‘Աստուած ճանչցանք’. հիմա ի՞նչ
«Ճանչցաք Աստուած» (ԳԱՂ. 4։9)։
1. Օդանաւը թռիչք առնելէ առաջ, օդաչուն ինչո՞ւ ստուգացանկ մը աչքէ կ’անցընէ։
ԱՄԷՆ անգամ որ օդաչուն թռիչքի կը պատրաստուի, օդանաւը ուշադրութեամբ կը քննէ։ Ան ստուգացանկ մը կը գործածէ, վստահ ըլլալու համար որ ամէն բան ստուգած է։ Եթէ ան օդանաւը չստուգէ, թերեւս չնկատէ խնդիր մը, որ կրնայ արկած պատճառել։ Նոյնիսկ փորձառու օդաչուները պէտք է ստուգացանկը ծայրէ–ծայր քննեն։
2. Քրիստոնեաներուն ի՞նչ ստուգացանկ յանձնարարուած է։
2 Օդաչուին ստուգացանկին նման, հոգեւոր ստուգացանկ մը գոյութիւն ունի, որ կրնանք աչքէ անցընել, վստահ ըլլալու համար որ նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն մեր հաւատքը զօրաւոր պիտի մնայ։ Ըլլա՛նք նոր մկրտուած կամ տարիներէ Աստուծոյ ծառայող, մեր հաւատքին խորութիւնը եւ Եհովա Աստուծոյ մեր ըրած նուիրումը կանոնաւորաբար քննելը կենսական է։ Եթէ պարզապէս խորհինք թէ մեր հաւատքը բաւական զօրաւոր է, կեանքի դժուար մէկ փորձութիւնը կրնայ մեզ հոգեւորապէս քանդել։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ» (Ա. Կոր. 10։12)։
3. Գաղատիոյ քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընէին։
3 Գաղատիոյ քրիստոնեաները հարկ էր որ իրենց հաւատքին խորութիւնը ստուգէին եւ իրենց հոգեւոր ազատութիւնը գնահատէին։ Իր զոհաբերութեան միջոցաւ, Յիսուս ճամբան հարթած էր իրեն հաւատք ընծայողներուն, որ ամէնէն հոյակապ կերպով Աստուած ճանչնան,– անոնք կրնային Աստուծոյ որդիները ըլլալ (Գաղ. 4։9)։ Այդ օրհնեալ փոխյարաբերութեան մէջ մնալու համար, գաղատացիները պէտք էր մերժէին հրէութիւն գործադրողներուն ուսուցումները, որոնք կը պնդէին որ Մովսիսական օրէնքը պէտք է պահուէր։ Մինչդեռ Օրէնքը այլեւս ի զօրու չէր եւ անթլփատ հեթանոսները բնա՛ւ Օրէնքին ներքեւ չէին։ Հրեաները ե՛ւ ոչ–հրեաները պէտք է հոգեւորապէս յառաջդիմէին։ Ասիկա կը պարփակէր նաեւ գիտակցիլ թէ Մովսիսական օրէնքին միջոցաւ չէին կրնար արդար սեպուիլ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐԸ
4, 5. Պօղոս գաղատացիներուն ի՞նչ խրատ տուաւ եւ ատիկա ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար։
4 Գաղատացիներուն յղուած Պօղոս առաքեալի խրատին նպատակն էր՝ յիշեցնել քրիստոնեաներուն որ որեւէ ատեն կռնակ չդարձնեն Աստուածաշունչի ճշմարտութեան եւ չվերադառնան ետին գտնուող բաներուն։ Եհովան առաքեալը ներշնչեց, որպէսզի քաջալերէ ոչ միայն Գաղատիոյ ժողովքներու անդամները, այլեւ՝ իր բոլոր երկրպագուները, որ հաստատ կենան։
5 Լաւ կ’ընենք եթէ յիշենք ինչպէ՛ս հոգեւոր ստրկութենէ ազատեցանք եւ Եհովայի վկայ դարձանք։ Այս նպատակով, նկատի առ հետեւեալ երկու հարցումները. կը յիշե՞ս այն քայլերը որ առիր մկրտութեան որակեալ ըլլալու համար։ Կը յիշե՞ս ինչպէ՛ս Աստուած ճանչցար եւ Աստուած քեզ ճանչցաւ, եւ այսպէս իսկական հոգեւոր ազատութիւն վայելեցիր։
