Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը

Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը

«Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է» (ԵՍԱ. 54։17

1. Մարդկութեան ի նպաստ, Եհովան սիրալիրօրէն ի՞նչ պահպանած է։

ԵՀՈՎԱՆ յաւիտենական Աստուած է եւ մարդկութեան համար իր կենսատու պատգամը պահպանած է։ Ատիկա անփոփոխելի է, քանի որ «Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ» (Ա. Պետ. 1։23-25)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ Եհովան սիրալիրօրէն այսպիսի կարեւոր տեղեկութիւններ պահպանած է իր գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ։

2. Իր գրաւոր Խօսքին մէջ, Աստուած ի՞նչ պահպանած է յօգուտ իր ժողովուրդին։

2 Եհովան կ’ուզէ՛ որ բոլորս իր անունը ճանչնանք։ Սուրբ Գիրքը առաջին անգամ կը նշէ «Եհովա Աստուած» արտայայտութիւնը, երբ կը նկարագրէ «երկնքի ու երկրի ծնունդները» (Ծն. 2։4, ՆԱ)։ Աստուած հրաշալիօրէն իր անունը քանի մը անգամ գրեց քարէ տախտակներու վրայ, երբ Տասը պատուիրանները Մովսէսին տուաւ։ Օրինակ, առաջին պատուիրանը սկսաւ սա բառերով. «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ» (Ել. 20։1-17)։ Գերիշխան Տէր Եհովան իր Խօսքը եւ անունը պահպանած է, հակառակ զանոնք բնաջնջելու Սատանայի ջանքերուն (Սաղ. 73։28

3. Կրօնական սխալ ուսուցումները համատարած ըլլալով հանդերձ, Աստուած ի՞նչ պահպանած է։

3 Իր Խօսքին մէջ, Եհովան ճշմարտութիւնն ալ պահպանած է։ Թէեւ կրօնական սխալ ուսուցումներ աշխարհին մէջ համատարած են, բայց որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Աստուած մեզի հոգեւոր լոյս եւ ճշմարտութիւն հայթայթած է (կարդա՛ Սաղմոս 43։3, 4Մինչ մարդկութեան մեծամասնութիւնը խաւարի մէջ է, մենք ուրախութեամբ կը շարունակենք քալել աստուածատուր հոգեւոր լոյսին մէջ (Ա. Յովհ. 1։6, 7

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ

4, 5. 1931–էն ի վեր, մասնայատուկ ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։

4 Որպէս քրիստոնեաներ թանկարժէք ժառանգութիւն մը ունինք։ Ժառանգութիւնը բան մըն է՝ որ մէկ սերունդէն միւսը կը փոխանցուի։ Որպէս Եհովայի վկաներ համանման բան մը ունինք։ Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը կը պարփակէ՝ Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւն եւ Աստուծոյ ու անոր նպատակներուն մասին ճշմարտութեան յստակ հասկացողութիւն ունենալու օրհնութիւնը։ Ասկէ զատ, Եհովան իր անունը կրելու մասնայատուկ պատիւը տուած է մեզի։

Ուրախացանք ընդունելով նոր անունը՝ Եհովայի վկաներ, 1931–ի մեր համաժողովին ընթացքին

5 Այդ պատիւը կամ առանձնաշնորհումը մեր հոգեւոր ժառանգութեան մաս կազմեց 1931–ին, Օհայոյի Գոլըմպըս քաղաքին մէջ եղած համաժողովին ընթացքին (ԱՄՆ)։ Տպուած յայտագիրը կը կրէր «JW» տառերը։ Քոյր մը ըսաւ, թէ ներկաները փորձեցին ենթադրել թէ այդ տառերը ի՛նչ կը ներկայացնէին։ Մենք Աստուածաշունչի Աշակերտներ անունով ճանչցուած էինք, սակայն այդ օր՝ կիրակի, 26 յուլիս 1931–ին որդեգրեցինք Եհովայի վկաներ (անգլերէնով՝ Jehovah’s Witnesses) անունը։ Ատիկա հետաքրքրաշարժ օր մըն էր, քանի որ կրեցինք աստուածաշնչական նոր անուն մը (կարդա՛ Եսայի 43։12Եղբայր մը կ’ըսէ, թէ բնա՛ւ պիտի չմոռնայ ներկաներուն խանդավառութիւնը եւ բուռն ծափահարութիւնը։ Աշխարհի մէջ ուրիշ ո՛չ մէկ կրօնական խումբ ուզեց Աստուծոյ անունով կոչուիլ, բայց Աստուած մեզ օրհնեց, թոյլ տալով որ զայն կրենք աւելի քան ութ տասնամեակներ։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում։

6. Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը ի՞նչ ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ։

6 Մեր հոգեւոր ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ անցեալէն ճշգրիտ եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ։ Օրինակի համար, նկատի առ Աբրահամը, Իսահակը եւ Յակոբը։ Այս նահապետները իրենց ընտանիքներուն հետ քննարկած ըլլալու էին ինչպէ՛ս Եհովան հաճեցնել։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Յովսէփ մերժեց սեռային անբարոյութիւն գործելով ‘Աստուծոյ դէմ մեղանչել’ (Ծն. 39։7-9)։ Առաջին դարուն, քրիստոնեաները Աստուծոյ մասին տեղեկութիւններ կը բաժնէին իրարու հետ, թէ՛ բերանացի եւ թէ օրինակով։ Պօղոս առաքեալ, զոր օրինակ, քրիստոնէական ժողովքներուն փոխանցեց Տէրունական ընթրիքին առնչուող տեղեկութիւններ (Ա. Կոր. 11։2, 23)։ Ներկայիս, «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» Աստուած պաշտելու հարկ եղած մանրամասնութիւնները արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ (կարդա՛ Յովհաննէս 4։23, 24Աստուածաշունչը ամբողջ մարդկութիւնը լուսաւորելու համար է, բայց մենք որպէս Եհովայի վկաներ, մասնաւորաբար զայն կ’արժեւորենք։

7. Մեր ժառանգութիւնը ի՞նչ սրտապնդիչ խոստում կ’ընդգրկէ։

7 Մասամբ, մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը կը պարփակէ մեր արդի հրատարակութիւնները, որոնք կը փաստեն թէ Եհովան մեզի հետ է (Սաղ. 118։7)։ Ասիկա մեզի ապահովութեան զգացում կու տայ, նոյնիսկ երբ հալածուինք։ Հետզհետէ աւելցող մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը սա սրտապնդիչ խոստումը կ’ընդգրկէ. «‘Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է ու անոնց արդարութիւնը ինձմէ է’, կ’ըսէ Տէրը» (Եսա. 54։17)։ Սատանային զինանոցին մէջ չկայ զէնք մը, որ կրնայ մնայուն կերպով մեզի վնասել։

8. Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

8 Սատանան ջանացած է Աստուծոյ Խօսքը բնաջնջել, «Եհովա» անունը մէջտեղէն վերցնել եւ ճշմարտութիւնը ծածկել։ Բայց ան ձախողած է։ Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան 1) ինչպէ՛ս Աստուածաշունչն ու անոր պատգամը պահպանած է, 2) ինչպէ՛ս վստահ եղած է որ մարդիկ իր անունը ճանչնան, եւ 3) ինչպէ՛ս մեզի կարելի դարձուցած է որ ներկայիս ճշմարտութիւնը գիտնանք։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԽՕՍՔԸ ՊԱՀՊԱՆԱԾ Է

9-11. Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան, թէ Աստուածաշունչը զանազան յարձակումներէ վերապրած է։

9 Աստուածաշունչը բնաջնջելու շա՜տ ջանքեր թափուած են, սակայն Եհովան զայն պաշտպանած է։ Կաթողիկէ համայնագիտարանը կ’ըսէ. «1229–ին, Թուլուզի տիեզերական ժողովը արգիլեց աշխարհականները [մայրենի լեզուով Աստուածաշունչեր] գործածելէ, ալբեկենցիքի եւ վալտենսներու դէմ մղուած պայքարին ի տես. . . 1234–ին, Յակոբոս Ա.–ի հովանաւորութեան ներքեւ Սպանիոյ Դառակոնայի մէջ գումարուած ժողովը, համանման օրէնք մը արձակեց։ . . .Հռոմէական Աթոռը այս հարցին առաջին անգամ միջամտեց 1559–ին, երբ Պօղոս Դ.–ի Ցուցակը արգիլեց մայրենի լեզուով Աստուածաշունչեր հրատարակել կամ ձեռք ձգել առանց Հաւատաքննական ատեանին արտօնութեան»։

