Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սրտին դիտաւորութիւններէն զգուշացի՛ր

Սրտին դիտաւորութիւններէն զգուշացի՛ր

«Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է», կը նշէ Աստուածաշունչը (Եր. 17։9)։ Երբ մեր սիրտը բանի մը տենչայ, ատոր դիտաւորութիւնները կատարելու համար պատճառներ չե՞նք փնտռեր։

Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը զգուշացնեն. «Սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ» (Մատ. 15։19)։ Մեր այլաբանական սիրտը կրնայ մեզի դաւաճանել եւ մղել որ արդարացնենք Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ չեղող որոշ ընթացք մը։ Եւ թերեւս չանդրադառնանք թէ սիրտը մեզ խաբած է, մինչեւ որ սխալը գործենք։ Ուստի, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել բնորոշելու մեր սրտին մտադրութիւնները առա՛ջ որ սխալ ընթացք մը բռնենք։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ ԲՆՈՐՈՇԵԼ

Ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալը ինչպէ՞ս մեր այլաբանական սրտին կրնայ ազդել

Աստուածաշունչը ամէն օր կարդա՛ եւ անոր ըսածին վրայ խոկա՛։

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին»։ Արդարեւ Սուրբ Գրքին մէջ գտնուող Աստուծոյ պատգամը «կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները» (Եբ. 4։12)։ Երբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, պէտք է քննենք մեր մտածումներն ու արարքները. ինչ որ պիտի օգնէ մեր սրտին մէջինը բնորոշելու։ Ուրեմն, որքա՜ն կարեւոր է Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալ եւ անոր ըսածին վրայ խոկալ։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովային մտածելակերպն ու տեսակէտը որդեգրենք։

Սուրբ գրային խրատներ ընդունիլը եւ աստուածաշնչական սկզբունքներ կիրարկելը մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր խղճմտանքին վրայ,– մեր ներսի ձայնը որ «կը վկայէ» (Հռով. 9։1)։ Մեր խղճմտանքին ձայնը կրնայ մեզ արգիլել սխալ ընթացք մը արդարացնելէ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ օրինակներ, որոնք մեզի «խրատ ըլլալու համար» կը ծառայեն (Ա. Կոր. 10։11)։ Եթէ ատոնցմէ սորվինք, կրնանք խուսափիլ վատ որոշումներ կայացնելէ։ Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել։

Աղօթելը կ’օգնէ մեր ներսի մարդը ճանչնալու

Աստուծոյ աղօթէ, որպէսզի քեզի օգնէ բնորոշելու սրտիդ դիտաւորութիւնները։

Եհովան ‘սրտերը փորձողն է’ (Ա. Մն. 29։17)։ Ան «մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ» (Ա. Յովհ. 3։20)։ Աստուած չի խաբուիր։ Եթէ մեր մտահոգութիւնները, զգացումները եւ փափաքները բացէ ի բաց աղօթքով արտայայտենք, Եհովան կրնայ մեզի օգնել մեր սրտին դիտաւորութիւնները բնորոշելու։ Նոյնիսկ կրնանք իրմէ խնդրել որ մեր մէջ «մաքուր սիրտ ստեղծէ» (Սաղ. 51։10)։ Հետեւաբար, լաւ է աղօթքի կարգադրութիւնը չանտեսել, քանի որ ատիկա մեր սրտին հակումները կը յայտնէ։

Ժողովները մեզի կ’օգնեն զատորոշելու մեր սրտին դիտաւորութիւնները

Ժողովներուն մէջ ներկայացուած նիւթերուն ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ։

Ասիկա կրնայ օգնել որ մեր ներքին անձը՝ սիրտը՝ անկեղծօրէն քննենք։ Թէեւ իւրաքանչիւր ժողովի ընթացքին նոր տեղեկութիւններ չստանանք, սակայն ներկայ ըլլալով Աստուածաշունչի սկզբունքները աւելի լաւ կերպով կը հասկնանք, ինչպէս նաեւ կը լսենք արժէքաւոր յիշեցումներ, որոնք կ’օգնեն մեր սրտին դիտաւորութիւնները վերլուծելու։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն տուած մեկնաբանութիւններն ալ թանկարժէք են (Առ. 27։17)։ Բայց եթէ ժողովներէն բացակայելով մենք մեզ մեկուսացնենք, կրնանք սկսիլ մեր ‘ցանկութիւնը փնտռելով’ անմիտ որոշումներ կայացնել (Առ. 18։1)։ Ուստի, իմաստութիւն է մենք մեզի սա հարցումը ուղղել. ‘Բոլո՛ր ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ ատոնցմէ օգտուելու սովորութիւնը ունի՞մ’ (Եբ. 10։24, 25

