՈՎ. 12։9, ԱԾ

1, 2. ա) Ի՞նչ բան քեզի օգնեց որ Աստուծոյ ծառայելու որոշումը առնես։ բ) Մեր հոգեւոր ժառանգութեան մասին ի՞նչ հարցումներ կրնանք ուղղել։

ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐՆԵՐ Եհովա Աստուծոյ ծառայելու եւ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն մօտէն հետեւելու իմաստուն ընտրութիւնը ըրած են (Մատ. 16։24. Ա. Պետ. 2։21)։ Աստուծոյ ըրած մեր նուիրումը թեթեւի չենք առներ, քանի որ մեր որոշումը հիմնուած էր ոչ թէ քանի մը համարներու մակերեսային գիտութեան վրայ, այլ՝ Աստուծոյ Խօսքին խոր ուսումնասիրութեան վրայ։ Առ ի արդիւնք, Եհովայի խոստացած ժառանգութեան հանդէպ մեր հաւատքը զօրացաւ։ Եւ այս ժառանգութիւնը պիտի ստանան բոլոր անոնք՝ որոնք ‘կը ճանչնան զինք եւ իր ղրկած Յիսուս Քրիստոսը’ (Յովհ. 17։3. Հռով. 12։2

2 Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութեան մէջ մնալու համար, պէտք է շարունակենք զինք հաճեցնող իմաստուն որոշումներ կայացնել։ Հետեւաբար, յօդուածը նկատի պիտի առնէ հետեւեալ կարեւոր հարցումները. ի՞նչ է մեր ժառանգութիւնը։ Զայն ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։ Ի՞նչ պէտք է ընենք որ շարունակենք մեր ժառանգութիւնը վայելել։ Եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ կայացնենք։

ՄԵՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է

3. Ի՞նչ ժառանգութիւն կը սպասէ ա) օծեալներուն, բ) «ուրիշ ոչխարներ»ուն։

3 Յարաբերաբար քիչ թիւով քրիստոնեաներ անձկագին կը սպասեն «անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեան», այսինքն՝ Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ իշխելու անգին առանձնաշնորհումը (Ա. Պետ. 1։3, 4)։ Այդ ժառանգութիւնը ստանալու համար, անոնք պէտք է ‘նորէն ծնին’ (Յովհ. 3։1-3)։ Իսկ Յիսուսի միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»ուն ժառանգութիւնը ի՞նչ է, որոնք օծեալներուն հետ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն (Յովհ. 10։16)։ Անոնք պիտի ստանան այն ժառանգութիւնը, որ մեղանչող Ադամն ու Եւան բնաւ չստացան. յաւիտենական կեանք երկրային դրախտի մը մէջ, ուր տառապանք, մահ կամ սուգ չկայ (Յայտ. 21։1-4)։ Այսպէս, Յիսուս կրցաւ չարագործին խոստանալ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկ. 23։43

4. Արդէն իսկ ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։

4 Նոյնիսկ հիմա մեր ժառանգութեան որոշ երեսակները կը վայելենք։ Քանի որ Յիսուսի փրկանքի զոհին կը հաւատանք, ներքին խաղաղութիւն եւ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունինք (Հռով. 3։23-25)։ Աստուծոյ Խօսքին թանկարժէք խոստումներուն մասին յստակ հասկացողութիւն ձեռք ձգած ենք։ Ասկէ զատ, միջազգային եղբայրութեան մաս կազմելը մեզ շա՜տ կ’ուրախացնէ։ Եւ ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է Եհովայի վկաներ ըլլալ։ Անկասկած մեր ժառանգութիւնը կ’արժեւորենք։

5. ա) Սատանան ջանացած է ի՞նչ ընել Աստուծոյ ժողովուրդին։ բ) Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ Սատանայի հնարքներուն դէմ դնենք։

5 Մեր ժառանգութիւնը չկորսնցնելու համար, պէտք է Սատանայի հնարքներէն յարատեւ զգուշանանք։ Սատանան միշտ ջանացած է Աստուծոյ ծառաները մղել որ վատ ընտրութիւններ ընեն, որպէսզի իրենց ժառանգութիւնը կորսնցնեն (Թուոց 25։1-3, 9)։ Գիտնալով որ իր վերջը մօտ է, Սատանան շատ ջանք կը թափէ որ մեզ փորձութեան մատնէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։12, 17Եթէ կ’ուզենք «Սատանային հնարքներուն դէմ դնել», պէտք է շարունակենք մեր ժառանգութիւնը մեծապէս արժեւորել (Եփ. 6։11)։ Այս ուղղութեամբ, Իսահակ նահապետի անդրանիկ որդիին՝ Եսաւի ազդարարական օրինակէն կրնանք կարեւոր դասեր քաղել։