6. Ի՞նչ ստուգացանկ նկատի պիտի առնենք։
6 Հիմնականօրէն, բոլորս 9 քայլ առինք։ Ատոնք հոգեւոր ստուգացանկի մը նման, նշուած են «Մկրտութեան եւ յաւելեալ աճումի առաջնորդող քայլեր» շրջանակին մէջ։ Այս 9 քայլերը կանոնաւորաբար յիշելը մեզ պիտի զօրացնէ որ ետ չդառնանք այս աշխարհի բաներուն։ Ճիշդ ինչպէս որ փորձառու բայց ուշադիր օդաչուն կը շարունակէ ապահովաբար օդանաւը քշել, նա՛խ իր ստուգացանկը վերաքաղ ընելով, նմանապէս դուն պիտի կարենաս շարունակել Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել, հոգեւոր ստուգացանկը աչքէ անցընելով։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՂՄԷ ՃԱՆՉՑՈՒՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԱՃԻԼ
7. Ո՞ր «օրինակ»ին պէտք է հետեւինք եւ ինչո՞ւ։
7 Օդաչուին ստուգացանկը իրեն կը յիշեցնէ, թէ իւրաքանչիւր թռիչքէ առաջ հետեւելիք սովորամոլութիւն մը կայ։ Մենք ալ կրնանք կանոնաւորաբար մենք մեզ եւ մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ստուգել կամ քննել։ Պօղոս Տիմոթէոսին գրեց. «Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինձմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է» (Բ. Տիմ. 1։13)։ Այդ «ողջամիտ խօսքեր»ը Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնուին (Ա. Տիմ. 6։3)։ Պարզ գծագրութիւն մը կրնայ որոշ բանի մը ընդհանուր գաղափարը հաղորդել։ Համանման կերպով, «ողջամիտ խօսքեր»ը մեզի կ’օգնեն ընդհանուր առմամբ հասկնալու, թէ Եհովան մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Այժմ քննենք այն քայլերը, որ մեր մկրտութեան առաջնորդեցին եւ ստուգենք թէ որքա՛ն մօտէն ճշմարտութեան կը հետեւինք։
8, 9. ա) Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք գիտութեան եւ հաւատքի մէջ աճիլ։ բ) Լուսաբանէ հոգեւոր աճումին արժէքը եւ թէ ինչո՛ւ ատիկա շարունակական գործընթաց մըն է։
8 Մեր ստուգացանկին մէջ առաջին կէտն է՝ գիտութիւն ստանալ։ Ապա, կրնանք հաւատք մշակել։ Բայց պէտք է շարունակենք երկու երեսակներուն մէջ աճիլ (Բ. Թես. 1։3)։ Աճիլը աստիճանական փոփոխութիւններ կը պարփակէ, նշանակելով՝ աւելնալ, մեծնալ։ Այսպէս, մկրտութենէ ետք մեր հոգեւորութիւնը շարունակաբար պէտք է զարգանայ եւ աւելի զօրանայ։
9 Մեր հոգեւոր աճումը կրնանք համեմատել ծառի մը ֆիզիքական աճման հետ։ Ծառ մը կրնայ աճիլ եւ հսկայ դառնալ, մանաւանդ երբ ատոր արմատները խոր եւ երկար ըլլան։ Օրինակի համար, Լիբանանի կարգ մը մայրիներուն հասակը կրնայ 37 մեթր ըլլալ, իսկ կոճղի շրջագիծը՝ 12 մեթր (Երգ 5։15)։ Երբ այսպիսի ծառի մը սկզբնական աճումը դադրի, ծառը տակաւին կ’աճի, բայց աճումը աչքառու չ’ըլլար։ Տարիէ տարի ծառին կոճղը կը լայննայ եւ արմատները կը խորանան ու կը