Քաջասի՛րտ եղիր. Եհովան քեզի հետ է
«Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. . . Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ» (ՅԵՍ. 1։9)։
1, 2. ա) Ո՞ր յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն, որ յաջողապէս տոկանք փորձութիւններուն։ բ) Ի՞նչ է հաւատքը. օրինակ մը տուր։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ծառայելով կ’ուրախանանք։ Սակայն ամէնուն պէս դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք եւ թերեւս կը տառապինք «արդարութեան համար» (Ա. Պետ. 3։14. 5։8, 9. Ա. Կոր. 10։13)։ Այս փորձութիւններուն յաջողապէս տոկալու համար, հաւատքի եւ քաջութեան կարիք ունինք։
2 Ի՞նչ է հաւատքը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է» (Եբ. 11։1)։ Հաւատքը կարելի է նմանցնել կալուածագիրի մը։ Կալուածագիրը փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ թէ որոշ կալուածք մը մեզի կը պատկանի։ Մենք կարծես թէ այլաբանական թանկարժէք կալուածագիր մը ունինք, քանի որ կը հաւատանք թէ Աստուած միշտ կը կատարէ իր խոստումները։ Հաւատքը մեզի կ’օգնէ որ համոզուա՛ծ ըլլանք թէ պիտի տեսնենք Աստուծոյ խոստումներուն կատարուիլը. եւ վստահութի՛ւն ունինք հոգեւոր իրողութիւններու վրայ, հակառակ որ զանոնք չենք կրնար տեսնել։
3, 4. ա) Ի՞նչ է քաջութիւնը։ բ) Մեր հաւատքն ու քաջութիւնը աւելցնելու մէկ կերպը ի՞նչ է։
3 Քաջութիւնը դժուար եւ վտանգաւոր պայմաններու տակ անվա՛խօրէն խօսելու եւ գործելու զօրութիւնն է։ Քաջասիրտ ըլլալը կը նշանակէ՝ համարձակ եւ խիզախ ըլլալ, մինչեւ իսկ պատրաստ ըլլալ մեր հաւատալիքներուն համար տառապելու (Մար. 6։49, 50. Բ. Տիմ. 1։7)։
4 Հաւատք եւ քաջութիւն ունենալը բոլորիս փափաքն է. բայց թերեւս զգանք թէ այս յատկութիւններուն աւելի՛ պէտքը ունինք։ Աստուածաշունչը կը խօսի Աստուծոյ հազարաւոր ծառաներու մասին, որոնք հաւատքի եւ քաջութեան լաւ օրինակներ էին։ Ուստի այս յատկութիւնները մեր մէջ աճեցնելու մէկ կերպն է՝ ուշադրութեամբ խորհիլ այս անձնաւորութիւններէն ոմանց մասին։
ԵՀՈՎԱՆ ՅԵՍՈՒԻ ՀԵՏ ԷՐ
5. Իսրայէլացիները յաջողապէս առաջնորդելու համար, Յեսուն ի՞նչ բաներու պէտք ունեցաւ։
5 Երեւակայենք թէ մօտ 35 դար առաջ կ’ապրինք։ Բ. Օր. 34։1-9)։ Իսրայէլացիները Քանանը գրաւելու վրայ են։ Զանոնք յաջո՛ղապէս առաջնորդելու համար, Յեսուն աստուածատուր իմաստութեան պէտք պիտի ունենայ. ան նաեւ պէտք է հաւատք ունենայ եւ քաջասի՛րտ ըլլայ (Բ. Օր. 31։22, 23)։
Եհովայի հզօր ձեռքով, միլիոնաւոր իսրայէլացիներ եգիպտական ստրկութենէն ազատագրուելուն վրայ 40 տարի անցած է։ Մովսէս մարգարէն առաջնորդութիւնը առած է։ Հիմա որ 120 տարեկան է, ան հեռուէն կը դիտէ Խոստացեալ երկիրը, եւ ապա կը մահանայ Նաբաւ լերան վրայ։ Իր յաջորդը Յեսուն է, «իմաստութեան հոգիով» լեցուած մարդ մը (6. ա) Յեսու 23։6–ի համաձայն, մենք ի՞նչ ընելու համար քաջասիրտ պէտք է ըլլանք։ բ) Ի՞նչ կը սորվինք այն խօսքերէն, որոնք արձանագրուած են Գործք 4։18-20–ի եւ Գործք 5։29–ի մէջ։
