‘Ձեր Հայրը գթած է’
‘Ձեր Հայրը գթած է’
«Գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։—ՂՈՒԿԱՍ 6։36
1, 2. Դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն եւ իր հետեւորդներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ գթածութիւնը փափաքելի յատկութիւն մըն է։
ՄՈՎՍԷՍԻ միջոցաւ տրուած Օրէնքը շուրջ 600 պահանջ ու կանոն կը բովանդակէր։ Թէեւ Մովսիսական Օրէնքին պարտաւորութիւնները կատարելը անհրաժեշտ էր, սակայն գութ ցուցաբերելը նաեւ մեծ կարեւորութիւն ունէր։ Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ անգութ կեցուածք ունեցող Փարիսեցիներուն։ Երկու առիթով ան զիրենք յանդիմանեց, նշելով թէ Աստուած ըսած էր. «Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ»։ (Մատթէոս 9։10-13. 12։1-7. Ովսէէ 6։6) Իր ծառայութեան վերջաւորութեան, Յիսուս ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը»։—Մատթէոս 23։23
2 Անհերքելի է որ Յիսուս մեծ արժէք տուաւ գթածութեան։ Ան իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։ (Ղուկաս 6։36) Սակայն այս մարզին մէջ «Աստուծոյ նմանող» ըլլալու համար, պէտք է գիտնանք թէ իսկական գթածութիւնը ի՛նչ է։ (Եփեսացիս 5։1) Ասկէ զատ, գթասրտութեան օգուտները գնահատելը պիտի մղէ մեզ որ այս յատկութիւնը մեր կեանքին մէջ լիովին ցուցաբերենք։
Գթածութիւն՝ անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ
3. Ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է նայինք՝ իսկական գթածութեան ի՛նչ ըլլալը սորվելու համար։
3 Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ողորմած ու գթած է Տէրը, երկայնամիտ ու բազումողորմ է։ Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են»։ (Սաղմոս 145։8, 9) Եհովա «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է։ (Բ. Կորնթացիս 1։3) Գթասրտութիւնը կը ցուցաբերուի՝ անհատի մը հետ կարեկցութեամբ վարուելով։ Ասիկա Աստուծոյ անձնաւորութեան գլխաւոր մէկ երեսակն է։ Անոր օրինակն ու ցուցմունքները կրնան մեզի սորվեցնել թէ ի՛նչ է իսկական գթածութիւնը։
4. Եսայի 49։15–ը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ գթածութեան մասին։
4 Ինչպէս արձանագրուած է Եսայի 49։15–ի մէջ, Եհովա կ’ըսէ. «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ»։ Եհովան գթասիրտ ըլլալու մղող զգացումը համեմատուած է մանկիկին հանդէպ կաթնատու մօր ունեցած ջերմ զգացումին հետ։ Երբ մանկիկը անօթի է կամ այլ կարիք մը ունի, կարեկցութիւնը կը մղէ մայրը որ անոր կարիքը հոգայ։ Եհովա այսպիսի քնքուշ զգացումներ ունի անոնց հանդէպ՝ որոնց կը գթայ։
5. Իսրայէլի նկատմամբ Եհովա ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ «մեծ է ողորմութիւնով»։
5 Կարեկցութեան զգացումը բան մըն է, իսկ բոլորովին ուրիշ բան մըն է զայն գործերով ցոյց տալը՝ ի շահ անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներու։ Նկատի առ թէ Եհովա ի՛նչպէս հակազդեց երբ իր երկրպագուները Եգիպտոսի մէջ ստրուկներ էին՝ շուրջ 3,500 տարի առաջ։ Ան Մովսէսի ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները Ելից 3։7, 8) Եգիպտոսէ ազատագրուելէ շուրջ 500 տարի ետք, Իսրայելացիներուն Եհովա յիշեցուց. «Ես Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն եւ ձեզի նեղութիւն տուող բոլոր թագաւորներուն ձեռքէն ազատեցի»։ (Ա. Թագաւորաց 10։18) Աստուծոյ արդար չափանիշները չյարգելով, Իսրայելացիները յաճախ դժուար կացութիւններու մատնուեցան։ Այսուհանդերձ Եհովա անոնց կարեկցեցաւ ու բազմիցս զանոնք ազատեց։ (Դատաւորաց 2։11-16. Բ. Մնացորդաց 36։15) Ասիկա կը լուսաբանէ թէ ի՛նչպէս գորովալից Աստուածը կ’ընդառաջէ, երբ անհատներ կարիքներ ունին, վտանգի տակ են կամ դժուարութիւններու մատնուած են։ Եհովա «մեծ է ողորմութիւնով»։—Եփեսացիս 2։4
