Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրինք
Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրինք
«[Քրիստոս] ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 5։15
1. Միսիոնարի մը մէկ փորձառութիւնը պատմէ։
ԱՀԱՐՈՆ * անունով միսիոնար մը մտաբերեց. «Քաղաքացիական պատերազմը վերջանալէն յետոյ, մեր ինքնաշարժը առաջին ոչ–զինուորական ինքնաշարժն էր որ կը մտնէր Ափրիկեան այս հեռաւոր գիւղը։ Հոս գտնուող փոքր ժողովքին եւ մեր միջեւ հաղորդակցութեան գծերը կտրուած էին, եւ եղբայրներուն կարիքներուն հոգ տանելու հարկ կար։ Ուտելիքէ, հագուելիքէ եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններէ զատ, մեզի հետ բերինք՝ Եհովայի Վկաներ—Այս անուան ետին գտնուող կազմակերպութիւնը տեսաերիզը։ * Ա՛յնքան բազմաթիւ հետաքրքրուած անհատներ եկան գիւղին ‘թատերասրահը’,– տեսաերիզի սարքով եւ հեռատեսիլով օժտուած յարդէ հիւղակ մը,– որ ստիպուեցանք զայն երկու անգամ ցուցադրել։ Ասոր շնորհիւ Աստուածաշունչի շատ ուսումնասիրութիւններ սկսուեցան։ Բացայայտ էր թէ մեր ջանքերը ապարդիւն չէին»։
2. (ա) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը վճռեն իրենց կեանքը գործածել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ (բ) Այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
2 Ահարոնն ու իր ընկերակիցները ինչո՞ւ այսպիսի դժուար առաքելութեան մը ձեռնարկեցին։ Քանի որ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը գնահատելով, անոնք իրենց կեանքը Աստուծոյ նուիրած են եւ կ’ուզեն զայն Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ գործածել։ Անոնց նման, բոլոր նուիրուած Քրիստոնեաները վճռած են ‘իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլալ’, այլ՝ «աւետարանին համար» իրենց ամէն կարելին ընել։ (Բ. Կորնթացիս 5։15. Ա. Կորնթացիս 9։23) Անոնք գիտեն թէ երբ իրերու այս դրութիւնը իր վախճանին հասնի, աշխարհի մէջ եղած դրամն ու կարկառուն դիրքերը արժէք պիտի չունենան։ Ուստի անոնք կ’ուզեն իրենց կեանքն ու առողջութիւնը գործածել Աստուծոյ նպատակին համաձայն։ (Ժողովող 12։1) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել, իսկ հարկ եղած քաջութիւնն ու զօրութիւնը ո՞ւր կրնանք գտնել։ Եւ ծառայութեան ի՞նչ մարզեր մեզի մատչելի են։
Յառաջդիմական ու գործնական քայլեր առնել
3. Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ ի՞նչ հիմնական քայլեր պարփակուած են։
3 Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար, Աստուծոյ կամքը կատարելը կենսատեւ ձեռնարկ մըն է։ Անիկա սովորաբար կը սկսի կարգ մը հիմնական քայլերով, ինչպէս՝ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ելոյթ ունենալ, քարոզչութեան մասնակցիլ եւ դէպի մկրտութիւն յառաջդիմել։ Մինչ կը յառաջդիմենք, Պօղոս առաքեալի սա խօսքերը ի մտի կ’ունենանք. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15) Այս յառաջդիմութիւնը մենք մեզ փառաւորելու համար չէ, այլ՝ անձնուրացօրէն Աստուծոյ կամքը ընելու մեր վճռականութիւնը կ’արտացոլացնէ։ Այս ընթացքով կը յայտնենք թէ թոյլ կու տանք ամէնիմաստուն ու ամենակալ Աստուծոյ որ մեր քայլերը ուղղէ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։—Սաղմոս 32։8