10 Թէեւ Աստուածաշունչը զանազան յարձակումներու ենթարկուեցաւ, բայց պահպանուեցա՛ւ։ Շուրջ 1382–ին, Ճոն Ուիքլիֆ եւ իր գործակիցները առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչը անգլերէն լեզուով թարգմանեցին։ Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանիչ մը՝ Ուիլիըմ Թինտէյլ՝ 1536–ին մահուան դատապարտուեցաւ։ Ցիցէ մը կախուած՝ ան բացագանչեց. «Ո՛վ Տէր, Անգլիոյ թագաւորին աչքերը բա՛ց»։ Ապա զինք խեղդեցին եւ այրեցին։

11 Աստուածաշունչը հակառակութեան դիմաց վերապրեցաւ։ Օրինակի համար, 1535–ին, Մայլզ Քավըրտէյլն ալ Աստուածաշունչը անգլերէն լեզուով թարգմանեց։ Իր թարգմանութեան համար, ան մասամբ գործածեց Թինտէյլի թարգմանութիւնը,– «Նոր Կտակարան»ը եւ «Հին Կտակարան»ը՝ Ծննդոցէն մինչեւ Մնացորդաց։ Իսկ Սուրբ Գրութիւններուն միւս մասերը թարգմանեց լատիներէնէն եւ Մարթին Լուտերի գերմաներէն թարգմանութենէն։ Ներկայիս, ուրախ ենք որ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ունինք, քանի որ ատիկա յստակ, ճշգրիտ եւ քարոզչութեան ընթացքին դիւրագործածելի է։ Ո՛չ Սատանան եւ ոչ ալ մարդկային ուժեր կրցած են Աստուածաշունչը բնաջնջել։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԷ

Թինտէյլի նման տղամարդիկ իրենց կեանքը տուին Աստուծոյ Խօսքին համար

12. Աստուածային անունը պահպանելուն մէջ, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ի՞նչ դեր խաղցած է։

12 Եհովան վստահ եղած է որ իր անունը բնաւ ամբողջովին չբնաջնջուի բոլոր Աստուածաշունչերէն։ Այս առնչութեամբ, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը մեծ դեր կը խաղայ։ Նախաբանին մէջ, իր նուիրուած թարգմանիչներու յանձնախումբը գրեց. «Այս թարգմանութեան գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն մէկն է՝ աստուածային անունը վերադարձնել բոլոր այն տեղերը, ուր պէտք է ըլլայ։ Ուստի, այս հրատարակութեան մէջ անգլերէնով ընդունուած Աստուծոյ անուան ձեւը՝ ‘Jehovah’, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ եկած է 6973 անգամ, իսկ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ՝ 237 անգամ»։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը այժմ ամբողջութեամբ կամ մասամբ մատչելի է աւելի քան 116 լեզուներով, եւ աւելի քան 178,545,862 օրինակ տպուած են։

13. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ մարդկութեան ստեղծագործութենէն ի վեր, մարդիկ Աստուծոյ անունը գիտէին։

13 Մարդկութեան ստեղծագործութենէն ի վեր, մարդիկ Աստուծոյ անունը գիտէին։ Առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան՝ զայն գործածեցին։ Իսկ երբ Քամ Ջրհեղեղէն ետք իր հայրը անարգեց, Նոյ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սէմին Տէր [«Եհովա», ՆԱ] Աստուածը եւ Քանան [Քամին որդին] անոր ծառան ըլլայ» (Ծն. 4։1, ՆԱ. 9։26)։ Աստուած ինք յայտարարեց. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ես եմ Տէրը [«Եհովան», ՆԱ] եւ ուրիշ մը չկայ, ինձմէ զատ Աստուած չկայ» (Եսա. 42։8. 45։5)։ Եհովան վստահ եղած է որ իր անունը պահպանուի եւ աշխարհի տարածքին մարդոց ճանչցուի։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է, որ Աստուծոյ անունը կը գործածենք եւ կը ծառայենք որպէս իր Վկաները։ Իրականութեան մէջ, մենք կը բացագանչենք. «Մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը [պիտի] վերցնենք» (Սաղ. 20։5