ՍԻՐՏԴ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՔԵԶ ԽԱԲԵԼ

Մեր խաբեբայ սիրտը կրնայ մեր կեանքի զանազան երեսակներուն մէջ մեզ մոլորեցնել։ Նկատի առնենք ատոնցմէ չորսը. նիւթական բաներու հետամուտ ըլլալ, ոգելից ըմպելիներու գործածութիւն, ընկերակցութեան մեր ընտրութիւնը եւ մեր ժամանցը։

Նիւթական բաներու հետամուտ ըլլալ։

Մեր ֆիզիքական կարիքները գոհացնելու փափաքը բնական է։ Բայց Յիսուս նիւթական բաներու անհարկի կարեւորութիւն տալու նկատմամբ ազդարարական օրինակ տուաւ։ Իր առակներէն մէկուն մէջ, մեր ուշադրութեան յանձնեց հարուստ մարդ մը, որուն ամբարները լեցուն էին եւ հետեւաբար իր բերքերը ամբարելու ա՛լ տեղ չունէր։ Ուստի, ան մտադրեց իր ամբարները քակել եւ աւելի մեծը շինել։ Ան տրամաբանեց. «Հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս. եւ իմ անձիս ըսեմ. ‘Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր’»։ Սակայն, ան հաշուի չառաւ այն անխուսափելի իրողութիւնը, թէ այդ նոյն գիշերը իր կեանքը կրնար վերջ գտնել (Ղուկ. 12։16-20

Մինչ տարիքով կը մեծնանք, կրնայ ըլլալ որ սկսինք մտահոգուիլ եւ ուզել ծերութեան ատեն նիւթական գետնի վրայ ապահով ըլլալ։ Ուստի, կը սկսինք ժողովի օրերուն յաւելեալ ժամով աշխատիլը արդարացնել կամ կը սկսինք մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները կերպով մը անտեսել։ Այսպիսի հակումի դէմ մենք մեզ պէտք չէ՞ պաշտպանենք։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ երիտասարդ ենք եւ կը գիտակցինք թէ լիաժամ ծառայութիւնը լաւագո՛յն ընթացքն է։ Բայց եւ այնպէս, ռահվիրայութիւն ընելու փոխարէն կը մտածենք աշխատիլ, պատճառաբանելով որ պէտք է նա՛խ նիւթական գետնի վրայ ապահով ըլլանք։ Բայց արդեօք հիմա պէտք չէ՞ մեր լաւագոյնը ընենք որ Աստուծոյ աչքին հարստանանք։ Մէկը չի գիտեր թէ վաղը ողջ է կամ ոչ։

Ոգելից ըմպելիներու գործածութիւն։

«Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն», կ’ըսէ Առակաց 23։20–ը։ Եթէ անհատ մը ոգելից ըմպելիներ խմելու զօրաւոր փափաք ունի, թերեւս կանոնաւորաբար խմելը արդարացնէ։ Կրնայ ըլլալ որ ան ըսէ, թէ կը խմէ հանգստանալու համար եւ ոչ թէ՝ գինովնալու։ Եթէ հանգստանալու համար ալքոլի պէ՛տք ունինք, ուրեմն հիմա՛ ժամանակն է մեր սրտի դիտաւորութեան անկեղծ ինքնաքննութիւն ընելու։

Ընկերակցութեան մեր ընտրութիւնը։

Անշուշտ, անհաւատներու հետ շփման մէջ գալը անխուսափելի է։ Օրինակ, մենք անոնցմով շրջապատուած ենք դպրոցին եւ գործատեղիին մէջ, ինչպէս նաեւ ծառայութեան ընթացքին։ Բայց բոլո՛րովին տարբեր հարց է անոնց հետ ընկերակցիլը կամ նոյնիսկ անոնց հետ մտերմիկ բարեկամութիւններ մշակելը։ Արդեօք այսպիսի ընկերակցութիւն կ’արդարացնե՞նք, ըսելով որ անոնք բազմաթիւ լաւ յատկութիւններ ունին։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կոր. 15։33)։ Ճիշդ ինչպէս որ քիչ մը աղտոտ ջուր կրնայ մաքուր ջուրը ապականել, նմանապէս անբարեպաշտ մարդոց հետ բարեկամանալը կրնայ մեր հոգեւորութիւնը ապականել եւ մեզ մղել որ որդեգրենք աշխարհի մարդոց տեսակէտները, հագուելակերպը, խօսելակերպը եւ վարքը։