4. Ի՞նչպէս կրնանք անտեղի վախերը մէկ կողմ դնել։
4 Սակայն վարանիլը կամ չափազանց մտահոգուիլը կրնայ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր յառաջդիմութիւնը խոչընդոտել։ (Ժողովող 11։4) Հետեւաբար, Աստուծոյ եւ ուրիշներուն ծառայելու մէջ իսկական ուրախութիւն գտնելու համար, նախ մեր վախերը պէտք է յաղթահարենք։ Օրինակ, Էրիք կը մտածէր օտարախօս ժողովքի մը մէջ ծառայել, բայց մտահոգութիւն յայտնեց. ‘Անոնց հետ պիտի շաղուի՞մ։ Եղբայրները պիտի հաւնի՞մ։ Անոնք ինձմէ պիտի ախորժի՞ն’։ Ան կը պատմէ. «Վերջապէս անդրադարձայ որ եղբայրներով աւելի պէտք է հետաքրքրուիմ, քան՝ իմ անձով։ Որոշեցի չմտահոգուիլ եւ անձնուրացօրէն կարելիս ընել։ Օգնութեան համար աղօթեցի ու գործի անցայ։ Այժմ հոն ըրած ծառայութենէս հաճոյք կ’առնեմ»։ (Հռովմայեցիս 4։20) Այո, ո՛րքան աւելի անձնուրացաբար ծառայենք Աստուծոյ եւ ուրիշներուն, ա՛յնքան աւելի ուրախութիւն ու գոհունակութիւն պիտի գտնենք։
5. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ բծախնդիր ծրագրումի հարկ կայ՝ Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրելու համար։
5 Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրելու համար նաեւ հարկ է որ մեր քայլերը զգուշութեամբ ծրագրենք։ Խոհեմօրէն կը խուսափինք պարտքեր դիզելէ, որոնք կրնան մեզ այս դրութեան ստրուկ դարձնել եւ Աստուծոյ գործը կատարելու մեր ազատութիւնը սահմանափակել։ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ»։ (Առակաց 22։7) Եհովայի վստահիլը եւ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնելը կ’օգնեն որ կեդրոնացած մնանք։ Օրինակ, Կուօմինկ եւ իր երկու քոյրերը կ’ապրին իրենց մօր հետ շրջանի մը մէջ, ուր տուներուն վարձքը սուղ է եւ հաստատ գործ գտնելը՝ դժուար։ Դրամը հաշիւով ծախսելով եւ վճարումներուն բեռը միասնաբար կրելով, անոնք կ’ապրուին նոյնիսկ եթէ բոլորն ալ չեն աշխատիր։ Կուօմինկ կ’ըսէ. «Երբեմն բոլորս եկամուտ չենք ունենար։ Այսուհանդերձ կրնանք ռահվիրայական ծառայութիւնը շարունակել եւ մեր մօրը լաւ հոգ տանիլ։ Երախտապարտ ենք որ մեր մայրը չ’ուզեր որ հոգեւոր հետապնդումներէն հրաժարինք, որպէսզի ճոխ կեանք մը ապահովենք իրեն»։—Բ. Կորնթացիս 12։14. Եբրայեցիս 13։5
6. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր կեանքը Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակել։