գիտեմ եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը . . . տանելու եկայ»։ (6. Յիսուս Քրիստոս գթածութիւն ցուցաբերելու մէջ ի՞նչպէս իր Հայրը ընդօրինակեց։
6 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Քրիստոս գթածութիւն ցուցաբերելու մէջ կատարելապէս իր Հայրը ընդօրինակեց։ Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց երբ երկու կոյրեր աղերսեցին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ Անոնք Յիսուսի կ’աղաչէին որ իրենց տեսողութիւնը հրաշալիօրէն վերահաստատէր։ Ան այս հրաշքը ըրաւ, բայց ի՞նչ կեցուածքով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս գթալով՝ դպաւ անոնց աչքերուն. իսկոյն անոնց աչքերը բացուեցան»։ (Մատթէոս 20։30-34, ԱՎ) Գթածութիւնը Յիսուսը մղեց բազմաթիւ հրաշքներ կատարելու, որոնք հանգստութիւն բերին կոյրերու, դիւահարներու, բորոտներու եւ տառապեալ զաւակներ ունեցող ծնողներու։—Մատթէոս 9։27. 15։22. 17։14. Մարկոս 5։18, 19. Ղուկաս 17։12, 13
7. Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդիին օրինակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ գթածութեան մասին։
7 Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակը ցոյց կու տայ թէ գթածութիւնը երկու երեսակ ունի. անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ կարեկցութեան զգացումներ եւ անոնց հանգստութիւն բերող արարքներ։ Գթասիրտ ըլլալը կը պահանջէ այս երկու տարրերը։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ գթածութիւնը շատ յաճախ կ’ակնարկէ քաղցր նկատառութեան արարքի մը՝ ի նպաստ կարիքաւորներու։ Սակայն անիկա ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի դատական հարցի մը մէջ։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ՞ բան մը չընել, ինչպէս՝ պատժելէ ետ կենալ։
Գթածութիւն՝ մեղաւորներուն հանդէպ
8, 9. Բերսաբէի հետ մեղք գործելէ յետոյ՝ Դաւիթի հանդէպ ցուցաբերուած գթածութիւնը ի՞նչ պարփակեց։
8 Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, Նաթան մարգարէն Դաւիթ թագաւորի գործած շնութիւնը քօղազերծելէ յետոյ։ Զղջահար Դաւիթ աղօթեց. «Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու կարեկցութեանդ համեմատ, ջնջէ՛ իմ յանցանքներս՝ քու առատ գթութեանդ համեմատ։ Բոլո՛րովին լուա զիս իմ անօրէնութենէս, եւ մաքրէ՛ զիս իմ մեղքէս. որովհետեւ ես յանցանքներուս գիտակից եմ, ու մեղքս շարունակ իմ առջեւս է։ Քեզի՛, միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի, եւ աչքերուդ առջեւ չարիք գործեցի»։—Սաղմոս 51։1-4, ԱՎ
9 Դաւիթ խորապէս զղջացած էր։ Եհովա անոր մեղքը ներեց եւ անոր ու Բերսաբէի դէմ դատաստան չգործադրեց։ Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, Դաւիթ եւ Բերսաբէ մահապատիժի պէտք էր ենթարկուէին։ (Բ. Օրինաց 22։22) Անոնց կեանքը խնայուեցաւ, բայց իրենց մեղքին բոլոր հետեւանքներէն չկրցան խուսափիլ։ (Բ. Թագաւորաց 12։13) Աստուծոյ գթած ըլլալը կը պարփակէ յանցանք ներելը։ Սակայն ան պատշաճ պատիժ մատակարարելէ ետ չի կենար։
10. Թէեւ Եհովա գթածութեամբ դատաստան ի գործ կը դնէ, ինչո՞ւ իր գթասրտութիւնը պէտք չէ շահագործենք։
10 Բոլոր մարդիկ մահուան արժանի են, քանի որ «մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ» եւ «մեղքին վարձքը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 5։12. 6։23) Ո՜րքան երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա դատաստան ի գործ դնելու ժամանակ՝ գթածութիւն կը ցուցաբերէ։ Սակայն զգոյշ պէտք է ըլլանք որ Աստուծոյ գթասրտութիւնը չշահագործենք։ «[Եհովայի] բոլոր ճամբաները արդար են», կ’ըսէ Բ. Օրինաց 32։4–ը։ Երբ Աստուած կ’ողորմի, արդարութեան իր կատարեալ չափանիշները չ’անտեսեր։