Մեր ժամանցը։

Արդի արուեստագիտութիւնը ամէն տեսակի ժամանց դիւրաւ մատչելի կը դարձնէ մեզի։ Բայց ատոր մեծամասնութիւնը քրիստոնեային համար անպատշաճ է։ Պօղոս գրեց. ‘Ամէն կերպ պղծութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ’ (Եփ. 5։3)։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ մեր սիրտը զօրաւոր տենչ ունի անմաքուր բաներ դիտելու կամ լսելու։ Թերեւս պատճառաբանենք ըսելով որ ամէն մարդ քիչ մը հանգստութեան կամ զբօսանքի պէտք ունի, եւ թէ ժամանցը անհատական ընտրութիւն է։ Բայց եւ այնպէս, Պօղոսի խրատը լուրջի առնենք եւ թոյլ չտանք որ մեր աչքերն ու ականջները անմաքուր բաներով պղծուին։

ԿՐՆԱ՛ՆՔ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԵԼ

Եթէ խաբեբայ սրտի հակումներուն զոհը դարձած ենք եւ սխալ վերաբերմունքը արդարացնելու վարժուած ենք, կրնա՛նք փոփոխութիւններ ընել (Եփ. 4։22-24)։ Նկատի առ երկու արդի օրինակներ։

Միկէլ * նիւթական բաներու շուրջ իր մտածելակերպը պէտք էր ճշդէր։ Ան կ’ըսէ. «Կինս, տղաս եւ ես երկրէ մըն ենք, ուր արուեստագիտութեան նորաձեւ եւ լաւագոյն արտադրութիւնը ձեռք ձգելը ամէնէն կարեւոր բանն է։ Շրջան մը, շա՛տ ժամանակ տրամադրեցի որ կարելի եղածին չափ աշխարհէն ամէն բան ձեռք ձգեմ, խորհելով որ կրնայի այս մէկը ընել առանց նիւթապաշտ դառնալու։ Սակայն շուտով գիտակցեցայ, թէ նիւթական բաներու ետեւէն ըլլալով՝ անվերջ ճամբու մէջ կը վազէի։ Եհովային աղօթեցի՝ յայտնելով տեսակէտներս եւ սրտիս դիտաւորութիւնները։ Իրեն ըսի թէ ընտանեօք կ’ուզէինք լիակատար կերպով իրեն ծառայել։ Այսպիսով կրցանք մեր կեանքը պարզ պահելու որոշումը առնել եւ փոխադրուիլ հո՛ն ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ Շատ չանցած, կրցանք ռահվիրայութեան ձեռնարկել։ Մենք այն եզրակացութեան հասանք, թէ ուրախ ըլլալը նիւթապէս բարգաւաճ վիճակի մէջ ըլլալէն կախեալ չէ»։

Իսկ Լիին փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անկեղծ ինքնաքննութիւնը ինչպէ՛ս իրեն օգնեց չար ընկերակցութիւնը լքելու։ Լի կ’ըսէ. «Գործիս պատճառով, կանոնաւորաբար շփման մէջ կու գայի օտար վաճառականներու հետ։ Գիտէի թէ ատոնց հետ ժողվելու ընթացքին, անոնք չափազանց խմիչք կը գործածէին, բայց եւ այնպէս այդ միջավայրը զիս կ’ուրախացնէր։ Շատ անգամ գինովնալու վրայ էի, բայց ետքը կը զղջայի։ Անոր համար, հարկ էր որ սիրտս անկեղծօրէն քննէի։ Աստուծոյ Խօսքին խրատները եւ երէցներուն առաջարկները ինծի օգնեցին գիտակցելու, որ իրականութեան մէջ անբարեպաշտ մարդոց ընկերակցութիւնը կը փնտռէի։ Ներկայիս, կարելի եղածին չափ հեռաձայնով առեւտուր կ’ընեմ եւ վաճառականներուն հետ քիչ անգամ շփման մէջ կու գամ»։

Պէտք է մեր անձին հանդէպ անկեղծ ըլլանք եւ գիտնանք թէ իրապէս մեր սրտին մէջ ի՛նչ կայ։ Մինչ այդպէս կ’ընենք, աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը պէտք է փնտռենք, յիշելով որ ան «սրտին գաղտնիքները գիտէ» (Սաղ. 44։21)։ Աստուած նաեւ հայթայթած է իր Խօսքը, որ որպէս հայելի կը ծառայէ մեզի (Յակ. 1։22-25)։ Ինչպէս նաեւ արժէքաւոր են այն յիշեցումները եւ խրատները, որոնք կը ստանանք հրատարակութիւններով ե՛ւ մեր ժողովներուն մէջ։ Այս բոլոր կարգադրութիւնները կրնան մեզի օգնել, որ մեր սիրտը պահպանենք եւ ընենք այն ինչ որ արդար է։

^ պարբ. 18 Անունները փոխուած են։