6 Եթէ աշխարհիկ հետապնդումներու մէջ խորապէս մխրճուած ես,– ելեւմտական կամ այլ,– Աստուծոյ նպատակը առաջնակարգ տեղը դնելը կրնայ մեծ ճշդումներ պահանջել։ Այսպիսի փոփոխութիւններ մէկ օրէն միւսը չեն ըլլար, եւ առաջին փորձերուդ անյաջող ըլլալը ձախողութիւն մի՛ սեպեր։ Նկատի առ Քոյչին, որ զբօսանքի համար չափազանց ժամանակ յատկացնելու խնդիրը ունէր։ Քոյչին պատանեկութեան շրջանին Աստուածաշունչը ուսումնասիրած էր, բայց տարիներէ ի վեր տեսաերիզի խաղերը իր կեանքին վրայ կը տիրապետէին։ Օր մը Քոյչին ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. ‘Ի՞նչ կ’ընես։ Երեսունական տարիքի մէջ ես եւ կեանքիդ մէջ որեւէ նպատակալից բան մը չես ըներ’։ Քոյչի վերսկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ ժողովքին օգնութիւնը ընդունեց։ Թէեւ փոփոխութիւնը աստիճանաբար տեղի ունեցաւ, բայց ան ձեռնթափ չեղաւ։ Անդադար աղօթելով եւ ուրիշներու սիրալիր օգնութեամբ, ի վերջոյ ան իր այդ սեւեռամտութենէն ձերբազատուեցաւ։ (Ղուկաս 11։9) Այժմ Քոյչի ուրախութեամբ կը ծառայէ որպէս օգնական ծառայ։
Հաւասարակշիռ ըլլալ
7. Աստուծոյ գործը կատարելու մէջ ինչո՞ւ հաւասարակշիռ պէտք է ըլլանք։
7 Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրիլը մեր բոլորանուէր ջանքերուն արժանի է։ Այս ուղղութեամբ երբեք պէտք չէ մենք մեզ խնայենք կամ ծոյլ ըլլանք։ (Եբրայեցիս 6։11, 12) Սակայն Եհովա չ’ուզեր որ մենք մեզ մաշեցնենք,– ֆիզիքապէս, մտաւորապէս կամ զգացականօրէն։ Համեստօրէն ընդունիլը թէ մեր ուժով չենք կրնար Աստուծոյ գործը իրագործել, զինք կը փառաւորէ եւ մեր հաւասարակշռութիւնը ցոյց կու տայ։ (Ա. Պետրոս 4։11) Եհովա կը խոստանայ մեզի տալ հարկ եղած զօրութիւնը որ իր կամքը ընենք, բայց պէտք չէ մենք մեզ ճնշենք որ ընենք բաներ, որոնք մեր կարողութենէն վեր են եւ զորս ինք մեզմէ չ’ակնկալեր։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Որպէսզի շարունակենք Աստուծոյ ծառայել առանց մենք մեզ մաշեցնելու, հարկ է որ մեր կորովը խոհեմաբար բաժնենք։
8. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մը փորձեց իր լաւագոյնը տալ թէ՛ աշխարհին եւ թէ Եհովայի, եւ ան ի՞նչ ճշդումներ ըրաւ։
8 Օրինակ, Արեւելեան Ասիոյ մէջ Ճի Հէյ անունով ռահվիրայ քոյր մը, երկու տարի խստապահանջ գործ մը աշխատեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Ջանացի լաւագոյնս տալ թէ՛ Եհովայի եւ թէ աշխարհին։ Բայց գիշերը միայն հինգ ժամ կը քնանայի։ Ժամանակի Մարկոս 12։30) Ան կ’ըսէ. «Հակառակ ընտանիքիս կողմէ բանեցուած ճնշումին, որ նիւթական բարգաւաճութեան հետամուտ ըլլամ, ջանացի Աստուծոյ նպատակը առաջին տեղը դնել։ Այժմ, շահած դրամովս տակաւին կրնամ հիմնական կարիքներս հոգալ, ինչպէս՝ ներկայանալի հագուստներ գնել։ Իսկ աւելի երկար քնանալը թարմացուցիչ է։ Ծառայութեան մէջ ուրախութիւն կը զգամ եւ հոգեւորապէս աւելի զօրաւոր եմ, քանի որ աշխարհի հրապոյրներուն ու զբաղումներուն նուազ ենթարկուած եմ»։—Ժողովող 4։6. Մատթէոս 6։24, 28-30
ընթացքին, ճշմարտութեան համար մտային կորովս հատաւ, եւ հոգեւոր բաներէն քիչ հաճոյք առի»։ Որպէսզի կարենար ‘բոլոր սրտով, անձով, մտքով ու զօրութեամբ’ Եհովայի ծառայել, Ճի Հէյ նուազ պահանջկոտ գործ մը փնտռեց։ (9. Մեր ջանքերը ի՞նչպէս կրնան մարդոց ազդել դաշտին մէջ։