տարածուին, աւելի տոկուն ծառ մը դառնալով։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ քրիստոնեայի մը հոգեւոր աճման մասին։ Սկիզբը կրնանք շուտով հոգեւորապէս աճիլ, մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, եւ ապա կը մկրտուինք. իսկ ժողովքի անդամներուն համար մեր յառաջդիմութիւնը յայտնի կ’ըլլայ։ Թերեւս նոյնիսկ ռահվիրայութիւն ընելու կամ ուրիշ առանձնաշնորհումներ ձեռք ձգելու որակեալ ըլլանք։ Յաջորդող տարիներուն սակայն, մեր շարունակական հոգեւոր աճումը այնքան ալ աչքառու չ’ըլլար։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է հաւատքի եւ գիտութեան մէջ աճինք ու հասնինք «կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու» (Եփ. 4։13)։ Այսպէս, երբ քրիստոնէական հասունութեան դիմենք, կարծես թէ կ’աճինք փոքրիկ ընձիւղէ մը ու կը դառնանք տոկուն ծառ։
10. Աճումը ինչո՞ւ կարեւոր է նոյնիսկ հասուն քրիստոնեաներու համար։
10 Բայց մեր աճումը հոն պէտք չէ կենայ։ Մեր գիտութիւնը պէտք է աւելնայ եւ մեր հաւատքը՝ խորանայ, Աստուծոյ Խօսքին հողին մէջ աւելի զօրաւոր արմատներ նետելով (Առ. 12։3)։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր այդպէս ըրած են։ Օրինակի համար, եղբայր մը, որ աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր երէց է, նշեց թէ տակաւի՛ն հոգեւորապէս կ’աճի։ Ան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչի հանդէպ իմ գնահատութիւնս մեծապէս աճած է։ Շարունակ նոր պատեհութիւններ կը փնտռեմ սուրբ գրային սկզբունքներ եւ օրէնքներ այլազան ձեւերով կիրարկելու։ Ծառայութեան հանդէպ գնահատութիւնս ալ կը շարունակէ խորանալ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԴ ԱՄՐԱՑՈՒՐ
11. Ինչպէ՞ս կրնանք ժամանակի ընթացքին Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ։
11 Մեր աճումը նաեւ կը պարփակէ՝ Եհովային աւելի մօտենալ որպէս Բարեկամ եւ Հայր։ Ան կ’ուզէ որ զգանք թէ սիրուած եւ ապահով ենք, ճիշդ ինչպէս որ մանուկ մը կը զգայ երբ իր հոգատար ծնողին գիրկն է, կամ չափահաս մը՝ երբ իր հաւատարիմ ընկերոջ հետ է։ Անշուշտ, մէկ օրէն միւսը Եհովային հետ չենք մտերմանար։ Զինք ճանչնալն ու սիրելը ժամանակի կը կարօտի։ Ուստի, Եհովային անձնաւորութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու համար, վճռէ ամէն օր ժամանակ տրամադրել իր Խօսքը կարդալու։ Ինչպէս նաեւ կարդա՛ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի իւրաքանչիւր թիւ ե՛ւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ա՛յլ հրատարակութիւններ։
12. Որպէսզի Եհովան մեզ ճանչնայ, ի՞նչ պէտք է ընենք։