11. Եհովա ի՞նչպէս արդարութեան չափանիշը յարգեց, երբ Բերսաբէի հետ Դաւիթի գործած մեղքը նկատի առաւ։
11 Դաւիթի ու Բերսաբէի պարագային, մահուան դատավճիռը թեթեւցնելէ առաջ, իրենց մեղքը պէտք էր ներուէր։ Իսրայելացի դատաւորները ասիկա ընելու լիազօրութիւն չունէին։ Եթէ անոնց թոյլ տրուէր որ այս հարցը նկատի առնէին, անոնք փոխընտրութիւն մը չունենալով՝ մահապատիժ պիտի արձակէին։ Օրէնքը ա՛յս կը պահանջէր։ Սակայն Դաւիթի հետ ըրած ուխտին պատճառաւ, Եհովա ուզեց տեսնել թէ Դաւիթի մեղքը ներելու հիմ մը կա՞ր։ (Բ. Թագաւորաց 7։12-16) Ուստի «բոլոր երկրի Դատաւորը»՝ Եհովա Աստուած, որ ‘սրտերը կը փորձէ’, որոշեց հարցը ձեռք առնել։ (Ծննդոց 18։25. Ա. Մնացորդաց 29։17) Աստուած կրնար Դաւիթի սիրտը ճշգրտօրէն կարդալ, անոր զղջումին հարազատութիւնը արժեւորել եւ ներում շնորհել։
12. Մեղաւոր մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Աստուծոյ ողորմութենէն օգտուիլ։
12 Մեզի հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած գթածութիւնը, ժառանգուած մեղքին պատիժէն ազատուիլը կարելի դարձնելով, իր արդարութեան հետ ներդաշնակ է։ Արդարութիւնը չբեկանելով մեղքի ներումը կարելի դարձնելու համար, Եհովա հայթայթած է իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը,– գթածութեան մեծագոյն արտայայտութիւնը։ (Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 6։22, 23) Աստուծոյ ողորմութենէն օգտուելու համար, որ կրնայ մեզ ժառանգուած մեղքին պատիժէն խնայել, պէտք է ‘Որդիին հաւատանք’։—Յովհաննէս 3։16, 36
Գթածութեան եւ արդարութեան Աստուած
13, 14. Աստուծոյ ողորմութիւնը իր արդարութիւնը կը մեղմացնէ՞։
13 Թէեւ Եհովայի գթածութիւնը արդարութեան իր չափանիշը չի բեկաներ, բայց ձեւով մը իր արդարութեան կ’ազդէ՞։ Ողորմութիւնը Աստուծոյ արդարութեան ազդեցութիւնը կը նուազեցնէ՞, զայն մեղմացնելով։ Ո՛չ։
14 Ովսէէ մարգարէին միջոցաւ, Եհովա Իսրայէլի ըսաւ. «Քեզ յաւիտեան ինծի պիտի նշանեմ. քեզ արդարութիւնով, իրաւունքով, ողորմութիւնով ու գթութիւնով ինծի պիտի նշանեմ»։ (Ովսէէ 2։19) Այս խօսքերը յստակօրէն ցոյց կու տան թէ Եհովայի գթասրտութիւնը միշտ իր միւս յատկութիւններուն հետ ներդաշնակ է, ի ներառեալ՝ արդարութիւնը։ Եհովա «գթած ու ողորմած [է], . . . անօրէնութիւնը, յանցանքը եւ մեղքը կը ներէ. բայց յանցաւորը ամենեւին անպատիժ չի թողուր»։ (Ելից 34։6, 7, ԱՎ) Եհովա գթածութեան եւ արդարութեան Աստուած է։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Աստուծոյ արդարութիւնը կատարեալ է, ինչպէս իր ողորմութիւնը կատարեալ է։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը միւսը կը գերազանցէ, ո՛չ ալ մէկը միւսին կարիքը ունի՝ իր ազդեցութիւնը մեղմացնելու համար։ Փոխարէն, երկու յատկութիւններն ալ իրարու հետ կատարեալ ներդաշնակութեամբ կը գործեն։
15, 16. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ աստուածային արդարութիւնը բիրտ չէ։ (բ) Երբ Եհովա իրերու այս չար դրութեան վրայ իր դատաստանը գործադրէ, իր երկրպագուները ի՞նչ բանէ կրնան վստահ ըլլալ։
15 Եհովայի արդարութիւնը բիրտ չէ։ Արդարութիւնը գրեթէ միշտ օրինական ակնարկութիւններ ունի, եւ դատաստանը սովորաբար կը պահանջէ յանցագործները արժանի պատիժի ենթարկել։ Սակայն աստուածային արդարութիւնը կրնայ նաեւ պարփակել արժանաւորներուն փրկութիւնը։ Օրինակ, երբ Սոդոմի եւ Գոմորի ամբարիշտ բնակիչները բնաջնջուեցան, Ղովտ նահապետ ու իր երկու աղջիկները փրկուեցան։—Ծննդոց 19։12-26