9 Ամէն անհատ չի կրնար Աստուծոյ ծառայել որպէս լիաժամ աւետարանիչ։ Եթէ ծերութեան, վատառողջութեան կամ այլ սահմանափակումներու հետ կը պայքարիս, գիտցիր թէ Եհովա մեծապէս կը գնահատէ հաւատարմութիւնդ եւ որեւէ սրտագին ծառայութիւն՝ զոր կրնաս մատուցանել։ (Ղուկաս 21։2, 3) Ուստի մեզմէ ո՛չ ոք պէտք է ստորագնահատէ մեր ջանքերուն ունեցած ազդեցութիւնը ուրիշներու վրայ, նոյնիսկ եթէ մեր ջանքը սահմանափակ է։ Օրինակ, ենթադրէ որ քանի մը դուռ զարկինք եւ ո՛չ ոք մեր պատգամով հետաքրքրուեցաւ։ Մեկնելէ յետոյ, տանտէրները կրնան մեր այցելութեան մասին ժամերով կամ օրերով խօսիլ, նոյնիսկ եթէ մէկը դուռը չբացաւ։ Չենք ակնկալեր որ ամէն անհատ որ բարի լուրը կը լսէ՝ նպաստաւոր կերպով պիտի ընդառաջէ, բայց ոմանք պիտի ընդառաջեն։ (Մատթէոս 13։19-23) Ոմանք հետագային կ’ընդառաջեն, երբ աշխարհի վիճակները կամ իրենց կեանքի պայմանները փոփոխութեան ենթարկուին։ Ամէն պարագայի, հանրային ծառայութեան մէջ մեր կարելին ընելով, Աստուծոյ գործը կը կատարենք,– մենք «Աստուծոյ գործակից ենք»։—Ա. Կորնթացիս 3։9
10. Ժողովքի բոլոր անդամներուն ի՞նչ պատեհութիւններ մատչելի են։
10 Ասկէ զատ, բոլորս ալ կրնանք մեր ընտանիքի անդամներուն եւ մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել։ (Գաղատացիս 6։10) Ուրիշներուն վրայ մեր դրական ազդեցութիւնը կրնայ խոր ու մնայուն ըլլալ։ (Ժողովող 11։1, 6) Երբ երէցներ եւ օգնական ծառաներ իրենց պարտականութիւնները ժրաջանօրէն կ’ընեն, ժողովքին հոգեւոր առողջութեան ու կայունութեան կը նպաստեն, եւ քրիստոնէական գործունէութիւնը կ’աւելնայ։ Մեզի երաշխիք տրուած է թէ երբ ‘Տէրոջը գործին մէջ աւելնանք, մեր աշխատութիւնը պարապ չէ’։—Ա. Կորնթացիս 15։58
Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրիլը ասպարէզ դարձնել
11. Տեղական ժողովքին հետ ծառայելէ զատ, ի՞նչ պատեհութիւններ մատչելի են։
11 Քրիստոնեաներ ըլլալով, կեանքը կը վայելենք եւ կ’ուզենք ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընել։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Երբ հաւատարմաբար ջանանք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել եւ ուրիշներուն սորվեցնել որ Յիսուսի պատուիրած բոլոր բաները պահեն, ծառայութեան բազմաթիւ վարձահատոյց երեսակներ մեզի մատչելի պիտի ըլլան։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Տեղական ժողովքին հետ ծառայելէ զատ, թերեւս կրնանք ծառայել հո՛ն ուր մեծ կարիք կայ, ինչպէս՝ տարբեր թաղամասի, երկրի կամ օտարախօս ժողովքի մը մէջ։ Որակեալ ամուրի երէցները եւ օգնական ծառաները կրնան Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախել, ապա ծառայել ժողովքներու մէջ՝ ուր հասուն Քրիստոնեաներու օգնութեան կարիք կայ, կա՛մ իրենց երկրին մէջ եւ կամ օտար երկրի մը մէջ։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող ամոլներ կրնան որակեալ ըլլալ Գաղաադի միսիոնարական մարզում ստանալու եւ օտար երկրի մը մէջ ծառայելու։ Իսկ յարատեւ կարիք կայ կամաւորներու, որ Պէթէլի զանազան պարտականութիւնները կատարեն, ժողովասրահներ ու մասնաճիւղեր կառուցանեն ու նորոգեն։