14. Աստուածաշունչէն զատ, ո՞ւր կարելի է գտնել Աստուծոյ անունը։

14 Աստուծոյ անունը միայն Աստուածաշունչին մէջ չ’երեւիր։ Նկատի առ Մովաբական քարը, որ գտնուեցաւ Դիպանի (Դեբոն) մէջ, Մեռեալ ծովէն 21 քմ դէպի արեւելք։ Քարին վրայ փորագրուած է պատմութիւն մը, որ կը նշէ Իսրայէլի թագաւորը՝ Ամրին, ե՛ւ այն ինչ որ մովաբացի թագաւոր՝ Մեսա՝ ըսած էր Իսրայէլի դէմ իր մղած պատերազմին մասին (Գ. Թագ. 16։28. Դ. Թագ. 1։1. 3։4, 5)։ Բայց Մովաբական քարը մասնաւոր կարեւորութիւն ունի, քանի որ կ’ընդգրկէ Աստուծոյ անունը քառագիր ձեւով։ Քառագիրը նաեւ կրկին անգամ կ’երեւի Լաքիսի նամակներուն մէջ, որոնք Իսրայէլի մէջ գտնուած խեցեղէն բեկորներ են։

15. Եօթանասնից թարգմանութիւնը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ ատոր հարկը կար։

15 Աստուածաշունչի առաջին թարգմանիչները աստուածային անունը պահպանելու մէջ բաժին բերին։ Ինչպէ՞ս։ Հրեաները Բաբելոն գերի տարուած էին 70 տարի։ Ք.Ա. 537–ին գերութենէ ազատագրուելէ ետք, ոմանք ընտրեցին Բաբելոն մնալ։ Բայց ժամանակի ընթացքին, բազմաթիւ հրեաներ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը փոխադրուեցան։ Այդ ատեն յունարէնը միջազգային լեզու մը ըլլալով, հարկ եղաւ որ Եբրայերէն Գրութիւնները յունարէնի թարգմանուին։ Այդ թարգմանութիւնը ամբողջացաւ Ք.Ա. 2–րդ դարուն եւ ճանչցուեցաւ որպէս Եօթանասնից թարգմանութիւն։ Ատոր կարգ մը օրինակները կը բովանդակեն Եհովա անունը եբրայերէնով։

16. Պէյի Սաղմոսաց գիրքը ինչպէ՞ս գործածեց Աստուծոյ անունը։

16 Աստուածային անունը կը գտնուի Պէյի Սաղմոսաց գիրքին մէջ, առաջին հրատարակութիւնը որ լոյս տեսաւ ամերիկեան գաղութներուն մէջ 1640–ին։ Սաղմոսները թարգմանուեցան եբրայերէնէն այդ օրուան անգլերէնին, եւ Աստուծոյ անունը նշուեցաւ որպէս՝ Iehova։ Օրինակ, Սաղմոս 1։1, 2–ը կ’ըսէր, թէ օրհնեալ մարդը ամբարիշտին մտիկ չ’ըներ եւ Եհովայի (Iehova) օրէնքին կը տենչայ։ Աստուծոյ անուան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածային անունը որ յաւիտեան պիտի գոյատեւէ գրքոյկը (անգլերէն)։

ԵՀՈՎԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԷ

17, 18. ա) «Ճշմարտութիւն» բառը ինչպէ՞ս պիտի սահմանէիր։ բ) ‘Աւետարանին ճշմարտութիւնը’ ի՞նչ կը բովանդակէ։

17 Մենք ուրախութեամբ ‘ճշմարտութեան Աստուծոյն’ կը ծառայենք (Սաղ. 31։5)։ Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Հայերէն բացատրական բառարան–ը սա կերպով կը սահմանէ. «Խօսքի համապատասխանութիւնը իրականութեան», «Ինչ որ իրօք կայ, իսկական եղելութիւն»։ Աստուածաշունչի եբրայերէն եւ յունարէն այն բառերը, որոնք յաճախ «ճշմարտութիւն» կը թարգմանուին, կ’ակնարկեն բանի մը՝ որ իրական, շիտակ, հաւատարիմ, պատշաճ եւ վստահելի է։