6 Յեսուի ցուցաբերած իմաստութիւնը, քաջութիւնն ու հաւատքը քաջալերա՛ծ ըլլալու էին իսրայէլացիները, այն բոլոր տարիներու ընթացքին, երբ պատերազմեցան Քանանի երկիրը գրաւելու համար։ Անոնք քաջասիրտ պէտք է ըլլային ոչ թէ միայն պատերազմելու համար, այլեւ՝ Աստուծոյ հնազանդելու համար։ Իր կեանքի վերջաւորութեան, Յեսու անոնց ըսաւ. «Խիստ ժի՛ր եղէք, որպէս զի Մովսէսին օրէնքներու գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները զգուշութեամբ գործադրէք ու անկէ աջ կողմը կամ ձախ կողմը չխոտորիք» (Յես. 23։6)։ Մե՛նք ալ պէտք ունինք քաջասիրտ ըլլալու, որպէսզի ամէն ատեն Եհովային հնազանդինք, մա՛նաւանդ երբ մարդիկ մեզմէ կը պահանջեն որ Աստուծոյ կամքին հակառա՛կ բան մը ընենք (կարդա՛ Գործք 4։18-20. 5։29)։ Եթէ աղօթքով Եհովայէն իր ուղղութիւնը խնդրենք եւ վստահի՛նք իրեն, ան մեզի պիտի օգնէ որ հարկ եղած քաջութիւնը ունենանք։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՍ ‘ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ’
7. Քաջութեամբ գործելու եւ յաջողութիւն գտնելու համար, Յեսուն ի՞նչ պէտք է ընէր։
7 Որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելու համար հարկ եղած քաջութիւնը ունենանք, հարկ է որ սերտենք եւ կիրարկենք իր Խօսքը։ Եհովան ճիշդ ա՛յս էր որ Յեսուին ըսաւ որ ընէր մինչ Մովսէսին կը յաջորդէր. «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսին բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու կատարես»։ Ան աւելցուց. «Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես» (Յես. 1։7, 8)։ Յեսուն յաջողեցաւ քանի որ հետեւեցաւ այդ խրատին։ Եթէ մենք ալ նոյնը ընենք, աւելի քաջասիրտ պիտի ըլլանք եւ յաջողութիւն պիտի գտնենք Աստուծոյ ծառայելուն մէջ։
2013–ի տարուան համարը. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. . . Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ» (Յեսու 1։9)։
8. ա) 2013–ի տարուան համարը ուրկէ՞ առնուած է։ բ) Կարծիքովդ, այս համարին խօսքերը քեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնեն։
8 Եհովան Յեսուին նաեւ ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յես. 1։9)։ Եհովան մեզի հետ ալ է։ Ուստի ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւելու ըլլանք, պէտք չունինք ‘վախնալու եւ զարհուրելու’։ Մենք յատկապէս հետաքրքրուած ենք սա խօսքերով. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. . . Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ»։ Յեսու 1։9–ն՝ 2013–ի տարուան համարն է։ Յեսուին ուղղուած այս խօսքերը եւ հաւատք ու քաջութիւն ցուցաբերած ա՛յլ մարդոց օրինակները, մեր վստահութիւնը պիտի զօրացնեն գալիք ամիսներուն։
ԱՆՈՆՔ ՔԱ՛ՋԱԲԱՐ ԸՆՏՐԵՑԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԿԱՏԱՐԵԼ
9. Ռախաբ ի՞նչ կերպերով հաւատք ու քաջութիւն ցուցաբերեց։
9 Երբ Յեսուն երկու լրտեսներ Քանան ղրկեց, Ռախաբ պոռնիկը զանոնք պահեց եւ ապա անոնց թշնամիներուն սխալ ուղղութիւն տուաւ։ Իր հաւատքին եւ քաջութեան շնորհիւ, ինքն ու իր ընտանիքը վերապրեցան, երբ իսրայէլացիները կործանեցին Երիքով քաղաքը (Եբ. 11։30, 31. Յակ. 2։25)։ Վստահաբար, Ռախաբ իր անբարոյ ապրելակերպը թողուց, որպէսզի կարենար Եհովան հաճեցնել։ Քրիստոնեայ դարձողներէն ոմանք հաւատք եւ քաջութիւն ունեցած են եւ փոխած են իրենց կեանքը՝ Աստուած հաճեցնելու համար։
10. ա) Հռութ ի՞նչ պարագայի ներքեւ ընտրեց Եհովան պաշտել։ բ) Եհովան Հռութը ինչպէ՞ս օրհնեց։