16 Կրնանք վստահ ըլլալ թէ երբ Եհովա իրերու այս չար դրութեան վրայ իր դատաստանը գործադրէ, ճշմարիտ երկրպագուներու «մեծ բազմութիւն»ը, որոնք «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին», պիտի խնայուին։ Այսպէս անոնք ‘մեծ նեղութենէն պիտի գան’։—Յայտնութիւն 7։9-14
Ինչո՞ւ գթած ըլլալ
17. Գթած ըլլալու հիմնական մէկ պատճառը ի՞նչ է։
17 Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի օրինակը արդարեւ մեզի կը սորվեցնէ թէ իսկական գթածութիւնը ի՛նչ է։ Գթած ըլլալու հիմնական պատճառ մը տալով, Առակաց 19։17–ն կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։ Եհովա կը հաճի երբ զինք եւ իր Որդին ընդօրինակելով, իրարու հետ գթածութեամբ կը վարուինք։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Եւ ուրիշներ կը քաջալերուին գթասիրտ ըլլալու, քանի որ գութը գութ յառաջ կը բերէ։—Ղուկաս 6։38
18. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք գթած ըլլալ։
18 Գթածութիւնը բազմաթիւ լաւ յատկութիւններու խառնուրդ է։ Անիկա կը պարփակէ՝ բարերարութիւն, սէր, քաղցրութիւն եւ բարութիւն։ Ողորմութեան արարքներուն ետին կան կարեկցութեան զգացումներ։ Թէեւ աստուածային ողորմութիւնը արդարութեան մէջ զիջումներ չ’ըներ, բայց Եհովա երկայնամիտ է եւ համբերութեամբ յանցագործներուն բաւարար ժամանակ կու տայ որ զղջան։ (Բ. Պետրոս 3։9, 10) Ուստի գթածութիւնը առնչուած է համբերութեան ու երկայնամտութեան։ Բազմաթիւ փափաքելի առանձնայատկութիւններու խառնուրդ մը ըլլալով,– ի ներառեալ Աստուծոյ հոգիին պտուղին այլազան երեսակները,– գթածութիւնը ծիր մը կը դառնայ, որուն մէջ այս յատկութիւնները կրնան մշակուիլ։ Ո՜րքան կենսական է որ ջանանք գթած ըլլալ։
«Երանի՜ ողորմածներուն»
19, 20. Ողորմութիւնը ի՞նչ կերպով դատաստանին դիմաց կը պարծենայ։
19 Յակոբոս աշակերտ մեզի կ’ըսէ թէ ինչո՛ւ գթասրտութիւնը մեր կեանքին մէջ էական յատկութիւն մը պէտք է դարձնենք։ Ան գրեց. «Ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց»։ (Յակոբոս 2։13բ) Յակոբոս կը խօսէր այն ողորմութեան մասին, որ Եհովայի երկրպագու մը ուրիշներու հանդէպ կը ցուցաբերէ։ Անիկա դատաստանին դիմաց կը պարծենայ այն առումով, որ երբ անհատը «Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար», Եհովա նկատի պիտի առնէ անոր գթած գործառնութիւնները եւ անոր պիտի ներէ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ (Հռովմայեցիս 14։12) Անկասկած, Բերսաբէի հետ իր գործած մեղքին նկատմամբ Դաւիթի հանդէպ ցուցաբերուած ողորմութեան մէկ պատճառն էր՝ իր գթասիրտ ըլլալը։ (Ա. Թագաւորաց 24։5-8) Միւս կողմէ, «դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չ’ըներ»։ (Յակոբոս 2։13ա) Զարմանալի չէ որ Աստուած «անողորմներ»ը «մահուան արժանի» կը նկատէ։—Հռովմայեցիս 1։31, 32
20 Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»։ (Մատթէոս 5։7) Այս խօսքերը ո՜րքան ուժգնօրէն կը նշեն թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը փնտռողները գթած պէտք է ըլլան։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր առօրեայ կեանքին մէջ գթածութիւն ցոյց տալ։
Ի՞նչ սորվեցար
• Ի՞նչ է գթածութիւնը։
• Գթածութիւնը ի՞նչ կերպերով կը ցուցաբերուի։
• Եհովա ի՞նչ կերպով գթածութեան եւ արդարութեան Աստուած է։
• Ինչո՞ւ գթասիրտ պէտք է ըլլանք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Կարիքաւորներուն հանդէպ Եհովայի ջերմ զգացումները կը նմանին՝ մանկիկին հանդէպ մօր ունեցած զգացումներուն