18 Եհովան վստահ եղած է որ ներկայիս ճշմարտութիւնը գիտնանք։ Եւ ան կը շարունակէ մեզի օգնել, որպէսզի ճշմարտութեան մասին աւելին սորվինք (Բ. Յովհ. 1, 2)։ Ճշմարտութեան մեր հասկացողութիւնը հետզհետէ յստակ կը դառնայ, քանի որ «արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ» (Առ. 4։18)։ Անշուշտ, լիովին համամիտ ենք Յիսուսի հետ, որ աղօթքով Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհ. 17։17)։ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը կը բովանդակէ ‘աւետարանին ճշմարտութիւնը’, որն է՝ քրիստոնէական բոլոր ուսուցումները (Գաղ. 2։14)։ Մասամբ, ատոնք կ’ընդգրկեն իրողութիւններ Աստուծոյ անուան, իր գերիշխանութեան, Յիսուսի փրկանքի զոհին, յարութեան եւ Թագաւորութեան մասին։ Այժմ նկատի առնենք թէ Աստուած ինչպէ՛ս պահպանած է ճշմարտութիւնը, հակառակ զայն բնաջնջելու Սատանայի ջանքերուն։

ԵՀՈՎԱՆ ԹՈՅԼ ՉԻ ՏԱՐ ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱԾԿԷ

19, 20. Ո՞վ էր Նեբրովթ, եւ իր օրերուն ո՞ր ջանքը խափանուեցաւ։

19 Ջրհեղեղէն ետք, զօրաւոր որսորդ մը կար Նեբրովթ անունով (Ծն. 10։9)։ Քանի որ ան Եհովային կը հակառակէր, իրականութեան մէջ Սատանային կը ծառայէր։ Նեբրովթ կը նմանէր Յիսուսի հակառակորդներուն, որոնց մասին ան ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա. . . ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ» (Յովհ. 8։44

20 Նեբրովթ Բաբելոնի եւ Տիգրիս ու Եփրատ գետերուն միջեւ գտնուող ուրիշ քաղաքներու վրայ իշխեց (Ծն. 10։10)։ Կրնայ ըլլալ որ իր առաջնորդութեան ներքեւ սկսաւ Բաբելոնի եւ ատոր աշտարակին շինարարութիւնը շուրջ Ք.Ա. 2269–ին։ Եհովային կամքն էր որ մարդկութիւնը մէկ վայրի մէջ չմնայ, բայց շինարարները ըսին. «Եկէք մեզի քաղաք մը ու աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի եւ մեզի անուն շինենք, որ չըլլայ թէ բոլոր երկրի վրայ ցրուինք»։ Սակայն անոնք չկրցան աշտարակի շինարարութիւնը ամբողջացնել, քանի որ Աստուած «բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց»։ Այսպիսով, մարդիկ Բաբելոն քաղաքէն հեռացան (Ծն. 11։1-4, 8, 9)։ Սատանան կ’ուզէր ճշմարիտ պաշտամունքը բնաջնջել եւ մղել բոլորը որ զինք պաշտեն։ Բայց Եհովան ճշմարիտ պաշտամունքը պահպանեց եւ հետզհետէ կ’աւելնայ Զինք պաշտողներուն թիւը։

21, 22. ա) Ճշմարիտ կրօնքը ինչո՞ւ բնաւ վտանգի մէջ չէ եղած։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Իրականութեան մէջ, ճշմարիտ կրօնքը բնա՛ւ վտանգի մէջ չէ եղած։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր Մեծ Ուսուցիչը՝ Եհովան՝ վստահ եղած է որ Աստուածաշունչը մեզի մատչելի ըլլայ, իր անունը գիտնանք եւ ճշմարտութիւնը ճանչնանք (Եսա. 30։20, 21)։ Երբ Աստուած կը պաշտենք ի՛ր ուզած կերպով, իսկական երջանկութիւն ձեռք կը ձգենք։ Բայց ասիկա ընելը կը պահանջէ որ հոգեւորապէս արթուն մնանք, լիովին Եհովային վստահինք եւ իր սուրբ հոգիին առաջնորդութեան հետեւինք։

22 Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի սորվինք թէ ինչպէ՛ս կարգ մը եկեղեցիներ սկսան Աստուծոյ մասին սուտեր ուսուցանել։ Պիտի սորվինք, թէ Սուրբ Գրութիւնները այդպիսի սխալ բաներ չեն ուսուցաներ։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք թէ Եհովան մեզ օրհնած է, իր մասին շիտակ տեղեկութիւններ տալով մեզի։ Այս ամէնը շատ մասնայատուկ ժառանգութիւն մըն է։