10 Մովաբացի Հռութը Յեսուէն ետք ապրեցաւ։ Հաւանաբար, ան Եհովային մասին որոշ տեղեկութիւններ ունէր, քանի որ իսրայէլացիի մը հետ ամուսնացած էր։ Ան Եհովան պաշտելու համարձակութիւնը ունէ՛ր։ Իր կեսուրը՝ Նոեմին, Մովաբի մէջ կը բնակէր, բայց երբ իր ամուսինն ու որդիները մահացան, որոշեց վերադառնալ Բեթլեհէմ, Իսրայէլ։ Ճամբուն վրայ, Նոեմին Հռութին ըսաւ որ իր ժողովուրդին՝ Մովաբ երկիրը վերադառնայ, բայց Հռութ մերժեց, ըսելով. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ. . . Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ» (Հռութ 1։16)։ Ժամանակ մը ետք, Հռութ Նոեմիի ազգականին՝ Բոոսին հետ ամուսնացաւ։ Անոնք որդի մը ունեցան, որուն շառաւիղէն եկան Դաւիթն ու Յիսուսը։ Յստակ է ուրեմն, որ Եհովան կ’օրհնէ՛ զանոնք, որոնք հաւատք ունին եւ քաջասիրտ են (Հռութ 2։12. 4։17-22. Մատ. 1։1-6)։
ՇԱՏԵՐ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԸ ՎՏԱՆԳԵՑԻՆ
11. ա) Յովիադան ու Յօսաբէէն ինչպէ՞ս քաջութիւն ցոյց տուին։ բ) Իրենց քաջաբար գործելուն արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
11 Մեր հաւատքն ու քաջութիւնը կ’աւելնան, երբ կը տեսնենք թէ Աստուած անոնց հետ է, որոնք իր կամքը կատարելն ու հաւատակիցներուն բարօրութիւնը իրենց անձնական մտահոգութիւններէն առաջ կը դասեն։ Օրինակ, նկատի առ Յովիադա քահանայապետն ու անոր կինը՝ Յօսաբէէն։ Ոքոզիա թագաւորի մահէն ետք, անոր մայրը՝ Գոթողիան, թագաւորին բոլոր զաւակները սպաննեց՝ բացի Յովասէն, եւ ինքզինք թագուհի հռչակեց։ Յովիադան ու Յօսաբէէն վտանգը յանձն առնելով Ոքոզիայի որդին՝ Յովասը ազատեցին եւ զայն վեց տարի պահեցին։ Եօթներորդ տարին, Յովիադան Յովասը թագաւոր հռչակեց եւ Գոթողիային սպաննել տուաւ (Դ. Թագ. 11։1-16)։ Ետքը, Յովիադան Յովաս թագաւորին օգնեց տաճարը նորոգելու։ Յովիադային օրերը 130 տարի եղան եւ թագաւորներուն հետ թաղուեցաւ, քանի որ «Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր» (Բ. Մն. 24։15, 16)։ Որովհետեւ Յովիադան ու Յօսաբէէն քա՛ջաբար գործեցին, պաշտպանուեցաւ այն ընտանիքը որմէ Մեսիան պիտի գար։
12. Աբդեմելէք ինչպէ՞ս քաջութիւն ցոյց տուաւ։
12 Սեդեկիա թագաւորին մէկ ծառան՝ Աբդեմելէքը, իր կեանքը վտանգեց Երեմիային համար։ Յուդայի իշխանները թագաւորին ըսին թէ Երեմիան կը վհատեցնէր զինուորներն ու ամբողջ ժողովուրդը։ Ուստի թագաւորը իրենց արտօնութիւն տուաւ որ ուզածնին ընեն Երեմիային։ Անոնք մարգարէն ցեխոտ ջրամբարի մը մէջ նետեցին եւ հոն թողուցին որ մեռնի (Եր. 38։4-6)։ Բայց Աբդեմելէք Երեմիային համար Սեդեկիա թագաւորէն օգնութիւն խնդրեց, հակառակ որ այս արարքը վտանգաւոր էր քանի որ շատեր կ’ատէին մարգարէն։ Իսկ Սեդեկիան որոշեց օգնել՝ Աբդեմելէքին հրաման տալով որ 30 տղամարդոցմով երթայ Երեմիան ջրամբարէն դուրս հանելու։ Աստուած մարգարէին միջոցով խոստացաւ Աբդեմելէքին, որ իր կեանքը պիտի խնայուէր երբ բաբելոնացիները յարձակէին Երուսաղէմի վրայ (Եր. 39։15-18)։ Այո, Աստուած կը վարձատրէ զանոնք որոնք քաջասրտութեամբ կը կատարեն իր կամքը։
13. ա) Երեք եբրայեցիները ինչպէ՞ս քաջութիւն ցուցաբերեցին։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ իրենց այս դէպքէն։