ԵՍԱՒԻ ՄԻ՛ ՆՄԱՆԻՐ

6, 7. Եսաւ ո՞վ էր եւ իրեն ի՞նչ ժառանգութիւն կը սպասէր։

6 Շուրջ 4000 տարի առաջ, Ռեբեկան երկու որդի ծնաւ. Եսաւն ու Յակոբը։ Այս երկուորեակները բնաւորութեամբ եւ գործունէութիւններու ընտրութեան մէջ կը տարբերէին։ «Եսաւ դաշտի մարդ՝ վարպետ որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտ բարքով մարդ էր ու վրաններու մէջ կը բնակէր» (Ծն. 25։27)։ Աստուածաշունչի թարգմանիչ՝ Ռապըրթ Ալթըր կը նշէ, թէ «հանդարտ բարք» թարգմանուած եբրայերէն բառը «կ’ակնարկէ ուղղամտութեան կամ նոյնիսկ անմեղութեան»։

7 Երբ Եսաւն ու Յակոբը 15 տարեկան էին, իրենց մեծ հայրը՝ Աբրահամ մահացաւ։ Բայց Աբրահամի ըրած Եհովայի խոստումը չմեռաւ։ Յետագային, Եհովան Իսահակի ըսաւ, որ երկրի բոլոր ազգերը Աբրահամի սերունդով պիտի օրհնուէին (կարդա՛ Ծննդոց 26։3-5Այս խոստումը ցոյց տուաւ, թէ Մեսիան՝ Ծննդոց 3։15–ի հաւատարիմ «սերունդ»ը, Աբրահամի զարմէն պիտի գար։ Իսահակի անդրանիկը ըլլալով, Եսաւ այդ խոստումին օրինական իրաւունքը ունէր։ Ի՜նչ հոյակապ ժառանգութիւն կը սպասէր Եսաւին։ Բայց արդեօք ան զայն արժեւորե՞ց։

Հոգեւոր ժառանգութիւնդ վտանգի տակ մի՛ դներ

8, 9. ա) Իր ժառանգութեան նկատմամբ, Եսաւ ի՞նչ ընտրութիւն ըրաւ։ բ) Տարիներ ետք, Եսաւ իր ընտրութեան նկատմամբ ի՞նչ գիտակցեցաւ եւ ինչպէ՞ս հակազդեց։

8 Օր մը, երբ Եսաւ դաշտէն վերադարձաւ, նկատեց որ Յակոբ «ապուր կ’եփէր»։ Եսաւ անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, այդ շիկաթանէն տուր որ ուտեմ, քանզի կը մարիմ»։ Յակոբ պատասխանեց. «Ծախէ՛ ինծի այսօր քու անդրանկութեանդ իրաւունքը»։ Եսաւ ի՞նչ որոշեց ընել։ Ան ըսաւ. «Անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։ Արդարեւ, Եսաւ անդրանկութեան իրաւունքին տեղ ապուրը ընտրեց։ Ծննդեան իրաւունքի փոխանցումը օրինականացնելու համար, Յակոբ պնդեց. «Այսօր ինծի երդում ըրէ»։ Առանց վարանելու, Եսաւ իր ծննդեան իրաւունքը լքեց։ Անկէ ետք, «Յակոբ հաց ու ոսպէ ապուր տուաւ Եսաւին եւ անիկա կերաւ ու խմեց ու ելաւ գնաց։ Այսպէս Եսաւ իր անդրանկութիւնը անարգեց» (Ծն. 25։29-34