12, 13. (ա) Ի՞նչպէս կրնաս որոշել ծառայութեան ո՛ր մարզերը հետապնդել։ (բ) Բացատրէ թէ նշանակումի մը ընթացքին ձեռք ձգուած փորձառութիւնը ի՛նչպէս կրնայ ուրիշ նշանակումներու մէջ օգտակար ըլլալ։
12 Ծառայութեան ո՞ր մարզերուն պէտք է հետամուտ ըլլաս։ Որպէս Եհովայի նուիրուած ծառայ, ուղղութեան համար միշտ իրեն ու իր կազմակերպութեան նայէ։ Իր ‘բարի հոգին’ քեզի պիտի օգնէ շիտակ որոշումը կայացնելու։ (Նէեմիա 9։20) Յաճախ մէկ նշանակումը միւսին կ’առաջնորդէ, եւ ծառայութեան մէկ մարզին մէջ ձեռք ձգուած փորձառութիւնն ու հմտութիւնը կրնան հետագային պիտանի ըլլալ ուրիշ նշանակումի մը մէջ։
13 Օրինակ, Տէնիս եւ իր կինը Ճէնի, կանոնաւորաբար կ’աջակցին Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման ծրագիրներուն։ Քաթրինա ծովամրրիկը Միացեալ Նահանգներու հարաւային մասը
հարուածելէ յետոյ, անոնք որպէս կամաւորներ միացան օգնութեան խմբակին։ Տէնիս կը տեղեկագրէ. «Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելով մեր ձեռք ձգած հմտութիւնները գործածելը մեր եղբայրներուն օգնելու համար, մեծ ուրախութիւն պատճառեց մեզի։ Մեր օգնած անհատներուն ցուցաբերած գնահատութիւնը իրապէս յուզիչ է։ Օգնող միւս խմբակներէն շատեր վերակառուցման մէջ սահմանափակ յաջողութիւն ունեցած են։ Եհովայի Վկաները արդէն իսկ աւելի քան 5,300 բնակարան եւ բազմաթիւ Թագաւորութեան Սրահներ նորոգած կամ վերաշինած են։ Մարդիկ ասիկա կը նկատեն եւ այժմ մեր պատգամին հանդէպ աւելի հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն»։14. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ կը փափաքիս լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել։
14 Կրնա՞ս լիաժամ ծառայութիւնը ասպարէզդ ընելով Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրիլ։ Եթէ այո՛, վստահաբար բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի վայելես։ Եթէ ներկայ պարագաներդ չեն ներեր, թերեւս կրնաս ճշդում մը կատարել։ Աղօթէ՛ Նէեմիայի նման, երբ փափաքեցաւ կարեւոր նշանակում մը ստանձնել. «Ո՜հ, Տէ՛ր, . . . քու ծառայիդ յաջողութիւն տուր»։ (Նէեմիա 1։11) Ապա, «աղօթքի լսող»ին վստահելով՝ աղօթքիդ համաձայն գործէ։ (Սաղմոս 65։2) Որպէսզի Եհովա իրեն լիովին ծառայելու ջանքերդ օրհնէ, նա՛խ այդ ջանքերը պէտք է թափես։ Անգամ մը որ որոշես լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել, որոշումիդ կառչած մնացիր։ Մինչ ժամանակը կ’անցնի, փորձառութիւնդ պիտի աւելնայ եւ ուրախութիւնդ պիտի խորանայ։
Թանկարժէք կեանք մը
15. (ա) Երկար ատենէ Աստուծոյ ծառայող անհատներուն հետ խօսելով եւ անոնց մասին կարդալով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։ (բ) Նշէ կենսագրութիւն մը որ յատկապէս քաջալերական գտած ես։