12 Աստուծոյ բարեկամները հոգեւորապէս կ’աճին իրենց անկեղծ աղօթքներով եւ լաւ ընկերակցութեամբ (կարդա՛ Մաղաքիա 3։16)։ Եհովային «ականջները անոնց աղօթքին» ուղղուած են (Ա. Պետ. 3։12)։ Սիրալիր ծնողի մը նման, Եհովան մեր աղերսանքները կը լսէ։ Ուստի, պէտք է ‘ստէպ աղօթքի կենանք’ (Հռով. 12։12)։ Չենք կրնար չափահաս քրիստոնեաներ մնալ, եթէ Աստուծոյ օգնութիւնը չունինք։ Այս աշխարհի ճնշումները ա՛յնքան շատ են որ չենք կրնար առանձին դիմադրել կամ յաղթահարել։ Եթէ աղօթքի մէջ չյարատեւենք, Աստուծոյ հայթայթած հարկ եղած զօրութիւնը պիտի չստանանք եւ յուսախաբ ըլլալով՝ թերեւս սխալ արարք գործենք։ Արդեօք աղօթքներուդ որակէն գո՞հ ես, թէ ոչ հարկ կը զգաս որ այս մարզին մէջ բարելաւուիս (Եր. 16։19)։
13. Հաւատակիցներուն հետ ընկերակցիլը ինչո՞ւ մեր հոգեւոր աճումին համար կենսական է։
13 Եհովան կը հաճի բոլոր անոնց՝ որոնք ‘իրեն կ’ապաւինին’։ Ուստի, նոյնիսկ Աստուած ճանչնալէ ետք, կ’ուզենք շարունակել կանոնաւորաբար ընկերակցիլ զինք ճանչցողներուն հետ (Նաւ. 1։7)։ Վհատութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ, իմաստութիւն է շրջապատուիլ մեր եղբայրներով եւ քոյրերով, որոնք քաջալերութեան աղբիւր են։ Ժողովքին մէջ պիտի գտնես անհատներ, որոնք քեզ պիտի մղեն «սիրոյ եւ բարեգործութեան» (Եբ. 10։24, 25)։ Կարելի չէ Պօղոսի այդ խրատին հետեւիլ, եթէ ժողովքին հետ ժամանակ չենք անցըներ։ Այսպիսի սէր ցուցաբերելը կը պարփակէ ուրիշ քրիստոնեաներու հետ ընկերակցիլ։ Անոր համար կարեւոր է որ մեր ստուգացանկին վրայ նշենք, թէ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ կը գտնուինք եւ կը մասնակցինք։
14. Զղջալը եւ դարձի գալը ինչպէ՞ս շարունակական գործընթաց մըն է։
14 Քրիստոնեայ ըլլալը մեզի համար նշանակեց զղջալ եւ մեր մեղաւոր ընթացքէն դարձի գալ։ Բայց ասոնք շարունակական գործընթաց են։ Անկատար ըլլալով եւ տկարութիւններ ունենալով, մեղանչելը դիւրին բան է։ Մեղքը կը նմանի օձի մը, որ ամէն առիթով պատրաստ է մեզ խայթելու (Հռով. 3։9, 10. 6։12-14)։ Ուստի, թող որ զգաստ մնանք, առանց մեր սխալները անտեսելու։ Եհովան մեզի հանդէպ համբերատար կը գտնուի, մինչ անկեղծօրէն կը ջանանք մեր տկարութիւններուն դէմ դնել եւ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընել (Փլպ. 2։12. Բ. Պետ. 3։9)։ Ժամանակդ եւ կորովդ Եհովայի՛ն ծառայութեան մէջ գործածէ, փոխանակ անձնասէր հետապնդումներու համար։ Քոյր մը որ հաւատացեալ ընտանիքի մէջ մեծցած էր, խորհեցաւ որ պէտք է Եհովայէն շա՛տ վախնար եւ զգաց որ բնա՛ւ պիտի չկարենար զինք հաճեցնել։ Ան Եհովային մօտ չզգաց եւ սխալ արարքներ գործեց։ Քոյրը ըսաւ. «Հարցը այն չէր թէ Եհովան չէի սիրեր, հապա՝ զինք չէի ճանչնար»։ Ուստի, աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրեց եւ սկսաւ կարգ մը փոփոխութիւններ ընել։ Ան աւելցուց. «Նկատեցի թէ Եհովան ձեռքէս բռնելով զիս առաջնորդեց, քնքշօրէն օգնելով մէկ առ մէկ խոչընդոտները յաղթահարելու եւ ցոյց տալով թէ ի՛նչ պէտք է ընէի»։