Դան. 3։16-18)։ Դանիէլ 3։19-30–ը հետաքրքրականօրէն կը նկարագրէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս ազատեց այդ երեք եբրայեցիները։ Ճիշդ է որ այսօր թերեւս կրակի հնոց մը մեր կեանքին չսպառնայ, բայց երբեմն հարկ պիտի ըլլայ որ դժուարին պարագաներու ներքեւ Աստուծոյ հնազանդինք։ Սակայն կրնանք վստա՛հ ըլլալ, որ Աստուած մեզ պիտի օրհնէ եթէ հաւատք եւ քաջութիւն ցուցաբերենք։
13 Քրիստոսէն մօտ 600 տարի առաջ, Աստուծոյ եբրայեցի ծառաներէն երեքը վարձատրուեցան՝ իրենց քաջութեան եւ հաւատքին համար։ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հրաման արձակեց որ Բաբելոնի բոլոր բարձրաստիճան մարդիկը մէկտեղ հաւաքուին եւ հսկայ ոսկիէ արձանի մը երկրպագութիւն ընեն։ Ո՛վ որ երկրպագութիւն չընէր, պիտի մեռնէր կրակի հնոցին մէջ։ Ասով հանդերձ, երեք եբրայեցիները յարգանքով Նաբուգոդոնոսորին ըսին. «Մեր պաշտած Աստուածը մեզ բորբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։ Բայց քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք» (14. ա) Դանիէլ 6–րդ գլուխին համաձայն, Դանիէլ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ քաջասիրտ էր։ բ) Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
14 Դանիէլին թշնամիները Դարեհ թագաւորը համոզեցին որ Դանիէլին վնաս հասցնող օրէնք մը հանէ, ըսելով. «Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Դանիէլ այս պարագային ներքեւ քաջասիրտ եղաւ եւ հաւատք ցուցաբերեց։ Այս օրէնքը լսելուն պէս, «իր տունը գնաց։ Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին։ Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս» (Դան. 6։6-10)։ Ճիշդ է որ Դանիէլ առիւծներուն գուբը նետուեցաւ, բայց Եհովան ազատե՛ց զինք (Դան. 6։16-23)։
15. ա) Ակիւղասն ու Պրիսկիղան ինչպէ՞ս հաւատք եւ քաջութիւն ցոյց տուին։ բ) Յովհաննէս 13։34–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն իմաստը ի՞նչ է։ գ) Քրիստոնեաներէն շատեր ինչպէ՞ս այս տեսակի սէր յայտնած են։
15 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Ակիւղասն ու Պրիսկիղան ‘Պօղոսի կեանքին համար իրենց պարանոցները տուին’ (Գործք 18։2. Հռով. 16։3, 4)։ Անոնք քաջասրտութեամբ կատարեցին Յիսուսի սա պատուէրը. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք» (Յովհ. 13։34)։ Մովսիսական օրէնքը կը պահանջէր որ անհատ մը իր դրացին սիրէր իր անձին պէս (Ղեւ. 19։18)։ Յիսուսին պատուէրը ինչո՞ւ «նոր» էր։ Որովհետեւ ատիկա մեզմէ կը պահանջէ որ այնչափ սէր ունենանք որ պատրաստ ըլլանք մեր կեանքը ուրիշներուն համար տալու, ինչպէս որ ինք ըրաւ։ Շատ մը քրիստոնեաներ սէր յայտնած են՝ իրենց կեանքը վտանգելով, որպէսզի իրենց եղբայրները չվնասուին կամ չսպաննուին թշնամիներու կողմէ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։16)։
16, 17. ա) Առաջին քրիստոնեաներէն ոմանց հաւատքը ինչպէ՞ս փորձի տակ դրուեցաւ։ բ) Այժմու քրիստոնեաներէն ոմանց հաւատքը ինչպէ՞ս փորձի տակ դրուեցաւ։