15 Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրելով՝ ի՞նչ արդիւնքներ կրնաս ակնկալել։ Խօսէ՛ երկար տարիներէ ի վեր Եհովայի ծառայ եղողներուն հետ, մանաւանդ անոնք որ լիաժամ ծառայութեան մէջ բազմաթիւ տարիներ անցուցած են։ Անոնք ի՜նչ ճոխ ու նպատակալից կեանք մը կ’ապրին։ (Առակաց 10։22) Անոնք քեզի պիտի պատմեն թէ Եհովա միշտ իրենց օգնած է որ նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ անհրաժեշտ բաները եւ աւելին ձեռք ձգեն։ (Փիլիպպեցիս 4։11-13) Վերջին տասնեակ տարիներու ընթացքին, Դիտարան–ի մէջ հարիւրաւոր կենսագրութիւններ հրատարակուած են։ Իւրաքանչիւր պատմութիւն կը հաղորդէ նախանձախնդրութեան եւ ուրախութեան հոգի մը, որ մեզի կը յիշեցնէ Գործք Առաքելոց գրքին բովանդակած հոգին։ Այսպիսի ոգեցունց կենսագրութիւններ կարդալը քեզ պիտի մղէ ըսելու. ‘Ես ա՛յսպիսի կեանք մըն է որ կ’ուզեմ ապրիլ’։
16. Ի՞նչ բան Քրիստոնեային կեանքը նպատակալից ու երջանիկ կը դարձնէ։
16 Յօդուածին սկիզբը նշուած Ահարոնը կը մտաբերէ. «Ափրիկէի մէջ յաճախ կը հանդիպէի երիտասարդներու, որոնք երկրի տարածքին կը թափառէին, կեանքի մէջ նպատակ մը փնտռելով։ Մեծամասնութիւնը բնաւ զայն չէր գտներ։ Բայց ահաւասիկ մենք, Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրելով՝ Թագաւորութեան բարի լուրը յառաջ կը մղէինք, եւ սքանչելի ու նշանակալից կեանք մը կը վայելէինք։ Փորձառաբար նկատած ենք թէ աւելի՛ երանելի է տա՛լը՝ քան ստանալը»։—Գործք 20։35
17. Ինչո՞ւ հիմա Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ պէտք է ապրինք։
17 Ի՞նչ ըսել քու մասիդ։ Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդես։ Եթէ հոգեւոր յստակ նպատակ չունիս, այլ հետապնդումներ անոր տեղը պիտի լեցնեն։ Ինչո՞ւ թանկագին կեանքդ վատնես՝ Սատանայի աշխարհին պատրանքներուն ետեւէ ըլլալով։ Մօտ ապագային, երբ «մեծ նեղութիւն»ը հարուածէ, նիւթական հարստութիւնը եւ աշխարհային դիրքերը անարժէք պիտի ըլլան։ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը կարեւոր բանը պիտի ըլլայ։ Ո՜րքան երախտապարտ պիտի ըլլանք որ Աստուծոյ եւ ուրիշներու ծառայած ենք ու լիովին Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրած ենք։—Մատթէոս 24։21. Յայտնութիւն 7։14, 15
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 1 Կարգ մը անուններ փոխուած են։
^ պարբ. 1 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Կրնա՞ս բացատրել
• Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ մեր ծառայութիւնը։
• Գործնական ու հաւասարակշիռ ըլլալը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ Աստուծոյ եւ ուրիշներու ծառայենք։
• Ծառայութեան ի՞նչ պատեհութիւններ մեզի մատչելի են։
• Ի՞նչպէս կրնանք հիմա իրապէս նպատակալից կեանք մը վարել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]