9 Տարիներ ետք, երբ Իսահակ խորհեցաւ որ մեռնելու վրայ էր, Ռեբեկան կարգադրութիւններ ըրաւ որ Յակոբ իրապէս ստանայ այն ծննդեան իրաւունքը, որ Եսաւ անոր ծախած էր։ Երբ Եսաւ գիտակցեցաւ որ յիմար ընտրութիւն մը ըրած էր իր ծննդեան իրաւունքը ծախելով, Իսահակի աղաչեց. «Զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՜վ հայր իմ. . . Ինծի համար օրհնութիւն մը չթողուցի՞ր»։ Երբ Իսահակ ըսաւ որ ա՛լ չէր կրնար փոխել այն օրհնութիւնը որ արդէն Յակոբի տուած էր, «Եսաւ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ» (Ծն. 27։30-38

10. Աստուած Եսաւն ու Յակոբը ինչպէ՞ս նկատեց եւ ինչո՞ւ։

10 Այս արձանագրութեան մէջ Եսաւի կեցուածքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ան ցոյց տուաւ թէ իր մարմնաւոր ցանկութիւնները գոհացնելը աւելի՛ կարեւոր էր իրեն համար, քան՝ այն ապագայի օրհնութիւնները, որոնք իր ժառանգութենէն յառաջ պիտի գային։ Եսաւ իր ծննդեան իրաւունքը չարժեւորեց եւ բացայայտօրէն Աստուած իրապէս չսիրեց։ Ասկէ զատ, Եսաւ անտեսեց իր արարքին ազդեցութիւնը իր զարմին վրայ։ Առ ի հակապատկեր, Յակոբ խորապէս գնահատեց իր ժառանգութիւնը։ Օրինակի համար, ան կին ընտրելու մէջ իր ծնողքին ցուցմունքին հետեւեցաւ (Ծն. 27։46–28։3)։ Թէեւ այս ընտրութիւնը համբերատարութիւն եւ զոհողութիւն պահանջեց, բայց Յակոբ Մեսիային մէկ նախահայրը դարձաւ։ Իսկ Աստուած ինչպէ՞ս նկատեց Եսաւն ու Յակոբը։ Մաղաքիա մարգարէին միջոցաւ, ան ըսաւ. «Ես Յակոբը սիրեցի, բայց Եսաւը ատեցի» (Մաղ. 1։2, 3

11. ա) Ինչո՞ւ կրնանք Եսաւի արձանագրութենէն օգտուիլ։ բ) Պօղոս ինչո՞ւ Եսաւի արարքը կապեց պոռնկութեան հետ։

11 Եսաւի արձանագրութենէն կրնանք օգտուիլ։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները զգուշացուց որ ուշադիր ըլլան, որպէսզի «չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ [«սուրբ բաները չգնահատող», ՆԱ]՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց» (Եբ. 12։16)։ Ներկայիս մենք ալ պէտք է այդ ազդարարութիւնը լուրջի առնենք։ Հարկ է որ սուրբ բաները միշտ գնահատենք, որպէսզի փորձութեան դէմ դնենք եւ մեր ժառանգութիւնը պահպանենք։ Սակայն, ինչո՞ւ Պօղոս պոռնկութիւնը Եսաւի արարքին հետ կապեց։ Քանի որ եթէ Եսաւի նման գործենք եւ թոյլ տանք որ մեր մարմնաւոր ցանկութիւնները մեր վրայ իշխեն, դիւրաւ պոռնկութեան նման լուրջ մեղքեր պիտի գործենք եւ առ ի արդիւնք մեր ժառանգութիւնը կորսնցնենք։

ՀԻՄԱ ՍԻՐՏԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

12. ա) Սատանան ինչպէ՞ս մեր առջեւ փորձութիւններ կը դնէ։ բ) Աստուածաշունչէն օրինակներ տո՛ւր, որոնք կրնան մեզի օգնել, երբ դժուար ընտրութիւններու առջեւ գտնուինք։