16 Առաջին քրիստոնեաները միմիայն Եհովա՛ն պաշտեցին, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ (Մատ. 4։8-10)։ Անոնք Հռոմի կայսրին ի պատիւ խունկ ծխելը մերժեցին (տե՛ս պատկերը)։ Տանիէլ Փ. Մենիքս իր գրքին մէջ գրեց, թէ ամփիթատրոնի մէջ ընդհանրապէս զոհասեղան մը կ’ըլլար, որուն վրայ կրակ կը վառէր։ Ան ըսաւ թէ բանտարկեալներէն կը պահանջուէր որ միմիայն քիչ մը խունկ նետէին զոհասեղանին վրայ, որպէսզի հաստատագիր ստանալով ազատ արձակուէին։ Բանտարկեալներուն կը բացատրուէր թէ ասիկա կայսրի պաշտամունք չէր, հապա պարզապէս համաձայնութեան արարք մը, թէ Հռոմի կայսրը աստուած մըն էր։ Այսուհանդերձ, միայն կարգ մը քրիստոնեաներ ընդունեցին այս առաջարկը ազատութեան համար (Those About to Die)։
17 Նացիներու համակեդրոնացման ճամբարները ղրկուած քրիստոնեաները կարգ մը պատեհութիւններ ունէին ազատ արձակուելու եւ մահէն խուսափելու։ Իրենցմէ միմիայն կը պահանջուէր որ թուղթ մը ստորագրէին, որուն մէջ գրուած էր թէ այլեւս Եհովան չեն պաշտեր։ Բայց միայն քիչերը ստորագրեցին։ Ռուանտայի ցեղասպանութեան ընթացքին, հութու եւ թութցի եղբայրները իրենց կեանքը վտանգեցին, մէկզմէկ պաշտպանելով։ Այսպիսի փորձութիւններ դիմագրաւելու համար, քաջութիւնն ու հաւատքը անհրաժեշտ են։
ՅԻՇԷ՛. ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է
18, 19. Հաւատքի եւ քաջութեան ի՞նչ սուրբ գրային օրինակներ կան, որոնք կրնան մեզի օգնել քարոզչութեան մէջ։
18 Այժմ մենք հիանալի պատեհութիւնը ունինք Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ մարդիկը աշակերտելու։ Ասիկա մինչեւ օրս մեծագոյն գործն է, որ Աստուած տուած է իր ծառաներուն (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Մենք շատ երախտապարտ ենք Յիսուսին, իր հանդիսացած կատարեալ օրինակին համար։ Ան «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր» (Ղուկ. 8։1)։ Իրեն պէս, մենք հաւատքի եւ քաջութեան պէտք ունինք՝ Թագաւորութիւնը քարոզելու համար։ Աստուծոյ օգնութեամբ, կրնանք Նոյին պէս քաջասիրտ ըլլալ։ Ան «արդարութեան քարոզիչ» էր՝ «ամբարիշտներուն աշխարհին» մէջ, որոնք ջրհեղեղով պիտի կորսուէին (Բ. Պետ. 2։4, 5)։
19 Աղօթքը մեզի կ’օգնէ որ քարոզենք։ Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք, որոնք հալածանքի կ’ենթարկուէին, աղօթեցին որպէսզի անդադար եւ ‘բոլոր համարձակութիւնով Աստուծոյ խօսքը խօսին’. իրենց աղօթքը պատասխանուեցաւ (կարդա՛ Գործք 4։29-31)։ Եթէ կը վախնաս դռնէ դուռ քարոզելէ, Եհովային աղօթէ որ հաւատքդ աւելցնէ եւ աւելի քաջասիրտ դարձնէ քեզ. վստահաբար քու աղօթքդ ալ պիտի պատասխանուի (կարդա՛ Սաղմոս 66։19, 20) *։
20. Որպէս Եհովայի ծառաներ, ի՞նչ օգնութիւն ունինք։
20 Այս չար աշխարհին մէջ Աստուծոյ կամքը օրէ օր կատարելը դիւրին չէ։ Բայց մենք մինակ չենք. Աստուած մեզի հետ է։ Ժողովքին Գլուխը՝ իր Որդին, նո՛յնպէս մեզի կ’օգնէ։ Ասկէ զատ, աւելի քան 7,000,000 հաւատակիցներ ունինք աշխարհի տարածքին։ Ուստի շարունակե՛նք բոլորս ալ հաւատք դրսեւորել եւ բարի լուրը քարոզել։ Մեր 2013–ի տարուան համարին խօսքերը մեզի պիտի օգնեն ասիկա ընելու. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. . . Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ» (Յես. 1։9)։
^ պարբ. 19 Ուրիշ քաջասիրտ անհատներու մասին գիտնալու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 փետրուար 2012 թիւին մէջ, «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր» յօդուածը։