15. Յիսուս եւ իր Հայրը ի՞նչ կը նկատեն։
15 Բարի լուրը «ժողովուրդին յայտնեցէք»։ Այս խօսքը Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն, զիրենք բանտէն հրաշալիօրէն ազատելէ ետք (Գործք 5։19-21)։ Արդ, դաշտի ծառայութեան մէջ շաբաթական բաժին բերելը մեր ստուգացանկին վրայ ա՛յլ կէտ մըն է։ Յիսուս եւ իր Հայրը կը նշմարեն թէ՛ մեր հաւատքը եւ թէ մեր ծառայութիւնը (Յայտ. 2։19)։ Նախապէս մէջբերուած երէցը կ’ըսէ. «Դաշտի ծառայութիւնը մեր ի՛նչ ըլլալը կը յայտնէ»։
16. Ինչո՞ւ լաւ է Եհովայի ըրած մեր նուիրումին վրայ խոկալ։
16 Նուիրումիդ վրայ խոկա՛։ Ամէնէն թանկագին ստացուածքը որ ձեռք ձգած ենք, Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնն է։ Ան կը ճանչնայ իրեն պատկանող անհատները (կարդա՛ Եսայի 44։5)։ Աղօթքով քննէ իրեն հետ փոխյարաբերութեանդ որակը եւ խորութիւնը։ Նաեւ, մի՛ մոռնար մկրտութեանդ թուականը։ Ասիկա ալ քեզի պիտի յիշեցնէ, թէ մկրտութիւնդ կը խորհրդանշէ ամէնէն կարեւոր որոշումը որ ցարդ առած ես։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԻԿ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ
17. Եհովային մօտիկ մնալու համար, ինչո՞ւ համբերատարութեան հարկ ունինք։
17 Երբ գաղատացիներուն կը գրէր, Պօղոս համբերատարութեան կարիքը շեշտեց (Գաղ. 6։9)։ Ասիկա նաեւ այժմու քրիստոնեային համար կարեւոր է։ Արդարեւ փորձութիւններու առջեւ պիտի գտնուիս, բայց Եհովան քեզի պիտի օգնէ։ Շարունակէ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրել։ Պիտի հանգստանաս երբ Եհովան նեղութիւնդ ուրախութեամբ փոխարինէ, իսկ վիշտդ՝ խաղաղութեամբ (Մատ. 7։7-11)։ Հետեւեալին մասին մտածէ. եթէ Եհովան հոգ կը տանի թռչուններուն, ուրեմն որքա՜ն կը հոգայ քեզ, դուն որ զինք կը սիրես եւ անձդ իրեն նուիրած ես (Մատ. 10։29-31)։ Ի՛նչ ճնշում ալ դիմագրաւես, բնաւ ետ մի՛ քաշուիր ու մի՛ յանձնուիր։ Եհովային կողմէ ճանչցուելով, մենք այժմ շատ օրհնութիւններ կը վայելենք։
18. ‘Աստուած ճանչնալէ’ ետք, հիմա ի՞նչ կ’ուզես ընել։
18 Արդ, եթէ վերջերս Աստուած ճանչցար եւ մկրտուեցար, հիմա ի՞նչ։ Շարունակէ Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ՝ հոգեւոր հասունութեան դիմելով։ Իսկ եթէ տարիներէ ի վեր մկրտուած ես, հիմա ի՞նչ։ Դուն ալ շարունակէ Եհովայի մասին ունեցած գիտութիւնդ խորացնել եւ աւելցնել։ Պէտք է ուշադիր ըլլաս որ չմտածես թէ Աստուած բաւարար կերպով կը ճանչնաս եւ թէ հարկ չունիս իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ ամրացնելու։ Փոխարէն, ժամանակ առ ժամանակ բոլորս պէտք է մեր հոգեւոր ստուգացանկը աչքէ անցընենք, վստահ ըլլալու համար որ կը շարունակենք աճեցնել մեր փոխյարաբերութիւնը մեր սիրալիր Հօր, Բարեկամին եւ Աստուծոյն՝ Եհովայի հետ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 13։5, 6)։