12 Որպէս Եհովայի ծառաներ, վստահաբար ամէն բան կ’ընենք որ խուսափինք այնպիսի պարագաներէ, որոնք մեզ պիտի փորձեն որ անբարոյ արարքներ գործենք։ Նաեւ, կ’աղօթենք որ Եհովա Աստուած մեզի օգնէ փորձութեան դէմ դնելու (Մատ. 6։13)։ Բայց Սատանան շարունակ կը փորձէ մեր հոգեւորութիւնը տկարացնել, մինչ կը ջանանք այս անբարոյ աշխարհին մէջ մեր ուղղամտութիւնը պահպանել (Եփ. 6։12)։ Այս չար աշխարհի աստուածը ըլլալով, Բանսարկուն գիտէ ի՛նչ փորձութիւններ գործածել, որպէսզի մարդիկ վատ ցանկութիւններու անձնատուր ըլլան (Ա. Կոր. 10։8, 13)։ Օրինակի համար, երեւակայէ որ պարագայի մը մէջ կը գտնուիս որ քեզի պատեհութիւն կու տայ, որ որոշ ցանկութիւն մը անբարոյ կերպով յագեցնես։ Արդեօք ի՞նչ պիտի ընտրես ընել։ Եսաւի նման պիտի ըսե՞ս. ‘Շո՛ւտ ըրէ, տո՛ւր ինծի’. թէ ոչ փորձութեան դէմ պիտի դնես եւ անկէ փախչիս, ճիշդ ինչպէս որ Յակոբի տղան՝ Յովսէփը ըրաւ, երբ Պետափրէսի կնոջ կողմէ փորձուեցաւ (կարդա՛ Ծննդոց 39։10-12

13. ա) Ներկայիս, շատեր ինչպէ՞ս Յովսէփի նման վարուած են, իսկ ոմանք՝ Եսաւի նման։ բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի Եսաւի նման չվարուինք։

13 Մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր գտնուած են այնպիսի պարագաներու ներքեւ, ուր պիտի ընտրէին կա՛մ Եսաւի նման վարուիլ եւ կամ՝ Յովսէփի նման։ Անոնց մեծամասնութիւնը իմաստութեամբ վարուած է եւ Եհովայի սիրտը ուրախացուցած է (Առ. 27։11)։ Փորձութեան դիմաց սակայն, մեր հաւատակիցներէն ոմանք ընտրած են Եսաւի նման վարուիլ, իրենց հոգեւոր ժառանգութիւնը վտանգելով։ Իրականութեան մէջ, սեռային սխալ վարքի պատճառաւ, ամէն տարի բազմաթիւ դատական որոշումներ կ’առնուին եւ վտարումներ կ’ըլլան։ Որքա՜ն կարեւոր է որ մեր սիրտը հիմա պատրաստենք,– առաջ որ մեր ուղղամտութիւնը փորձող պարագաներ դիմագրաւենք (Սաղ. 78։8)։ Կրնանք առնուազն երկու քայլեր առնել, որոնք պատնէշի մը նման մեզի պիտի օգնեն, որ փորձութեան դէմ դնենք եւ յետագային իմաստուն որոշումներ կայացնենք։

ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ ԵՒ ԱՄՐԱՑՈՒՐ

Մեր պաշտպանութիւնը կ’ամրացնենք՝ Եհովայի իմաստութիւնը փնտռելով

14. Ո՞ր հարցումներուն վրայ խոկալը մեզի կրնայ օգնել, որ ‘չարէն զզուինք ու բարիին յարինք’։

14 Առաջին քայլն է՝ մեղանչելուն հետեւանքներուն մասին խորհրդածել։ Որքան աւելի Եհովան սիրենք, այնքան աւելի մեր ժառանգութիւնը պիտի գնահատենք։ Վերջ ի վերջոյ, եթէ մէկը կը սիրենք, չենք ուզեր զինք վիրաւորել։ Ընդհակառա՛կը, կը ջանանք անոր հաճութեան արժանանալ։ Քանի որ այդպէս է պարագան, լաւ կ’ընենք որ ժամանակ յատկացնենք խորհրդածելու, թէ անմաքուր մարմնաւոր ցանկութիւններուն անձնատուր ըլլալը ի՛նչ հետեւանքներ ունի թէ՛ մեր վրայ եւ թէ ուրիշներուն վրայ։ Պէտք է մենք մեզի հարց տանք. ‘Իմ անձնասէր արարքս ինչպէ՞ս կրնայ Եհովայի հետ իմ փոխյարաբերութեանս ազդել։ Այդ սխալ արարքը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ընտանիքիս վրայ։ Ատիկա ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն ինչպէ՞ս պիտի ազդէ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ուրիշները գայթակղեցնեմ’ (Փլպ. 1։10)։ Կրնանք նաեւ հարց տալ. ‘Քանի մը վայրկեան տեւող ապօրինի հաճոյքի մը համար, կ’արժէ՞ որ յետագային սուղ գին վճարեմ։ Իրապէս կ’ուզե՞մ որ ի վերջոյ Եսաւին նման դառնապէս լամ’ (Եբ. 12։17)։ Այսպիսի հարցումներու վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ, որ ‘չարէն զզուինք ու բարիին յարինք’ (Հռով. 12։9)։ Մասնաւորաբար Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ պիտի մղէ, որ մեր ժառանգութեան յարինք (Սաղ. 73։28

15. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ որեւէ փորձութեան դէմ դնենք եւ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պաշտպանենք։

15 Երկրորդ քայլն է՝ մեր պաշտպանութիւնը ամրացնել։ Եհովան բազմաթիւ կարգադրութիւններ ըրած է, որպէսզի մենք մեզ պատրաստենք աշխարհի փորձութիւններուն դէմ դնելու եւ Իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պաշտպանելու։ Այդ կարգադրութիւնները կը պարփակեն՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, ժողովները, դաշտի ծառայութիւնը եւ աղօթքը (Ա. Կոր. 15։58)։ Ամէն անգամ որ սրտանց Եհովայի կ’աղօթենք եւ իւրաքանչիւր անգամ որ մասնակցութիւն կը բերենք դաշտի ծառայութեան մէջ, կարծես թէ փորձութիւններու դէմ մեր պատնէշը կ’ամրացնենք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19Մեծաւ մասամբ, մեր պաշտպանութեան զօրաւոր ըլլալը կախեալ է մեր անձնական ջանքերէն (Գաղ. 6։7, 8)։ Առակաց գրքին երկրորդ գլուխը այս կէտը կ’ընդգծէ։

‘ԶԱՆԻԿԱ ՓՆՏՌԷ’

16, 17. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ իմաստուն որոշումներ կայացնելու։

16 Առակաց գրքին երկրորդ գլուխը մեզ կը քաջալերէ, որ իմաստութիւն եւ մտածելու կարողութիւն ձեռք ձգենք։ Այս պարգեւները մեզ կարող կը դարձնեն ընտրելու կա՛մ ճիշդը եւ կամ սխալը, կա՛մ ինքնակրթութիւնը եւ կամ ինքնահաճութիւնը։ Բայց այս մարզին մէջ յաջողիլը կախեալ է մեր թափած ջանքերէն։ Այդ հիմնական ճշմարտութիւնը շեշտելով, Աստուածաշունչը կը նշէ. «Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։ Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են» (Առ. 2։1-6

17 Եթէ այդ համարներուն մէջ նկարագրուածը ընենք, պիտի կարենանք իմաստուն որոշումներ կայացնել։ Փորձութիւններու դէմ կրնանք յաջողապէս հաստատուն կայնիլ, եթէ թոյլ տանք Եհովայի խօսքերուն որ մեր ներսի մարդը կաղապարեն, եթէ Աստուծոյ ուղղութեան համար յարատեւաբար աղօթենք, եւ եթէ շարունակ Աստուծոյ գիտութիւնը փնտռենք՝ ինչպէս որ ծածուկ գանձեր կը փնտռենք։

18. Ի՞նչ վճռած ես ընել եւ ինչո՞ւ։

18 Եհովան գիտութիւն, հասկացողութիւն, խորաթափանցութիւն եւ իմաստութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք այս պարգեւներուն հետամուտ կ’ըլլան։ Որքա՛ն աւելի այս պարգեւները փնտռենք ու զանոնք գործածենք, այնքա՛ն աւելի պիտի մօտենանք զանոնք Հայթայթողին՝ Եհովային։ Իր կարգին, Եհովա Աստուծոյ հետ մեր մտերիմ փոխյարաբերութիւնը մեզ պիտի պաշտպանէ, երբ փորձութեան մը դիմաց գտնուինք։ Եհովայի մօտենալը եւ իրեն հանդէպ յարգալից երկիւղ ունենալը մեզ պիտի պաշտպանէ որ յանցագործութեան միջամուխ չըլլանք (Սաղ. 25։14. Յակ. 4։8)։ Թող որ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը եւ աստուածային իմաստութեան կիրարկումը մեզ մղեն, որ շարունակենք ընել լաւ ընտրութիւններ, որոնք Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնեն եւ մեր ժառանգութիւնը պահպանեն։